Մի­ջազ­գա­յին Անդ­րա­դարձ

«Որո՞նք էին իմ սխալներս: Ձայնս, հասակս, ձեւերս, մշակոյթի եւ կրթութեան բացակայութիւնը, իմ անկեղծութիւնս կամ իմ անհատականութեանս բացակայութիւնը», գրած է Ազնաւուր իր ինքնակեսագրականին մէջ: «Ձա՞յնս, չեմ կրնար փոխել: Այն ուսուցիչներուն մօտ, որ գացած եմ, բոլորն ալ համաձայնած են, որ ես պէտք չէ երգեմ, բայց ես շարունակեցի երգել, մինչեւ որ կոկորդս կարծրանայ»:

Ճողոպրելով հայոց ցեղասպանութենէն, կը թուի, որ ճակատագիրը փափաքած էր, որ Ազնաւուրի ծնողները Ֆրանսա հաստատուին՝ մերժուելէ ետք ամերիկեան վիզայի իրենց դիմումը, որպէսզի Ազնաւուր սորվէր ֆրանսերէն լեզուն, ստեղծագործէր, շրջէր աշխարհը եւ դառնար այն վիթխարի համաշխարհային արուեստագէտը, որ այսօր է:

Աւելի քան 80 տարուան ասպարէզին ընթացքին Ազնաւուր երգեց կեանքը, սէրը՝ իր տարբեր ձեւերով: Չյուսահատեցաւ, չյանձնուեցաւ իրեն ուղղուած քննադատական խօսքերուն դիմաց, այլ քալեց հաստատ, ինքնավստահ՝ դառնալով թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Հայաստանի դեսպանը աշխարհին մէջ:

Անոր մահը մեծ ցաւ պատճառեց համայն աշխարհին: Միջազգային լրատու միջոցները եւ հայ թէ օտար յայտնի դէմքեր արձագանգեցին այս կորուստին:

«Նիւ Եորք Թայմզ»
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ՝ 94, ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՄԲԱՒ ՎԱՅԵԼՈՂ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԱՆՆԿՈՒՆ ԵՐԳԻՉԸ ԿԸ ՄԱՀԱՆԱՅ

Շարլ Ազնաւուր Ֆրանսայի ամենէն յայտնի երգիչներէն՝ իր հանրածանօթ երգերով, ինչպէս նաեւ՝ երգահան, շարժապատկերի աստղ եւ հայ ժողովուրդի մնայուն հերոս, մահացաւ Ֆրանսայի մէջ: Ան 94 տարեկան էր:

Տարիք մը, երբ շատեր կը հրաժարին բեմէն եւ միջազգային աստղի դժուար, շրջուն կեանքէն, բայց Պարոն Ազնաւուր կը շարունակէր աշխարհը շրջիլ՝ երգելով իր գտած եւ կորսնցուցած սիրոյ երգերը մեծաթիւ հանդիսատեսներու առջեւ, որոնք անոր երգերուն մեծ մասը գոց սորված էին: Իր 60-ականներուն, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ երաժշտութեան մարզին մէջ կէս դարու վեթերան էր, կը ծիծաղէր, երբ կը խօսուէր բեմէն հրաժարելու մասին:

«Մենք՝ հայերս, երկար կ՚ապրինք»,- կ՚ըսէր:- Պիտի ապրիմ մինչեւ 100 եւ պիտի աշխատիմ մինչեւ 90 տարեկան»:

«Ինտիփենտընթ» (Անգլիա)
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՄԱՀԸ. «ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՖՐԱՆՔ ՍԻՆԱԹՐԱՆ» ԿԸ ՄԱՀԱՆԱՅ 94 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ

94-ամեայ ֆրանսացի երգիչ-երգահան Շարլ Ազնաւուր կը մահանայ աւելի քան 80 տարուան ասպարէզէ մը ետք:

Յաճախ նկարագրուած՝ իբրեւ «Ֆրանսայի Ֆրանք Սինաթրան», Ազնաւուր հանրածանօթ էր 1974-ին երգերու աղիւսակին առաջին դիրքը գրաւած իր «Շի» (Ան) երգով: Ան ծախած է աւելի քան 100 միլիոն ալպոմներ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ դերեր ստանձնած՝ աւելի քան 60 ժապաւէններու մէջ:

1988-ին հիմնած է իր անձնական բարեսիրական միութիւնը՝ օգնելու համար Հայաստանի երկրաշարժէն տուժածներուն, եւ այս առիթով ֆրանսացի նշանաւոր երգիչներու հետ յօրինած է երգ մը, որ Ֆրանսայի մէջ առաջին դիրքը գրաւած է աւելի քան չորս ամիս:

1998-ին «Սի.Էն.Էն.»ը զինք անուանած էր դարու մեկնաբանը եւ անցեալ տարի անոր անուանական աստղը տեղադրուեցաւ Հոլիվուտի Համբաւի ճեմուղիին վրայ:

«Տը Սան» (Անգլիա)
«ՇԻ»Ի ԵՐԳԻՉԸ ԿԸ ՄԱՀԱՆԱՅ

Նկարագրուած՝ իբրեւ «Ֆրանսայի Ֆրանք Սինաթրան», ան ունէր շարք մը նշանաւոր երգեր՝ տարբեր լեզուներով ներառեալ՝ «Toi et Moi», «La Mama» եւ «For Me Formidable»:

Ազնաւուր գրած է 1300 երգ եւ ձայնագրած է 1400 երգ իր երկարատեւ ասպարէզին ընթացքին եւ երգած է ութ լեզուներով:

Ազնաւուրի առաջին հանրային կատարումները եղան հայկական պարով, երբ իր հայրը եւ մեծ քոյրը կ՚երգէին, իսկ փոքր Շարլ կը պարէր:

Նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն մեծ համակիր մըն էր Ազնաւուրի, եւ երբ տակաւին ուսանող էր, կ՚երգէր անոր բազմաթիւ երգերը իր ընկերներուն հետ քարաոքէի ընթացքին: Այս մասին կը յայտնեն  Մաքրոնի նախկին դասընկերները:

Իր կարճ հասակով մարդը անհաւանական կուռք մըն էր:

«Լը Ֆիկարօ» (Ֆրանսա)
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ. ԱՌԱՍՊԵԼ ՄԸ ԿԸ ՄԱՀԱՆԱՅ

Աւելի քան 2000 սիրահարներ ակնածանքով մտիկ ըրին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի վառ գովասանքները:

Ժան Փոլ Պելմոնտօ, Տենի Պուն, Էտի Միչել, Էնրիքօ Մասիաս, Միրէյ Մաթիէօ… բազմաթիւ քաղաքական եւ մշակութային անձնաւորութիւններ ներկայ էին այս առաւօտ «Invalides»ի մէջ՝ յարգելու հա-մար յիշատակը երգիչին, որ մահացաւ երկուշաբթի, 94 տարեկանին:

Էլվիս, Ռէյ Չարլզ, Լայզա Մինելլի, Էլթըն Ճոն… ամենէն մեծերը երգած են Ազնաւուրի երգերը:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿՈՒ ԼԱՆ ԻՐԵՆՑ «ՄԵԾ ԸՆԿԵՐՈՋ»՝ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՄԱՀԸ

Շարլ Ազնաւուրի՝ «մեծ ընկերոջ մը» մահուան լուրը տխրութեամբ եւ յուզումով ընդունուեցաւ Լիբանանի մէջ, ուր կ՚ապրի ֆրանսախօս մեծ գաղութ մը եւ հայ փոքրամասնութիւն մը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀՐԱՇԱԼԻ ԵՐԿԻՐԸ

Ան շարունակ լուսարձակի տակ կ՚առնէր կովկասեան այն փոքր երկիրը, ուրկէ սերած էր: 94 տարեկանին մահացած ֆրանսահայ երգիչը մեզի ցոյց տուաւ ճամբան ոչ շատ ծանօթ ճամբորդութեան մը:

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆ

Անոր ծնողները գաղթած են Ֆրանսա, երբ Մեծ պատերազմին ընթացքին ընտանիքէն մաս մը ջարդուած է: Երգիչը իր արմատներուն երկիրը պահեց սրտին մէջ, եւ աւելի շատ՝ դեկտեմբեր 1988-ի ահաւոր երկրաշարժէն ետք:

«Ա.Պէ.Սէ.» (Սպանիա)
ՄԱՀԱՑԱՒ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԸ՝ 20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԵՐԳԻ ՀԱՅՐԸ

Արուեստագէտը երգած է զանազան լեզուներով (անգլերէն, սպաներէն, իտալերէն, ռուսերէն եւ այլ) սիրոյ, կիրքի, կեանքի եւ մահուան բոլոր փուլերը, իւրայատուկ յաջողութեամբ, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն բեմերուն վրայ:

Մանուկ, պատանի, ապա՝ երիտասարդ մը, որ իր ճակատագիրը կը փնտռէր Փարիզի մէջ, Ազնաւուր երբեք չէ մոռցած իր հայկական արմատները: Իր նախնիներուն հայրենիքը զգացական բաժին ունէր իր կեանքին եւ գործին մէջ:

«Փարի Մաչ» (Ֆրանսա)
«ՇԱՐԼԸ ԻՄ ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒՍ Է, ԻՄ ԸՆԿԵՐՍ, ԻՄ ՍԷՐՍ» ԼԱՅԶԱ ՄԻՆԵԼԼԻԻ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔԸ՝ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻՆ

Ամերիկացի երգչուհի Լայզա Մինելլի յարգանքի տուրք մատուցած է Շարլ Ազնաւուրին: Անոնք միասին երգած են 1991-ին եւ 1992 -ին, երկու իւրայատուկ ելոյթներու ընթացքին:

«Շարլը իմ խորհրդատուս էր, իմ ընկերս, իմ սէրս: Յաւիտեան պիտի կարօտնամ զինք: Սիրով՝ Լայզա»: Ինչ որ կը միացնէր երկու առասպելները, աւելին էր, քան՝ իրենց արուեստի ասպարէզը:

«Թելէ Սթարզ»ի տուած իր հարցազրոյցին մէջ Շարլ Ազնաւուր կը պատմէր իր մեծ համակրանքը «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք»ի դերասանուհիին հանդէպ:

«Եկած էր զիս դիտելու Պրոտուէյի մէջ: Երկու օր ետք հաւաքոյթ մը կար ի պատիւ ինծի: Հոն էր, անկիւնը կեցած, ամչկոտ: Ինծի ըսաւ՝ «Կ՚ուզեմ ձեզի պէս երգել»: «Մենք մէկ տարի միասին ապրեցանք», կը խոստովանի Ազնաւուր՝ խօսելով սիրային յարաբերութեան մը մասին, որ երկար ատեն պահուած էր լրատուամիջոցներէն:

«Ռեփուպլիքա» (Իտալիա)
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ. ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԱՄԵՆԷՆ ՍԻՐՈՒԱԾ ԵՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԵՐԳԱՀԱՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԿԸ ՄԱՀԱՆԱՅ

Ճակատագիրը ուզած էր, որ ան դառնայ Ֆրանսայի լաւագոյն երգահանը, քնարերգուն, որ մարմնաւորեց ժողովրդական երգը Ալպեան լեռնաշղթայէն անդին, այնպէս՝ ինչպէս ոչ ոք ըրած էր նախապէս: Շարլ Ազնաւուր ունէր հայկական արմատներ եւ ամուր կապեր ունէր իր երկրի աւանդութիւններուն հետ:

ԱՀԱՒՈՐ ԴԱՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ԻՄ ՀՈԳՒՈՅՍ ՄԷՋ.
ՎԱՐԴԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Դերասան Վարդան Պետրոսեան Դիմատետրի էջին մէջ իր յոյզերը արտայայտած է Շարլ Ազնաւուրի մասին:

«… Որբացանք… բոլորս որբացանք… Այսպիսի զգացում ունեցայ, երբ հօրմէս ետք մայրս գը-նաց… Ահաւոր դատարկութիւն կայ իմ հոգուոյս մէջ… ճմլող դատարկութիւն… Ես չէի պատկերացներ, որ այդքան ներկայ ես իմ կեանքիս, իմ մէջս… Այդքան ներկայ… իմ սիրելի, պաշտելի հայր…

Ինքնաշարժի արկածիս յաջորդ գիշերը, վիրահատութենէն ետք, սարսափով քունէս վեր թռայ, եթէ ատիկա կարելի էր քուն կոչել, մահուան զգացումով… Ամբողջ մարմինս սառած էր ու՝ փայտացած… Կամքի գերմարդկային ճիգերով փորձեցի ոտք ու ձեռք շարժել… մինչեւ որ մահուան սարսուռը անցաւ… Յետոյ տեսայ, որ քեզի հետ միասին Արարատը կը բարձրանանք՝ ձիւներու մէջ… նորէն արթնցայ… արդէն կենդանի… Նոյնիսկ մահուան պահուն եկար, թէկուզ՝ երազի մէջ…

Երիտասարդ էի, սիրահարած՝ քու երգերդ կը լսէի, աղջիկ կ՚ուզէի հմայել՝ քու երգերդ կ՚երգէի, ներկայացումներուս մէջ քեզ կը նմանակէի… Քու միջոցովդ, կարծես, կը խօսէի մարդոց հետ… Կը հրճուէի, երբ որեւէ առիթով քեզ կը նմանցնէին… Կեանքի ամենէն բարդ իրավիճակներուն մէջ կը մտածէի՝ դո՞ւն ինչպէս կ՚ընէիր… ու կը փորձէի ընել այդպէս…

Ռոպէր Օսէյնի ներկայացումներէն մէկուն դուն ներկայ էիր սրահին մէջ. ներկայացման չէինք կրնար սկսիլ… Չորս-հինգ վայրկեան չորս հազար հոգինոց լեփլեցուն սրահը յոտնկայս կը ծափահարէր քեզ… Դերասանուհիները այդ օրը յուզմունքէն բնագիրը կը մոռնային… դուն ՝արդէն 80 տարեկան…

Օր մըն ալ եկար մեր տունը՝ Սեդային հետ… Կալանքէս ետք կը վերսկսէի… առաջին հիւրախաղերս պիտի ներկայացնէի… Եկար, կարծես՝ մեծիդ օրհնութիւնը տալու… կը նայէի, հաւատալս չէր գար… այնքա՜ն իրական էր ու այնքա՜ն անիրական… Նստած էիր սեղանին մօտ, իսկ հարազատ մեծ քեռիս կը խօսէր, կը պատմէինք իրա-րու տնեցիներու մասին… Ժամեր շարունակ… Մինչեւ այսօր դեռ հաւատալս չի գար…

…Հիմա ալ հաւատալս չի գար… Ախր, մինչեւ հարիւր տարեկան պիտի երգէիր, մինչեւ հարիւր քսան տարի պիտի ապրէիր… Այդպէս որոշած էիր… ու ես անվերապահ կը հաւատայի ատոր…

Բայց Աստուծոյ որոշումը այլ էր… Ախր, այնտեղ ալ քու կարիքդ ունին… քու հրաշք երգերուդ… մենք ալ եսասիրաբար կ՚ուզէինք, որ դեռ շատ ապրէիր, որ քեզմով հպարտանանք աշխարհով մէկ…

Բարի՛ ճանապարհ քեզի, իմ պաշտելի կուռք… փոքրիկ հսկայ… մեծ հայ… Հիմա, գիտեմ, արդէն քեզ հրեշտակները կը վայելեն… Սիրոյ հրեշտակները…»:

Թուիթըրեան գրառումներ

ՓԻԷՌ ՄՈՐԿԱՆ (ԱՆԳԼԻԱՑԻ ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ԼՐԱԳՐՈՂ ԵՒ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՀԱՂՈՐԴԱՎԱՐ)

«Աշխարհի ամենէն բացառիկ երգիչներէն մէկը եւ՝ այնքան խելացի, պերճախօս, շնորհալի եւ զմայլելի մարդ: Հանդիպիլ անոր հետ եւ հարցազրոյց ընել՝ քանի մը ամիս առաջ բացառիկ փորձառութիւն էր:

Ան ամէն ինչ էր, որ ես կը յուսայի ըլլայ: Ի՜նչ կեանք:

Շնորհակալութիւն, մաէսթրօ»:

ՌԻՉԸՐՏ ՔՈԼԶ (ԱՆԳԼԻԱՑԻ ԵՐԳԻՉ, ԼՐԱԳՐՈՂ ԵՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՈՒՈՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏ)

Շարլ Ազնաւուրը մահացաւ, Աստուած հոգին լուսաւորէ, ֆրանսացի Սինաթրա կ՚ըսուի, բայց կը կարծեմ, որ Սինաթրայէն աւելի լաւ երգիչ էր:

ՍԵԼԻՆ ՏԻՈՆ

Պարո՛ն Շարլ,

Միշտ պիտի մնաք «Ինծի համար հրաշալի» (For me Formidable):

Սէր եւ ցաւակցութիւններս՝ ձեր ընտանիքին:

ԱՆՆ ԻՏԱԼԿՕ (ՓԱՐԻԶԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ)

Խոր կսկիծով իմացայ Շարլ Ազնաւուրին մահը: Փարիզցի մը, որ դարձած էր իսկական խորհրդանիշ ֆրանսական երգին եւ Հայաստանի կրքոտ դեսպան՝ աշխարհի մէջ: Ցաւակցութիւններս՝ իր ընտանիքին եւ հարազատներուն:

ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՕԼԱՆՏ

Երեւանէն Փարիզ ան երգած է աշխարհի բոլոր քաղաքներուն մէջ սիրոյ եւ ազատութեան համար: Շարլ Ազնաւուր իր ցտեսութիւնը յայտնեց, բայց մեզի համար միշտ բեմին վրայ կը մնայ:

ՃՈՆԱԹԱՆ ԼԱՔՈԹ (Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան)

Կորսնցուցինք Շարլ Ազնաւուրը, որ ինք առանձին կը մարմնաւորէր Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնը՝ իր խորութեամբ, հարստութեամբ եւ մարդկայնութեամբ: Ասիկա մեծ կորուստ է երկու երկիրներուն համար եւ բանաստեղծութեան բոլոր սիրահարներուն համար:

ՄԻՐԷՅ ՄԱԹԻԷՕ

Ես շատ տխուր եմ….Շարլը թագաւոր էր, պատրիարքը՝ ֆրանսական երգին: Պիտի մեկնի դէպի երգիչներու դրախտ: Արժանի է ազգային թաղումի, ամբողջ աշխարհը իր երգերուն ծանօթ էր:

ՓԱՊԼՕ ԱԼՊՈՐԱՆ (ՍՊԱՆԱՑԻ ԵՐԱԺԻՇՏ, ԵՐԳԻՉ)

Երկինքը հիմա քիչ մը աւելի լաւ գիտէ, որ ինչ կը նշանակէ սէր:

Ի՜նչ մեծ ցաւ:

ԽՈՒԼԻՕ ԻԿԼԵՍԻԱՍ

Իմ սիրելի՛ ուսուցիչ,

Մեզի միշտ կը մնայ յաւերժութիւնը, որպէսզի միասին երգենք: Ննջէ խաղաղութեամբ:

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2018