«ՔՈՐՈՆԱՅԻ ԺԱՄԱՆԱԿ»ԷՆ ՅԵՏՈՅ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԵՒՐՈՊԱ ՊԻՏԻ ՄՆԱ՞Յ. ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ՊԵԼԺԻԱՅԷՆ

Այսօր իմ խօսակիցը Պելժիա հաստատուած Շահնուր Մինասեանն է։ Ուշագրաւ է, որ Շահնուրի հետ կարողացայ ոչ միայն լոյսին բերել ընդհանրապէս Եւրոպայի եւ մասնաւորապէս Պելժիոյ այսօրուան իրավիճակը, այլեւ պրիսմակը լայն բանալով՝ հարցադրումներ ուղղել այսօր խորունկ ճգնաժամ ապրող եւրոպական մեծ միաւորի ապագային մասին։

Տնտեսական ապագայ, իրաւական ապագայ, մշակութային ապագայ եւ ի մասնաւորի քաղաքական ապագայ։ Եւրոպան, որ տակաւին երէկ աշխարհով մէկ հանդէս կու գար զանազան մակարդակի նախաձեռնութիւններով, այսօր կիսով չափ խուճապի մէջ է… Խուճապի մէջ ըլլալը անշուշտ անցողական է, սակայն հարցերուն հարցը կը մնայ, թէ արդեօք Եւրոպան պիտի կարողանա՞յ դուրս գալ այս անսպասելի եւ նոյնիսկ անիմանալի մղձաւանջէն։

Մնացեալը հարցազրոյցին մէջ։

-Եւրոպական այլ երկիրներու հետ համեմատած, Պելժիոյ մէջ քորոնայով պայմանաւորուած ի՞նչ վիճակ կը տիրէ: Պետութեան կողմէ ձեռք առնուած միջոցները ինչպէ՞ս կը գնահատէք:

-Ինչպէս գիտէք, քորոնաժահրը հիմնականին հարուածի տակ դրած է Արեւմտեան Եւրոպան, իսկ եթէ Պելժիան համեմատենք մնացեալ կեդրոններուն՝ Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի հետ, ապա ան կը գտնուի բաւական լաւ վիճակի մէջ։ Պելժիոյ կառավարութիւնը 13 մարտին արդէն յայտարարեց, ինչպէս իրենք կ՚ըսեն՝ «լոքտաուըն լայթս», այսինքն՝ մասամբ փակուած վիճակ, երբ դպրոցները, ուսումնական հաստատութիւնները, մշակութային, մարզական կրթօճախները փակուեցան եւ արգիլուեցան բոլոր մասսայական միջոցառումները, բաց մնացին միայն սնունդի խանութները, որոնք պիտի հետեւէին համապատասխան կարգին, որ կը թելադրէ՝ պահպանել որոշ կարեւոր կանոններ, անոնցմէ անշուշտ ամենէն ուշագրաւը անհատներու միջեւ հեռաւորութիւն պահպանելու օրէնքն է։

Կարգ վերլուծաբաններ կը կարծեն, թէ գործի դրուած միջոցները քիչ մը ուշացած էին, իսկ ուրիշներ կը մտածեն, որ թերեւս ատոր կարիքն ալ չկար։ Այդ մօտեցումը անշուշտ կը հիմնուէր Շուէտի փորձին վրայ, ուր ընդհանրապէս ոչ մէկ միջոց ձեռք առնուեցաւ պայքարելու համար վարակին դէմ եւ փաստօրէն արդիւնքները ցոյց տուին, թէ մահուան դէպքերը այնքան ալ շատ չեն. օրինակ՝ Պելժիոյ մէջ: Կարծիքները հակասական են, բայց Պելժիոյ վիճակը, ինչպէս նշեցի, բաւականին բարւոք է, կառավարութիւնը կ՚ընէ հնարաւորը, որպէսզի մեղմուին այս պայմանները։ Անշուշտ կոչ ալ կատարուած է եւ յորդորած է գործատուները, որպէսզի հնարաւորինս տան մէջ կազմակերպեն աշխատաւորներու աշխատանքը, ասոր կողքին ալ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելով մասնաւոր ոլորտի գործատուներուն։

Ընդհանուր առմամբ կարելի է համարել, թէ պետութեան ձեռք առած միջոցները բարւոք են եւ յուսանք, որ արդէն յառաջիկայ շաբաթներուն վիճակը աւելի կը յստականայ եւ հնարաւորինս շուտ կը կարողանանք վերադառնալ մեր բնականոն կեանքին:

-Գալով հայկական համայնքին, ի՞նչ են ընդհանուր մտավախութիւնները եւ արդեօք համայնքային դրուածքով որոշ օժանդակութիւններ կ՚ըլլան:

-Մեր տուեալներով՝ փառք Ամենակարողին, համայնքէն ոչ մէկ անդամ վարակուած է քորոնայով, յուսանք այսպէս ալ կը մնայ: Մտավախութիւնները ընդհանուր են, ինչ որ է Պելժիոյ հասարակութեան միւս անդամներուն մօտ, կայ որոշակի վախ, բնականաբար՝ անհանգստութիւն… Անհանգստութիւն անորոշութենէն՝ չգիտնալով, թէ երբ կ՚աւարտի այս մղձաւանջը: Առաջին օրէն մենք կապ հաստատեցինք Անթրըփէն շրջանի (ուր կը բնակի մեր խօսակիցը) քաղաքապետին հետ եւ անոր ուղղորդմամբ կապուեցանք քաղաքապետարանի համապատասխան կառոյցներուն, որոնք կը կազմակերպեն դիմակներու եւ այլ պարագաներու մատակարարումը՝ խոցելի խաւերուն կարեւոր օգնութիւններ ապահովելու համար։

Ըսել, որ մենք որոշակիօրէն առանձնայատուկ խնդիրներ կամ վախեր ունինք, քան պելժիացիները կամ պելժիական այլ համայնքներ, այդպէս չէ, ուղղակի կայ մէկ պարագայ, որ հայերու զգալի մասը կը զբաղի անհատ ձեռնարկատիրութեամբ, իսկ այդ ձեռնարկութիւնները հիմա փաստօրէն չեն գործեր, փակ են եւ այսօր ստեղծուած իրավիճակը կրնայ լուրջ եւ ծանր հետեւանքներ ունենալ: Ամենակարեւորը այն է, որ, ինչպէս նշեցի, վարակուածներ չունինք եւ յուսանք ընդհանուր վիճակի բարելաւումէն ետք բոլորս կը վերադառնանք մեր նախկին ապրելակերպին։ Մեր այստեղի լրատուամիջոցին՝ «Լրագիր» ամսաթերթի միջոցով կոչ ըրած ենք մեր հայրենակիցներուն՝ պահպանել զգօնութիւնը, հարկ եղած պարագային կապուիլ մեզի հետ, որպէսզի եթէ որեւէ հարց ունենան, կարենանք միասնական ուժերով լուծել:

-Շատեր կ՚ըսեն, որ քորոնան հոգեբանական ծանր ազդեցութիւններ պիտի ունեանայ եւ նոյնիսկ այսօր սկսած է ունեանալ. այդ առումով ի՞նչ կրնաք ըսել:

-Ի հարկէ, ամէն վրայ կայ հոգաբանական ազդեցութիւնը եւ տեսանելի է։ Շատեր կը փորձեն կացութիւնը «կատակ» համարել, գուցէ այդ ալ վատ չէ, բայց ինչպէս նշեցի, վախը, անհանգստութիւնը՝ անորոշէն, անտեսանելիէն շատ աւելի հզօր է, քան տեսանելի թշնամիէն, ինչպէս կ՚ըսեն, հոգեբաններու գործը այս քորոնաժահրէն ետք պիտի բարգաւաճի... Հոգեբանական խնդիր է նաեւ տունը մնալը, երբ մարդիկ կը խուսափին ուղղակի իրարու հետ շփուելէ, փողոց դուրս գալէ, զիրար տեսնելու ժամանակ կը պահպանեն որոշակի հեռաւորութիւն, որ ոչ միայն ֆիզիքական է, այլ փաստօրէն՝ նաեւ հոգեբանական: Բոլորին մօտ կան հարցեր, որոնց պատասխանները յայտնի չեն, սակայն զարմանալիօրէն արդէն կայ այն տպաւորութիւնը, թէ քորոնաժահրէն անդին կեանք չկայ։ Երբ թէկուզ ընկերային ցանցերու կամ հեռուստատեսութեան մէջ կը հանդիպիս այլ լուրերու, հաճելիօրէն կը զարմանաս, թէ բացի քորոնաժահրէն, փաստօրէն, տակաւին կեանք կայ:

Այս ամբողջ տեղեկատուութիւնը կը ճնշէ մարդոց: Յուսամ ոչ շատ մեծ հոգեբանական ցնցումներով հասարակութիւնը դուրս կու գայ այս մղձաւանջէն եւ բնականոն կեանքին վերադառնալով՝ նաեւ այս վիճակի հետքերը կը վերանան: Բայց հոգեբանական այդ խնդիրներու տեսանելիութիւնը հիմա արդէն պարզ կ՚երեւի, ցաւօք:

-Մենք նաեւ նկատեցինք, որ եւրոպական երկիրներ այս վարակին հետեւանքով սկսան տագնապ ապրիլ ոչ միայն առողջապահական ոլորտին մէջ, այլ նաեւ քաղաքական առումով։ Արդեօք կա՞յ այդպիսի մտավախութիւն, յատկապէս Եւրոպայի ապագային վերաբերեալ՝ որպէս մէկ ուժեղ միաւոր:

-Սկիզբը կար այնպիսի տպաւորութիւն, թէ եւրոպական երկիրները առանձին-առանձին, ամէն մէկը իր ուժերու ներածին չափով կը պայքարի այս ժահրին դէմ, նոյնիսկ կար տպաւորութիւն, թէ եւրոպական շարք մը երկիրներ առանձնապէս շահաքրքրուած չեն Իտալիոյ օգնելով եւ Իտալիան օգնութիւն ստացաւ միայն Ռուսաստանէն։ Յետագային պատկերը փոխուեցաւ. օրինակ՝ Գերմանիան արդէն պատրաստակամութիւն յայտնած եւ ընդունած է Ֆրանսայէն, Սպանիայէն եւ Իտալիայէն հիւանդներ։ Մանաւանդ, որ իրենց մօտ համեմատաբար բաւականին բարւոք է վիճակը։ Այսէպսով եւրոպական համերաշխութիւնը, գոնէ այս փուլին, տեսանելի է:

Ինչ կը վերաբերի Գերմանիոյ, գիտենք, որ այդ երկիրը ունի հսկայ տարածք եւ մեծ ազգաբնակչութիւն ու տոկոսային առումով հիւանդներու թիւերը այնտեղ նուազ են: Այստեղ երեւի կարելի է խօսիլ բնակչութեան կարգապահութեան մասին։ Կարգ մը երկիրներու մէջ կարգապահութիւնը բաւականին բարձր վիճակի մէջ է ու կու տայ իր դրական արդիւնքները ։ Գերմանիոյ եւ Սկանտինաւիոյ երկիրներուն մէջ այդպէս է, միւս երկիրներուն մէջ կարագահապութեան մակարդակը նուազ է. ցաւօք, սա այն համաճարակներէն է, որուն լուծման համար հասարակութիւնը ինք պէտք է ունենայ բարձր գիտակցութիւն, կարենայ ինքնակազմակերպուիլ եւ հետեւիլ յորդորներուն:

Որպէս մէկ միաւոր, յուսանք, որ Եւրոպան դարձեալ կը վերագտնէ ինքզինք, այլ տարբերակ չկայ: Ինչպէս գիտենք, ներքին սահմաններ գոյութիւն չունին, կայ մէկ տարրադրամ, Եւրոպան շատ առումներով տնտեսապէս այնպէս կապուած է իրարու, որ կը թուի, թէ մէկ երկիր է: Սա որոշակի մարտահրաւէր է եւ յոյս ունինք, որ Եւրոպան ըստ արժանուոյն կը դիմագրաւէ այս տագնապը եւ միասնական ջանքերով կը յաղթահարէ այս փորձութիւնը եւս:

-Մարդկութիւնը անշուշտ պիտի անցընէ այս ծանր փուլը, դուրս պիտի գայ այս տագնապէն, բայց արդեօք ձեր կարծիքով քորոնան դրական փոփոխութիւններ պիտի բերէ՞ մարդկային կեանքին. ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։

-Յուսանք, որ այս մղձաւանջը անցնելէն ետք, մարդկութիւնը, բոլոր երկիրներու հասարակութիւնները կը վերաիմաստաւորեն այն՝ ինչ որ ունէին եւ կը սկսին վերաբերիլ քիչ մը աւելի դրական. ինչպէս՝ կենդանական աշխարհին, բնութեան, ընդհանրապէս մեր մոլորակին։ Այս համաճարակը երեւի որոշակի ազդանշան մըն էր, որպէսզի մարդիկ դարձի գան։ Հոգեւորականները կը պնդեն անաստուածութեան աճը եւ քորոնան կը բացատրեն որպէս պատիժ, բնապահպանները նոյնպէս՝ կը վերագրեն բնութեան հանդէպ մեր ունեցած չարագործութիւններուն, իսկ լաւատեսներ կը պնդեն, որ ասոր մէջ կան որոշ դրական լիցքեր. օրինակ՝ Վենետիկի ափերուն դլփիններ յայտնուած են, օդը շատ աւելի մաքուր է, որովհետեւ օդանաւերու թռիչքները սահմանփակուած են: Սակայն, ցաւօք, ես մտավախութիւն ունիմ, թէ երբ վիճակը վերականգնուի, ամէն ինչ չստանայ հին վիճակը, մարդիկ գոնէ դասեր քաղած ու հասկցած ըլլան, թէ նման ցնցումները անխուսափելի են։ Կարեւորը միասնական, դրական ջանքերով ստեղծուած վիճակը կարենալ յաղթահարել է, որովհետեւ պարզուեցաւ նաեւ, թէ բոլորս շատ անզօր ենք: Այս պատկերին վրայ, ինծի համար քիչ մը զարմանալի է Եւրոպայի, ինչ-որ տեղ, խոցելի եւ անպաշտպան երեւիլը, որովհետեւ կը թուէր, որ Եւրոպան ունի զարգացած տնտեսութիւն, բարձր քաղաքացիական գիտակցութիւն ունեցող հասարակութիւն։ Ճիշդ է, այնպէս չէ, որ շատ ահաւոր է խուճապը կամ անկազմակերպուածութիւնը, բայց որոշակի անպաշտպանուածութիւն եւ խոցելիութիւն երեւաց։ Թերեւս պատճառը այն էր, որ ժահրը նոր էր եւ չկային հակաժահրեր: Հետեւաբար յուսանք, որ ասկէ ետք մարդիկ կը վերաիմաստաւորեն իրենց ունեցածը, թերեւս այդպէսով իսկ կանխուի նմանատիպ մօտակայ յաջորդ աղէտը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020