ՊԱՏ­ՄՈՒ­ԹԵԱՆ ԿԵՆ­ԴԱ­ՆԻ ՎԿԱ­ՆԵ­ՐԸ

«Բառը, գիտցած եղէք, էակ մըն է կենդանի»,- կը բացագանչէ բառերու մեծ վարպետը՝ Հիւկօ։ «Բառը մի աշխարհ է», կ՚ըսէ Մեծն Թումանեանը։

Այս խօսքերը ճիշդ են ոչ միայն բանաստեղծական առումով, այլ նաեւ գիտականօրէն։ Բառերը կ՚ապրին ոչ միայն գրողին երեւակայութեան մէջ ու գրիչին տակ։ Բառերը կ՚ապրին ժամանակին մէջ, կը քալեն ժամանակի տեւողութեան հետ՝ երբեմն բնաշրջուելով ու երբեմն ալ դադրելով։

Ինչպէս ամէն ապրող էակ ունի իր կեանքի պատմութիւնը, իր կենսագրութիւնը, իր ներաշխարհն ու իւրայատուկ ուրոյն կերտուածքը, իր անցած կեանքի ուղին։ Այդպէս ալ բառերը ունին իրենց կեանքի պատմութիւնը։ Նոյնպէս բառերը կը ծնին, կ՚ապրին եւ կրնան մահանալ։

Բառեր կան, որոնք ունին դարերու կեանք անյիշատակելի ժամանակներէն մինչեւ ներկայ օրերը, սակայն դեռ երիտասարդ են։ Որովհետեւ լեզուին հետ քալեր են մինչեւ այսօր, կը գործածուին առօրեայ հաղորդակցութեան համար, իրենց տարիքը յայտնի չեն ըներ, ինչպէս՝ հայր, մայր, տուն, գետ, գիշեր, լեզու, ես, դուն, ան, երթալ, մնալ, տեսնել, բայց եւ այլն։

Հինէն եկող բառերը պարզ են, ի տարբերութիւն նորերուն։ Լեզուները այլեւս նոր արմատներ չեն ստեղծեր։ Ժամանակի ընթացքին նոր բառեր կը ծնին, քանի որ ամէն օր նոր հասկացութիւններ կը ծնին։ Ինչպէս՝ համացանց, կայք էջ, դիմատետր։

Բառերը կրնան ծերանալ, հիննալ եւ առօրեայ հաղորդակցութեան համար դառնալ անգործածական։ Երբ կը վերանան այդ բառերով անուանուող հասկացութիւնները եւ կամ առօրեայ խօսակցութեան ժամանակ այլեւս չեն գործածուիր, ինչպէս՝ «հեծելազօր, սայլապան, աղախին», նման բառեր կը կոչ-ւին հնաբանութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են պատմական անցեալը հասկնալու համար։

Հայոց լեզուն իւրայատուկ է իր բառակազմական ճկունութեամբ, որեւէ օտար բառին կարելի է իրեն համարժէք հայերէն բառ ստեղծել։ Ինչպէս՝ հեռուստացոյց, հեռախօս, տիեզերանաւ, տիեզերագնաց, երթուղի, մարզադաշտ եւ այլն։

ԺԷ. դարու ֆրանսացի աշխարհահռչակ գիտնական, գիւտարար Պլէզ Փասքալ իր կատարած հետազօտութիւններուն ընդմէջէն, երբ կ՚ուսումնասիրէ մարդ էակին յատկութիւնները, թէ «ի վերջոյ, ի՞նչ է մարդը բնութեան մէջ», նկարագրելով մարդուն մեծութիւնը՝ միաժամանակ կը բացայայտէ անոր տկարութիւններն ու բարեմասնութիւնները, կ՚ըսէ.- «Մարդը խորհող եղէգ մըն է», «L’homme est un roseau pensant»։

Փասքալի այս նշանաւոր պատկերաւոր խօսքը՝ մեր սքանչելի գրաբարը կ՚արտայայտէ մէկ բառով միայն, երկու վանկով, «Շամբուշ» բառը, որ տառացիօրէն կամ ստուգաբանօրէն կը նշանակէ «եղէգի» (շամբ) խելք (ուշ)։ Ընդհանրապէս կը գործածուի «անմիտ»ի, «յիմար»ի իմաստով։

Երբ կ՚ըսենք, թէ լեզուի հարստութեան չափանիշը բառապաշարն է։ Այդ կ՚որոշուի ոչ միայն բառային կազմի քանակով, այլ լեզուի մէջ գոյութիւն ունեցող բառերու որակական յատկանիշներով, թէ տուեալ լեզուն որքանո՛վ ունակ է աւելի շատ հասկացութիւններ արտայայտելու։

Հայոց լեզուի բառագանձի հարստութիւնն է նաեւ բառի իմաստային փոփոխութիւնը։ Լեզուի բառային կազմին մէջ տեղի կ՚ունենան իմաստափոխութիւններ։ Երբ որոշ բառեր կը կորսնցնեն իրենց նախկին իմաստը՝ ձեռք բերելով նոր իմաստ կամ միաժամանակ պահպապանելով երկու նշանակութիւններն ալ։ Օրինակ՝ «լուրջ» բառը արդի հայերէնին մէջ կը նշանակէ խնդիր մը, կացութիւն մը կրնայ «լուրջ» ըլլալ, կամ պատկառելի, քիչ խօսող անձ։ Մինչդեռ հին հայերէնի մէջ մեր նախնիք այդ բառը տարբեր իմաստներով կը գործածէին «լուրջ»-բաց կապոյտ, (եւ «լուրթ») զուարթ, պարզերես, արթուն, արթնամիտ՝ այսօրուան իմաստին բոլորովին հակառակ։

Այս տեսակէտէն բառի բազմիմաստութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի բառապաշարի հարստացման համար։ Կարեւորը՝ ճիշդ եւ տեղին օգտագործել այդ բառը։

Այս առումով միեւնոյն բառը տարբեր եւ բազմաթիւ իմաստներ կ՚արտայայտէ թէ՛ արեւելահայերէնի, թէ՛ արեւմտահայերէնի մէջ։ Բառապաշարի ոլորտէն ներս եղած երկու գրականներու լեզուական տարբերութիւները, ընդհանրապէս յատուկ է արտայայտչական ձեւերուն, այս կամ այն ձեւին նախապատուութիւն տալու։ Օրինակ. սպիտակ-ճերմակ, ճանապարհ-ճամբայ, վատ-գէշ եւ այլն։

Եւ կան բառաձեւեր, որոնք աւելի գործածական են եւ յատուկ արեւելահայ կամ արեւմտահայ մտածողութեան։

Այսպէս օրինակ՝ «խոհ», «խոհել», «խորհիլ», «խորհել» բառերը թէեւ նոյն իմաստը կ՚արտայայտեն՝ «մտածում», «մտածել», «կշռադատել», բայց նոյնիսկ տարբեր իմաստներ չեն արտայայտեր, ապա յաճախ կ՚արտայայտուին իմաստային նրբերանգներով։

Օրինակ՝ «խոհ» գոյականը (մտածում, խորհրդածութիւն, գաղափար) յատուկ է երկու գրականներուն, ինչպէս՝ «խոհերով տարուած»։ Սակայն արեւելահայերէնի մէջ գործածական է նաեւ «խոհել» բայաձեւը։ Օրինակ՝ «խոհելով», «Խոհել սկսեց» եւ այլն։

Եւ վերջապէս կ՚ուզենք շեշտել, թէ մարդկութեան ամենահին վկաները եւ ուղեկիցները կը հանդիսանան բառերը, որոնք նաեւ պատմութեան վերականգնման օգնող վկայութիւններ կը նկատուին։ Յիշենք 20-րդ դարու սկիզբը յեղափոխական Ռուսաստանի ժողո-վըրդական իշխանութիւնը, որ ռուսերէնով կը կոչուէր «COBET», այսինքն՝ «խոհուրդ», համախոհ մարդկանց հաւաքականութիւն։ Յետագային հայ յեղափոխականներ Ստեփան Շահումեան, Սուրէն Սպանդարեան եւ ուրիշներ հայերէն «խորհուրդ» բառը գործածեցին նոյն նշանակութեամբ։ Այդպիսով կազմուեցան՝ «խոր-հըրդային», «խորհրդայնացում», «խորհրդայնանալ», «խորհտնտեսութիւն» (COBXO3) բառերը։

Եւ նոյնպէս պատմական ժամանակաշրջաններ ու պետական կարգեր կը բնորոշուին բառերով։ Ինչպէս՝ ժողովրդավարութիւն, ընկերվարութիւն, բռնապետութիւն, ցեղապաշտութիւն։

Բառեր ալ կան, որոնք կու գան միջնադարեան աւատապետական ժամանակներէն, կը գործածուին նուրբ նշանակութեամբ, գաղափարի խորունկ բովանդակութեամբ։ Օրինակ՝ «Ասպետ» բառը իր մէջ կ՚ամփոփէ ազնուութեան, նուիրուածութեան, վեհանձնութեան եւ նոյնիսկ անձնազոհութեան յատկութիւնները։ Այս հիմքով կազմուած են արտայայտչական ձեւեր՝ «յեղափոխութեան ասպետ», «ասպետական վերաբերմունք», «ասպետական կեցուածք» եւ այլն։ Այսպէս՝

«Ասպետութիւնից բոլորովին զուրկ

Ամպերն անքանակ

Գրոհ են տալիս բանակ առ բանակ

Մեն ու մենաւոր արեգակի դէմ»

(Պ.Ս. «Անլռելի Զանգակատուն»» Ղօղանջ Միջակութեան)

Այս առումով, «ասպետ» բառին ստուգաբանութիւնը գործ չունի բառի զգացական բովանդակութեան, ասպետական իմաստներու հետ, որովհետեւ «ասպետ» բառացի կը նշանակէ «ձիաւոր», աւելի ճիշդ «ձիու տէր, կամ պետ»։ Կազմուած է հին պարսկերէնի ասպ (ա) «ձի» + պատի «տէր» պետ բաղադրիչներէն։ Ինչպէս՝ «Ասպանդակ» - ձիու թամբէն կախուած ոտնակ, «Ասպազէն» - ձիու զէնք, «Ասպախումբ» - ձիաւորներու խումբ, «Ասպարէզ» - ձիարձակարան, ձի վարժեցնելու տեղ, հրապարակ, փոխաբերաբար՝ «բնագաւառ» եւ այլն։ «Ասպ» բառը նոյնիսկ ի յայտ կու գայ պարսկական անձի յատուկ անուններու մէջ, ինչպէս՝ Դարեհ Վշն Ասպ(եան)։

Այդ մասին Հրաչեայ Աճառեանի վկայութեամբ, հայերէնի մէջ պարսկերէնէն փոխառնուած բառերը կը կազմեն 1405 բառ, որոնց 960-ը միջին պարսկերէնէն, 445-ը՝ 11-րդ դարէն ետք։

Ահա այսպէս, պատմութիւնը կը հաստատէ, թէ բառերը մարդուն կենդանի ուղեկիցներն են, իր կեանքին, իր հոգեկան ապրումներուն մշտարթուն վկաներն են։

Եթէ պէտք է մարդու կեանքի ու կենցաղի, իմացական ու զգացական խոհերու եւ իր աշխարհահայեացքին մասին գաղափար կազմել, պիտի դիմենք բառերուն։

Հետեւաբար պատմութեան վկաները ոչ միայն պատմական յուշարձաններն են ու կոթողները, այլ նաեւ բառերն են։ Ահա թէ ինչու դարեր շարունակ բառերը անխոնջ ու անտրտունջ կը քալեն մարդուն հետ իր ծննդեան օրէն։ Անոնք մարդկութեան ամենահին վկաներն են եւ ուղեկիցները։ Բառերը իրենց ծալքերուն մէջ կը պահեն պատմական կարեւոր ճշմարտութիւններ, ամէն ինչ որ կը վերաբերի մարդ արարածին եւ իր յարափոփոխ շրջապատին։

Իսկ եթէ բառերը ժամանակի ընթացքին կը փոխեն իրենց իմաստը, նոյնպէս մարդիկ կը փոխեն իրենց բնաւորութիւնը։ Երբ մարդիկ կը ձգտին իրականացնել իրենց փայփայած նկրտումներն ու յաւակնումները՝ լուսարձակներու շլացուցիչ լոյսին տակ կը մթագնին սկզբունքներ ու բարոյական արժէքներ։

Եթէ մարդիկ ճանչնային իրենք իրենց անձը, եթէ չկորսնցնէին իրենց ասպետական վերաբերմունքն ու ասպետական կեցուածքը, ինչո՞ւ պիտի յարատեւէր «Ծանիր Զքեզ» իմաստուն խօսքը…։

ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ

Հալէպ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2017