ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ծուռ ճամբայով եւ ուղիղ ճամբայով ընթացողներուն միջեւ տարբերութիւն կա՞յ:
Պատասխան. Անշուշտ որ կայ: Ծուռն ու ուղիղը, շիտակը իրարու հետ չե՛ն համաձայնիր: Ծուռը ծո՛ւռ է: Շիտակը շիտա՛կ է: Ուղիղ ճամբայով ընթացողը արդար ու առաքինի կ՚ըլլայ: Ծուռ ճամբայով ընթացողը՝ հակառակը:
Առակացին մէջ կը կարդանք. «Երբ մարդուն ճամբան ծուռ ըլլայ՝ կը խոտորի. բայց մաքուր ընթացքը ուղիղ է» (Առ 21.8): Պարզ եւ յստակ: Եթէ մարդ ծուռ ճամբայով ընթանայ՝ կը խոտորի, այսինքն՝ կը հեռանայ ճշմարտութենէն, արդարութենէն: Իսկ մաքուր ընթացք ունեցողը, ուղղութեան մէջ կը մնայ եւ օր օրի ա՛լ աւելի կ՚ամրանայ ուղիղ ճամբային մէջ:
Ոմանք կը պատճառաբանեն ըսելով, ճիշդ է որ մենք երբեմն-երբեմն ծուռ ճամբաներով կ՚ընթանանք, սակայն չե՛նք խոտորիր, չենք մոլորիր, որովհետեւ գիտենք մեր ճամբան: Ընդհանրապէս այսպէս ըսողներն են, որ ամենէն շուտը կը խոտորին ու կը հեռանան ճշմարտութենէն, որովհետեւ սատանան իրենց մէջ եղող ինքնավստահութիւնը, որ ճամբուն սկիզբը առողջ ինքնավստահութիւն կ՚ըլլայ, կը հիւանդացնէ եւ զիրենք հպարտութեան տանելով դիւրութեամբ կը շեղէ ճշմարտութեան ու ուղիղ ճամբայէն:
Երբեմն ալ, մարդիկ կը գտնուին, որոնք կ՚ըսեն, թէ իրենք իրենց բնազդին կը հետեւին, աւելի ճիշդ իրենց բնա՛զդն է, որ կ՚առաջնորդէ զիրենք: Այս մասին եկէք կարդանք թերթիս աւագ գրիչներէն՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Քահանայ Քալփաքճեանի գրածը այս մասին: Արժ. Քահանայ Հայրը, կը գրէ. «Ըսինք, թէ բնազդը մարդուս հզօրագոյն ազդակն է, որ կը վարէ անոր շարժումները, արարքները եւ արտայայտութիւնները։ Այսպէս կը կարծէին ոմանք, եւ կը շարունակէին պնդել. կրօնքը եւ բարոյական կանոններ պէտք չէ՛ որ արգելք հանդիսանան ու ջանան զսպել եւ չափաւորել բնազդը։ Այս բնական եւ ֆիզիքական պատճառներուն նկատմամբ ոմանք կ՚ըսեն, թէ սուրբ համարուած կուսակրօններ իսկ երբեմն չեն կրցած դիմադրել այդ ուժին՝ բնազդի զօրութեան, եւ յայտնապէս կամ գաղտնապէս տեղի տուած են անոր առջեւ, երբեմն նոյնիսկ հրապարակային գայթակղութիւններու առիթ տալով։
Այս կէտին սա յիշեցնենք, թէ բացառութիւններ կրնան գտնուիլ, բայց անոնց գոյութիւնը երբեք չի՛ խախտեր էականը՝ սկզբո՛ւնքը։
Հարցը շիտակը ծուռէն, սուտը ճշմարիտէն, օգտակարը վնասակարէն կարենալ զանազանելու մէջ կը կայանայ։ Ուստի, երկու հակադիր արժէքներ պէտք չէ շփոթել։ Արդարեւ, կեանքի մէջ կը գտնուին այնպիսի «սխալ»ներ, որոնք ճիշդ են ընդունուած, եւ երբ մէկը սրբագրել եւ շտկել ջանայ զանոնք, կը կարծուի թէ «շիտակ»ը «ծուռ»ի փոխել կ՚ուզուի։ Սխալ մը եթէ ճիշդ է ընդունուած, զայն փոխելը շատ դժուար գործ է, քանի հաստատուած համոզում մը՝ սխալ կամ ճիշդ, փոխել գրեթէ անկարելի՛ է…»։ Պարզ եւ յստակ:
Ծուռ ճամբայով ընթանալուն պատճառով խոտորելուն հոգեւոր մէկ այլ հասկացողութիւնը այն է, որ մարդ երբ իր ճամբան կը ծռէ, այդպիսով կ՚ըմբոստանայ Աստուծոյ դէմ, կը հակառակի Աստուծոյ կամքին: Այնքան ատեն որ մարդ ուղիղ ճամբող կը քալէ, զերծ է այս փորձութենէն, սակայն, երբ սկսի խոտորիլ, շեղիլ, ապա ապստամբողի, ըմբոստացողի հագուստը կը հագնի, եւ վա՜յ այն մարդուն որ այս հագուստը հագուի, որովհետեւ այդպիսիին վախճանը շատ գէշ ու ծանր կ՚ըլլայ:
Աւելին, մարդ այս ճամբան բռնելով, իր՝ Աստուծոյ հետ ունեցած յարաբերութեան ալ կը սկսի ծռիլ, որով կը սկսի անընդհատ պատճառաբանութիւններ ու արդարացումներ փնտռել իր արարքներուն:
Գ. Թագաւորաց գիրքին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս Աքաաբ թագաւորը ըմբոստացաւ Աստուծոյ դէմ, չաստուածներու հետեւելով ու անոնց երկրպագելով, իր հետ նաեւ ժողովուրդէն շատեր: Այս պատճառով, Աստուած Եղիա Մարգարէն կը ղրկէ Աքաաբին ու ժողովուրդին, որպէսզի անոնց հետեւեալը փոխանցէ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու միտքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովա Աստուած է՝ Անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք» (Գ. Թգ 18.21): Մարդ իր որոշումներուն եւ բռնած ուղիներուն մէջ պէտք է յստակ ըլլայ, այսինքն՝ կամ պիտի զԱստուած հաճեցնէ եւ Անոր կամքն ու պատուիրանները կատարէ, եւ կամ ինքզինք պիտի հաճեցնէ, իր քմահաճոյքները կատարելով:
Անոնք որոնք ուղիղ ճամբայով կը քալեն, այսինքն՝ անոնք մաքուր ընթացք ունին՝ ինչպէս իմաստունը կ՚ըսէ, կը նմանին Դանիէլ մարգարէին, որ Դարեհ թագաւորին Բաբելոն երկրի վրայ նշանակած հրամանատարներն ու կուսակալները կը փորձեն յանցանք մը գտնել անոր վրայ, սակայն չեն յաջողիր: Դանիէլի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորութեանը գործերուն մէջ Դանիէլին դէմ գանգատելու պատճառ մը գտնել կը ջանային, բայց անոնք բնաւ պատճառ մը կամ չարութիւն մը չկրցան գտնել, վասն զի անիկա հաւատարիմ էր ու անոր վրայ բնաւ յանցանք մը կամ չարութիւն մը չգտնուեցաւ: Ուստի այս մարդիկը ըսին. “Մենք այս Դանիէլին դէմ ամենեւին գանգատելու պատճառ մը պիտի չգտնենք, մինչեւ որ անոր Աստուծոյն օրէնքին կապուած բան մը գտնենք”» (Դն 6.4-5): Այս համարներէն կը հետեւցնենք, որ Դանիէլ մարգարէն ամուր կառչած էր ուղիղ ճամբայէն, այսինքն՝ Աստուծոյ յանձնած էր ինքզինք եւ Անոր կը հետեւէր, Անոր կամքն ու պատուիրանները կը գործադրէր, որով Բաբելոնի մեծամեծները չեն կրցած նոյնիսկ մէկ սխալ գտնել անոր վրայ: Ինչո՞ւ. որովհետեւ Աստուծոյ ճամբայէն քալողը ո՛չ միայն ազնիւ ու հաւատարիմ կ՚ըլլայ Աստուծոյ հանդէպ, այլ՝ բոլորին հանդէպ անխտիր:
Երանի՜ որ մենք եւս Դանիէլի հաւատարմութիւնն ու վստահութիւնը ունենանք Աստուծոյ հանդէպ, կառչինք Անոր ու Անոր ճամբաներէն քալենք, հասնելու համար մեր յաւիտենական հանգիստին, վայելելու Իր ներկայութիւնը յաիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 94
Վաղարշապատ