ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԴԷՊՔԷՆ ՎԵՐՋ
Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած ծանր դէպքէն ետք իսրայէլեան ապահովական մարմիններ արագօրէն կը պաշարէին Ֆատի Քանպար անունով պաղեստինցիին տունը:
Քանպար (28 տարեկան) բեռնատար կառքը «քշած էր» իսրայէլացի զինուորներու ուղղութեամբ՝ սպաննելով անոնցմէ չորսը ու սպաննուելով դէպքին վայրը գտնուող անցորդներէն մէկուն բացած կրակով:
Ի տես այս գործողութեան, Իսրայէլի Ներքին գործոց նախարար Արիյէ Տարհի յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով կ՚ըսէր, որ Քանպարի անմիջական հարազատներուն կեցութեան արտօնագրերը գրաւուած են, մինչ բանակի մասնայատուկ ջոկատներ կը զննէին անոր Ժապալ Ալ Մաքպէր աւանին մէջ գտնուող բնակարանը եւ կը սպասէին զայն քանդելու ազդանշանին:
Ուշագրաւ էր, որ Քանպար չէր պատկաներ որեւէ կուսակցութեան ու ան իսրայէլեան ապահովական ուժերուն հետ ոչ մէկ հարց ունեցած էր: Քանպարի տասներկու քոյրերը կը հարցաքննուէին, իսկ անոր մայրն ու չորս անչափահասներու մայր կինը քանի մը ժամով կը բանտարկուէին:
Ամբողջ արաբական եւ իսրայէլեան լրահոսը լեցուցած ողբերգական դէպքը կը դառնար միջինարեւելեան քաղաքական անցուդարձերու «թոփ նիուզ»ը:
Կողմի մը համար՝ (պաղեստինեան) հերոսական եւ միւս կողմին համար (իսրայէլեան) ահաբեկչական համարուած իրադարձութիւնը ոչ միայն իր վրայ կը սեւեռէր Միջին Արեւելքի զարգացումներուն հետեւող դէտերուն ուշադրութիւնը, այլ աւելին՝ կու գար փաստելու, որ պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութիւնը կրնայ դարձեալ բորբոքիլ ու սուր մագլցում արձանագրելով աւելի եւս տագնապի առաջնորդել, առանց անոր ալ անհանգիստ Միջին Արեւելքի ընդհանուր տեսարանը:
Դէպքէն անմիջապէս վերջ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու կ՚այցելէր շրջան եւ լրագրողներուն հետ խօսելով կը յայտարարէր, որ դէպքին ետին կը կանգնի ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում): Նեթանիյահուի համար սպաննուած հինգ իսրայէլացիներուն արիւնը ձեւով մը կը դառնար փրկութեան լաստ: Դէպքէն օրեր առաջ իսրայէլեան մամուլը ողողուած էր Նեթանիյահուի ապօրինի կերպով դրամական աղբիւրներու շահարկման նիւթերով: Տակաւին կային կողմեր, որոնց կարծիքով Իսրայէլի վարչապետը կը չարաշահէր իր պաշտօնը եւ իր կապերը օգտագործելով դրամական մեծ գումարներ կ՚իւրացնէր:
Ճիշդ է, որ արաբական աշխարհին համար Իսրայէլը յայտարարուած է որպէս թշնամի տէրութիւն։ Բայց եւ այնպէս փաստ է, որ այդ երկրի դատական համակարգը տարածքաշրջանին մէջ ծանօթ է որպէս բաւականին արդար հիմքերով համակարգ, որուն ատեաններուն առջեւ եթէ հարկ ըլլայ կը դատուին նոյնիսկ երկրի ղեկավարները՝ վարչապետները:
Ուրեմն քաղաքական կեանքին ատակ Նեթանիյահու դէպքի վայր կը հասնէր իր քթին տակ պահելով մեծ քմծիծաղ մը: Իսրայէլեան բանակը ենթարկուած էր յարձակման, հետեւաբար ամբողջ երկրի օրակարգը մէկ վայրկեանէն միւսը փոխուած էր եւ անվտանգութեան հարցը դարձած էր առաջնային խնդիր:
Տեղին կը համարեմ նշել, որ Նեթանիյահուին այս այցելութեան իրեն կ՚ընկերակցէր Իսրայէլի պատերազմի նախարար Աւեկտոր Լիպըրման։ Ան իր կարգին դէպքը կը դարձնէր յարմարագոյն առիթ, գովասանական խօսքեր ընելու իր անդամակցած կառավարութեան մասին, որ իր կարծիքով մեծ ճիգեր կը գործադրէր պատերզամելու համար ամբողջ աշխարհը վտանգի ենթարկող ահաբեկչութեան դէմ:
Նեթանիյահու եւ Լիպըրման իրենց խօսքերուն մէջ զուգահեռներ կը գծէին մէկ կողմէ Երուսաղէմի մէջ եղած դէպքին, իսկ միւս կողմէ Դեկտեմբերին Պերլինի ու անկէ առաջ ալ Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «ինքնաշարժներու յարձակումներուն» միջեւ: Ըստ իրենց, եղածը շարունակութիւնն էր այդ դէպքերուն ու այդ առումով կը յայտարարէին, որ իսրայէլեան բանակը կարեւոր կարգադրութիւններ պիտի իրականացնէ նման յարձակումները կանխելու համար:
Առաջին անգամը չէր, որ Իսրայէլ նման միջոցառում մը գործի կը դնէր, մոռնալով, որ տուն քանդելը, ձերբակալելը, սպաննելը ոչ մէկ ձեւով կը ծառայեն պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան լուծման:
Իր կարգին, իսրայէլեան մամուլի մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ բաւական «վրան բաց» քննարկումներ կը կատարէին: Բոլորին ուշադրութիւնը կը գրաւէր, որ դէպքի վայր գտնուուղ իսրայէլացիներ (մեծ մասը սպայից վարժարանի զինակոչիկներ) պատահարէն անմիջապէս ետք իրենց զէնքերով դիմած են փախուստի: Մինչ վարչապետն ու իր համախոհները կը փորձեն «մէկդի դնել» այս փաստը, անդին յայտնի լրագրողներ այս մասին գրելով երեւան կը հանէին անցնող երեք տարիներուն մէկէ աւելի առիթներով քննարկութեան դրուած իսրայէլեան բանակին «մարտունակութեան խնդիրը»: Եղածը հերթական ապացոյց կրնայ ըլլալ այն մասին, թէ այդ երկրի բանակին մասին առկայ «առասպելային» բոլոր մօտեցումները այսօր կը պատկանին անցեալին:
Անցնելով պաղեստինեան կողմին, հարկ է նշել, որ այս առաջին դէպքն էր, որ Նախագահ Մահմուտ Ապպասի ղեկավարած կառավարութիւնը կը հրաժարէր մեկնաբանելէ արարքը: Աւելի՛ն, տարբեր առիթներով նման դէպքերու մասին քննադատական հայեացքներ ունեցող Ռամալլայի կառավարութիւնը կը նախընտրէր լուռ մնալ: Ու ի տես այդ լռութեան, Պենիամին Նեթանիյահու կը յայտարարէր, որ տանելի չէ պաղեստինեան կառավարութեան կրաւորական կեցուածքը:
Միւս կողմէ, Կազզէի մէջ իշխանութիւն ունեցող «Համաս»ն ու մի քանի «արմատական» զինուորական թեւեր կ՚ողջունէին արարքը ու զայն կը համարէին հերոսական:
Իսկ արտերկրի (Պաղեստինէն դուրս) պաղեստինեան թեւերն ու «Համաս»ի համակիր լրատուամիջոցներ կը յայտարարէին, որ դէպքը լաւագոյն պատասխանն է այն բոլորին, որոնք վստահ են, թէ պաղեստինեան դատը մահացած է եւ կը մնայ որոշել անոր թաղման վայրն ու թուականը:
Ամէն պարագայի յայտնի է նաեւ, որ ներպաղեստինեան ճակատին վրայ բաւական մեծ շփոթի իրավիճակ մը կայ: Ու այդ վիճակը պայմանաւորուած է ոչ միայն «Համաս»-Ֆաթհ լարուածութեամբ կամ Ֆաթհի ներքին տարակարծութիւններով, այլ պաղեստինցիք լուրջ ծրագրի պակաս ունին:
Գոյութեան տագնապ պիտի չըսէի, այլ ընելիքի ու մանաւանդ ծրագրի տագնապ:
Մինչ Ռամալլայի կառավարութեան համար հիմնական հարցը Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրուելու եւ բանակցութիւններու սկսելու հարցն է, անդին Կազզէի մէջ «Համաս» կը դիմագրաւէ լուրջ խնդիրներ: Ժողովուրդի մօտ անգործութեան աճ, կենսամակարդակի անկում, ամենանախնական պայմաններու բացակայութիւն եւ առողջապահական ոլորտին մէջ լուրջ եւ երեւելի բացթողումներ:
Ճիշդ է, որ «Համաս» կը շարունակէ զինուիլ, բայց եւ այնպէս վերջին ամիսներուն BBC կայանին կողմէ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, որ Կազզէի երիտասարդութեան 80 առ հարիւրը պատրաստ է արտագաղթել, եթէ յարմար առիթ ունենայ...
Ուրեմն որո՞ւ համար կը զինուի «Համաս» եւ ի՞նչ հեռանկար կամ ծրագիր ունի վերելքի նոր փուլ մը ստեղծելու համար Կազզէին:
Ամէն պարագայի աւարտելով քաղաքական ապագայ գործընթացներուն մասին մեր շեշտադրումը, պէտք է հասկնալ, որ արաբա-իսրայէլեան հակամարտութեան համար խիստ կարեւոր է երկրի ղեկը նոր ստանձնած ամերիկեան ղեկավարութեան մօտեցումը:
Մինչեւ այս պահը Տանըլտ Թրամփ յստակ ձեւակերպումներ չունի պաղեստինա-իսրայէլեան հարցին վերաբերեալ: Թէեւ ան քանի մը առիթներով դրական նշաններ տուած է Թել Աւիւին, բայց այդ մէկը բաւարար չէ ամերիկեան «նոր» կեցուածքին ամբողջական պատկերը հասկնալու համար:
Թէ՛ պաղեստինեան եւ թէ իսրայէլեան կողմին համար ալ վճռորոշ դեր պիտի ունենայ երեւումը ամերիկեան կեցուածքին, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ բանակցութեանց ճակատագրին կամ այլ օրակարգերու մասին:
Ամէն պարագայի պէտք է յստակօրէն ընդգծել, որ Երուսաղէմ քաղաքը հանգիստ չէ:
Անոր աւազներուն տակ մոխիրի մէջ պահուած կրակ կայ ու շատ հնարաւոր է, որ այդ կրակը արագ կերպով համատարած բախումներու նոր հանգրուան մը թեւակոխէ:
Երկու կողմերը զիրար կը շարունակեն ատել եւ երկու կողմերու մէջ ալ ղեկը ստանձնելու ուժ ունին ծայրայեղական մօտեցումները:
Պաղեստինեան կողմին մօտ տագնապը աւելի սուր դրոյթներով կրնայ երեւիլ, որովհետեւ անոնք որ Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ դաշունահարումներ կ՚ընեն կամ թէ իրենց բեռնատար կառքերով իսրայէլացի զինուորներ կը սպաննեն, այդ արարքները կը կատարեն յուսահատական շեշտով մը:
Անձնասպանութիւնը յուսահատութեան արգասիքն է։ Այս առումով մտահոգիչ աստիճաններու կրնայ հասնիլ պաղեստինեան կողմի անզսպելի մոլուցքը, որ հետեւանքն է իսրայէլեան կողմին կիրառած ծանրագոյն ճնշումներուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան