«ԱԿԱՆՋ ՈՒՆԻՆ, ԲԱՅՑ ՉԵՆ ԼՍԵՐ…»
Որոշած էի սուրիահայութեան եւ ընդհարապէս Սուրիոյ ներկայ պատերազմին մասին չգրել ու չարտայայտուիլ, որովհետեւ վստահ եմ, որ ո՛չ գրելը եւ ոչ ալ արտայայտուիը բան կրնան փոխել: Քարացած միտքերն ու կարծրացած սիրտերը, ի զօրու չեն ոչինչ փոխելու, ընդհակառակը այդ քարացած միտքերն ու կարծրացած սիրտերը մի միայն իրենց «ԵՍ»ին մասին է, որ կը մտածեն:
Այս տողերը կը գրեմ, որովհետեւ մարդ չի կրնար անտարբեր մնալ Հալէպի մէջ անցնող տասը օրերուն եւ մինչ օրս կատարուած արիւնալի դէպքերուն, որոնց ընթացքին դժբախտաբար անմեղ զոհեր տուինք: Մատղաշ մանուկներու, հասունցած փայլող երիտասարդներու, կեանքի դաժան ճանապարհ անցած երէցներու անմեղ հոգիները առյաւէտ բաժնուեցան մեզմէ: Տակաւին յայտնի չէ, թէ քանի՜-քանի հոգիներ պիտի բաժնուին մեզմէ...
Այս բոլորին ի տես, մի քանի հարցումներ.
1) Եթէ գաղութը պահելն է հիմնական պատճառը, որ տակաւին որոշում չ՚առնուիր ժողովուրդին կեանքը ապահովելու, արդեօք գաղութը ինչպէ՞ս պիտի կարենանք պահել, երբ գաղութին անդամները մէկ առ մէկ այս աշխարհէն կը հեռանան:
2) Ինչո՞ւ պահել գաղութը, երբ գաղութը գաղութ դարձնող ազդակները սակաւ կը դառնան, չըսելու համար գրեթէ կ՚անհետանան:
3) Անոնք որոնք կարելիութիւնը ունէին հեռանալու, արդեօք երբ պատերազմը աւարտի, անոնցմէ քանի՞ն ետ պիտի վերադառնայ: Իսկ վերադառնալուն համար պէտք է նկատի ունենալ այդ աւարտէն ետք դեռ իշխող կամ նոր իշխող ուժերուն հետ ի՞նչ լեզու պիտի գտնենք:
4) Ի՞նչ է մեղքը մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք օր առաջ, վայրկեան առաջ կ՚ուզեն հեռանալ այդ դժոխքէն, սակայն կարելիութիւնը չունին: Անոնք, որոնք այդ կարելիութիւնը շնորհելու կարողութիւնը ունին, ինչպէ՞ս գիշերները կը քնանան, երբ այսքա՜ն անեղ զոհեր կու տանք...
5) Ի վերջոյ, մարդու հոգի՞ն է կարեւոր, թէ՞ քարը:
Յ.Գ. Այս գրութիւնս քննադատական չէ, որովհետեւ ճշմարիտ իրողութիւններու մասին խօսիլը, դեռ եւս ըսել չէ որ քննադատութիւն է:
ՅԱԿՈԲ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ