«ԱՅԴ ՕՐԵՐՈՒՆ ՀԱԼԷՊԸ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ԷՐ»
Երկար տարիներէ ի վեր Ֆրանսայի Թեմէն ներս ծառայող Տ Խաչատուր Ա. Քհնյ. Պօղոսեան ծնած է Սուրիոյ Արաբունար, որ որոշ ժամանակի մը համար եղած է հայկական աւան: Տէր հօր Սուրիոյ հանդէպ ունեցած սէրը, կարօտը եւ վաղ պատանեկութեան տպաւորութիւններն ու հոնկէ ստացած հոգեւոր սնունդը կ՚արտացոլան իր համացանցային գրառումներուն մէջ:
Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակը եւ ապագայի հարցադրումներն ու տեղւոյն հայութեան կրած տառապանքները կը հանդիսանան ներկայիս Նիսի մէջ ծառայող կրօնաւորին մտահոգութիւններուն հիմնական առանցքներէն մին:
Այս աշնան տէր հայրը կը գտնուէր Երեւան ու պատեհ առիթը գտնելով զը-րուցեցինք անոր հետ:
Նիւթը կեդրոնացաւ անոր վաղ պատանեկութեան յուշերուն, ապրած առօրեային ու անցելայուշ պատկերներուն վրայ, մինչեւ Հալէպ ու ապա Պէյրութ մեկնումը:
*
-Արժանապատիւ տէր հայր տեղեակ ենք, որ ծնած էք Սուրիա եւ ձեր տարբեր գրառումներուն մէջ յստակօրէն կ՚ուրուագծուի մանկութեան մը ընդհանուր պատկերը, որուն մէջ բոցավառ հետք ձգած է Սուրիան: Շատ պիտի ուզէինք, որ մեր ընթերցողներուն այդ մասին պատմէք:
-Ծնած եմ 1946 թուականին, Սուրիոյ Այն Արապ աւանը, որուն մենք՝ հայերս Արաբունար անուանումը կու տանք, իսկ քիւրտերը զայն կը կոչեն՝ Քոպանի: Իմ մանկութիւնս եւ վաղ երիտասարդութիւնս այդտեղ անցուցած եմ ու հոն մնացած մինչեւ 1961 թուականը: Ապա Անթիլիաս մեկնեցայ եւ որպէս ժառանգաւոր միացայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին։
-Ձեր գիւղէն ի՞նչ յիշատակելի դրուագներ կրնաք պատմել, որովհետեւ վերջին շրջանին, երբ Սուրիոյ դէպքերը պատահեցան, շատեր կը յիշատակէին, թէ այս գիւղը հայկական եղած է։ Ի՞նչ է իրականութիւնը:
-Այո, իրականութեան մէջ հայկական գիւղ մը եղած է, հայերը հիմնած են այս գիւղը: Այսինքն՝ եկած են եւ հոն բնակութիւն հաստատած, իրենց տուները կառուցած, նաեւ աղօթատուն մը՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, երկու դպրոց. առաջինը՝ Ազգային Խրիմեան վարժարան, որ մինչեւ 5-րդ դասարան էր եւ յետոյ պետութեան հրամանով ունեցաւ 6-րդ դասարան մը, իսկ երկրորդը՝ Աւետիս Նալպանտեան վարժարանն էր, որ յետոյ անուանափոխուեցաւ եւ դարձաւ՝ Սարաֆեան վարժարան: 1960-ին ես 5-րդ դասարանը աւարտեցի, իսկ 1961-ին՝ 6-րդը: Այս մէկը կ՚ըսեմ, որովհետեւ ես փափաք ունէի յաճախելու Անթիլիասի դպրեվանքը եւ ինծի ըսուեցաւ, թէ միայն նախակրթարանը աւարտելէս ետք է, որ կրնամ հոն ուսանիլ: Եւ այդպէս ալ եղաւ. վկայականը առի ու մեկնեցայ Անթիլիաս: Իսկ երկու տարի ետք դպրոցը փակուեցաւ՝ 1963-ին:
-Ի՞նչ էր դպրոցին փակուելու պատճառը:
-Պատճառը այն էր, որ հայերը լքեցին գիւղը եւ հեռացան: Անոնց գիւղը լքելուն պատճառները թէ՛ տնտեսական եւ թէ ալ գիւղին մէջ մարդագրական պատկերին փոփոխութիւնն էր: Շրջանին մէջ կային քիւրտեր եւ անոնց թիւը հետզհետէ սկսաւ շատնալ ու ի վերջոյ անոնք դարձան մեծամասնութիւն: Արաբունարէն առաջ ալ քիւրտերը տարած-ւած էին այդ շրջանի շուրջ 150 գիւղերու մէջ: Այս թիւը երեւակայական կը թուի, սակայն իրականութիւն է, որ հոն կային 150 քրտաբնակ գիւղեր:
-Ի՞նչ էր համեմատութիւնը բնակիչներուն՝ նախքան 1963-ի մեծ արտագաղթը:
-Կարելի է ըսել, որ բնակչութիւնը կէս առ կէս էր: Քիւրտերը միշտ եղած են այնտեղ, սակայն անոնք բնակութիւն հաստատած էին ծայրամասերուն մէջ: Հայերու հետ անոնց յարաբերութեանց զարգացումը ստիպեց տեղաբը-նակ հայերը, որ Հալէպ մեկնին լրացնելու համար շրջանի տնտեսական պահանջները: Կրնանք ըսել, որ արհեստաւորները, առեւտրականները եւ նոյնիսկ երկրագործները կամ երկրագործութիւնը զարգացնողները հայեր էին, սակայն աւելի ուշ սկիզբ առաւ արտահոսք մը դէպի Հալէպ: Գիւղերուն մէջ այգիներ ունէին՝ ցորենի, բամպակի, գարիի, եւ ամենաարագ զարգացող ոլորտը գիւղատնտեսութիւնը դարձաւ: Գիւղատնտեսութեան զարգացումը պայմանաւորուած էր շրջանին աշխարհագրական տուեալներէն եւ հողի ու կլիմայի նպատայարմար ըլլալէն: Արաբները այդ շրջանին Ճեզիրէ անունը կու տային, բայց իրականութեան մէջ Ճեզիրէն կը սկսի Եփրատէն: Եփրատէն մինչեւ Իրաք կղզիի պէս է՝ երկու գետերուն մէջտեղը՝ Տիգրիս եւ Եփրատ: Իսկ Արաբունարը կը գտնուէր ճիշդ Թուրքիոյ սահմանին վրայ:
-Իսկ երբեք գացած էք Թուրքիա, կը յիշէ՞ք, ի՞նչ յիշողութիւններ ունիք:
-Կ՚երթայինք մինչեւ սահման, որմէ անդին չէինք անցներ: Այդ պատկերը կը յիշեմ, այո: Ինծի համար սահման երթալը հաճելի էր: Հաճելի էր այն իմաստով, որ այդտեղէն շոգեկառք կ՚անցնէր, Պաղտատի գիծն էր եւ այդ մէկը ինծի համար շատ հետաքրքրական էր: Շոգեկառք ալ կը նստէինք, ձմրան, երբ Եփրատը անցնիլը դժուար ըլլար՝ Հալէպ երթալու համար: Հալէպէն Արաբունար 150 քիլօմեթր էր, իսկ Արաբունարէն Եփրատ՝ 30 քիլօմեթր։ Եփրատին ճիշդ քովը կար Ճարապլուս աւանը, ուր հայութեան մեծ թիւ կար: Ճարապլուսը հին քաղաք էր, յայտնի Կարկեմիշ պատմական անուանումով:
-Այդ շրջաններէն հայերուն հեռանալը միայն տնտեսական դրդապատճառներ ունէ՞ր:
-1958 թուականին ներարաբական մեծ խնդիր մը կը ծագէր, որ մեծ ազդեցութիւններ կ՚ունենար նաեւ հայերու վրայ: Ապտըլ Նասէրի իշխանութեան ժամանակ ընթացք կ՚առնէր հալածանք մը, որուն նոյնպէս թիրախ կը դառնային հայ դաշնակցականները: Անոնք կը հալածուէին եւ ապա կը բանտարկուէին: Արաբունարի մէջ ալ վախ կար եւ դժբախտաբար այդ ժամանակ հայերը իրար կը մատնէին, յաճախ ալ անգիտակցաբար: Պետութիւնը կը հետեւէր հայերուն եւ պատահած է, որ հայ համայնավարներ ալ կը ձերբակալուէին:
-Համայնավարները ինչո՞ւ կը ձերբակալուէին:
-Որովհետեւ իրենք ղեկավար էին, կարելի է ըսել համայնավարութիւնը մեր շրջանին ծանօթացնողները քանի մը հայ կուսակցականներ էին: Չեմ յիշեր, թէ ինչո՛ւ ձերբակալուեցան անոնք, բանտարկուեցան եւ զանազան չարչարանքներու ենթարկուեացան: Հետեւաբար պետութիւնը վախ ունէր, թէ անոնք կը փորձեն յեղաշրջում կատարել:
Իսկ գիւղի հայաթափման գլխաւոր պատճառը, իմ կարծիքով, այն էր, որ երկրորդական վարժարան չկար, երկրորդ՝ տեղի ունեցաւ շատ մեծ հեղեղ մը, որու պատճառով գիւղի մէկ կողմի տուները փուլ եկան: Այս դէպքը շատ ահաւոր էր եւ վախ առաջացուց ժողովուրդին մէջ: Եւ բնակչութիւնը սկսաւ հեռանալ, ատկէ առաջ ալ անշուշտ գացողներ կային, սակայն, իմ կարծիքով, այս դէպքը դարձաւ հիմնական դրդապատճառը հայերուն այդ շրջանէն հեռացման:
-Արաբունարի ծաղկուն օրերուն հայ բնակչութեան թիւը ի՞նչ էր մօտաւորապէս:
-Առնուազն 2200 հոգի, թերեւս ալ աւելի, ստոյգ չեմ կրնար ըսել: Սակայն մենք երկու դպրոց ունէինք եւ իւրաքանչիւր դպրոց 150 աշակերտ ունէր: Այդ ժամանակ ընտանիքները բազմանդամ էին:
-Ի՞նչ կազմակերպութիւններ կը գործէին:
-Մենք ունէինք ՀՄԸՄ-ը, որ ունէր ակումբ եւ մօտ էր ՀԲԸՄ-ին, ՀԵԸ-ին՝ Բարեգործականին: Իսկ ակումբը կը գտնուէր Բարեգործականի դպրոցին կից, այսինքն՝ նոյն համալիրին մէջ: Անոնք ունէին սկաուտական կազմ՝ նուագախումբ, փողերախումբ, ՀՄԸՄ-ը՝ նոյնպէս եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններ ունէինք: Իրարու միջեւ մարզական մրցումներ կը կազմակերպուէին: Կար Բարեգործական եւ ՀՄԸՄ, դաշնակցականներ նախապէս եղած էին, բայց եթէ նոյնիսկ ժողովներ կ՚ըլլային, կը կատարուէին գաղտնի կերպով ու բնականաբար այդ մասին ալ մենք տեղեակ չէինք ըլլար:
-Անկէ ետք դուք երբեք այցելած է՞ք Արաբունար:
-Երբ Անթիլիաս կ՚ուսանէի, ամրան արձակուրդի կ՚երթայի: Ամրան արձակուրդներուն ընտանիքով կ՚երթայինք նաեւ Քեսապ եւ Ազէզ, ուր նոյնպէս շատ հայ բնակիչներ կային: Ամէն պարագայի Հալէպը շատ քաշողական ուժ ունէր:
-Ի՞նչ յիշողութիւններ ունիք Հալէպի հետ կապուած։ Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք այդ օրերու Հալէպը:
-Ինծի համար Հալէպը այդ օրերուն իմ Հայաստանս էր եւ այդ ժամանակ ինծի համար աշխարհի ամենագեղեցիկ քաղաքն էր, որովհետեւ տակաւին ուրիշ քաղաք չէի տեսած: Բայց յետոյ, երբ Պէյրութը տեսայ, անշուշտ այդ մտածումս փոխուեցաւ:
-Ի՞նչ էր պատճառը:
-Պէյրութ աւելի եւրոպականացած էր, իսկ Հալէպը աւելի հին եւ պատմական, արաբական-իսլամական ուրուագիծ մը ունէր:
-Հիմա, որ Հալէպ ըսինք, ի՞նչ պատկեր կու գայ ձեր միտքը այդ օրերէն, ի՞նչ կը վերյիշէ՞ք:
-Ինչ որ կը յիշեմ Նոր Գիւղ շրջանը կար, որ փոքր Հայաստան էր եւ մեծամասնութեամբ բնակեցուած էր հայութեամբ: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը յիշեմ, որ կ՚երթայինք: Վասպուրականի ակումբը կար, որ ես նախապէս կը կարծէի, թէ կա՛մ Բարեգործականինն է, կա՛մ Հնչակեան եւ կամ Ռամկավար, բայց Վասպուրականը անկախ կազմակերպութիւն էր: Ինչու այդպէս կը կարծէի, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը եւ Վասպուրականը ամենաուժեղ ներկայացուցչական խումբերն էին, նոյնիսկ Սուրիոյ ախոյեանը եղած են: Իսկ ՀՄԸՄ-ի ակումբը զիս կը հրապուրէր եւ շատ կ՚երթայի հոն: Կար նաեւ անոր պարտէզը, ուր ընտանիքներ կու գային, ընկերային շատ հաճելի մթնոլորտ կար: Իրիկունները կ՚երթայի, տղաքը փորձեր կ՚ընէին եւ ես կը դիտէի, հիանալի յիշողութիւններ են:
-Այս բոլորը, որ կ՚ըսէք մարզաշխարհ եւ աշխարհիկ կեանքն է, անոր կողքին հոգեմտաւոր սնունդ կը ստանայի՞ք:
-Հոգեմտաւորը Արաբունար եղած է աւելի, իսկ Հալէպի մէջ այդ ոգեղէնը աւելի ուռճացաւ: Կ՚այցելէինք եկեղեցիներ՝ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, որ շատ հին, պատմական եւ գեղեցիկ եկեղեցի է, ուր սքանչելի սրբանկարներ կան եւ անոնցմով ես շատ տպաւորուած եմ: Կար «Դրախտի եւ դժոխք»ի պատկերը, որ մէջս սարսափ կը յառաջացնէր եւ շատ մեծ ազդեցութիւն գործած է իմ վրայ:
Հալէպը ինծի համար իսկապէս մայր գաղութ էր: Ամբողջ Ճեզիրէէն հայերը հոն կ՚երթային, երբ համալսարանի ուսում ստանալ ուզէին: Շատեր կային, որոնք կ՚երթային Հալէպ: Ընտանիքի հայերը Արաբունար կը մնային, հոն աշխատանքը շարունակելու համար: Յետագային հայրերն ալ կը միանային իրենց ընտանիքներուն:
Հալէպի մէջ շատ մեծ կարող արհեստաւորներ ալ կային, շատ կարող եւ ճարտար մեքենագէտներ: Երբ ես Նոր Գիւղի թաղերէն կ՚անցնէի, կը տեսնէի արհեստաւորները՝ պղնձագործներ եւ ինքնաշարժ նորոգողներ, որոնք Եւրոպայի զանազան երկիրներէն կը բերէին ինքնաշարժի մասեր եւ կ՚ամբողջացնէին: Ես կը հիանայի, որովհետեւ կը կարծէի այս գործին մէջ եւրոպացիները հմուտ են, սակայն տեսայ, որ հայերն ալ նոյնքան հմուտ են:
-Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ, որ դուք կրօնական ծառայութեան ճանապարհը ընտրէք:
-Այս մէկը հօրս կը պարտիմ, որովհետեւ ան շատ եկեղեցասէր եւ հաւատացեալ էր ու եկեղեցի շատ կը յաճախէր: Երբ մեր գիւղին մէջ քահանայ չունէինք, հայրս էր, որ եկեղեցին բաց կը պահէր: Առաջնորդը անոր արտօնած էր, որ շարականներ եւ կրօնական աղօթքներ կատարէ:
-Իսկ Պէյրութէն ի՞նչ կը յիշէք:
-Երբ առաջին անգամ Հալէպէն դէպի Պէյրութ մեկնեցայ, հետս ձեռնադաշնակս (accordion) կար, սահմանը տուգանք ուզեցին առնել, որովհետեւ փոքր էի եւ մտածեցին, որ չեմ կրնար նուագել: Ըսի իմս է եւ կրնամ նուագել, ուզեցին, որ նուագեմ: Սուրիական քայլերգը նուագեցի եւ բոլորը զարմացան ու անշուշտ թոյլատրեցին, որ սահմանը անցնիմ: Նոյն բանը կրկնուեցաւ լիբանանեան սահմանին վրայ: Հոնկէ ալ կրցանք անցնիլ եւ ի վերջոյ Պուրճ Համուտ հասանք եւ յաջորդ առաւօտ վանք գացի: Առաջին շաբթուան մէջ էր եւ դասերը սկսած էին, երբ իրիկուն մը, եկեղեցիէն ետք Խորէն Սրբազանը (ապա կաթողիկոս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) եւ Զարեհ Կաթողիկոսը կը ճեմէին, Խորէն Սրբազանը կանչեց զիս եւ հարցուց անունս եւ տարիքս ու ըսաւ, որ մայրդ ինչո՞ւ հետդ չի բերիր, որովհետեւ շատ փոքր էի: Ան միշտ մտքիս մէջ եղած է, որպէս իսկական հոգեւոր հօր մը տիպարը, ինչպէս նաեւ իշխան մը, ինծի համար իշխանական տիպար էր, այսինքն՝ ազնուական էր:
-Կարօտ կայ ձեր ծննդավայրին հանդէպ, շեշտադրումները աւելի Հալէպի վրայ էին։ Ի՞նչպէս կը բացատրես այդ կարօտը:
-Կարօտցած եմ դպրոցս, եկեղեցիս, մեծ հայրիկս այնտեղ թաղուած է եւ ամբողջ յիշատակներս հետս բերած եմ, անոնք մէջս են:
-Իսկ հայութեան ապագան վտանգուա՞ծ է Միջին Արեւելքի մէջ:
-Եթէ նոյն մտայնութիւնը մնայ հոն բնակող ժողովուրդներուն մէջ, ապա այո վտանգուած է: Ոչ միայն հայութեան, այլ ամբողջ քրիստոնեաերուն ապագան կրնայ վտանգուած ըլլալ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան