ՈՐՄԱԳԻՐ

(Հատուած «Որմագիր» երկարաշունչ ոտանաւորէն: Ոտանաւորը գրուած է Մ. Տէրուիշի (1941-2008) կեանքի վերջալոյսին, ուր բանաստեղծը կը խօսի մահուան հետ)

... Լուռ քալեցէք հետս,
նախահայրերուս քայլերուն վրայ,
անմահութեանս մէջ թող իյնայ սրինգին մեղեդին:

Դամբարանիս վրայ մանուշակ չդնէք
անիկա յուսախաբներուն ծաղիկն է,
որ մեռելներուն կը յիշեցնէ սիրոյ մահը՝ լրումէն առաջ:

Դագաղին վրայ դրէք եօթ կանաչ հասկեր, եթէ գտնուին
եւ մի քանի հողմածաղիկներ, եթէ գտնուին,
ապա թէ ոչ, թողէք եկեղեցիներուն վարդը՝ եկեղեցիերուն եւ պսակուածներուն:

Ո՛վ մահ, սպասէ, որ պայուսակս պատրաստեմ.
ակռաներուս խոզանակը, օճառս,
սափրուելու գործիքս, անուշահոտս, հագուստներս:

Հոն կլիման բարեխա՞ռն է,
վիճակները կը փոխուի՞ն ճերմակ յաւիտենականութեան մէջ
կամ կը մնա՞ն ինչպէս որ են՝ աշնան եւ ձմրան:

Եւ միայն գիրք մը կը բաւէ՞
զիս անժամանակին հետ զբաղեցնելու,
թէ գրադարանի մը պէտք կ՚ունենամ:

Եւ ի՞նչ է հոն խօսակցական լեզուն,
բոլորին համար նո՞յնը,
թէ՝ գրական արաբերէն:

Ո՛վ մահ, սպասէ՛,
որպէսզի գարնան վերագտնեմ
մտքիս պայծառութիւնն ու առողջութիւնս:

Որպէսզի ըլլաս պատուաւոր որսորդ մը,
որ չ՚որսար եղջերաւորը աղբիւրին քով:

Մեր միջեւ հաղորդակցութիւնը թող սերտ եւ անկեղծ ըլլայ՝
քուկդ ըլլայ ինչ որ կեանքէս քուկդ է, երբ լիանայ,
իսկ քեզմէ ինծի ըլլայ՝ խոկումը մոլորակներուն մասին:

Ոչ ոք կատարելապէս կը մահանայ,
հոգիներն են, որ ձեւ եւ վայր կը փոխեն:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 14, 2022