Յակոբ Պարոնեան. Հայու Երգիծական Հանճարը
1878-ին, նիւթական դժուարութեանց հետեւանքով, Պարոնեան դադրեցուց «Թատրոն»ի հրատարակութիւնը, բայց շարունակեց մշակել երգիծական նոր գործեր, որոնք լոյս տեսան ատենի հայ մամուլի էջերուն կամ առանձին պրակներով։ Մինչեւ 1884 երկարած այդ շրջանի կարեւորագոյն գործերէն եղան «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» եւ «Ծիծաղ» գործերը, որոնք Պոլսոյ հայ կեանքի երգիծական քննադատութեան կողքին՝ քաղաքական բուռն խարանումի ենթարկեցին, այլաբանական պատկերներով, օսմանեան իշխանութեանց հակահայ քայլերն ու ճնշումները։
1884-էն մինչեւ 1888, Պարոնեան ձեռնարկեց «Խիկար» երգիծաթերթի հրատարակութեան։ Համիտեան բռնակալութեան պայմաններուն մէջ, գրաքննութեան հետ ամէնօրեայ առճակատումէն խուսափելով, Պարոնեան իր երգիծանքին լուսարձակները կեդրոնացուց հայ կեանքի ընկերային յոռի բարքերուն, անհատական եւ ընտանեկան բարոյականի անկումին եւ ազգային առողջ բնազդներու խաթարման ձաղկումին վրայ։
Անհամեմատօրէն բուռն եղաւ «Խիկար»ի սուր քննադատութեան արժանացած շրջանակներուն հակազդեցութիւնը։ Թէեւ ոչ մէկ ուժ կրնար լռութեան մատնել Պարոնեանի խայթող լեզուն, բայց նիւթական ճնշումներու տակ դարձեալ խափանուեցաւ Պարոնեանի հրապարակագրական գործունէութիւնը եւ այս անգամ այլեւս ընդմիշտ։ Նաեւ՝ նիւթապէս ծայր աստիճան անձկութեան մատնուեցաւ հայ երգիծական գրականութեան հիմնադիրն ու վարպետը։ Քայքայուեցաւ անոր առողջական վիճակը։ Բայց Պարոնեան շարունակեց նոր էջերով հարստացնել իր ժառանգութիւնը։
Հիւծախտը իր աւերը գործեց եւ, 1891-ի Յունիս 8-ին, շիջեցաւ հայ երգիծանքի անլռելի զանգակատունը հնչեցնող վարպետը՝ սերունդներուն ժառանգ ձգելով իր սրատես ու խորաթափանց հայեացքով լուսարձակի տակ բերուած անկորնչելի ճշմարտութիւններ։
Ահա՛ հասկաքաղ մը պարոնեանական անմոռանալի խայթոցներէն.-
- Դժբախտաբար, մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալու գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծուի. Ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան ու թեթեւները վեր կ՚ելլեն:
- Մեծ անուանց ներքեւ յաճախ պզտիկ բաներ կը պահուին:
- Շատ անգամ ոչինչ չըսող խօսք մը նշանաւոր մարդու մը բերնէն ելած ըլլալուն համար իբրեւ պատգամ կ՚ընդունուի. եւ շատ անգամ նշանաւոր խօսք մը աննշան մէկէ մը ըսուած ըլլալուն համար կարեւորութեան չ՚առնուիր:
- Ոսկեղէն դարուն մէջ կաթին քիչ մը ջուր կը խառնէին. տասնըիններորդ դարուն մէջ ջուրին քիչ մը կաթ կը խառնեն:
- Կար ժամանակ մը, ուր խաւարը լուսոյ դէմ կր կռուէր, տգիտութիւնը գիտութեան դէմ, անցեալն ապառնիին դէմ, հրամայականը սահմանականին դէմ, միսը բանջարեղէնի դէմ… Իսկ հիմա անցան այն ժամանակները. անոնք անցեալ են, մենք՝ ապառնին, անոնք խաւար են, մենք լոյս… անոնք միս են, մենք բանջարեղէն, անոնք վարունգ են, մենք՝ խնձոր…
- Եթէ այն ատեն դրամ եղած ըլլար, Ադամ եւ Եւան դրախտէն դուրս չէին ելներ. դրախտին դուռն կայնող պահապանին քանի մը դահեկան կու տային եւ մինչեւ այսօր դրախտին մէջ կը մնային։
- Երիտասարդութեան մէջ սիրելու համար կ՚ապրինք, իսկ ծերութեան մէջ՝ ապրելու համար կը սիրենք:
- Երիտասարդ մը կարծելու չէ, որ հաճելի է, այլ կարծելու է, ինչ որ ճշմարտութիւն է, որպէսզի ուրիշները իր վրայ չխնդացնէ:
- Գիտուն ըլլալուն ամենէն պարկեշտ եւ ուղիղ ճամբան իւր տգիտութիւնն ճանչնալն է:
- Ցաւալի է, որ գիտունի գրչով լուծելիք խնդիրները դերձակի մկրատով կը կտրուին շատ անգամ:
- Գիտութիւնը ժամացոյցի կը նմանի. զայն բանեցնելու համար միշտ լարել է պէտք:
- Ո՜վ շողոքորթութիւն… ամէն տարիք կը սիրէ քեզ:
Պարոնեան արժանացաւ «ազգային յուղարկաւորութեան»՝ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ եւ ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գործաւոր դասակարգի, ինչպէս նաեւ կարգ մը ամիրաներու ու ջոջերու ներկայութեամբ: Դամբանականը կարդաց Նարպէյ Արքեպիսկոպոս, որ իր կարգին՝ «Ազգային ջոջեր»ուն մէջ Պարոնեանի սուր երգիծանքին թիրախ դարձած էր: Մարմինը ամփոփուեցաւ Օրթագիւղի գերեզմանատունը, «մեռելոց այդ հանդարտիկ բնակարանին մէկ անկիւնը, տխուր ու մենաւոր»: Բայց նոյնիսկ տապանաքար մը չկանգնեցաւ անոր շիրիմին վրայ եւ շուտով մոռցուեցաւ գերեզմանին ճշգրիտ վայրն ալ…
Բայց ո՛չ, գերեզմանով թէ առանց գերեզմանի, Յակոբ Պարոնեան իր ան-կըրկնելի գրականութեամբ յաւերժ կ՚ա-պրի հայոց սրտին ու մտքին մէջ՝ իբրեւ անմահութիւնը նուաճած հայ երգիծագրութեան անհասանելի գագաթը։
Չեն մեռնիր այնքա՜ն պարզութեամբ, սրատեսութեամբ եւ խորաթափանց իմաստութեամբ, այլեւ՝ ինքնահաւատարմութեան արեամբ գրուած Յակոբ Պարոնեանի գործերը։
շար 2 եւ վերջ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ