ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՎԱՂԵՄՈՒԹԵԱՄԲ

Թէեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենատարբեր ղեկավարները ըլլալով ցոյց կը տրուին Ճոն Քենետի եւ Ապրահամ Լինքոլն, սակայն ներկայիս յաճախ կը խօսուի անոնց նմանութիւններուն մասին։ Արդեօք զուգադիպութի՞ւն է անոնց այսքան նմանութիւնը։ Այս պարագան տակաւին անծանօթ է։ Բայց եւ այնպէս, վերջին շրջանին օրակարգի վրայ է իրենց նման եզրերը։ Մեր սիրելի ընթերցողներուն նախ ծանօթացնենք երկու նախագահները, ապա անոնց միջեւ եղած նմանութիւնները։

*

Ապրահամ Լինքոլն ծնած է 12 Փետրուար 1809 թուականին, ԱՄՆ-ի Քենթաքի նահանգին մէջ։ ԱՄՆ-ի Հանրապետական կուսակցութեան առաջին նախագահն է Լինքոլն։ Անոր ձեռքբերումն է ԱՄՆ-ի մէջ ստրկութեան վերացումը, որ զայն դարձուցած է իրական ազգային հերոս։ Ծնած է նիւթական ծանր պայմաններով ընտանիքի մը յարկին տակ ու պարտաւորուած է ուսանիլ միայն տասնութ ամիս։ Լաւ ընթերցող մըն էր ան եւ իր անսպառ կարդալու փափաքով եղած է ինքնուս։ Ծանօթ է այն նամակը, զոր Լինքոլն 1855 թուականին գրած է իր որդիի ուսուցիչին։ 6 Նոյեմբեր 1860 թուականին ընտրուած է ԱՄՆ-ի նախագահ։ Ներկայիս ան կը համարուի ԱՄՆի ամենալաւ նախագահներէն մին։ Լինքոլն մահափորձի ենթարկուած է 15 Ապրիլ 1865 թուականին։ Եղած է ԱՄՆի առաջին սպաննուած նախագահը։ Լինքոլնի ահաբեկիչը՝ Ճոն Ուալքս Պութ սպաննուած է իր դատէն օրեր առաջ։

*

Ծնած է 29 Մայիս 1917 թուականին Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեթս նահանգի Պրուքլին քաղաքին մէջ։ ԱՄՆ-ի առաջին կաթողիկէ նախագահն է։ Իր պաշտօնը ստանձնած է 20 Յունուար 1961 թուականին եւ ԱՄՆ-ի ամենաերիտասարդ նախագահը եղած է։  Պայքարներ մղած է սեւամորթերու փրկութեան կապակցութեամբ եւ ճիգ թափած է անոնց իրաւունքներ շնորհուելու համար։ ԱՄՆ-ի առաջին նախագահն է, որ ստացած է Pulitzer մրցանակը։ Քենետին սպաննուած է 1963 թուականին՝ Լի Հարվի Օզուալտի կողմէ։ Դաւադիրը սպաննուած է իր դատէն օրեր առաջ։ Քենետիի սպանութիւնը տակաւին կը զբաղեցնէ մամուլի եւ պատմաբաններու օրակարգը։

*

Միացեալ Նահանգներու 16-րդ եւ 35-րդ նախագահներու ամենայայտնի նմանութիւնը երկուքին ալ մահափորձի զոհ դառնալն է։ Այո՛, առաջին ակնարկով ճիշդ է, բայց հարիւր տարուան վաղեմութեամբ կան հետեւեալ նմանութիւնները.

- Ապրահամ Լինքոլն ընտրուած է ԱՄՆ-ի նախագահ «1846» թուականին, իսկ Քենետի՝ «1946» թուականին։

- Երկու նախագահներն ալ ժողովրդավարական են։

- Լինքոլնի քարտուղարն է «Ճոն Ա. Քենետի», իսկ Քենետիի քարտուղարը՝ «Էվըլին Լինքոլն»։

- Լինքոլնի մահէն ետք նախագահ ընտրուած է «Էնտրու Ճանսըն», որ ծնած է «1808» թուականին։ Իսկ Քենետիի յաջորդող նախագահն է  «Լինտըն Ճանսըն», որ ծնած է «1909» թուականին։ Թէ՛ Լինքոլն եւ թէ Քենետի ԱՄՆ-ի հարաւային շրջանի բնակիչ էին։ Եւ նոյնիսկ իրենց յաջորդներն ալ եղած են հարաւէն։ Անոնց յաջորդներուն անունները վեց տառէ բաղկացած են ու անոնց մականունն ալ նոյնն է։

- Լինքոլնը սպաննած է Ճոն Ուալքս Պութ, որ ծնած է «1839» թուականին։ Իսկ Քենետին սպաննուած է Լի Հարվի Օզուալտի կողմէ, որ ծնած է «1939» թուականին։ Երկու մարդասպաններն ալ ունին երեքական անուն։ Այդ երեքական անունները կը բաղկանան 15 տառէ։

- Լինքոլն մահափորձի ենթարկուած է «Ֆորտ» թատրոնին մէջ եւ այդ պահուն ներկայ կը գտնուէր նաեւ Առաջին տիկին Մերի Թոտ Լինքոլն։ Իսկ «Ֆորտ»ի կողմէ արտադրուած «Լինքոլն» տիպի ինքնաշարժի մը մէջ սպաննուած է Քենետին եւ այդ պահուն ներկայ էր Առաջին տիկին Ժագլին Քենետին։

- Լինքոլնի դաւադիրը պահուըտած է «Ֆորտ» թատրոնի մօտակայքին մթերանոցի մը մէջ։ Իսկ Քենետիի ոճրագործը մահափորձը կատարած է մթերանոցի մէջէն եւ պահուըտած է թատրոնի մը մէջ։

- Լինքոլն իր մահուան թուականէն շաբաթ մը առաջ կը գտնուէր ԱՄՆ-ի «Մերիլենտ» նահանգի «Մոնրօ» քաղաքը։ Իսկ Քենետին իր մահուան թուականէն շաբաթ մը առաջ այցելած էր «Մերլին Մոնրօ»ին։

- Երկու նահագահները պայքարած են ստրուկներու փրկութեան համար եւ կը համարուին ազգային հերոսներ։ Լինքոլն փրկած է սեւամորթ ստրուկները եւ Քենետին մղած է պայքարներ՝ սեւամորթերու իրաւունքներ շնորհուելու համար։

- Երկու նախագահներուն մահուան օրը կը զուգադիպի «Ուրբաթ»ի։

- Նախագահներուն ոճրագործները մահափորձի զոհ գացած են իրենց դատավարութենէն օրեր առաջ։ Անոնք դեռ նոր հասած էին իրենց 20-ական տարիքները։

- Երկու նախագահներուն ալ կողակիցները, երբ Սպիտակ տան մէջ կը բնակէին, իրենց յղութիւնները աւարտած է վիժումով։

Եւ ի տարբերութիւն… Քենետիի մահափորձին թղթածրարը փակուած է ճիշդ 82 տարիով՝  1963 թուականէն սկսեալ։ Ան կրկին կրնայ հետազօտուիլ 2045 թուականին։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017