ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԵՐ. ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ, ԳՈՐԾԱԴՐՈՒՄՆԵՐ
Աշխարհը ձեւով մը կառուցուած է համաձայնեցուածութեան վրայ, ինչ որ կը պարփակէ պատմական, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ շատ մը այլ երկար ու բարդ ճիւղաւորուած համակարգեր: Հասարակութիւնները օրէնքի իրանակացումէն ու գործադրութենէն առաջ մշտապէս հասած են իրենց կեանքը դասաւորող անգիր ու գրաւոր համաձայնութիւններու իւրացումներու ընդմէջէն, որոնք օրէնքի ոգին ըլլալու կողքին ճշդած են մարդկային պետական ու անհատական յարաբերութիւններու, համարկումներու եւ զարգացման ալ ձեւն ու բովանդակութիւնը: Պայմանագրերը որքան ալ իրաւագիտական առումով շատ մեծ տարածում չեն գտած ու գերակայ չեն եղած նախորդ դարերուն (որպէս կնքում), անոնց նախորդած են բանաւոր եւ նոյնիսկ ուժականակցուող շատ մը համաձայնութիւններ:
Ներկայ դարուն աննախադէպ ծաւալի հասած են պայմանագրերու կնքումները՝ անհատներու, ընկերութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ պետութիւններու պարագային: Ներկայիս մարդկային կեանքը, կրնանք ըսել՝ ամենաշատը տնօրինուած է գործող ու չգործող պայմանագրերով: Ներկայ դարը խորհրդանշող գործիքներէն մին դարձած է պայմանգրերը, անոնք տեղ մը, այո, օրինականացում իրագործելու ալ ցուցանիշ կրնան համարուիլ, բայց, միւս կողմէ կը պարզեն ներկայ աշխարհի տնտեսականացած համակարգն ու դասաւորուածութիւնը: Անկախ օրէնք բանեցնող կողմի զօրութեանց եւ հասանելիութեան՝ պայմանագրերու կնքման ահռելի աճը կը տանի վերջաւորութեան մը եւ սա միջազգային համակարգող ու համապարփակող օրէնքն է: Պետութիւնները որքան ալ նուազագոյն կամ առաւելագոյն կերպով ընդգրկուած ըլլան միջազգային օրէնքին մէջ, ինքնին տնտեսական բացուածութիւնն ու մանաւանդ տնտեսական մեծ համաշխարհայնացումը կը տանի ակամայ ենթարկուածութեան միջազգային օրէնքին: Այլ առիթով կարելի է քննութեան ենթարկել միջազգային օրէնքի ուղղուածութիւնը ու այսպէս ըսած՝ ծառայականութիւնն ու մեծ, փոքր ու միացեալ կեդրոնէ մը անոր տնօրինուած ըլլալը։ Միայն կրնամ ըսել փաստ մը. կան զարգացած երկիրներ (ինչպէս՝ Շուէտն ու Զուիցերիան), որոնց միջազգային օրէնքին նուազագոյն չափով գործադրումն ու անոր նկատմամբ յարգանքը կը փարատէ նոյն միջազգային օրէնքի խնդրականութեան աղբիւրը կամ անոր բովանդակութեան դաւադրականութիւնը: Այստեղ հարկ է յիշել, թէ փոքր երկիրներու գոյութիւնը, յարատեւումն ու զարգացումը ինքնին կրնանք համարել միջազգային նոր օրէնքի իրականացման արդիւնք:
Աշխարհի ամենամեծ համաձայնագրերը ուրուագծած են յետագայ զարգացուածութեան ուղին եւ մեծ պայմանագիր կամ համաձայնագիր ըսելով բնականաբար կը հասկնանք գերհզօր պետութիւններու միջեւ կնքուածները: Սկսելով ընդհանրական մակարդակէն (մանաւանդ պետութիւններու միջեւ), ընդհանուր առմամբ պայմանագրերու կնքումները կը համարուին միջազգային օրէնքին եւ համաձայնութիւններուն հիմքը: Համաձայնագիր կը նշանակէ կողմեր, իսկ կողմեր կը նշանակեն իրաւականութեան ճանաչում եւ այս սկզբունքէն բխած համակեցութիւններու ստեղծման սկիզբ: Համակեցութիւնները կը բերեն ազգերու եւ պետութիւններու միջեւ գոյակցութիւն, նաեւ կ՚ապահովեն յարաբերական հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ:
Քաղաքական պատմութեան առաջին համաձայնագիրը, ինչպէս բոլորս գիտենք, կնքուած է Ք.Ա. 1296 թուականին, Հին Եգիպտոսի եւ Հիթիթներու միջեւ եւ վերջ դրած է 200 տարուայ պատերազմի մը։ Այդ համաձայնագիրը հիմք հանդիսացաւ համաձայնական միջազգային դասաւորումներու:
Անթիւ, անհամար համաձայնագրեր կնքուած են պատմութեան ընթացքին. անոնցմէ քանի՞ հատի գործադրումը իրականացած է՝ դժուար է ըսել, բայց նաեւ չենք կրնար պատկերացնել միջազգային յարաբերութիւնները առանց պայմանագրերու: Ներկայ աշխարհի կառուցուածքը հասկնալու համար, բնականաբար, կրնանք յիշել երկու միջազգային բազմակողմանի համաձայնագրերը. առաջինը՝ 1919 թուականի Վերսայի համաձայնագիրը, որ վերջ տուաւ Առաջին աշխարհամարտին եւ երկրորդը՝ Փարիզի համաձայնագիրն է, որ կքնուեցաւ վերջ տալու Երկրորդ աշխարհամարտին, 1947 թուականին եւ որուն յաջորդեց ՄԱԿ-ի ստեղծումը եւ սկսաւ գործել ներկայ աշխարհի օրինաչափութիւը:
Ներկայիս կնքուած մեծ ու փոքր համաձայնագրերը ինչքա՞ն կը յարգուին, կրնանք պատասխանը ոչ շատ, բայց անոնք կը բանին հիմնական օրինաչափութեան մը համակարգին մէջ։ Միջազգային կնքուած պայմանագրերը ուժ ունին նայած իրենց գործադրման համար կիրարկել միջազգային ալ ուժը, որ մեր ժամանակներուն առաւելապէս կը հանդիսանայ միաբեւեռ աշխարհի իրավիճակով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024