ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Դաստիարակութեան մասին որեւէ մէկ բան ըսա՞ծ է Առակագիրը:
Պատասխան. Այո՛, ըսած է: Առակաց 13.24-ին մէջ կը կարդանք. «Գաւազանին խնայողը իր որդին կ՚ատէ, բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ»:
Զաւակները չդաստիարակելը զանոնք կը պատրաստէ ձախողութեան եւ անօգուտ ու անպտղբեր կեանքի մը, մինչ դաստիարակութիւնը, լա՛ւ դաստիարակութիւնը, զանոնք կը դարձնեն արժանաւոր մարդիկ, որոնք թէ՛ իրենք իրենց, իրենց ծնողներուն, իրենց ազգականներուն, իրենց ապրած ընկերութեան, ամբողջ մարդկութեան օգուտ ու բարիք կու տան, իսկ Աստուծոյ ալ Սուրբ Անունը կը մեծարեն ու կը փառաւորեն իրենց գործերով:
Շատերուն մօտ դաստիարակութեան մասին սխալ կարծիք կայ, յատկապէս այս օրերուն՝ երբ ամէն ինչ թուլութեան, մանուկի իրաւունք, մանուկի պաշտպանութիւն եւ այլ լոզունգներով փորձ կը կատարուի խաթարել ընտանեկան յարկի սրբութիւնն ու նուիրականութիւնը:
Զաւակները ազատ, առանց պատիժի ու խրատի մեծցնելը դեռ եւս չի՛ նշանակեր լաւ մարդիկ տալ ընկերութեան, ընդհակառակը:
Առակագիրին ըսածը պարզ եւ յստակ է, երբ կ՚ըսէ, թէ գաւազանին խնայողը իր որդին կ՚ատէ, այլ խօսքով՝ իր որդին չխրատողը, չյանդիմանողը սխալին ժամանակ ու ճիշդը չսորվեցնողը, իր որդին չի՛ սիրեր, որովհետեւ դարձեալ առակագիրին բառերով՝ իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ:
Փոքր տարիքին է, որ մեր զաւակները պէտք է լաւ դաստիարակութիւն ստանան, այլապէս մեծնալէ ետք այլեւս դժուար կ՚ըլլայ զանոնք զսպելն ու կառավարելը, որովհետեւ զաւակները այն ինչ որ իրենց ծնողներէն չեն ստացած՝ դուրսէն կը ստանան, իրենց հասկցած ու ուզած ձեւով, իսկ դուրսէն ստացածը, շատ յաճախ վնասակար ու կործանիչ է, ինչքա՜ն ալ փայլուն ըլլայ ան, որովհետեւ հիմքը, այսինքն՝ ծնողներուն տուած դաստիարակութիւնը խախուտ է, անշուշտ եթէ կայ դաստիարակութիւն:
Այստեղ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ փունջ մը մտածումներ դաստիարակութեան մասին.
• Առաքեալներու կանոններու մէջ կը կարդանք.
Մի՛ վախնաք յանդիմանելէ ու իմաստութիւն սորվեցնելէ ձեր զաւակներուն, որովհետեւ ձեր դաստիարակելը չի՛ մեռցներ զանոնք, ընդհակառակը՝ կը պահպանէ զանոնք… Ով որ իր զաւակը խրատելն ու սորվեցնելը կ՚ուշացնէ, ապա վերջինս կ՚ատէ զինք:
• Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.
- Զաւակներուն փճացումը պարապութենէ չի՛ գար, այլ՝ անոնց հայրերուն խենդութենէն, որ այս աշխարհային հոգերուն ու զբաղումներուն կը հետեւի, եւ ատոնցմէ դուրս [աշխարհային հոգեր] ամէն բան անարժէք համարելը, զանոնք ակամայ կերպով կը մղէ իրենց զաւակներուն նկատմամբ անուշադիր գտնուելու: Կ՚ըսեմ, թէ այդ հայրերը՝ (ո՛չ ոք թող մտածէ, թէ այս բառերը մէջս ծագում կ՚առնեն բարկութեան պատճառով) աւելի գէշ են քան որդեսպան հայրերը: Առաջինը, մարմինը հոգիէն կը բաժնէ, իսկ երկրորդը՝ երկուքը միասին դժոխքի կրակին մէջ կը նետէ: Ըստ բնական օրէնքին մահը անխուսափելի է, սակայն երկրորդ ճակատագիրը հայրերը կրնան զանց ընել զայն, եթէ իրենց անտարբերութիւնը չտանի անոր: Մարմնաւոր մահը կրնայ երկվայրկեանի մը ընթացքին վերջանալ՝ երբ յարութիւնը տեղի ունենայ, սակայն կորսուած հոգիին ո՛չ մէկ վարձատրութիւն կայ: Կորսուած հոգին յարութիւն չունի, այլ՝ յաւիտենապէս կը ցաւի. այս մէկը կը նշանակէ, թէ անտեղի չէ որ այդ հայրերը աւելի գէշ են կ՚ըսենք, քան որդեսպան հայրերը: Այդքան դաժան չէ սուր մը սրել, աջ ձեռքով բռնել՝ մխրճելու համար զայն փոքրիկի մը սիրտին մէջ, ինչքան անարգես ու կորուստի մատնես հոգի մը, որովհետեւ ո՛չ մէկ բան հոգիին կը հաւասարի:
- Զաւակներուդ հարստութիւն ժառանգ մի՛ ձգեր, այլ՝ բարեպաշտութիւն:
- Այն հայրերը, որոնք հոգ չեն տանիր իրենց զաւակներուն պարկեշտութեան եւ համեստութեան մասին, մանկասպաններ են եւ աւելի դաժան, քան մանկասպանները, որովհետեւ այստեղ խօսքը կը վերաբերի հոգիի կործանման ու մահուան մասին:
- Ծնողները պէտք չէ մտածեն այն մասին, թէ իրենց զաւակները ինչպէս հարստացնեն ոսկիով եւ արծաթով, այլ՝ այն մասին, թէ ինչպէս անոնք բոլորէն աւելի հարուստ ըլլան բարեպաշտութեամբ, իմաստութեամբ եւ առաքինութեան ինչքով:
- Երբ կը նկատես, թէ ինչ որ օտարական մը երեխայիդ ականջը կը քաշէ, կը վրդովիս, կը զայրանաս, կը չարանաս եւ գազանային ցասումով կ՚ապտակես երեխայիդ ականջը քաշողը։ Իսկ երբ կը նկատես, թէ ինչպէս ամէն օր սատանան որդիիդ ականջին կը փսփսայ, թէ ինչպէս կ՚արատաւորէ զինք չարը, դուն հանգիստ կը քնանաս, չե՛ս վրդովիր, չե՛ս զայրանար, եւ որդիդ չե՛ս փախցներ ամենէն սարսափելի գազանէն։
Մոլախոտը պէտք է այն ատեն հանել, երբ տարիքը տակաւին փխրուն է եւ դիւրութեամբ դուրս կը քաշուի, ահաւասիկ այդ ժամանակ, անուշադրութեան մատնուած կիրքերը չէին զօրանար, եւ անուղղելի չէին դառնար:
- Ով որ անփոյթ է իր երեխաներուն նկատմամբ, ան թէեւ միւս հարցերուն մէջ լաւ եւ կարգին մարդ ըլլայ, միեւնոյնն է, այդ մեղքին համար ծանրագոյն պատիժի պիտի արժանանայ։ Իսկ եթէ կ՚ուզէք ճիշդը իմանալ, որ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ միւս գործերը լաւ վիճակի մէջ ըլլան, իսկ երեխաներու փրկութեան մասին հոգ չտանինք, մենք ծանրագոյն պատիժի կ՚ենթարկուինք։ Ինչպէս նաեւ զաւակներուդ հարստութիւն ժառանգ մի՛ ձգեր, այլ՝ բարեպաշտութիւն, համեստութիւն, պարկեշտութիւն:
• Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը կը գրէ.
- Առահասարակ, բոլոր հաւատացեալներուդ այս պատուիրանը կու տանք, որ ձեր մանուկները Աստուծոյ երկիւղով սնուցանէք՝ խրատելով զանոնք, որ մանուկ տարիքէն աստուածասէր, ողորմած եւ աղօթասէր ըլլան։ Աղօթք սորվեցուցէ՛ք անոնց եւ սաստեցէ՛ք, որպէսզի աղտոտ խօսքեր եւ հայհոյանքներ չսորվին, որովհետեւ մանուկ հասակին ծնողներուն տուած խրատը, աւելի անջնջելի յիշողութեամբ կը դրոշմուի մանուկներուն միտքերուն մէջ, եւ ատոր փոխարէն Տիրոջմէ վարձք պիտի ընդունիք:
• Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.
- Մանկական տարիքը մեղքի փուշ չի պարունակեր, ամէն խրատ կ՚ընդունի եւ չի մոռնար։ Բայց, երբ խրատները վարժութիւն չի դարձներ, տարիքին հետ զուգընթաց կ՚աճին նաեւ ախտերը։ Այդ ժամանակ ինքնիշխան կամքով հետամուտ կ՚ըլլայ ախտին, այլեւս չի համակերպիր աստուածային ուխտին եւ պատուիրաններուն:
• Սարգիս Շնորհալին կը գրէ.
- Ինչ որ Աստուծմէ որպէս պարգեւ ստացար եւ ունիս, դարձեալ Աստուծոյ պիտի պարգեւես եւ տաս։ Որդիիդ բարեպաշտութեանդ փորձառութիւնը տուր եւ ո՛չ թէ մեծ ունեցուածք։ Աղքատներու բազմութեան նկատմամբ քու հոգածու գթութեամբ անոր ձգէ Աստուծոյ անսահման գթութիւնը եւ ո՛չ թէ տմարդութեան չարիքը։ Անոր սորվեցուր զԱստուա՛ծ պաշտել եւ ո՛չ թէ մամոնային։ Սորվեցո՛ւր անոր երկնայինը ցանկալ եւ ո՛չ թէ երկրայինը։ Սորվեցո՛ւր անոր վերին պատիւը սիրել եւ ո՛չ թէ այն ունայն կեանքի՝ ծաղիկի նման անցաւոր փառքը։ Սորվեցո՛ւր անոր սիրել՝ ո՛չ թէ համակ դառնութեամբ ու թշուառութեամբ լեցուն այս անցաւոր կարճ կեանքը, այլ կայունը, մնայունը եւ բիւրապատիկ հանգստութեամբ լեցուածը:
• Կոմիտաս Վարդապետ կը գրէ.
- Եթէ մանուկը չի հասկնար ձեր դասաւանդութիւնը, յանցանքը ձերն է, որովհետեւ չէք կրցած հասկանալ անոր հոգին. պէտք է վար իջնել մինչեւ անոր հոգեկան աստիճանը, եւ զայն առնելով ձեզի հետ բարձրացնել:
• Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան կը գրէ.
- Ծնողներ բնաւ պէտք չէ մոռնան մէկ բան, թէ իրենց զաւակին դաստիարակը ո՛չ դպրոցն է, ո՛չ ուսուցիչը եւ ոչ քահանան, այլ իրե՛նք իսկ։ Անոնք կրնան օժանդակ ըլլալ պարզապէս. իրենք կը մնան տիրականը։ Ոեւէ զաւակի դաստիարակը ծնողքը ինքն է։
• Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեան կը գրէ.
- Դաստիարակութիւնը, եթէ երբեք անձին օրինակին հետ չլծորդուի, աւելի վտանգաւոր կ՚ըլլայ, աչքը կը տեսնէ յոռի օրինակը. ականջը կը լսէ լաւ դասերը, բայց որովհետեւ լսողութենէն աւելի, տեսողութիւնն է ընդունակ անմիջական պատկերներ ընդունելու. ցաւալի է ըսել, որ անձին օրինակովը չխօսող հեղինակները կը քանդեն՝ քան կը շինեն։ Ընտանիքին մէջ բարի դասերը, բարի օրինակները հօրմէն պէտք է գան եւ այն տկար միտքերը, որոնք կազմուելու վրայ են, պէտք է լաւագոյն ուղղութեամբ, լաւագոյն կազմակերպութիւն ստանան. շատ փափուկ է հայրերու դերը։ Ամիէլի ըսածին պէս, ո՛վ հայրեր, «թող ձեր էութիւնը, եւ ոչ թէ խօսքերը ըլլան քարոզ կամ ճառ»։ Տիպար հայրը՝ հրաշք կը գործէ եւ կը հրաշակերտէ իր զաւակները. բայց հայր մը, որ իր հեղինակութիւնը պահելու համար. կը բարկանայ եւ կը հայհոյէ, ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ, եթէ քիչ մը վերջն ալ հայհոյութեան եւ բարկութեան վնասներուն վրայ խօսի. չէ մի որ անձին օրինակովը՝ արդէն գէշ դաս մը տուաւ, ալ ո՛վ է որ պիտի ականջ դնէ իր խրատներուն, հարկ է ուրեմն տան մէջ՝ հօր հեղինակութիւնը պահպանուի հօր ձեռքով, հօրը կողմէ։ Սերունդներու փրկութիւնը ատոր մէջ է։ Հայրը բարոյապէս պէտք է բարձր բռնէ իր դիրքը, մեր ընտանեկան կարգապահութիւնները շատ թոյլ են, եւ հեղինակութեան պակասէն կը ծնին:
• Աւարտենք հայկական իմաստասիրութեամբ, որ կ՚ըսէ. «Մանուկը կը սորվի այն ինչ որ կ՚ապրի».
- Եթէ մանուկը ապրի քննադատութեամբ՝ կը սորվի դատապարտել:
Եթէ մանուկը ապրի թշնամութեամբ՝ կը սորվի կռուազանութիւն:
Եթէ մանուկը ապրի հեգնանքով՝ կը սորվի երկչոտութիւն:
Եթէ մանուկը ապրի նախատինքով՝ կը սորվի յանցապարտութիւն:
Եթէ մանուկը ապրի ներողամտութեամբ՝ կը սորվի համբերութիւն:
Եթէ մանուկը ապրի քաջալերանքով՝ կը սորվի ինքնավստահութիւն:
Եթէ մանուկը ապրի գովասանքով՝ կը սորվի գնահատել:
Եթէ մանուկը ապրի անկողմնակալութեամբ՝ կը սորվի արդարութիւն:
Եթէ մանուկը ապրի ապահովութեամբ՝ կը սորվի հաւատք ունենալ:
Եթէ մանուկը ապրի համակերպութեամբ՝ կը սորվի ինքնագոհութիւն:
Եթէ մանուկը ապրի հասկացողութեամբ եւ բարեկամութեամբ՝ կը սորվի գտնել սէրը աշխարհի մէջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 33
10 փետրուարր 2023, Վաղարշապատ