ՄԱՅԻՍԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՆ. ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՓՈՐՁԱՔԱՐԻ ԱՌՋԵՒ

Յառաջիկայ Մայիսին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները պիտի ազդե՞ն լիբանանահայ համայնքին վրայ: Կամ եթէ աւելի ճիշդ ձեւակերպենք, ինչո՞վ կրնան ազդել այդ ընտրութիւններուն արդիւնքները գաղութի մը վրայ, որ այսօր ալ կը համարուի Միջին Արեւելքի ամենէն կուռ ներկայացուցիչը:

Լիբանանահայ համայնքի հասցէին եղած դրական խօսքերը եւ գնահատականները անշուշտ «երկինքէն իջած» գնահատականներ չեն ու գաղտնիք չէ, որ այսօր շուրջ հարիւր հազար (լաւագոյն պարագային) հաշուող այդ գաղութը իրեն տրուած գնահատականները վաստակած է «արիւն-քրտինք»ով: «Արիւն-քրտինք» ձեւակերպումը անշուշտ կ՚առընչուի Լիբանանը հարուածած եւ գրեթէ քսան տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմին, որուն ընթացքին ալ հայութիւնը յաջողեցաւ ամէն գնով պահպանել իր միասնականութիւնը, հակառակ հայկական աւանդական կուսակցութիւններուն միջեւ երբեմն երեւցող տարբեր մակարդակի տարակարծութիւններուն:

Լիբանանի պատերազմը կանխող վերջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան 1972 թուականին ու այդ ընտրութիւններուն արդիւնքով ձեւաւորուած խորհրդարանին մէջ հայութիւնը ունէր չորս ներկայացուցիչներ: Իսկ պատերազմի տարիներուն եղած ընտրութիւններուն ընթացքին հայութեան համար ամենէն առաջնային կէտը խորհրդարան երեսփոխան հասցնելը չէր, այլ ամենէն էականը գաղութի անվտանգութեան ապահովումը:

Հակառակ այն իրականութեան, որ շատ դէպքերու ընթացքին լիբանանահայութեան միասնական ըլլալու դիրքորոշումը որոշ կողմերու համար կը դառնար «լուրջ անհանգստութիւն»: Հայութեան համար բեկումնային կը համարուին 1992 թուականին եղած ընտրութիւնները, երբ առաջին անգամ ըլլալով խորհրդարան կը հասնէր Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) ներկայացուցիչ Եղիա Ճէրէճեանը: Բեկումնային ըսելով պէտք է հասկնալ, որ այդ ընտրու-թիւններուն առաջին անգամ ըլլալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) կողքին այլ աւանդական կուսակ-ցութիւն մը, այս պարագային ՍԴՀԿ-ն կ՚ունենար իր ներկայացուցիչը:

Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի մուտք գործելով քաղաքական դաշտ, ուզեց ունենալ իր «հայկական ներկայացուցչութիւն»ը ու անոր այս առումով կատարած քայլերը կ՚ընդունուէին բաւական տարբեր դրական եւ ժխտական արձագանգներով: Մինչ ՀՅԴ-ի համար մտահոգիչ կը դառնար այն, որ Հարիրի օգտուելով Սուրիոյ կողմէ հովանաւորուած ընտրական օրէնքէն, կը փորձէր խորհրդարան հասցնել այնպիսի թեկնածուներ, որոնց ընտրութիւնը կարելի կը դառնար նաեւ շնորհիւ ոչ-հայկական քուէներու:

Հարիրի նաեւ իր կամքը «պարտադրելու» քաղաքականութեան պատճառով եւ յատկապէս 2000 թուականի ընտրութիւններուն կը դառնար ՀՅԴ-ի գլխաւոր հակառակորդը:

Մինչ Դաշնակցութիւնը ընտրական սուր պայքարի մէջ մտնելով եւ յատկապէս Պէյրութի ընտրաշրջանէն ներս դաշինք կը կազմէր Լիբանանի վարչապետներէն Սալիմ Հըսի հետ, անդին ՍԴՀԿ-ն ու ՌԱԿ-ը կը ներգրաւուէին Հարիրիի ցանկերուն մէջ եւ կը յաջողէին խոր-հըրդարան հասցնել իրենց ներկայացուցիչները:

ՍԴՀԿ-ի կողմէ երեսփոխան կը դառնային Տքթ. Եղիա Ճէրէճեանն ու Սերժ Թուրսարգիսեանը, իսկ ՌԱԿ-ի կողմէ՝ Յակոբ Գասարճեանն ու Ժան Օղասաբեանը: Հակառակ ամէն ձեւի ճնշումներու Դաշնակցութիւնը կը շարունակէր պահպանել Մեթնի (Լեռնալիբանան) աթոռը՝ խորհրդարան հասցնելով Տքթ. Սեպուհ Յովնանեանը, իսկ Պէյրութի պարագային Դաշնակցութիւնը կը յաջողէր խորհրդարան հասցնել Խաչիկ Պապիկեանը (մինչ այդ երկար տարիներու Լիբանանի խորհրդարանի հայ անդամ) եւ Զահլէի շրջանէն Ժորժ Գասարճը:

Ինչ կը վերաբերի 2009 թուականի ընտրութիւններուն, որոնց աւարտին պատկերը կը ներկայանար հետեւեալ ձեւով. Պէյրութի մէջ ՍԴՀԿ-ն (սկզբունքով) կը տիրանար երկու աթոռներու, ՌԱԿ՝ մէկ աթոռի, ՀՅԴ՝ երկու աթոռներու եւ անդին Պեքքայի (Զահլէ) աթոռը բաժին կ՚իյնար Շանթ Չինչինեանին, որ կու գար մաս կազմելու խորհրդարանի «Լիբանանեան ուժեր»ու պլոքին:

Այս ընդհանուր պատկերին մէջ կը դժուարանամ ըսել, որ Դաշնակցութեան գլխաւորած «Հայկական երեսփոխանական պլոք»էն բացի (որուն ցարդ ալ կ՚անդամակցին երկու երեսփոխաններ՝ Յակոբ Բագրատունին եւ Արթիւր Նազարեանը), միւս երեսփոխանները չեն յաջողած միացեալ պլոք մը կազմել, կամ նոյնիսկ անդամակցիլ ՀՅԴ-ի գլխաւորած հայկական պլոքին:

Ճիշդ է, որ Սեպուհ Գալփաքեանը խորհրդարանին մէջ կը ներկայացնէ ՍԴՀԿ-ն, բայց եւ այնպէս նոյնը կարելի չէ ըսել երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեանի մասին, որուն Հնչակեան «պատկանելիութիւն»ը սոսկ անուանական է: Նոյն խօսքը կարելի է ըսել երեսփոխան Ժան Օղասաբեանի պարագային, որուն արաբական Ուիքիփետիայի էջին վրայ արձանագրուած անուան կողքը դրուած է «Ռամկավար», որ սակայն յար եւ նման Թուրսարգիսեանին, «օրկանիք» կապ մը չունի ՌԱԿ-ին հետ եւ աւելի կը յարի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ): Անշուշտ վերը նշուած բոլոր երեսփոխաններն ալ անդամ են լիբանանեան տարբեր պլոքներու եւ հոն է նաեւ, որ իրողապէս ի յայտ կու գայ անոնց քաղաքական արեւելումներն ու դիրքերը:

Օրինակ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի անդամ է «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան պլոքին ու անոր քաղաքական հայեացքներն ու ընդհանուր կեցուածքները համահունչ են այդ պլոքի կեցուածքներուն: Նոյնը կարելի է ըսել Սեպուհ Գալփաքեանի եւ Ժան Օղասաբեանի պարագային, որոնք երկուքն ալ անդամ են ներկայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորած «Ալ Մուսթաքպալ» պլոքին։ Բայց եւ այնպէս, ներհայկական իմաստով մինչ Գալփաքեան կը ներկայացնէ ՍԴՀԿ աւանդական կուսակցութիւնը, սակայն նոյն խօսքը կարելի չէ ըսել Ժան Օղասաբեանի պարագային: Լիբանանի քաղաքական կեանքին հետեւողներուն համար շատ մը պարագաներու խօսակցութիւններ կ՚ըլլան, որ միշտ չէ, որ հայ երեսփոխանները «ամբողջութեամբ» կը ներկայացնեն իրենց պատկանած կուսակցութեանց շահերը: Հասկնալի է այս մօտեցումը երկրի մը մէջ, որուն մթնոլորտը կը համարուի «գերքաղաքականացած», ուր որեւէ կեցուածք, արտայայտութիւն կամ խօսք կրնայ ծանր կշռել զայն արտայայտողին, հետեւաբար նաեւ այն համայնքին համար, զոր կը ներկայացնէ տուեալ գործիչը: Հասնելով մեր օրերուն՝ ապա պէտք է ըսել ու շեշտել, որ հակառակ մօտիկ անցեալին երկրին մէջ եղած քաղաքական բաւական լարուած իրավիճակին, խորհրդարանի անդամ հայ երեսփոխանները ընդհանրապէս չյայտ-նըւեցան ծանր ընտրանքներ որդեգրելու վիճակի մը առջեւ:

Խօսինք օրինակով մը եւ մտաբերենք Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի ապրած վերջին «ոդիսական»ը, որուն հետեւանքով ալ ան շուրջ մէկ ամիս երկ-րէն դուրս մնալէ ետք Պէյրութ վերադարձաւ եւ հանրութեան կողմէ ընդունուեցաւ, որպէս «ազգային վարչապետ»:

Հայ երեսփոխանները Հարիրիի իրավիճակը գնահատելու, կամ անոր Սէուտական Արաբիոյ հետ ունեցած ընդհանրումին գնահատականներ տալու պարտադրանքին առջեւ չէին, պարզ անոր համար, որ Հարիրիի Ռիատի հետ ունեցած «բախում»ը ներսիւննիական բախում մըն էր, որուն մասին ալ Լիբանանի ոչ-բոլոր քաղաքական կողմերը ստիպուած էին դիրքորոշուիլ կամ կեցուածքներ արտայայտել:

Այլ առումով ալ եթէ մինչեւ երէկ Հարիրի-Դաշնակցութիւն յարաբերութիւնները կը համարուէին «լարուած», ապա այսօր այդ իրավիճակը գոյութիւն չունի:

Սաատ Հարիրի, որուն ճիգերուն եւ որդեգրած կեցուածքին շնորհիւ էր նաեւ, որ զօրավար Միշէլ Աուն Պաապտայի նախագահական պալատ կը հասնէր, երկրի քաղաքական օրակարգին մէջ կը բանար նոր ճանապարհներ: Ան մտադիր էր նախագահ Աունի հետ իր ունեցած «դաշինք»ը պահպանել եւ նոյնիսկ յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար ալ փորձել ամէն գնով օգտուիլ այդ դաշինքին տուած «պտուղներ»էն: Ու հոս էր նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը, որ սերտ ու վստահելի գործընկերն է Աունի «Ազգային ազատ հոսանք»ին, պիտի փորձէր իր կարգին Հարիրիի հետ «լեզու գտնել» եւ օգտուիլ «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի պէյրութեան քուէներէն: Յստակ է նաեւ, որ Հարիրի-Դաշնակցութիւն ձիւնհալը սկիզբ առած էր 2006 թուականէն ետք, երբ Սաատ Հարիրի կու գար փոխարինելու սպաննուած հօրը՝ դառնալով սիւննի համայնքի գլխաւոր առաջնորդը (Հարիրի առաջին անգամ ըլլալով վարչապետութիւնը կը ստանձնէր 2009-ին): Ճիշդ է, որ ներկայ պահու դրութեամբ դեռ վաղ է խօսիլ ընտրական դաշինքներու եւ այդ դաշինքներուն հայկական կուսակցութիւններու «վերջնական» մասնակցութեան մասին, բայց եւ այնպէս ակներեւ է, որ սա պահուն եւ առնուազն Մեթնի պարագային ՀՅԴ-ն «մեծ պայքար» մը պիտի չունենայ:

Նոյնը կարելի չէ ըսել ՍԴՀԿ-ին կամ ՌԱԿ-ի մասին, որոնք բառին բուն իմաստով «գոյութեան» պայքար պիտի մղեն Պէյրութի մէջ:

Բնականաբար Լիբանանի «սպասուած» խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին տակաւին կ՚անդրադառնանք, տրուած ըլլալով, որ այսօրուան միջինարեւելեան իրականութեան մէջ լիբանանահայ գաղութը կը համարուի ամենէն աւելի «քաղաքականացած» եւ խօսքի ու գործի կարելիութիւններ եւ բաւական մեծ ներուժ ունեցող գաղութ մը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018