2018 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ԹՐԱՄՓԻՆ «ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին քաղաքականութիւնը կը շարունակէ համաշխարհային հանրութիւնը ցնցել: Այս տեսանկիւնէն, Թրամփի նախագահութեան երկրորդ տարին բաւական «արգասաբեր» էր: Անոր անկանխատեսելիութիւնը, յամառութիւնը եւ ամբողջ աշխարհին, նոյնիսկ իր խորհրդականներուն հակառակելու ձգտումը կը շարունակեն փոխել աշխարհաքաղաքական իրավիճակները:

Արդէն ակներեւ է, որ Թրամփին նախագահ գալով՝ աշխարհը այլեւս նախկինը չ՚ըլլար:

Բրիտանական, ռուսական եւ ամերիկեան կայքեր, ինչպէս՝ «Պի.Պի.Սի.», «Քառնեկի.ռու.», «Ամերիկայի ձայն», կը յիշեցնեն Թրամփին ամենէն կարեւոր որոշումները, որոնք զգալիօրէն ազդած են թէ՛ շրջանային իրավիճակին եւ թէ ամբողջ աշխարհին վրայ:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒՄԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Հակառակ Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու անմիջական դաշնակիցներու բողոքներուն, 14 մայիս 2018-ին Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Թրամփ անձամբ չմասնակցեցաւ, բայց արարողութեան հետեւեցաւ պատկերասփիւռային կամուրջով. սակայն պատուիրակութեան կազմին մէջն էին անոր դուստրը՝ Իվանքա Թրամփն ու ամուսինը՝ Ճարետ Քուշնըրը: Դիւանագիտական առաքելութեան բացումը նուիրուած էր Իսրայէլ պետութեան հիմնադրման 70-ամեակին:

Երուսաղէմի հարաւային հատուածի Առնոն շրջանին մէջ դեսպանատան նոր շէնքը տակաւին ամբողջովին կառուցուած չէ: Առայժմ այնտեղ կ՚աշխատին միայն դեսպանը եւ քանի մը դիւանագէտներ: Թել Աւիւի դեսպանատան հին շէնքը կը մնայ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութեան կալուածը:

Դեսպանատան բացումը ընթացած է Կազզէի մէջ սահմանագիծի պաղեստինցիներու բողոքի շարժումներու մթնոլորտին մէջ: Ցուցարարները անիւներ կ՚այրէին եւ սահմանի այն կողմը քարեր եւ հրձիգ ռումբեր կը նետէին: Իսրայէլեան կողմէն կը գործէին արձակազէնները: Օրուան մը մէջ զոհուած է բողոքի ցոյցերու առնուազն 55 մասնակից, 2700 անձեր վիրաւորուած են:

ԻՐԱՆԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԷՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼԸ

2018-ի մայիսին Թրամփ յայտարարած էր Իրանի հիւլէական համաձայնագրէն Միացեալ Նահանգներու դուրս գալու եւ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերակահաստատման մասին: Թրամփ այս համաձայնագիրը յաճախ «աղէտ» անուանած է: Ան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ ապացոյցներ ունի, որ Իրան կը շարունակէ հիւլէական զէնքի մշակումը՝ ատով իսկ խախտելով «Միացեալ համապարփակ գործողութիւններու ծրագիրը»: Ուշագրաւ է, որ ատկէ շաբաթ մը առաջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու «ապացոյցներ» ներկայացուցած էր, որ Իրան կը շարունակէ հիւլէական սպառազինութեան մշակումը:

Առընչակից եւրոպական երկիրներու առաջնորդները փորձած են Թրամփը համոզել՝ համաձայնագրէն դուրս չգալ: Երկու շաբթուան ընթացքին Ուաշինկթըն այցելած են՝ Ֆրանսայի նախագահը, Գերմանիոյ վարչապետը եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Եւրոպական ջանքերու բարձրակէտն էր Էմմանիւէլ Մաքրոնին ծրագիրը, որ կը նախատեսէր՝ իրանեան հիւլէական ծրագրի խաղաղ բնոյթի երկար պայմանաժամով ապահովման նոր համաձայնութիւն, Իրանի հրթիռային ծրագրի սահմանափակում եւ քննարկում շրջանային հարցերու՝ Միջին Արեւելքի երկիրներու եւ Ռուսաստանի մասնակցութեամբ: Հակառակ երկու նախագահներու բարեկամական յարաբերութիւններուն՝ Մաքրոն չէր յաջողած Թրամփը համոզել:

Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցները վերահաստատած էր երկու փուլով: Պատժամիջոցներու վերջին ծրարը, որ կը վերաբերէր Իրանի քարիւղին եւ կազին, վերահաստատուած է 2018-ի նոյեմբերի սկիզբին:

Հիմա համաձայնագրի միւս անդամները կը փորձեն ատիկա պահպանել՝ առանց Միացեալ Նահանգներու, սակայն ատիկա կը դժուարանայ, որովհետեւ ամերիկեան պատժամիջոցները արտատարածքային բնոյթ ունին, այսինքն կը տարածուին այն երկիրներու, ընկերութիւններու եւ անձերու վրայ, որոնք Իրանի հետ կ՚աշխատին այն ասպարէզներուն մէջ, որոնց վրայ Միացեալ Նահանգներ սահմանափակումներ հաստատած է: Իրան իր կարգին կը յայտարարէ, որ համաձայնագրէն դուրս կու գայ, եթէ մնացեալ անդամները չապահովեն իրենց պարտաւորութիւններուն կատարումը:

ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Թրամփ իր նախընտրական արշաւին ընթացքին բազմիցս քննադատած էր Չինաստանի հետ առեւտրական յարաբերութիւնները՝ ատոնք ամերիկացիներուն համար անարդար նկատելով: Ան Չինաստանը մեղադրած էր մտաւոր սեփականութեան գողութեան եւ անարդար առեւտրական քաղաքականութիւն վարելու համար:

2018-ի մարտին Միացեալ Նահանգներու առեւտրական ներկայացուցչին՝ Չինաստանի կողմէ մտաւոր սեփականութեան գողութեան հարցով քննութենէն բացայայտուած է, որ Չինաստան կ՚օգտագործէ խտրականութիւն, որ կը վնասէ ամերիկեան առեւտուրին: 22 մարտ 2018-ին, Տանըլտ Թրամփ թելադրած էր պատրաստել եւ հրապարակել ցուցակը մաքսատուրքերու, որոնք պիտի արծարծուէին քննութեան արդիւնքներու լոյսին տակ, նոյնպէս նախաձեռնած էր յայտնաբերուած փաստերու քննութիւն՝ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան ծիրին մէջ եւ որոշած էր միջոցառումներ, որոնք կը վերաբերէին Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան ռազմավարական ճիւղերուն մէջ Չինաստանի ներդրումներու սահմանափակումներուն:

Ապրիլի սկիզբին հրապարակուած էր ցուցակը Չինաստանէն ներածուող շուրջ 1300 ապրանքներու, որոնց մաքսատուրքը պիտի աճէր 25 առ հարիւրով: Ցուցակը կը ներառէր զանազան ապրանքներ՝ ելեկտրական սարքեր, օդանաւերու պահեստամասեր, արբանեակներ, բժշկական սարքեր եւ այլն: Չինաստանէն Միացեալ Նահանգներ ներածման ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ շուրջ 50 միլիառ տոլար:

Չինաստան 1 ապրիլին պատասխանած էր ամերիկացիներու գործողութիւններուն՝ յաւելեալ մաքսատուրքեր սահմանելով Միացեալ Նահանգներէն ներածուող միսի, միրգերու եւ այլ ապրանքներու վրայ: Մասնաւորապէս՝ խոզի միսի մթերքներու եւ ալիւմինիումի համար սահմանուած էր 25 առ հարիւրի տուրք, շուրջ 120 տարբեր ապրանքներու համար (ընկոյզ, խնձոր եւ հատապտուղ)՝ 15 առ հարիւր: Միացեալ Նահանգներէն Չինաստան նման ապրանքներու ներածումը 2017-ին կազմած էր 3 միլիառ տոլար:

15 յունիս 2018-ին հաղորդուեցաւ այն մասին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը պատրաստէ Չինաստանէն ներածուող 50 միլիառ տոլար ընդհանուր արժէքով շարք մը ապրանքներու համար 25 առ հարիւրի մաքսատուրքի սահմանում: Մաքսատուրքերու սահմանումը պատճառաբանուած էր թէ՛ ամերիկացի արտադրողի պաշտպանութեամբ եւ թէ մտաւոր իրաւունքներու խախտման մէջ Չինաստանին ուղղուած մեղադրանքներով:

6 յուլիս 2018-ին առեւտրական պատերազմը յանգեցուցած էր անոր, որ Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգներ մաքսատուրքեր սահմանած էին 68 միլիառ տոլար ապրանքի վրայ:

8 օգոստոս 2018-ին Չինաստանի Պետական խորհուրդին առընթեր մաքսատուրքերու հարցերով կոմիտէն որոշում տուած էր 23 օգոստոս 2018-էն շուրջ 16 միլիառ ընդհանուր արժէքով ամերիկեան ապրանքներու համար 25 առ հարիւրի յաւելեալ մաքսատուրքեր սահմանելու մասին:

23 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներ Չինաստանէն ներածուող ապրանքներու համար 25 առ հարիւրի մաքսատուրքեր հաստատած էր, ցուցակի մէջ յայտնուած էր 16 միլիառ տոլար ընդհանուր արժէքով 279 անուն չինական արտադրութիւն:

Ատոնց արդի՞ւնքը: Եթէ տարի մը առաջ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Չինաստանի տնտեսութիւններն ու շուկաները բուռն կ՚աճէին, այսօր ելեւմտական շուկաները համակուած են խոր անկայունութեամբ, Չինաստանի եւ Եւրոպայի մէջ տնտեսական աճի կշռոյթները կը դանդաղին, Միացեալ Նահանգներու մէջ տոկոսները կը սկսին աւելնալ: Ինչպիսի՞ն են 2019-ին ամերիկեան-չինական յարաբերութիւններու հեռանկարները: Բացառուած չէ, որ մարտին երկկողմանի առեւտուրի բացը կրճատելու մասին համաձայնագիր յայտնուի, նոյնպէս՝ ներածման հարցով որոշումներ, որոնք Չինաստան կ՚ընդունի ատոր գործնական իրականացման համար: Այս պահուն նոյնպէս կարելի է մաքսատուրքերու նուազեցման մասին համաձայնագրի կնքումը, հակառակ անոր որ ատոր բարդութեան պատճառով հոլովոյթը կրնայ ձգձգուիլ:

ՔԻՄ ՉԵՆ ԸՆԻ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Տանըլտ Թրամփի եւ Քիմ Չեն Ընի տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Սինկափուրի Սենթոս կղզիի «Քափելլա» պանդոկին մէջ, ձեռնուելով եւ փոխադարձ ողջոյններով:

Այսպէս, Միացեալ Նահանգներու առաջնորդը վստահեցուցած էր, որ երկու երկիրները հրաշալի յարաբերութիւններ կ՚ունենան, իսկ Քիմ Չեն Ըն դժգոհած էր բարդութիւններէն եւ խոչընդոտներէն, որոնք զինք կը խանգարէին վեհաժողովին ներկայանալու, բայց որոնք «կարելի եղաւ յաղթահարել՝ այստեղ գտնուելու համար»:

Դէմ առ դէմ տեսակցութիւնը մօտ 40 վայրկեան տեւեց: Թրամփ այդ մէկը «շա՜տ, շա՛տ լաւ» որակեց: Մէկուկէս ժամ տեւեց ընդարձակուած կազմով հանդիպումը:

Ապա երկու երկիրներու առաջնորդները հռչակագիր ստորագրեցին: Ստորագրուած համաձայնագրին մէջ 4 կէտ կայ:

Առաջինը կը վերաբերի երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու:

Երկրորդը՝ քորէական թերակղզիին մէջ խաղաղութեան հաստատման, որուն համար երկու երկիրները բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը կը գործադրեն:

Երրորդ կէտին մէջ կը նշուի կարեւորութիւնը Փհանմունճոմի մէջ ստորագրուած համաձայնագրին, որ յատկացուած էր թերակղզիի զինաթափման հոլովոյթին:

Չորրորդ կէտին մէջ կը նշուի քորէական պատերազմի տարիներուն (1950-1953) ռազմագերիներու եւ անհետ կորսուածներու փնտռտուքի եւ աճիւններու յայտնաբերման եւ ինքնութեան հաստատման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու:

Տեսակցութենէն ետք Թրամփ Քիմին ներբողներ կ՚երգէր՝ պնդելով, որ՝ «իրենք սիրահարուած են իրարու»:

Սակայն յետոյ իրավիճակը անելի մատնուեցաւ: Կողմերէն իւրաքանչիւրը կը սպասէ, թէ ո՛վ կ՚առնէ առաջին քայլը: Թէեւ Փիոնկեանկ փակեց հիւլէական փորձարկումի քանի մը դաշտեր, Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւնները հաղորդած էին, որ ան կը շարունակէ իր հիւլէական գործունէութիւնը:

Հիւսիսային Քորէան Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու մեղմացում կ՚ակնկալէ, սակայն Ուաշինկթըն բազմիցս յայտարարած է, որ մինչեւ ամբողջական ապահիւլէական չըլլայ, ինք այդ քայլը չ՚առներ:

ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ

Վերջաւորութեան Թրամփը իր դաշնակիցները ապշեցուց Սուրիայէն ամերիկեան ուժերը դուրս բերելու մասին անսպասելի որոշումով՝ ԻՇԻՊ-ի դէմ յաղթանակի մասին յայտարարելով:

Անոր դաշնակիցները չհամաձայնեցան այդ պնդումին: Սակայն անոնց կարծիքէն, ըստ ամենայնի, Թրամփ չէ ազդուած: Ան կը կարծէ, թէ ժամանակն է, որ միւս անդամները աշխուժացնեն իրենց ջանքերը եւ ոչնչացնեն ահաբեկիչներու կեդրոնները:

Սուրիայէն հեռանալու անոր որոշումը չընդունուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ, որոնց շարքին՝ սեփական վարչակազմի որոշ անդամներու կողմէ: Պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մեթիսի եւ ԻՇԻՊ-ի դէմ միջազգային դաշնակից ուժերու հարցերով յատուկ դեսպան Պրետ Մաքըրքի հրաժարականները, գոնէ մասամբ, կապուած էին Սուրիոյ: Հետաքրքրական է, որ մինչեւ որոշման մասին յայտարարելը՝ Թրամփ կը զրուցէր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Ամերիկեան ուժերը դուրս բերելու մասին յայտարարութենէն ետք, Թրամփ կրկին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Էրտողանի հետ: Ան չէր հաղորդած խօսակցութեան մանրամասնութիւնները, բայց Թուիթըրի մէջ գրած էր, որ ինք եւ Թուրքիոյ նախագահը քննարկած են ԻՇԻՊ-ի կապուած իրավիճակը, առեւտուրը, իսկ Էրտողան վճռականօրէն հաւաստած է իրեն, որ արմատախիլ կ՚ընէ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ մնացած է ԻՇԻՊ-էն:

ԹՐԱՄՓԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ 2018-ԻՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ առիթ չի տար համաշխարհային լրատուամիջոցներուն հանգիստ մնալ՝ ոչ միայն իր անսպասելի որոշումներով եւ արտասովոր արտայայտութիւններով, լրագրողներու հետ հրապարակային վէճերով, այլեւ՝ անյարմար դրութիւններու պատճառով, որոնք պարբերաբար կը ստեղծուին ամերիկացի առաջնորդին հետ:

Յիշենք քանի մը զուարճալի իրավիճակներ եւ արարքներ, որոնք տեղի ունեցած են 2018-ին:

ՄԱՔՐՈՆԻ ԹԵՓԸ

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ հանդիպման ատեն Թրամփ անընդհատ կը գովէր զայն, յետոյ թափ տուաւ անոր օձիքէն թեփը՝ ըսելով, որ կ՚ուզէ Մաքրոնը «կատարեալ» ըլլայ:

«ՎԱԽՑԱԾ» ՔԻՄ ՉԵՆ ԸՆԸ

Սինկափուրի մէջ Հիւսիսային Քորէայի նախագահին հետ պատմական հանդիպման ընթացքին, Թրամփ, նկարիչներուն դիմելով, խնդրած էր զիրենք «գեղեցիկ, գրաւիչ եւ նիհար» դարձնել: Այս խօսքերը Քիմ Չեն Ընը շփոթի մատնած են: Աւելի ուշ Թրամփ սէր «խոստովանած էր» Քիմ Չեն Ընի, որ «հրաշալի նամակներ» կը գրէ, թէեւ տակաւին տարի մը առաջ կը սպառնար Հիւսիսային Քորէայի վարչակարգը ջնջել երկրագունդի երեսէն:

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԹԱԳՈՒՀԻՆ

Լոնտոն այցելութեան ընթացքին Թրամփ տեսակցած էր Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին հետ եւ խախտած փրոթոքոլը՝ քալելով անոր առջեւէն:

Թրամփ եւ Էլիզապէթ կ՚անցնէին պատուոյ պահակագունդին առջեւէն: Հրապարակուած նկարներուն մէջ կ՚երեւի, որ Թրամփ որոշ ժամանակ առջեւէն կը քալէ թագուհիին, որ կը փորձէ շրջանցել զայն:

Պահ մը կը թուի, թէ Բրիտանիոյ թագուհին կրնայ զարնուիլ կտրուկ կանգ առած ամերիկացի առաջնորդին կռնակին:

Ապա, երբ Թրամփ եւ թագուհին կ՚անցնէին թագաւորական պահակագունդին առջեւէն, Սպիտակ տան ղեկավարը քիչ մը առջեւէն կը քալէր:

Ի՞ՆՉ Է ԱՆՈՐ ՆԵՐԲԱՆԻՆ ՏԱԿԻՆԸ

Հոկտեմբեր 2018-ին նկարած են ամերիկացի առաջնորդը՝ օդանաւի աստիճաններէն բարձրանալու պահուն:

Թրամփի ձախ կօշիկին փակած է արտաքնոցի թուղթ կամ ատոր շատ նման բան մը: Անշուշտ ատիկա աննկատ չէ մնացած: Նորութիւնը յայտնուած է համաշխարհային բոլոր լրատուամիջոցներուն մէջ:

Կը նշուի, որ ասիկա առաջինը չէ, Թրամփին կօշիկը պատմութիւն ունի…

ՄԵԼԱՆԻԱ ԹՐԱՄՓԻՆ ՆՈՐ ԿԵՐՊԱՐԸ՝ ԿԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՆԻՒԹ

Միացեալ Նահանգներու նախագահին կինը՝ Մելանիա Թրամփ Ս. Ծնունդի առիթով Իրաքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան խարիսխ այցելութեան ատեն ներկայացած է կարճ կանաչ վերարկուով եւ մարմնագոյն տաբատով:

Անոր Սուրբ Ծննդեան կերպարը չէ վրիպած համացանցը գործածողներու ուշադրութենէն: Անոնք սկսած են կատակներ ընել եւ Մելանիա Թրամփը համեմատած են կատակերգական հերոսներու հետ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019