ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

ՃԱՇԱԿՈՒՄՆ

Հարցում. Քահանան Սուրբ Պատարագը ի՞նչ կերպով Ամենասուրբ Երրորդութեան կ՚ընծայէ:

Պատասխան. Նախ երեք անձերուն առանձին-առանձին օրհնութիւն կու տայ, ըսելով. «Օրհնեալ Հայր Սուրբ Աստուած ճշմարիտ». «Օրհնեալ Որդիդ Սուրբ Աստուած ճշմարիտ». «Օրհնեալ Հոգիդ Սուրբ Աստուած ճշմարիտ»: Ապա, առ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը կ՚ըսէ. «Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»: Դպիրներն ալ երգով նոյն փառատրութիւնը կը կրկնեն:

Հ. Այս ընթացքին քահանան ծածուկ կերպով ի՞նչ աղօթք կ՚ըսէ:

Պ. Քրիստոսէն շնորհք կը խնդրէ իրեն եւ ժողովուրդին համար, որպէսզի արժանապէս հաղորդուին Անոր անարատ Մարմինով եւ պատուական Արիւնով, ըսելով.

Նայեա՛ց Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս յերկնից ի սրբութենէ Քումմէ, եւ յաթոռոյ փառաց թագաւորութեան Քո, ե՛կ՝ ի սրբել եւ ի կեցուցանել զմեզ, որ ընդ Հօր նստիս եւ աստ պատարագիս: Արժանի արա՛ տալ մեզ յանարատ մարմնոյ Քումմէ եւ ի պատուական յարենէ եւ ի ձեռն մեր ամենայն ժողովրդեանս:

Ապա, երկրպագութեամբ Սեղանը կը համբուրէ եւ Սուրբ Մարմինը կ՚առնէ ու ամբողջը անապական արիւնին մէջ կը թաթախէ՝ ի նշան քրիստոնեաներու Սուրբ Մկրտութեան ու կ՚ըսէ.

Տէր Աստուած մեր, որ կոչեցեր զմեզ յանուն Միածնի Որդւոյ Քոյ Քրիստոնեայս, եւ շնորհեցեր մեզ մկրտութիւն հոգեւոր աւազանաւն ի թողութիւն մեղաց եւ արժանի արարեր զմեզ հաղորդիլ սուրբ մարմնոյ եւ արեան Միածնի Քո: Եւ այժմ աղաչեմք զՔեզ, Տէր, արա զմեզ արժանի ընդունել զսուրբ խորհուրդս զայս մեզ ի մեղաց թողութիւն, եւ գոհութեամբ փառաւորել զՔեզ ընդ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյդ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Հ. Ի՞նչ խորհուրդ ունի քահանային դէպի ժողովուրդ դառնալը՝ Սուրբ Խորհուրդը ձեռքին բռնած:

Պ. Ինչպէս այս ընթացքին ըսուած խօսքերէն կը տեսնուի, այս գեղեցիկ արարողութեան իմաստը՝ ժողովուրդին ջերմեռանդութիւնը շարժելն է դէպի Սուրբ Խորհուրդը եւ հաղորդուելու փափաքը յորդորել:

Հ. Ի՞նչ են այդ խօսքերը:

Պ. Ի սուրբ, ի սուրբ, պատուական մարմնոյ եւ յարենէ Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, ճաշակեսցուք սրբութեամբ, որ իջեալ ի յերկնից բաշխի ի միջի մերում: Սա՛ է Կեանք, Յոյս, Յարութիւն, Քաւութիւն, եւ Թողութիւն մեղաց: Սաղմոս ասացէ՛ք Տեառն Աստուծոյ մերոյ: Սաղմոս ասացէ՛ք երկնաւոր Թագաւորիս մերում անմահի, որ նստի ի կառս քերովբէականս1:

Հ. Քահանային ու ժողովուրդին Սուրբ Խորհուրդը ճաշակելը կամ հաղորդուիլը ի՞նչ արարողութեամբ կը կատարուի:

Պ. Նախ սարկաւագը կը քարոզէ քահանային վերջին խօսքերուն իմաստով, թէ՝

Սաղմոս ասացէ՛ք Տեառն Աստուծոյ մերոյ, դպի՛րք, ձայնիւ քաղցրութեամբ զերգս հոգեւորս, զի Սմա վայելեն սաղմոսք եւ օրհնութիւնք, ալէլուք եւ երգք հոգեւորք: Պաշտօնեայք, հանդերձ երգովք սաղմոս ասացէ՛ք, եւ զՏէր յերկինս օրհնեցէք:

Իսկ դպիրենրը կ՚երգեն այս հին ու գեղեցիկ երգը.

Քրիստոս պատարագեալ բաշխի ի միջի մերում, ալէլուիա:
Զմարմին Իւր տայ մեզ կերակուր, եւ սուրբ զարիւն Իւր ցօղէ ի մեզ, ալէլուիա:
Մատիք առ Տէր, եւ առէք զլոյս, ալէլուիա:
Ճաշակեցէք եւ տեսեք, զի քաղցր է Տէր, ալէլուիա:
Օրհնեցէք զՏէր յերկինս, ալէլուիա:
Օրհնեցէք զՆա ի բարձունս, ալէլուիա:
Օրհնեցէք զՆա ամենայն հրեշտակք Նորա, ալէլուիա:
Օրհնեցէք զՆա ամենայն զօրութիւնք Նորա, ալէլուիա:

Իսկ քահանան նոյն ընթացքին Սուրբ Մարմինը ձեռքին մէջ բռնած՝ կ՚ըսէ.

Զո՛ր օրհնութիւն, կամ զո՛ր գոհութիւն ի վերայ հացիս եւ բաժակիս ասասցուք: Այլ Յիսուս զՔեզ միայն օրհնեմք հանդերձ Հարբդ եւ Ամենասուրբ Հոգւովդ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Ապա չորս մասի կը բեկանէ ու բաժակին մէջ կը դնէ, ըսելով. Լրումն Հոգւոյն Սրբոյ:

Հ. Ի՞նչ է այս խօսքին իմաստը:

Պ. Երկու ձեւով կարելի է հասկցուիլ. մէկը այս, թէ «Սուրբ Պատարագին Խորհուրդը այդտեղ՝ Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբ աւարտին կը հասնի»: Միւսն ալ այս, թէ՝ «ինչպէս որ մեր Տէրը Քրիստոս խաչին վրայ ամենայն ինչ կատարեալ է ըսելով՝ Իր գլուխը խոնարհեցուց եւ Իր սուրբ հոգին աւանդեց, այդպէս ալ հիմա խորհրդական մահուամբ կը կատարուի Սուրբ Հոգիով խաչին վրայ մատուցած պատարագը»:

Հ. Քահանան ի՞նչ պատրաստութիւն կը տեսնէ ճաշակելու համար:

Պ. Նախ, առանձնաբար երեք աղօթք կը կատարէ առ Հայր եւ Որդին Միածինին, ապա ինքզինք կը տեառնագրէ, Սուրբ Հաղորդութենէն կը խնդրէ իր, ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին համար զանազան շնորհք եւ ողորմութիւն, ու իր թշնամիներուն եւ զինք ատողներուն մեղքերուն թողութիւն, եւ ահիւ ու դողութեամբ կը ճաշակէ Սուրբ Մարմինէն եւ բաժակէն՝ ըսելով.

Հաւատով հաւատամ յամենասուրբ Երրորդութիւնդ ի Հայր եւ յՈրդի եւ ի Հոգիդ Սուրբ: Հաւատով ճաշակեմ զսուրբ եւ զկենդանարար եւ զփրկագործ մարմինս Քո, Քրիստոս Աստուած իմ Յիսուս՝ ի թողութիւն մեղաց իմոց: Հաւատով ըմպեմ զսրբարար եւ զմաքրիչ արիւնս Քո, Քրիստոս Աստուած իմ Յիսուս՝ ի թողութիւն մեղաց իմոց: Մարմին Քո անապական լիցի ինձ ի կեանս, եւ սուրբ արիւն Քո՝ ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց:

Հ. Սարկաւագը կը հաղորդուի՞, թէ ոչ:

Պ. Ըստ կարգին, քահանայէն ետք պէտք է սարկաւագն ալ հաղորդուի, թէպէտ ներկայիս բազմաթիւ տեղեր այս գովելի սովորութիւնը դադրած է:

Հ. Ժողովուրդը ի՞նչ կերպով կը հաղորդուի:

Պ. Սարկաւագը վարագոյրը բանալով եւ բարձր ձայնով կ՚ըսէ. Երկիւղիւ եւ հաւատով յառաջ մատիք եւ սրբութեամբ հաղորդեցարուք:

Դպիրները Սաղմոսին խօսքով կը պատասխանեն. Աստուած մեր եւ Տէր մեր երեւեցաւ մեզ, օրհնեալ եկեալ անուամբ Տեառն:

Եթէ արժանաւորներ կան՝ կը հաղորդուին, եւ այս ընթացքին դպիրները խորհրդաւոր շարական մը կամ տաղ մը կ՚երգեն:

Ապա, քահանան Սուրբ ընծաներով ժողովուրդին վրայ կը խաչակնքէ ու կ՚ըսէ.

Կեցո՛ Տէր զժողովուրդս Քո, եւ օրհնեա՛ զժառանգութիւնս Քո, հովուեա՛ եւ բարձրացո՛ զսոսա յայսմհետէ մինչեւ յաւիտեան:

ԳՈՀՈՒԹԻՒՆ

Հ. Ճաշակումէն ետք ի՞նչ արարողութիւն կայ:

Պ. Վարագոյրը, մանաւանդ փոքր վարագոյրը (ուր որ կայ) կը քաշուի, եւ քահանան առանձին, դպիրներն ալ երգով գոհացողական աղօթքներ կը կատարեն, նոյն բանին յորդորուելով նաեւ սարկաւագին խսօքերէն:

Հ. Ո՞րն է դպիրներուն երգած առաջին գոհութիւնը:

Պ. Լցաք ի բարութեանց Քոց, Տէր, ճաշակելով զմարմին Քո եւ զարիւն. փա՛ռք ի բարձունս կերակրողիդ զմեզ: Որ հանապազ կերակրես զմեզ. առաքեա՛ ի մեզ զհոգեւոր Քո զօրհնութիւն, փա՛ռք ի բարձունս կերակրողիդ զմեզ:

Հ. Ծածուկ ի՞նչ աղօթք կը կատարէ քահանան այս ընթացքին:

Պ. Գոհանամք զՔէն, Հայր ամենակալ, որ պատրաստեցեր մեզ նաւահանգիստ սուրբ զեկեղեցի, տաճար սրբութեան, ուր փառաբանի Սուրբ Երրորդութիւնդ. Ալէլուիա:

Գոհանամք զՔէն, Քրիստոս Թագաւոր, որ պարգեւեցեր մեզ կենդանութիւն կենարար մարմնով եւ արեամբ Քով սրբով: Շնորհեա՛ զքաւութիւն եւ զմեծ ողորմութիւն. Ալէլուիա:

Գոհանամք զՔէն, Հոգիդ ճշմարիտ, որ նորոգեցեր սուրբ զեկեղեցի: Անարատ պահեա՛ հաւատով Երրորդութեանդ յայսմ հետէ մինչեւ յաւիտեան. Ալէլուիա:

Հ. Սարկաւագը ի՞նչ խօսքերով ժողովուրդին կը հրաւիրէ ի գոհացողութիւն:

Պ. Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք: Եւ եւս հաւատով ընկալեալք յաստուածային, սուրբ, երկնային, անմահ, անարատ եւ յանապական խորհրդոյս, զՏեառնէ գոհացարուք:

Հ. Ո՞րն է դպիրներուն երգած առաջին գոհութիւնը:

Պ. Գոհանամք զՔէն, Տէր, որ կերակրեցեր զմեզ յանմահական սեղանոյ Քոյ: Բաշխելով զմարմինդ եւ զարիւնդ ի փրկութիւն աշխարհի, եւ Կեանք անձանց մերոց:

Հ. Ո՞րն է Պատարագին վերջին հանդիսաւոր աղօթքը:

Պ. Որ օրհնես զայնոսիկ, որք օրհնեն զՔեզ, Տէր, եւ սուրբ առնես զյուսացեալս ի Քեզ: Կեցո՛ զժողովուրդս Քո եւ օրհնեա՛ զժառանգութիւնս Քո, զլրումն Եկեղեցւոյ Քո պահեա՛: Սրբեա՛ զսոսա, որք ողջունեցին սիրով զվայելչութիւն տան Քոյ, Դու զմեզ փառաւորեա՛ աստուածային զօրութեամբ Քով, եւ մի՛ թողուր զյուսացեալս ի Քեզ: Զխաղաղութիւն պարգեւեա՛ ամենայն աշխարհի, եկեղեցեաց, քահանայից, թագաւորաց քրիստոնէից եւ զինուորեալ մանկանց նոցա եւ ամենայն ժողովրդեանս: Զի ամենայն տուրք բարիք եւ ամենայն պարգեւք կատարեալք ի վերուստ են իջեալ առ ի Քէն, որ ես Հայր լուսոյ եւ Քեզ վայելէ փառք իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Դուն, որ Քեզ օրհնողները կ՚օրհնես՝ Տէր, եւ կը սրբացնես զանոնք, որոնք իրենց յոյսը Քու վրադ դրած են: Փրկէ՛ Քու ժողովուրդդ եւ օրհնէ՛ Քու ժառանգութիւնդ, Քու եկեղեցիդ ամբողջ եւ անսասան պահէ: Սրբէ՛ եւ մաքրէ՛ մեղքերէն Քու այս ժողովուրդդ, որ սիրով եկաւ ողջունեց Քու տաճարիդ փառաւորութիւնը: Դուն փառաւորէ մեզ Քու աստուածային զօրութեամբդ, եւ ձեռքէ մի՛ ձգեր մեզ՝ որ Քու վրադ դրած ենք մեր յոյսը: Քու խաղաղութիւնդ պարգեւէ ամբողջ աշխարհին, եկեղեցիներուն, քահանաներուն, քրիստոնեայ թագաւորներուն ու անոնց զինուորներուն եւ ամբողջ այս ժողովուրդին: Որովհետեւ ամէն տեսակ բարի տուրք եւ ամենայն կատարեալ պարգեւները վերէն կ՚իջնեն, այսինքն՝ Քեզմէ, ո՜վ լոյսի Հայր, եւ Քեզի կը վայելէ փառք, եւ այլն:

Հ. Դպիրները իրենց փառաբանութիւնները ի՞նչ երգով կը վերջացնեն:

Պ. Սաղմոսին այս տունը երեք անգամ կրկնելով. Եղիցի անուն Տեառն օրհնեալ, յայսմհետէ մինչեւ յաւիտեան:

Հ. Ի՞նչ կը նշանակեն քահանային այն խօսքերը, որ կ՚ըսէ ժողովուրդին դառնալով. “Կատարումն օրինաց եւ մարգարէից Դու ես Քրիստոս Աստուած Փրկիչ մեր, որ լցեր զամենայն Հայրակամ տնօրէնութիւնս Քո, լի՛ց եւ զմեզ Հոգւովդ Քով Սրբով”:

Ըսել կ՚ուզէ, թէ «Սուրբ Պատարագը այն ատեն արժանապէս մատուցած կ՚ըլլանք, երբ Սուրբ Հոգիով եւ Անոր բոլոր շնորհներովը կը լեցուինք, ուստի զայն կը խնդրենք Քեզմէ Քրիստոս Փրկիչ մեր»:

Հ. Ի՞նչ խորհուրդ ունի վերջին Աւետարանին կարդացուիլը:

Պ. Թէեւ այդ Աւետարանը Պատարագին հետ անմիջական կապակցութիւն մը չունի, սակայն ինչպէս որ եկեղեցական պաշտամունքներու եւ խորհրդակատարութիւններուն մեծ մասը Աւետարանով կ՚աւարտին, այդպէս ալ Սուրբ Պատարագը եւս Աւետարանով կ՚աւարտենք, որպէսզի իմացուի թէ մեր Տիրոջ Քրիստոսի կենարար վարդապետութեամբ կը սկսինք ու կ՚աւարտենք մեր հոգեւոր բոլոր գործերն ու աղօթքները:

Հ. Ինչո՞ւ համար սովորաբար որպէս վերջին Աւետարան Յովհաննէսի [Աւետարանին] առաջին գլուխը կը կարդացուի:

Պ. Գլխաւորաբար մէջի այն խօսքին համար, որ կ՚ըսէ. «Եւ Բանն մարմին եղեւ եւ բնակեաց ի մեզ», որ կը նշանակէ, թէ կը հաւատանք, որ Բանն Աստուած, Ամենասուրբ Կոյսին արգանդին մէջ մարմին եղաւ, այսինքն՝ մարդացաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, նոյն կուսածին մարմինով պատարագուեցաւ խաչին վրայ, եւ Պատարագի Խորհուրդով ամէն անգամ Անոր ներկայութիւնը կը նորոգուի մեր մէջ, ինչպէս այսօր եւս նորոգուեցաւ:

Հ. Ժողովուրդը ի՞նչ կերպով կ՚արձակուի:

Պ. Սարկաւագին քարոզութեամբ եւ քահանային օրհնութիւնն ընդունելէն ետք, կը մօտենայ ու կը համբուրէ քահանային ձեռքին մէջ եղող Սուրբ Աւետարանը ի նշան հաւատոյ, եւ ապա օրհնուած նշխարէն մաս մը կ՚առնէ ու կ՚երթայ՝ Աստուծոյ փառք ու գոհութիւն տալով: Այս ընթացքին դպիրները կ՚երգեն՝ «ի Տէր պարծեսցի անձն իմ» սաղմոսը, կամ ուրիշ խորհրդաւոր տաղ մը:

Իսկ քահանան ամբողջ ժողովուրդը արձակելէն ետք դէպի Սուրբ Սեղանը կը դառնայ ու երեք անգամ երկրպագութիւն ընելով կ՚ըսէ. «Տէր Աստուած Յիսուս Քրիստոս, ողորմեա՛ ինձ», ու աւանդատուն կ՚երթայ եւ զգեստները կը հանէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 14 եւ վերջ

Վաղարշապատ


1 Հին եւ ընտիր գրչագիրներուն մէջ այսպէս կը կարդացուի. “Սա է կեանք, յոյս յարութեան, քաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց…”, սակայն սովորական ընթերցուածին իմաստն ալ նոյնն է:

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020