ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ

Միշտ ողջունելի է, երբ յատկապէս արաբական պահպանողական երկիրներու մէջ բարեփոխումներ տեղի կ՚ունենան, եւ մանաւանդ երբ այդ բարեփոխումներէն կիներն ալ կ՚օգտուին: Անշուշտ փափաքելի է, որ ատոնք միայն ժամանցի եւ զուարճանքի բնոյթ չունենան եւ ընդգրկեն բոլոր ասպարէզները:

*

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԸ ՅԱՆԿԱՐԾ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԵՂԱՒ

Սէուտական Արաբիա  բացաւ շարժապատկերի իր առաջին սրահը 37 տարուան մէջ՝ ցուցադրելով «Պլեք փենթըր» ժապաւէնը: Տասնամեակներ շարունակ արգիլուելէ ետք ինչո՞ւ հիմա ընդունելի է շարժապատկերի սրահ երթալը:

Լոյսերը մեղմացան, տղամարդոց եւ կիներու բազմութեան ծափերը պայթեցան, երբ Հոլիվուտի «Պլեք փենթըր» շարժապատկերի առաջին ցուցադրութիւնը սկսաւ Սէուտական Արաբիոյ շարժապատկերի առաջին սրահին մէջ: Թէեւ միայն հրաւիրեալներու համար ցուցադրութիւն էր, սակայն բազմաթիւ սէուտցիներու համար ատիկա նշեց  տասնամեակներու ընթացքին երկրին մէջ փոփոխութեան ամենէն լուսաւոր պահերէն մէկը:

«Ասիկա պատմական օր է ձեր երկրին համար»,  ըսաւ «Էյ. Էմ. Սի.» ցանցի գործադիր տնօրէն Ատամ Արոն: «37 տարի ետք դուք ի վիճակի էք դիտել շարժապատկերները ուղղակի սրահին մէջ, մեծ պաստառին վրայ, միասին»:

Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնուած «Էյ. Էմ. Սի.»ն շարժապատկերի սրահներու աշխարհի ամենէն խոշոր ցանցերէն մէկն է, որ Ապրիլի սկիզբը պայմանագիր մը ստորագրած էր գահաժառանգ իշխան Մուհամմէտ էլ Սաուտի հետ՝ թագաւորութեան մէջ շարժապատկերի առաջին սրահները բանալու: «Էյ. Էմ. Սի.»ն եւ անոր տեղական գործընկերը արագօրէն վերափոխեցին Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքի՝ Ռիատի համերգասրահը, ուր ցուցադրուեցաւ շարժապատկերը:

Ատամ Արոն ըսաւ, որ ընկերութիւնը կը ծրագրէ ընթացիկ համերգային ոճի աթոռները փոխարինել հանգստաւէտ բազկաթոռներով եւ համալիրին մէջ կառուցել երեք պաստառներ եւս, օրական ընդունելու համար մինչեւ 5 հազար անձեր:

«Էյ. Էմ. Սի.»ն կը գործակցի սէուտական կառավարութեան եւ պետական ներդրումներու հիմնադրամին հետ՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն երկրին մէջ կառուցելու համար շարժապատկերի քառասուն սրահ:

Սէուտական Արաբիոյ Մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան նախարար Աուիտ Ալաուատ «Էսոշիէյթըտ Փրէս»ի հետ հարցազրոյցին մէջ ըսաւ, որ կառավարութիւնը նպատակ ունի հաւասարակշռութիւն մը հաստատել երկրի իսլամական աւանդութիւններու եւ ժողովուրդի շարժապատկերային փորձառութեան միջեւ:

«Մենք կ՚ուզենք, որ շարժապատկերները համապատասխանեն մեր մշակոյթին եւ յարգեն մեր արժէքները: Միաժամանակ մենք կը ցանկանք մարդոց պարգեւել գեղեցիկ շոու եւ իսկական վայելք՝  դիտելու իրենց սեփական շարժապատկերները», ըսաւ ան:

Շարժապատկերի նոր սրահը նոյնպէս օժտուած է աղօթելու  սենեակներով:

ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Շարժապատկերի սրահներու արգելքին վերջ դնելու Սէուտական Արաբիոյ որոշումը՝ հանրային լայն փոփոխութիւններու մաս կը կազմէ:

20-րդ դարուն մէջ Սէուտական Արաբիոյ  կառավարիչ Էլ Սաուտ գերդաստանը կրնար ապաւինիլ իշխանութեան երկու աղբիւրներուն՝ քարիւղի հարստութիւն եւ պահպանողական կրօնական հոգեւորականներու հետ ոչ-պաշտօնական համաձայնութեան: Բայց հիմա երկիրը պէտք է յարմարի 21-րդ դարուն, ուր քարիւղէն ստացուած հարստութիւնը բաւարար չէ պետական ծախսերը հոգալու եւ աշխատատեղիներ ստեղծելու համար, եւ ուր կրօնները աւելի նուազ ազդեցութիւն ունին, քան երբ անոնք անցեալին ըրած էին արքայական ընտանիքի նոր առաջնորդներու հետ:

Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու նման՝ Սէուտական Արաբիա չափազանց երիտասարդ է, 32 միլիոնէն աւելի բնակչութեան մեծամասնութիւնը 30 տարիքը տակաւին չէ բոլորած: Սելման թագաւոր իր ամենէն երիտասարդ որդիներէն՝ 32-ամեայ Մուհամմէտ պին Սելման իշխանը գահաժառանգի բարձր դիրքին նշանակած է մասամբ կապելու համար այս երիտասարդ մեծամասնութիւնը:

Բայց Մուհամմէտ պին Սելման իշխանը դժուար առաքելութիւն մը ունի: Ան պէտք է ղեկավարէ անցումը տնտեսութեան մը, որ աւելի նուազ կախեալ ըլլայ քարիւղէն, եւ ուր  երիտասարդ սէուտցիները հաւանաբար չվայելեն այն նոյն կենսամակարդակը, որ իրենց ծնողները ունեցած են: Անոնք երաշխաւորուած պիտի չըլլան պետական հատուածի պաշտօններով, եւ ստիպուած պիտի ըլլան աւելի ծանր եւ  շատ աշխատելու սեփական ասպարէզի մէջ:

Բնակարաններու գիները յաճախ բողոքի ալիքի պատճառ կը դառնան, իսկ առողջապահութիւնը եւ կրթութիւնը սկսած են սեփականաշնորհուիլ: Արեւմտեան վերլուծաբանները յաճախ կը խորհին, որ Սէուտական Արաբիան ի վերջոյ ստիպուած կ՚ըլլայ կրճատել տնտեսական յատկացումները իր բնակչութեան, եւ ատիկա կրնայ յանգեցնել քաղաքական յաւելեալ իրաւունքներու համար ճնշումներու:

Բայց կը թուի, թէ Մուհամմէտ պին Սելման իշխանը տարբերակ մը ունի:  Իրականութեան մէջ ան կ՚ըսէ. «Աշխատեցէ՛ք աւելի ծանր, մի՛ քննադատէք համակարգը, այլ աւելի շատ զուարճացէ՛ք»:

Դրացի Տուպայիի նման՝ ան կ՚առաջարկէ աւելի շատ ընկերային ազատութիւն՝ աւելի մեծ քաղաքական ազատութեան փոխարէն: Բայց արդեօք սէուտցիները աւելի ազատական ընկերութիւն կ՚ուզե՞ն: Տարիներ շարունակ սէուտցի  պաշտօնատարները կ՚ըսեն, որ բնակչութիւնը բաւական պահպանողական եղած է, այժմ անոնք այն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, որ բնակչութիւնը բաց է, աշխոյժ եւ արհեստագիտութեան ունակ:

Ըստ երեւոյթին, Սէուտական Արաբիոյ մէջ ընկերային  վերաբերմունքը շատ բազմազան է: Մարդիկ տարածուած են ընդարձակ երկրի մը մէջ՝ շատ տարբեր կենսապայմաններու եւ եկամուտի մակարդակներով: Աւելի քան մէկ միլիոն սէուտցի այժմ ուսանած է արտասահմանի մէջ, իսկ միւսները երկրին մէջ կ՚ուսանին շատ աւանդական մշակոյթով:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԿԻՆԵՐԸ

Կիներու կեանքը յատկապէս տարբեր է, որովհետեւ ուսանելու, ճամբորդելու եւ աշխատելու կարելիութիւները կ՚որոշուին իրենց տղամարդ «խնամակալին» կողմէ (հայր, կամ ամուսին, երբ ամուսնացած են):

Երբ կառավարութիւնը հանեց կիներու դէմ հաստատուած  ինքնաշարժ վարելու  արգելքը եւ սկսաւ խթանել տարիներ շարունակ արգիլուած համերգներ եւ շարժապատկերներ, փոփոխութիւններու կշռոյթներու եւ երկրի զարգացման վերաբերող բանավէճ սկսաւ: Ասիկա յատկապէս՝ կիներու իրաւունքներու պարագային:

Այդուհանդերձ, շարժապատկերի պարագային, արհեստագիտութիւնը արդէն շարժապատկերի արգելքը անհեթեթ դարձուցած էր: 2014 թուականին պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ համացանց գործածող սէուտցիներուն երկու երրորդը շաբաթը առնուազն շարժապատկեր մը կը դիտէ առցանց:

Տասն սէուտցիներէն ինն սմարթֆոններ ունին: Մարդիկ, որոնք օդանաւով կ՚այցելեն Պահրէյն կամ Տուպայի, կրնան հոն շարժապատկերի սրահներ յաճախել: Օդանաւային պետական ընկերութիւնը թռիչքի ատեն ցոյց կու տայ շարժապատկերներ, թէեւ՝ «ոչ-պատշաճ» պատկերները, ինչպիսիք են՝ մերկ բազուկներ կամ գարեջուրի շիշեր, յաճախ գրաքննուած են:

Նոյնիսկ կայ շարժապատկերի փառատօն, շարժական պաստառներով, եւ քանի մը սէուտցիներ սկսած են նկարահանել շարժապատկերներ, որոնց շարքին՝ գնահատանքի արժանացած «Ուատճա»ն եւ սիրային նիւթով՝ «Պարաքա կը հանդիպի Պարաքայի»ն:

ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՐԿԱՐ ՏԵՒԱԾ Է ԱՐՏՕՆԵԼԸ

Պետական մարմին մը կը նշէ, որ 2017 թուականին սէուտցիները ծախսած են շուրջ 30 միլիառ տոլար՝ Միջին Արեւելքի այլ վայրերու մէջ ժամանցի եւ հիւրընկալութեան համար:

Երբ քարիւղի հարստութիւնը նուազած է, եւ երկիրը տնտեսական նոր ասպարէզներ կը փորձէ զարգացնել, ակներեւ տնտեսական փաստեր կան ժամանցի, զուարճանքի ասպարէզները բանալու համար, եւ՝ այդ դրամները վերադարձնելու տուն, ուր ատոնք աշխատանքի առիթներ, կարելիութիւններ կրնան ստեղծել: Սէուտական Արաբիոյ մէջ բացուող շարժապատկերի առաջին սրահները իրականութեան մէջ կը  պատկանին կառավարութեան, պետական ներդրումներու հիմնադրամին միջազգային «Էյ. Էմ. Սի.» ցանցին:

Կառավարութիւնը ոչ միայն կ՚արտօնէ շարժապատկերի սրահները, այլ կը յուսայ շահ ապահովել ատոնցմէ: Փոխանակ հարցնելու՝ «Ինչո՞ւ հիմա», հարցումը պէտք է ըլլայ՝ «Ինչո՞ւ այդքան երկար տեւած է արտօնելը»:

Սակայն արգելքը միայն հանրային կարծիքին համար չէր: Պահպանողական ընկերային քաղաքականութիւնը մասամբ մշակուած է գոհացնելու համար ազդեցիկ հոգեւոր առաջնորդները: Այս ոչ-պաշտօնական գործարքով հոգեւորականները հիմնականին մէջ կը քարոզեն ղեկավարին հնազանդիլ՝ փոխարէնը հասարակական կեանքի եւ ընտանեկան իրաւունքի նկատմամբ գերակշռող ազդեցութիւն ունենալով: Այժմ այդ հոգեւորականներուն քաղաքական եւ ընկերային դերակատարութիւնը սկսած է փոխուիլ: Այո՛, պետութեան  նշանակած հոգեւորականները տակաւին կը մնան իրենց դիրքերուն վրայ՝ արտայայտելով պահպանողական տեսակէտներ, սակայն անոնք կ՚անսան քաղաքական առաջնորդներու որոշումներուն:

2017 թուականին գերագոյն միւֆթին մտահոգութիւն յայտնած է, որ շարժապատկերի սրահները կրնան ցուցադրել «անբարոյ» ժապաւէններ, եւ այդ սրահները պիտի խրախուսեն սեռերու միախառնումը: Այս հարցը միայն մէկ անգամ քննարկուեցաւ:

Երկրի հիմնադրութենէն ի վեր կարեւոր կարծիք կազմողներ կը նկատուէին հոգեւորականները, որոնք կրնային օգնել կառավարութիւններուն՝ հանրութեան համաձայնութիւնն ու յարգանքը ապահովել: Սակայն հոգեւորականներու հասարակական ազդեցութիւնը նոյնպէս կը նշանակէր, որ երբ հոգեւորականները այլախոհ ըլլան, անոնք կրնան հանրութեան զգալի հատուածներ իրենց հետ շարժել:

Ներկայիս ղեկավարութիւնը կը կարծէ, որ լիազօրուած հոգեւորականները կրնան քաղաքականապէս վտանգաւոր ըլլալ: Անոնք կրնան ոգեշնչել իսլամ ծայրայեղականներ, կամ՝ քաղաքական ուժի բաժնեկցութեան աւելի խաղաղ պահանջներ ունենալ: Կառավարութիւնը նշաններ կու տայ, որ անոնք աւելի նուազ ուժ եւ ազդեցութիւն պիտի ունենան, քան՝ անցեալին:

Այսպէսով, Ռիատի մէջ տեղի ունեցած առաջին ցուցադրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ժամանցը եւ զուարճանքը կրնան բացայայտել խոր, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային փոփոխութիւնները:

ՍԻՆԵՄԱՆԵՐԸ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

- Սէուտական Արաբիա կը հիւրընկալէ հեծելարշաւի կիներու իր առաջին մրցումը

- Սէուտական Արաբիա պիտի հիմնէ օփերա եւ նուագախումբ:

- Կիներու ինքնաշարժ վարելու արգելքին վերացումը  կը ցոլացնէ խոր փոփոխութիւններ ընկերութեան մէջ:

- Մուհամմէտ պին Սելման գահաժառանգ իշխանը թագաւորութեան ետին կանգնած ուժն է:

Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Պի.Պի.Սի.», «Թայմ»

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018