ՆԱՅԻՐԱ ԶՕՀՐԱՊԵԱՆ. «ԲԱՑԻ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԷՆ՝ ՄԵՐ ԵՐԿՐԻՆ ԱՌՋԵՒ ԿԱՆ ԹԷ՛ ԱՐՏԱՔԻՆ ԵՒ ԹԷ ՆԵՐՔԻՆ ԼՈՒՐՋ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ»
Հակառակ Հայաստանի մէջ քորոնաժահրի վերջին օրերուն արձանագրուած նոր պարագաներուն՝ հայրենի իշխանութիւնները կը շարունակեն «Այո՛»ի քարոզարշաւը։ Ճիշդ է, որ տակաւին մեր երկրին մէջ առողջապահական առումով խուճապային իրավիճակ չկայ, բայց եւ այնպէս, եթէ հաշուի առնենք վարակի արագ տարածման ընթացքը, ապա նաեւ չի բացառուիր, որ Հայաստանի մէջ ալ «քորոնա»ի տարածման ալիք մը ծաւալի։
Անշուշտ այս առումով ալ պէտք է անպայման շեշտել, որ հակառակ Հայաստանի հարեւան Իրանի մէջ արձանագրուած տագնապալի դրութեան, Հայաստան առհասարակ զերծ է այդ վիճակէն եւ անշուշտ ատոր մէջ կեդրոնական դեր ունին քաղաքական իշխանութիւնները, առողջապահական նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ օդային եւ ցամաքային սահմաններուն վրայ ջանասիրաբար հսկողութիւն իրականացնող իրաւապահ մարմինները։
Իսկ ինչ կը վերաբերի երկրին մէջ տիրող քաղաքական ընդհանուր իրավիճակին, ապա ակներեւ է, որ գետնի վրայ շարժում ստեղծող գլխաւոր ուժը իշխանական ճամբարն է, որուն գլխաւոր եւ կեդրոնական դէմքը անշուշտ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն է։
Ի դէպ, վարչապետը աւելի ընդգրկուն կերպով մասնակցելու համար ընթացող քարոզարշաւին, այս օրերուն արձակուրդ առած է եւ անձամբ կը վարէ քարոզարշաւի հաւաքները։
Մինչեւ այս նիւթին հրապարակուիլը՝ վարչապետը հաւանաբար այցելած պիտի ըլլայ հինգ գլխաւոր շրջաններ։
Չորեքշաբթի օր, օրինակի համար, ան կը գտնուէր Սիւնիքի շրջան, ուր հարիւրաւոր համակիրներու առջեւ կը խօսէր քաղաքական ընդհանուր իրավիճակին մասին եւ հերթական անգամ կրակ կը բանար Հայաստանի նախկին իշխանութիւններու հասցէին։
Յստակ է անշուշտ, որ Հայաստանի ժողովուրդին համար այսօրուան դրութեամբ ալ, ինչպէս անցնող գրեթէ երկու տարիներուն, գերակշռող իրավիճակը կը շարունակէ մնալ սպասողական… Սպասողական ոչ միայն անցեալի էջերը բանալու, այլ սպասողական՝ երկրին մէջ դրական բարեփոխումներ տեսնելու եւ այդ բարեփոխումներու ընթացքը իրողապէս զգալու եւ ապրելու օրինաչափութիւնը։
Այլ խօսք, որ վարչապետին եւ անոր իշխանախումբին համար հարցը դրուած է այլ ուղղութեամբ, այն իմաստով, որ իշխանութիւնները իրենց ընելիքները եւ յառաջիկայ աշխատելաոճը, քաղաքական մարտավարութիւնը ու յատկապէս խոստացուած տնտեսական բարեփոխումներն ու խոստացուած թռիչքը պայմանաւորած են՝ իրենց իսկ ըսելով՝ նախկին իշխանութիւններուն համար վերջին բերդ համարուող Սահմանադրական ատեանի ընդդիմադիրներուն համար «գրաւում»ով, իսկ իշխանութեանց համար այդ «քաղաքական բերդ»ի ազատագրումով։
Ամէն պարագայի այս բոլորին ու յատկապէս վերջին ամիսներուն Հայաստանի քաղաքական-ընկերային ու տնտեսական ենթաշերտերուն մէջ ստեղծուած վիճակին մասին աւելի յստակ դիտարկումներ կատարելու նպատակով, ամփոփ բայց եւ այնպէս բովանդակալից զրոյց մը ունեցայ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ՝ Նայիրա Զօհրապեանին հետ։ Յուրախութիւն մեզ Հայաստանի մէջ կան գործիչներ, որոնք երկխօսութեան հաւատացող, իրերը իրենց անունով կոչող ու, ամենակարեւորը, մեր ժողովուրդի, հողի ու ջուրի համար պայքարող գործիչներ են։ Եթէ այդ գործիչներու ընդհանուր դասակարգումը կատարենք, Նայիրա Զօհրապեանի անունը այդ արժանաւորներու ցուցակին մէջ պիտի գրաւէ առաջատար ու պատուաւոր դիրք մը։
Նայիրա Զօհրապեանի անունը քաջ յայտնի է մեր ընթերցողներուն։ Ան իր հասարակական գործունէութեան սկսած է լրագրողական ասպարէզին մէջ եւ այսօր շնորհիւ իր խիզախութեան եւ արդար կեցուածքներուն, կը համարուի Հայաստանի քաջարի կանանց՝ հայ քաջարի կանանց շարքերը լրացնող, արի եւ վեհանձն անձնաւորութիւն մը, որ նոյնպէս կը վայելէ Հայաստանի լայն հասարկութեան յարգանքն ու համակրանքը։
Հայաստանի ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան անդամներէն Նայիրա Զօհրապեան Երեւանի մէջ պատասխանեց մեր հարցերուն։
-Հայաստանի իշխանութիւնները որոշած են համապետական հանրաքուէի ճանապարհով բարեփոխել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը։ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը դէմ է այս հանրաքուէին, բայց ինչպէս կը նկատենք, շատ աշխոյժ կերպով չէք մասնակցիր «Ոչ»ի արշաւին։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս մօտեցումը։
-Այո, սահմանդրական հանրաքուէի գործընթացի առաջին քայլէն մենք ըսած ենք, որ ողջ այս գործընթացը տեղի կ՚ունենայ իրաւական լուրջ խախտումներով, ինչ որ մեծապէս պիտի վտանգէ հանրաքուէի օրինականութիւնը։ Աւելի՛ն, մենք առաջարկեցինք «Իմ քայլը»ի մեր գործընկերներուն չշտապել, մեզի հետ միասին աշխատիլ նախագծի վրայ եւ շտկել իրաւական անորոշութիւնները, սակայն վերջիններս որեւէ կերպ չարձագանգեցին։ Ուստի, «Բարգաւաճ Հայաստան»ը քաղաքական որոշում կայացուց չմասնակցիլ իրաւական առումով խոցելի գործընթացի մը, որուն օրինականութիւնը, ես վստահ կ՚ըսեմ, մեծապէս կասկածի տակ պիտի ըլլայ։
Բացի այդ, բոլորս ալ լաւ կը հասկնանք, որ հանրաքուէի իրական ձեւակերպումը պիտի ըլլայ իշխանութեան վստահութեան հարցը։ Մինչդեռ մենք գիտենք, որ այսօր մեր երկրի առջեւ կան շատ աւելի լուրջ թէ՛ արտաքին եւ թէ ներքին մարտահրաւէրներ։ Այդ օրակարգին մէջ Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի հարցը ոչ միայն առաջնահերթութիւն չէ, այլեւ՝ մեզի համար նման հարց ուղղակի չկայ։
-Սպասուած հանրաքուէն ինչքանո՞վ պիտի ամրագրէ «թաւշեայ յեղափոխութեան» հեռահար եւ վերջնական նպատակները: Այն իմաստով, որ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններուն մէջ եղած փոփոխութիւններէն ետք, այս հանրաքուէն պիտի փակէ՞ նախորդ իշխանութիւններու էջը. ի՞նչ կը մտածէք այս մասին։
-Ինծի համար հասկնալի չէ նախկիններու ուրուականներու դէմ տարուող այս անիմաստ կռիւը։ Անոնք չկան, վերջ, պէտք է փակել այդ էջը, դադրեցնել հանրութիւնը սնել ատելութեամբ ու անհանդուրժողականութեամբ ու սկսիլ վերջապէս զբաղուիլ երկրի օրակարգային խնդիրներով։ Կարելի չէ անընդհատ վախցնել նախկիններու ուրուականներով եւ անտեսել բազում այն խնդիրները, որոնց շարքին տնտեսական խնդիրները։ Առանց այդ հարցերը լուծելու՝ յեղափոխութեան հռչակած արժէքները շատ արագ պիտի մաշին։
-2018-ին տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը դրակա՞ն էր Հայաստանի համար, եւ այսօր, գրեթէ երկու տարի ետք, ի՞նչ արդիւնքներ ունի յեղափոխութիւնը:
-Բնականաբար, որեւէ փոփոխութեան մէջ միշտ դրական սպասումներ կան եւ յատկապէս, երբ ժողովուրդը չափազանց յոգնած էր անարդարութենէն, ամենաթողութենէն, համատարած փտածութենէն։ Բոլորս մեծ սպասումներով դարձանք այդ յեղափոխութեան մէկ մասնիկը։ Սակայն յեղափոխութենէն արդէն բաւականին ժամանակ անցած է եւ պէտք է ժողովուրդին ոչ թէ շարունակել կերակրել լոզունգներով ու վախցնել նախկիններու ուրուականներով, այլ գործ ընել։ Գո՛րծ։ Որոշակի ոլորտներու մէջ եւ մասնաւորապէս, փտածութեան, հովանաւորչութեան դէմ պայքարին մէջ որոշակի յառաջընթաց կայ, սակայն եթէ քաղաքացին իր ընտանիքին վրայ դեռ չի զգար որեւէ, նոյնիսկ աննշան բարեկեցութեան աճ, մենք իրաւունք չունինք խօսելու ճշմարիտ եւ իրական փոփոխութիւններու մասին։
-Որո՞նք են «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան հեռահար նպատակները եւ այդ առումով ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէք։
-Մեր նպատակները յստակ են՝ մեր ոչ մեծ հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցիլ բոլոր այն բարեփոխումներուն, որոնք երկիրը կը դնեն իրապէս զարգացման երկաթագիծի վրայ ու թոյլ չտալ, կասեցնել բոլոր այն քայլերը, որոնց մէջ մենք կը տեսնենք մեր պետութեան, մեր երկրի, մեր ազգային անվտանգութեան սպառնացող վտանգներ։
-Տիկին Զօհրապեան, շատ լաւ կը յիշենք այն պատմական ժամանակը, երբ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, որուն անդամներէն էք, նեցուկ եւ թիկունք կանգնեցաւ եւ քուէարկեց յօգուտ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի: Այսօր սակայն, կարծես, թէ այլեւս քաղաքական գործընկերներ չէք, առնուազն «փափուկ» ընդդիմութեան դերով հանդէս կու գաք։ Ի՞նչ են պատճառները։
-Մենք այն ժամանակ ճիշդ ըրած ենք, որ քուէարկած ենք Նիկոլ Փաշինեանի օգտին։ Մենք քուէարկած ենք ժողովուրդի թեկնածուի օգտին, իսկ ժողովուրդի թեկնածուն տուեալ պահուն Նիկոլն էր։ Ինչ կը վերաբերի «փափուկ» դիրքերէն հանդէս գալու ձեր դիտարկման, ապա պիտի չհամաձայնիմ։ Ընդդիմութիւնը պարտադիր չէ, որ մուրճը վերցնէ եւ անընդհատ հարուածէ իշխանութեան գլխուն։ Մենք հանգիստ, առանց ամբոխահաճութեան, առանց ամբոխավարութեան, առանց հրապարակային աղմուկներու եւ ֆէսյպուքեան «լայվ»երու՝ մեր գործը կ՚ընենք եւ ժամանակը պիտի տայ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի գնահատականը այս բաւականին սկզբունքային ընթացքին համար։
-Վերջին շրջանին հասարակութեան մօտ քննարկման լայն օրակարգ էր պետական պաշտօնեաներուն տրուող պարգեւավճարներու հարցը: Ի՞նչ կ՚ըսէք այդ մասին։
-Եկէք, երկու հարց իրարմէ տարանջատենք. այո, պետական պաշտօնեան արժանապատիւ աշխատավարձ պիտի ստանայ, որպէսզի աչքը պետութեան եւ ժողովուրդի գումարներուն վրայ չըլլայ։ Սակայն բարձր աշխատավարձի կամ պարգեւավճարի դիմաց ան նոյնքան բարձր աշխատանքի արդիւնաւէտութիւն պիտի ցուցաբերէ, որ, ցաւօք, մենք այսօր չենք տեսներ բազմաթիւ պաշտօնեաներու՝ կառավարութեան բազմաթիւ անդամներու պարագային։ Այստեղ, այո, կը յառաջանայ բնական եւ տրամաբանական հարց՝ իսկ ինչո՞ւ համար այդ մարդիկ նման գումարներ պիտի ստանան, եթէ իրենց աշխատանքի օգտակար գործողութեան գործակիցը չափազանց ցած է, իսկ որոշներու պարագային՝ զերօ։
-Այս իշխանութեան քայլերէն գոհ է՞ք: Որո՞նք կը համարէք մեծագոյն սխալներ։ Արդեօք այս ամբողջ ընթացքին կրնա՞ք ըսել, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են դրական բարեկարգումներ։
-Մեծագոյն սխալը ես կը համարեմ անընդհատ եւ մշտապէս հասարակութիւնը անհանդուրժողականութեամբ, թշնամանքով սնելը, գործ ընելու փոխարէն՝ ամէն պատի տակ թշնամիներ փնտռելը, որ մեծապէս կը վնասէ երկրի ներդրումային միջավայրին, առանց որուն մեր տնտեսութեան թոքերը չեն կրնար աշխատիլ։ Իսկ դրականի մասին արդէն ըսի՝ որոշակի յառաջընթաց կայ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ, սակայն միայն այդ բաւարար չէ յայտարարուած տնտեսական յեղափոխութեան անգամ նուազագոյն քայլերը ապահովելու համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան