ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Արակացի հետեւեալ խօսքը. «Եթէ մեղր գտնես, միայն քեզի բաւական եղածին չափ կեր, չըլլայ որ յագենաս ու զանիկս փսխես» (Առ 25.16):

Պատասխան. Անուղղակի կերպով զգուշացում է շատակերութենէն: Ուտելը բանական պահանջք մըն մարդուն կեանքին մէջ, սակայն երբ մարդ չափազանցութեան երթայ, ապա այդպիսով ինքզինքին կը վնասէ, նոյնիսկ եթէ կերածը մեղր ըլլայ, որ օգտակար է:

Շատկարերութիւնը, կամ չափէն աւելի ուտելը, մարդուս մարմինը կը ծանրացնեն, կը թուլացնեն անոր հոգեւոր պրկուածութիւնը եւ զինք ծուլութեան կը տանին, իսկ ծուլութիւնը մարդս մեղքերու ծո՜վ աշխարհին մէջ կը նետէ:

Ամէն ինչ իր ժամանակը պէտք է ունենայ մարդուն կեանքին մէջ, ուտելը, աշխատիլը, հանգիստը եւ ամէն ինչ որ առընչութիւն ունի մարդուն կեանքին հետ: Երբ անժամանակ բաներ կ՚ընենք, այդ անժամանակութեան հետեւանքը անպայմանօրէն կը կրենք՝ իր ամենէն ծանրութեամբ:

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Ամէն չափազանցութիւն մարմինին կը վնասէ եւ մարմինին վնասը մարդուն ամբողջութեան հասցուած վնաս է»:

Սուրբ Եփրեմ Ասորիին որկրամոլութեան յաղթելու հետեւեալ թելադրութեամբ աւարտենք. «Իսկ դո՛ւն, որդեա՛կ, եթէ կ՚ուզես յաղթահարել որկրամոլութիւնը, սիրէ՛ ժուժկալութիւնը, Աստուծոյ երկիւղը ունեցի՛ր եւ կը յաղթես»:

Հ. Առակաց գիրքը անհաւատարիմ մարդոց ապաւինելու մասին որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞:

Պ. Այո՛, կ՚ըսէ: 25-րդ գլուխին 19-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Նեղութեան օրը անհաւատարիմ մարդու ապաւինիլը փշրուող ակռայի եւ դիւրասահ ոտքի ապաւինելու պէս է»:

Պարզ եւ յստակ:

Այստեղ, սակայն, պէտք է ուշադիր ըլլանք եւ անհաւատարիմի կողքին նաեւ հասկնանք դաւաճան մարդիկը, որովհետեւ դաւաճանութեան արմատը անհաւատարմութիւնն է, այլ խօսքով անհաւատարմութիւնն է, որ ծնունդ կու տայ դաւաճանութեան:

Ամուսնական կեանքի մէջ զոյգերէն մէկուն անհաւատարմութիւնը՝ դաւաճանութիւն կը կոչուի:

Աշխատանքային ոլորտին մէջ երկու ընկերներու մէկն ու մէկուն անհաւատարմութիւնը՝ դարձեալ դաւաճանութիւն կը կոչուի:

Քաղաքական դաշտի վրայ, երբ կուսակցութենէ մը կուսակցութիւն կ՚անցնի երկա՜ր տարիներով իրարու հետ նոյն կուսակցութեան պատկանած, այդ կուսակցութեան հիմքերուն մէջ եղող ոեւէ մէկ անհատը, այդ եւս դաւաճանութիւն կը կոչուի:

Չմոռնանք, Տէր Յիսուս Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին Իրեն գործակից տասներկու առաքեալներ ընտրեց, որոնց վստահեցաւ եւ յետագային պիտի վստահէր Իր Բարի Լուրին տարածումի առաքելութիւնը: Տասներկուքէն մէկը, որ երեք տարի շարունակ ականատես դարձած էր Տէր Յիսուսի գործած հրաշքներուն, կատարած բժշկութիւններուն եւ այլ զարմանահրաշ գործերուն, անհաւատարիմ գտնուեցաւ իրեն վստահուելիք առաքելութեան եւ դաւաճանեց զինք ընտրող Տիրոջ: Յուդան այդպիսով ո՛չ միայն իր Տիրոջ դաւաճանեց, այլեւ իր միւս տասնմէկ ընկերներուն, որոնց հետ երեք տարի ապրեցաւ ու գործեց:

Յուդայի դաւաճանութեան մասին Ասորի եկեղեցւոյ սուրբերէն՝ Յակոբ Սարուքեցին այսպէս կը գրէ.

* Աշակերտները լսեցին, որ հրեաները իրենց Ուսուցիչը պիտի մեռցնեն` ցաւեցան. լսեցին նաեւ, թէ իրենցմէ մէկը պիտի մատնէ զԻնք՝ վրդովեցան:

Արդեօք ո՞վ մեր Տիրոջ լուսաւոր խումբէն դուրս պիտի ելլէ, երթալ եւ միանալու համար ահաւոր ու սարսափեցնող խաւարին:

Արդեօք ո՞վ պիտի ձգէ լուսապայծառ Արեւի ընկերութիւն եւ երթայ քալելու ամպերով ու խաւարով լեցուն ճամբայով:

Ո՞վ է այս գառը, որ կերպարանափոխուեցաւ եւ աղուէսի վերածուեցաւ եւ սկսաւ Իրաւ Հովիւին խածնել:

Քաղաքականութիւնը ստիպեց Պետրոսին, որ ուրանայ Որդին, իսկ Յուդային ո՛չ ոք ստիպեց, որ մատնէ զԱյն… Իսկ երբ Յուդան հարցուց, արդեօք ե՞ս եմ, Տէրը պատասխանեց. դո՛ւն ըսիր: Կարծէք ըսել ուզէր անոր. ո՛չ ոք ստիպեց քեզ:

Եթէ ըսես, թէ ինչո՞ւ Ամենագէտը ընտրեց զինք, երբ գիտէր որ խաբեբայ է…: Ան ընտրեց զինք երբ բարի էր եւ մաքուր ու իր մէջ ո՛չ մէկ ամօթ կար, որովհետեւ խոնարհ եւ ուղիղ էր: Ընտրելէ ետք զինք՝ երբ յարմար էր եւ արդարութեամբ լեցուն, փոխուեցաւ եւ իր արդարութիւնը սպառեց ու մերժուած մը դարձաւ…:

Աստուծոյ Որդին Յուդային աթոռ խոստացաւ, սակայն երբ ան մերժեց զայն, իջեցուց անկէ եւ ձգեց զինք կախաղանին…:

Ո՜վ ընտրեալ, ո՞ւր կը ձգես աթոռդ ու փառքդ. քեզի ո՞վ ասկէ աւելի բարձր աթոռ պիտի տայ…:

Հիւանդները՝ որոնց բժշկեցիր, ափսոսալով կու լան վրադ, իսկ բորոտները՝ որոնց մաքրեցիր, կը խոնարհին քու անկումիդ պատճառով:

Ո՜վ ընտրեալներ, նենգ համբոյրներէ սարսափեցէք, որովհետեւ նենգ համբոյրի մը պատճառով, Աստուծոյ Որդին փայտէ կախուեցաւ:

Սատանան, որ սորվեցուց Յուդային իր Տէրը մատնել, դարձաւ եւ սորվեցուց անոր, որպէսզի ինքզինք կախէ, որպէսզի երկուքին միջոցով ժառանգէ անդունդը, որուն արժանացաւ:

Հ. Այսօրուան մարդը կարծէք ձեւով մը անտարբեր դարձած է իր շրջապատին նկատմամբ: Այլ խօսքով, այսօրուան մարդուն համար առաջնայինը իր ե՛սն է, այսինքն իր ուզածները, իր հաճոյքը, իր բարօրութիւնը, նոր միայն եթէ փափաք ունենայ, կը սկսի մտածել իր շրջապատին մասին: Այնքան մարդը եսակեդրոն դարձած է, որ նոյնիսկ ուշադրութիւն չի՛ դարձներ իր դրացիին ցաւին, նեղութեան, եւ իր կեանքը, իր առօրեան կ՚ապրի առանց ուշադրութիւն դարձնելու որեւէ մէկ բանի, կամ ոեւէ մէկուն մասին: Այս մասին Աստուածաշունչը որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞:

Պ. Անշուշտ, կ՚ըսէ: Առակացին մէջ կը կարդանք. «Տրտում մարդուն առջեւ երգեր երգողը ցուրտ օրը իր զգեստը հանողին կամ բորակի վրայ թափուած քացախին կը նմանի» (Առ 25.20): Չկա՛յ մարդ տմարդացնող աւելի զօրաւոր բնազդային յատկութիւն, քան անտարբերութիւնը: Անտարբեր մարդը ինքզինք կենդանիներէն ո՛չ մէկ բանով կը զանազանէ:

Միւս կողմէ, պէտք չէ մոռնանք, որ մենք անդամներն ենք Քրիստոսի մարմինին՝ Եկեղեցւոյ, եւ երբ այդ մարմինի անդամներէն ոեւէ մէկը ցաւի, նեղութիւն զգայ, տխրի, ապա բոլորը պէտք է փորձեն օգտակար դառնալ, մխիթարել, նպաստել, որպէսզի այդ դժուարութիւնը կարենայ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ օգնականութեամբ յաղթահարել: Ա՛յդ է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի պարտականութիւնը, որ ինքզինք անդամ կը զգայ Քրիստոսի եկեղեցւոյ:

Հետեւաբար, զգոյշ պէտք է ըլլալ եւ հեռու մնալ անտարբերութենէ: Միաժամանակ, պէտք է մեր նմաններուն մասին հոգ տանինք, ցաւինք անոնց հետ, որպէսզի կարենանք նաեւ ուրախանալ անոնց հետ, մեր ուրախութեան ուրախակից դարձնելով զանոնք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 127

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2025