Հանդիպում՝ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻՆ Հետ
«Շահան Արծրունին օրհնուած է այնպիսի կենսայորդ եւ բացառիկ ներուժով մը, որուն շնորհիւ իր աշխատելաձեւն ու վարքը պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին, այլ եւ մեր մասնագիտութեան, եւ բնականաբար ի՛ր իսկ անձին՝ Շահան Արծրունիին»: Վիքթոր Պորկա
Շատ շատեր Շահան Արծրունին կը ճանչնան համաշխարհային ճանաչումով Վիքթոր Պորկային հետ իր ունեցած ելոյթով: Մանաւանդ այս օրերուն՝ երբ դիմատետրի վրայ կը պտըտկի մաս մը այդ տեսերիզէն:
Տաղանդաշատ, միանգամայն զմայլելի վարպետութեամբ օժտուած եւ միջազգային ճանաչումի արժանացած այս երաժիշտը ո՛չ միայն բացառիկ տաղանդաւոր դաշնակահար մըն է, այլ՝ հայ երաժշտութեան պատմութեան մասնագէտ մը: Փոշեթաթախ կամ՝ հայ երաժիշտներուն մոռցուելու վիճակուած, չըսելու համար անտեսուած, գործերը լուսարձակի տակ առնող եւ համաշխարհային երաժշտասէր ունկնդիրներուն տրամադրութեան տակ դնող հոգատար երաժիշտ մըն է ան:
Երեքուկէս տարեկանէն Պոլսոյ մէջ երգահան-երաժիշտ մօրաքրոջ՝ Սիրվարդ Գալփաքեան-Գարամանուկին շունչին տակ Շահանին փոքրիկ մատները մտերմութիւն մը կը ստեղծեն դաշնամուրին ստեղներուն հետ եւ զինք կը հասցնեն Նիւ Եորքի համբաւաւոր Ճուլիարտ երաժշտանոցը: Սոյն դպրոցէն համապատասխան բարձրագոյն վկայականները ստանալով կը հասնի տոքթորական աստիճանի: Սակայն՝ այդ տարիներուն, իր աշխարհատարած ելոյթները արգելք կ՚ըլլան իր երազ թէզը ներկայացնելու:
Շահան Արծրունիին առաջին անգամ մօտէն ծանօթացայ Նիւ Եորքի մէջ, երբ 1994 Ապրիլ 20-ին, մեր հրաւէրին ընդառաջելով պատուոյ հիւրն էր Նիւ Եորք քաղաքի միակ ամէնօրեայ հայ վարժարանին,Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեային, աւանդական Ժառանգութիւններու շաբթուան տօնակատարութեան: Մեր աշակերտութեան կը ծանօթացնէինք այնպիսի արուեստագէտներ, որոնք մեր պատանիները պիտի տպաւորէին մեր համայնքի տիպար անհատներով եւ իրենց մասնագիտութեամբ:
Իր ելոյթն ու պատգամը այնքան տպաւորիչ էր, որ նախակրթարանի աշակերտները հիացած մնացին: Մանկավարժական աշխարհին մէջ ամենամեծ յաջողութիւնն է այս՝ երբ աշակերտները հարցումներու տեղատարափով դիմեն հիւր բանախօսին: Պարոն Արծրունի ո՛չ միայն մեծ հաճոյքով պատասխանեց անոնց հարցումներուն, այլ շինիչ թելադրութիւն տուաւ, որ անոնք հետեւողական ըլլան, լաւագոյնին ձգտին, աշխատանքէ չփախին եւ մանաւանդ՝ հաւատք ունենան իրենց բնածին կարողութիւններուն:
Վերջերս, երկու տասնամեակէ ետք, շատ հետաքրքրական էր ինծի համար հանդիպում ունենալ այս տաղանդաւոր դաշնակահարին հետ եւ ունկնդիրը ըլլալ ներկայ եւ ապագայ իր ծրագիրներուն մասին:
Ի՞ՆՉ ԵՆ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ԴԷՊՔԵՐՆ ՈՒ ԴԷՄՔԵՐԸ
Շահան Արծրունի խորունկ հաւատք ունի կեանքի մէջ պատահելիք բախտորոշ առիթներուն մէկ խօսքով՝ բախտին: Երեք տարբեր անձեր երեք տարբեր ժամանակներու ճակատագրական դեր խաղացած են եւ ուղղութիւն տուած՝ իր կեանքին: 1973-ին Արծրունի օգտուելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Նիքսընի Չինաստանի հետ ունեցած մերձեցումէն, կը ներկայացնէ Խորհրդային Չինաստանի դաշնամուրային գործերը, որպէս բաժին մը տոքթորայի իր թէզին, Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ:
Ցանկանալով զանոնք ներկայացնել աշխարհի տարբեր բեմահարթակներու վրայ, Արծրունի կը դիմէ Ասիական երաժշտութեան աշխատանքներուն ատենապետ Եոհաննա Սփեքթըրի (Johanna Spector) իր ծրագրին իրկանացման համար: Այդ հրեայ տիկնոջ խօսքը՝ «Դուն գնայ քո՛ւ երաժշտութիւնդ ուսումնասիրէ» արթնութեան զանգակը կը դառնայ: «Ա՛յդ օրը, ա՛յդ կինը հայ երաժշտութեան հանդէպ իմ մէջս բուռն հետաքրքրութեան կրակը վառեց», խոստովանեցաւ Արծրունի: «Ահա բախտորոշ իրականութիւն մը, զոր զիս մղեց դէպի հայկական երաժշտութիւնը», ընդգծեց Արծրունի:
Իսկ 1969-ին Կոմիտասի հարիւրամեակին առթիւ, Նիւ Եորքի մէջ յայտագիր մը պիտի նուիրուէր, համայնքին յայտնի անուններու մէկտեղումով՝ Մարօ Աճէմեան, Արա Պէրպէրեան, Լուսին Ամարա, Լիլի Չուքազեան, Քեթի Պէրպէրեան, եւ Ալան Յովհաննէս: Մինչ այդ՝ անոնք տեղեակ էին, որ Շահան Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ առաջ երգեհոնահարն էր նոյնինքն Կոմիտասի 1910-ին հիմնած երգչախումբին: Հետեւաբար՝ այդ յայտագրին մանրամասնութիւններու երաժշտական բաժինը կը վստահուի երիտասարդ Շահանին: Ձայնագրուած բոլոր սկաւառակները կը յանձնուին, ապահովութեան համար երաժշտական մթերանոցի մը: Ընկերութեան հրեայ տնօրէնը, Մայքըլ Նայտա (Michael Naida) երբ կ՚իմանայ, թէ Շահան Ճուլիարտէն շրջանաւարտ է, կ՚առաջարկէ իր նուագածներէն ձայնագրել: Շահան օգտագործելով այս առիթը կը ներկայացնէ Արամ Խաչատուրեանի մանուկներու համար գրուած երկու ալպոմ, որ մինչ այդ բնաւ չէին ձայնագրուած: «Ուրկէ՞ ո՜ւր: Ահա քեզի բախտ, որ ապագայի շատ մը դռներ բացաւ իմ առջեւս», կը խոստովանի Շահան Ածրունի:
Երրորդ անձը, որ մեծ դեր ունեցած է Շահանին կեանքին մէջ 1972-73 թուականներէն սկսեալ, Վիքթոր Պորկան է, «որուն տոհմիկ ծագումն ալ հրէական է», կ՚ընդգծէ Արծրունի:
Շահան Արծրունիին «ԲԱԽՏ»ին ճամբայ բացող այդ երեք անձնաւորութիւններուն չափ ալ պէտք է շեշտել նաեւ, թէ բոլոր անոնք, որոնք ծանօթացած են Շահանին, կրցած են տեսնել իր մէջ տաղանդը, սէրը եւ կրակը երաժշտութեան հանդէպ, եւ ինչ խօսք՝ Շահան Արծրունի առաւելագոյնս կրցած է արդարացնել անոնց վստահութիւնը:
Ի՞ՆՉ ԵՆ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ
Շահան Արծրունի տարիներու երազը իրականացնող երկար ճամբորդութեան մը սկիզբին է: Երազն է ծիածանի գոյներով իրարու ետեւէ լոյս ընծայել ութ խտասալիկներու շարք մը, Չուխաճեանէն սկսելով մինչեւ այս օրերը, որ պիտի ընդգրկէ հետեւեալները.
- Կոմիտասի դաշնամուրային գործերը
- Կոմիտասի ժամանակակիցները
- Ալան Յովհաննէսի անտիպ գործերը
- Սփիւռքահայ յօրինողներու գործերը
- Խաչատուրեանի ամբողջական գործերը
- Հայրենի յօրինողները
- Հայ կին յօրինողները
- Հայ երգահաններու մանուկներու համար գրած գործերը
Առաջին եօթ խտասալիկները պիտի ներկայանան ծիրանի գօտիի եօթ գոյներով, ամբողջացնելէ ետք, այդ գոյները իրարու խառնելով կը ստանաս ութերորդը՝ ճերմակ գոյնը, որ խորհրդանիշն է մեր ապագայ մանուկներու սպիտակ, պայծառ եւ յուսատու ապագային:
Ըստ Արծրունիին, ներկայ օրերու ելոյթները կրնան հմայել միմիայն այդ օրուան սրահին մէջ գտնուող հանդիսատեսը: Նկատի առնելով ձայներիզներու եւ խտասալիկներու յարափոփոխ եւ անորոշ ապագան՝ անհրաժեշտ էր, որ բան մը մտածուէր զանոնք երաժշտասէր մեծամասնութեան հասցնելու, երկրէ երկիր, մատչելի դարձնելու եւ ազատելու խտասալիկներու մոռացութեան մատնուող ճակատագրէն: Պրն. Արծրունիին մտահոգութիւնը փարատող եւ երաժշտական ստեղծագործութիւնները անմահութեան տանող այդ բոլոր ձայնագրութիւնները բծախնդրօրէն ձայնագրուելէ ետք կը ղրկուին, իր անհատական ջանքերով, աշխարհի զանազան երաժշտական գրադարաններու եւ ձայնասփիւռներու կայաններուն՝ անոնց արխիւին մէջ մնայուն կայք հաստատելու:
Վերջերս Նիւ Եորքի դասական երաժշտութեան ձայնասփիւռի կայանը՝ WQXR-էն սփռուած Կոմիտասի մէկ կտորը պատճառ դարձած էր քանիներու հետաքրքրութիւնը արթնցնելու:
Ի՞ՆՉ ԵՆ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻՆ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ
Շահան այս օրերուն կլանուած է բարձր մակարդակի յայտագրի մը պատրաստութեամբ: Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր տաճարի 50-ամեակի տօնակատարութեանց շարքին Առաջնորդ Գերշ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեանի խնդրանքով՝ Պրն. Արծրունի ծրագրած է հայ հոգեւոր երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ Մայիս 5, 2018-ին, բարձր նախագահութեամբը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին:
Արդէն իսկ յայտագիրը կազմուած է Շահանեան բծախնդրութեամբ իրարու քով բերելով այնպիսի անուններ՝ որոնք երա-ժըշտական աշխարհի լաւագոյն անուններէն են. երգչուհի՝ Էլիզապէթ Պայրաքտարեան, սրնգահար՝ Սաթօ Մուղալեան, քլարինէթի կատարումով՝ Նարեկ Յարութիւնեան, երգեհոնահար՝ Հայկ Մարտիրոսեան, ելոյթ ունենալու Կոմիտասի, Ալան Յովհաննէսի, Տիգրան Մանսուրեանի գործերէն, հետաքրքրական գործիքներու մասնակցութեամբ: Յայտագրին մաս պիտի կազմէ նաեւ 16 հոգինոց արական սենեկային երգչախումբ մը՝ հայրենի ղեկավար՝ Յովհաննէս Միրզոյեանի ճպոտին ներքեւ, հրամցնելու Կոմիտասի պատարագէն բաժիններ: Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ միջդպրոցական աշակերտական խումբը՝ բացման աղօթքներով:
Ի՞ՆՉ ԵՆ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻՆ ՀԵՌԱԿԱՅ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ
Մէկ խօսքով Շահան Արծրունիի իսկական հոգեկան պապակը գոհացնող աշխատա՛նքը… իր գիտութիւնը նոր սերունդին փոխանցել է, իր մէջ ամբարուած մասնագիտական պաշարն ու գիտելիքները փոխանցել նոր սերունդին: Այս մտահոգութիւնը զինք տարած է Հայաստան՝ ուր հակառակ անոր, որ 150 անգամէն աւելի հայրենիք այցելած է, այս ճամբորդութիւնը ուրիշ հեռանկար ունէր: Անցնող գարնան (2017 Մայիսին) Հայսատանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ հը-րաւէրով Հայաստանի շրջաններէն, սահմանամերձ գիւղերուն մէջ փնտռել, գտնել, քաջալերել 8-էն 21 տարեկան պատանիներ՝ որոնք երաժշտական հակում ունին եւ զանոնք պատրաստել որակաւոր ելոյթներու, ոչ միայն Հայաստանի մէջ ելոյթ ունենալու, այլ թերեւս՝ արտերկրի զանազան երկիրներու եւ համայնքներու մէջ:
Պարոն Արծրունի երախտագիտութեամբ կը յիշէ Հայ օգնութեան ֆօնտը (ՀՕՖ), որ կազմակերպելով այս շրջապտոյտը, քաջալեր հանդիսացեր էր իր ծրագրին՝ որպէսզի կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կարենար առաւելագոյն չափով իրագործել իր երազը:
Մեր սրտբաց զրոյցին ընթացքին Շահան անդրադարձաւ նաեւ մարդկային յարաբերութեան մասին: Ան արժեւորեց անհատներու միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ վստահութեան եւ հաւատքի ներկայութիւնը: Շեշտեց նաեւ, թէ կեանքի մէջ որքա՜ն կարեւոր է մեր շուրջը ունենալ այնպիսի անձ կամ անձեր, որոնց հետ ամենէն աննշան եւ անկարեւոր նկատուած առօրեայ հարցերու մասին իսկ կարելի է առանց վերապահութեան կամ անկաշկանդ խօսիլ եւ մտքերու փոխանակութիւն ունենալ:
Յատուկ յարգանքով, հաւատքով եւ սիրով կը յիշէ հայրենի վաստակաւոր երաժիշտ՝ Եդուարդ Միրզոյեանի ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ:
Ուրախ ենք լսելու, թէ Մայիս 18, 2018-ին, Վարդանանց Ասպետներու կազմակերպած յատուկ յայտագրով Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի համայնքին արուեստասէրները ներկայ պիտի ըլլան բազմատաղանդ Շահան Արծրունի արուեստագէտին մեծարման հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ նոյն օրը պիտի մեծարուի մեզի ծանօթ անուն՝ Կոմիտաս երգչախումբի վաստակաւոր խմբավար՝ Քրիս Գալֆայեան:
*
Մեր երկրագունդի գրեթէ բոլոր ցամաքամասերուն մէջ իր ելոյթներով փայլող, իր ձայնասփռումներով գերազանց տպաւորութիւն ձգող Շահան Արծրունի երաժշտագէտը անկուշտ-անհանդարտ պրպտողն ու միաժամանակ լոյս սփռողն է մեր երաժշտական աշխարհի ազգային հարստութիւններուն:
Երկրագունդի գրեթէ բոլոր ցամաքամասերուն մէջ իր ելոյթներով Շահան Արծրունին եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ դեսպանը հայ երաժշտութեան տարածման: Իր փայլուն ելոյթներուն եւ գործունէութեան շնորհիւ բնականաբար արժանացած է զանազան պատուաբեր գնահատականներու եւ շքանշաններու: Հոս կ՚արժէ յիշել Վեհափառ Հայր Գարեգին Ա. Սարգիսեանին շնորհած «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանը (1996-ին), իսկ 2015-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական «Մովսէս Խորենացի» շքանշանի պարգեւատրութիւնը:
Շահան Արծրունիին ամենէն մեծ գնահատականը սակայն պիտի ըլլայ իր երազը իրականացնող ութ խտասալիկներու ձայնագրութեան ամբողջացումը, հայրենի մանուկներու երաժշտական պատրաստութիւնը եւ իր տարիներու ընթացքին կուտակած փորձառութիւններուն փոխանցումը նոր սերունդին:
Արծրունի պատրաստ նիւթերով հարուստ պաշար մը ունի, պէ՛տք է, որ այդ բոլորը համայնքէ համայնք լսուի, փոխանցուի... Իր մէջ ամբարուած մասնագիտական հարուստ գիտելիքները անհրաժեշտ է, որ ամէն գնով փոխանցուին նոր սերունդին:
Բարի երթ եւ ծրագիրներու իրականցում կը մաղթենք հայ ժողովուրդի ծոցէն ծլած-հասակ առած, աշխարահատարած համբաւ վայելող մեր տաղանդաւոր դաշնակահար, երաժիշտ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻՆ:
Տեսակցութիւնը գրի առաւ եւ ամփոփեց՝
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Նիւ Եորք, Մարտ 6, 2018