ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)

Զ.

ԺԱՌԱՆԳԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ֆիզիքական ու բարոյական ժառանգականութիւն: Առհաւութիւն (Atavism): Առաջգնաց ու յառաջընթաց եւ յետընթաց ժառանգականութիւն: Ծնողներուն համանման եւ հակասական յատկանիշներուն փոխանցումը սերունդներուն: Վայսմանի տեսութիւնը: Հիւանդական ժառանգ: Ժառանգականութեան ուժը: Ընտրողութեան օրէնքը ամուսնութեան մէջ: Ժառանգաբար փոխանցնող հիւանդութիւնները: Ժողովուրդին պէտք է բացատրել հիւանդական ժառանագականութեան օրէնքները:

Մենք համոզուած ենք, որ շատեր անգիտակցաբար վատ պսակներու կ՚երթան եւ իրենք իրենց ձեռքով իրենք զիրենք կ՚անբախտացնեն:

Անոնք մէկ արդարացում ունին, այն է, թէ՝ «չեն գիտեր թէ ինչ կ՚ընեն»:

Իրապէս, շատերը չենք հասկնար իրենց վարմունքին հսկայ վտանգը:

-Ի՞նչ կ՚ըլլայ եթէ մի քանի տարի առաջ սիֆիլիս ունեցած եմ, բայց չէ՞ որ հիմա բժշկուած եմ:

-Ի՞նչ վնաս իմ ընտանիքիս, եթէ մայրս թոքախտէն մահացած է, բայց չէ՞ որ ես առողջ եմ:

-Ի՞նչ ընենք, եթէ ես խմող եմ ու խմողի որդի. այլեւս չեմ խմեր, վերջացաւ գնաց:

Շատեր այսպէս կը դատեն:

Բայց այդպէս խօսողները չեն հասկնար, որ բնութեան մէջ ոչինչ կը կորսուի, որ սաղմի մէջ հաւաքուած են նախնիներուն յատկանիշները: Չեն գիտեր, որ նորածինին կազմուածքը հայելի մըն է, որու մէջ կ՚անդրադառնան մեծ հայրերուն ու ծնողներուն պատկերները:

Այո՛, դժբախտաբար ժառանգականութենէն ոչինչ չի՛ խուսափիր: Յատկութիւն մը չկայ՝ ֆիզիքական ըլլայ թէ բարոյական, որու մասին ճշգրիտ ըլլային, թէ զաւակներուն չ՚անցնիր: Այս օրէնքը ծանր ու սպառնալից է, եւ մեզի խորհիլ կու տայ:

Մենք կ՚ուզենք սերունդին առջեւ ամուսնացողին պատասխանատուութիւնը պարզել:

Բժիշկը երբեմն ստիպուած է շատ փափուկ խնդիրներ շօշափել, ինչպէս կ՚ըսեն՝ ետ քաշել վարագոյրները:

Ժամանակ կար, երբ անվայել բան կը համարուէր վեներական ախտերու, սեռական կեանքի, նոյնիսկ ծննդաբերութեան մասին:

Զարմանալի տրամաբանութիւն էր այդ:

Մարդիկ այս խնդիրներուն շատ մեծ կարեւորութիւնը կը զգային, կը հասկնային, որ տգիտութիւնը ամէն տեսակ չարիքի մայրն է, գիտէին, որ վտանգէն ազատուելու միակ միջոցը զգուշացումն է:

Մարդ ինչպէ՞ս ինքզինք պաշտպանէ վատ ցաւէ, եթէ չի՛ գիտեր, թէ ի՞նչ է ատոր իսկութիւնը, ի՛նչ են նշանները, ինչպէ՞ս կ՚անցնի այն մէկը միւսէն: Յղի կինը ինչպէ՞ս կրնայ յղութեան ու ծննդականութեան բազմաթիւ վտանգներէն զգուշանալ, եթէ չհասկցնենք անոնց, թէ ի՞նչ են այդ մեծ վտանգները, եւ թէ կինը ինքզինք ինչպէ՞ս պիտի պահպանէ այդ ծանր ժամանակամիջոցին:

Ո՛չ, գիտութեան մէջ ամօթալի ոչինչ կայ:

Ատիկա արդէն բոլորը հասկցած են եւ բարեբախտաբար այլեւս ոչ մէկուն ամօթխածութիւնը չի՛ հարուածուիր բժշկական տեղեկութիւններ կարդալով:

Անցած դարու յատկանիշներէն մէկն ալ գիտութիւններու եւ մասնաւորապէս բժշկական-առողջապահական գիտութիւններու ժողովրդականացումն է: Բժշկականութիւնը դուրս եկած է քրմական խորհրդաւոր շրջանէն եւ ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձած է:

Մէկ կողմ շպրտենք ուրեմն ամօթխածութիւնը եւ ժողովուրդին հետ խօսինք պարզ լեզուով՝ անոր օգուտին համար, համոզուած ըլլալով, որ միայն լոյսը կրնայ հալածել խաւարը:

Ասոր մէջ է հասարակութեան փրկութիւնը:

Է.

ՍԻՖԻԼԻՍ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

Սիֆիլիսով վարակուելու ձեւերը: Սիֆիլիսի արտայայտութիւնները. անոր խաղացած դերը ամուսնութեան մէջ: Հիւանդին սպառնացող վտանգը: Ընտանիքին սպառնացող վտանգը: Սիֆիլիսի ազդեցութիւնը ժառանգներուն վրայ (վիժում, երեխաներու մահացում): Ժառանգական սիֆիլիսի արատաւոր երեւոյթները: Վատասեռումը եւ անոր նշանները: Սիֆիլիսի ազդեցութիւնը երկրորդ սերունդին վրայ: Սիֆիլիս ունեցողը կրնա՞յ ամուսնանալ, եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ: Ֆուրնիէի հինգ պայմանները: Սիֆիլիսը բուժելի հիւանդութիւն է: Բժշկութեան փրկարար ազդեցութիւնը: Բժիշկին դերը ամուսնութեան խնդիրին մէջ:

Այն ախտը, որ բոլոր ազգերը կնքած են զայն վատ ցաւ անունով, վեներական հիւանդութիւններէն ամենասարսափելին է թէ՛ իր հիւանդական երեւոյթներուն ծանրութիւնով, թէ՛ ժառանգականութեան ուժով:

Ասիկա վերին աստիճանի դիւրին վարակիչ հիւանդութիւն մըն է, որ հիւանդէն առողջին կ՚անցնի կամ անմիջապէս, կամ որեւէ մէկ առարկայի միջոցով, որու վրայ վարակիչ թոյնը ինկած է:

Վարակումի ամենէն լայն ճանապարհը՝ կնոջ եւ այր մարդուն միջեւ եղող մտերիմ սերային յարաբերութիւններն են, այս պատճառով ալ անոնք վեներական (Վեներեա՝ սիրոյ չաստուածուհիի անունով) կը կոչուին: Բայց քիչ ու կողմնակի չեն անմեղ կերպով վարակուելու միջոցները:

Սիֆիլիսի արտայայտութիւնները բազմաթիւ ու բազմատեսակ են: Վարակումի տեսակէտէն ամենէն վտանգաւոր արտայայտութիւնները, սիֆիլիսական խոցերն են, ջրջրուկները, քանի որ ասոնցմէ արտադրուած հեղուկին մէջ կը գտնուի սիֆիլիսի վարակիչ թոյնը:

Այսպիսի խոցեր ու ջրջրուկներ բերանին մէջ, պռոնշներուն, լեզուին վրայ կը գտնուին, յետոյ շէքի վրան, սրբանի շուրջը, եւ այլն:

Այս պատճառով ալ սիֆիլիսը յաճախ հիւանդէն առողջին կը փոխուի համբոյրի միջոցով, կամ երբ նոյն բաժակով կը խմեն, կամ սիֆիլիսոտի գործածած թաշկինակով ու երեսի սրբիչով կը սրբուին, եւ այլն: Սափրիչները վարակուած ածելիով կը կտրեն առողջ մարդուն ածիլած ատեն եւ թոյնը անոր արիւնին մէջ կը լեցնեն, կամ բաղնիքներուն մէջ առողջ մարդը նստարանի մը վրայ կը նստի, որու վրայ իրմէ առաջ սիֆիլիսոտ մը նստած էր, ու կը վարակուի:

Այս եւ նմանատիպ բազմաթիւ դէպքեր կրնան յաճախ պատահիլ ու սիֆիլիսը կը տարածեն անուշադիր մարդոց վրայ, որոնք այդ ցաւը կը տանին իրենց ընտանիքին մէջ ու կը հիւանդացնեն իրենց կիները, երեխաները, եւ այլն:

Յաճախ վարակումը ծծկեր երեխայէն կը սկսի, որուն կը հիւանդացնէ ծծմայրը կամ դայեակը, երեխան կը վարակէ իր մօր, մայրը՝ հօր, եւ այլն:

Սիֆիլիսով վարակուելու ճանապարհները անթիւ են. ծառաները, հիւրերը, լուացարարները, խանութէն գնուած խաղալիքները, նոյնիսկ գիրքերը, եւ այլն, կրնան իրենց հետ թոյն մտցնել ընտանիքին մէջ:

Այս ձեւով է, որ երբ բանուոր մը քաղաքին մէջ այդ հիւանդութիւնը կը ստանայ, իր գիւղ վերադառնալով, կարճ ժամանակուան մը ընթացքին կրնայ ամբողջ գիւղը վարակել:

Ահա՛ թէ ի՞նչ է այս ցաւին վարակիչ ուժը:

Հայերուն մէջ ալ այս ախտը արագօրէն կը տարածուի, շնորհիւ այն կեանքին, որ հազարաւոր պանդուխտ բանուորներ կը վարեն արդիւնաբեր քաղաքներուն մէջ (Պաքու, Պաթում, Թիֆլիզ): Ասոնք քաղաքներուն մէջ կը հիւանդանան, եւ հայրենիք վերադառնալով, ցաւը կը բերեն ու իրենց ընտանիքին մէջ կը մտցնեն: Ռուսաստանի քաղաքներուն մէջ վաճառականները, ուսանողները եւ անառակ կեանք վարողները եւս կը հիւանդանան: Սարսափելի մեծ հոսանք մը սկսած է. հոսանք, որ բացի անկէ, որ հայ անարատ ընտանիքը կը պղծէ, նաեւ կը սպառնայ ազգը սերհատել:

Այստեղ անկարելի է մէկ առ մէկ թուել այն բոլոր աւերումները, որոնք սիֆիլիսը մարդուս մարմինին մէջ կը կատարէ: Մաշկը կը հիւանդանայ, որու վրայ դուրս կու տայ զանազան ցաւեր, յուզաթաղանթները (բերանի, քիթի, կոկորդի, նրբանի), որոնց վրայ խոցեր, ջրջրուկներ կ՚երեւին. ապա ոսկորները կը հարուածուին (օր. քիթին ոսկորները) բոլոր ներքին գործարանները, ուղեղն ու ողնուղեղը: Սիֆիլիսը կրնայ հիւանդին կուրցնել, քարացնել, անդամալուծել, կաթուածահարել: Ո՛չ մէկ մանրամասնութիւն կայ, որ ազատ մնար սիֆիլիսի աւերիչ զօրութենէն:

Մէկ խօսքով, ան հիւանդին ամբողջ կազմուածքը կը քայքայէ ու կը յառաջացնէ հարիւր տեսակի հիւանդութիւններ, որոնք եթէ լաւ չեն բուժուած, կրնան անխուսափելի կերպով հիւանդը դէպի մահ տանիլ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 14

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2023