ԹԹԵՆԻՆԵՐԸ

Փըթ-փըթ կը թափին հասած թութի հատիկները:

Թթենիին լայնատարած ճիւղերուն յատակը՝ գետինը, ասֆալթին վրայ մի առ մի կ՚իյնան անոնք, կը հաւաքուին քով քովի, կտուրներուն խմբուած ծիծեռնակներուն նման:

Ծիծեռնակները: Որքա՜ն ազատ, որքա՜ն մտերիմ են: Ամէն երեկոյ՝ արեւնամուտին, պատշգամէս կը դիտեմ զանոնք, խումբ-խումբ կը մօտենան ու կը հեռանան. մկրատաձեւ պոչիկներով կը սաւառնին, զիլ ձայներով իրենց ներկայութիւնը կը հաստատեն ու դուն մօտէն կը դիտես անոնց ճախրումը, սիրել սիրուիլը, ապրելակերպը. բնութեան մէկ մասնիկն են, անբաժան, իրական, դարերու մեր բարեկամները բարի: Իսկական բարեկամները, նեղութեան եւ ուրախութեան մեր բաժնեկիցները:

Մենք ալ ծիծեռնակներուն նման ենք, մենք՝ գաղթականներս: Մենք, որ մե՛ր կեանքի «գարնան» եկանք ու գարո՛ւն է մեզի համար միշտ, անվե՜րջ: Հոս ենք մենք, ետ դարձ չկայ, սակայն փոխարէնը տուն կը փոխենք, տարին մէյ մը, երկու տարին մէյ մը վարձով նոր բնակարանի մը որոնումը կը յիշեցնէ մեզ մեր գաղթը եւ տարուէ տարի ծանրացող ծրարին մէջ Աստուածաշունչը թխմեով կը պտըտինք տունէ տուն:

Թութերը թափած են ծառին յատակը, ասֆալթը հոն ճերմակ ներկուած, անդին՝ կարմիր, միւս մայթի եզրին՝ գինեգոյն...

Ուրախ են թթենիները, մա՛նաւանդ երբ մանուկները կը մագլցին ճիւղերն ի վեր, բարձրերէն թութ ուտելու, կամ իրենց շուքին, տերեւախիտ ճիւղերուն մէջ, հաստ կոճղերուն ետին պահուըտուք խաղալու:

Ուրախ է այս մեր թաղի թթենին եւս անցորդներուն ուրախ հայեացքներով, իր համ ու հոտով հմայուողներով, իրեն հոգացողներով, բայց միթէ անցորդները նոյն աչքով կը դիտե՞ն մարդիկը, նոյն հոգատարութիւնը կը ցուցաբերե՞ն իրենց նմաններուն...:

Փըթ-փըթ կը թափին թութերը,

Քաղցր, համեղ, հիւթալի, մեղրածոր թութերը կը թափին գետին,

Մինչ ճիւղերուն վրայ կը մնան տհաս, արեւուն կարօտ,

Լոյս, ջերմութիւն տենչացողները:

Յաճախ կը տեսնեմ անցորդներուն ոտքի կոխան հասուն թութերուն ճզմուիլը: «Հարեւան»ս չ՚ուշանար զանոնք իսկոյն աւելով մը ժողվելու:

Մարդկային բնազդը չէ՞ միթէ այս, որ ոտքի կոխան կը դարձնէ հասուն, գիտակից անհատները, կ՚անտեսէ զանոնք, կը թերագնահատէ, կը պարսաւէ, կ՚անարգէ նոյնիսկ, մանաւանդ երբ բարի է ոտնակոխ դարձողը, համբերատար, իրաւունքները չպահանջող, չխօսո՜ղ: Մինչ հոն տհասները, թթուները, խօսքի արուեստին գիտակցութիւնը վայելողները, ունեւորնե՛րը կը մեծարուին, կը բարձրացուին, կը գերագնահատուին, կ՚արժանանան ամէն բարիքի: Է՜հ, «հալալ ըլլայ» կ՚ըսէ ժողովուրդը:

Բայց պէտք է անգամ մը, երկուք ոտնակոխ ըլլալ, որ սթափիլ գիտնաս ու ա՛յն ատեն միայն իսկապէս հասուննաս ու թթու, լեղի, նոյնիսկ աղի եթէ ըլլաս՝ մարսուիս:

Մեծերուն խորհուրդներով դաստիարակուած ենք՝ «Լռութիւնը ոսկի է», կ՚ըսէին: Լռեցինք ամէն ինչի, տոկացինք ամէն ցաւի, կորուստի..., պահեր եղան, երբ բորբոքած կ՚ուզէինք ժայթքիլ, փրփրիլ, դուրս թափել մեր ներսը կուտակուած թոյները, մարդկային վարուելակերպի պատճառով կուտակուածները, բայց յիշեցինք դարձեալ դաստիարակութեամբ ջամբուածները՝ «հաշիւ ըրէք ձեր խօսքերուն, որ յանկարծ չվիրաւորէք դէմինը, հասկցէք անոր ներսը, դուք ձեզ նախ անոր տեղը դրէք, հագուեցէք անոր տարազը, իր վիճակը ընկալեցէք եւ անկէ վերջ միայն պատասխանեցէք: Մարդը վիրաւորելը շա՜տ դիւրին է՝ «Լեզուն ոսկոր չունի», բայց վէրքը բուժելը՝ շա՜տ դժուար է: Կոտրած ապակեայ բաժակը չի շինուիր» եւ այլն, եւ այլն:

Երեք կապիկները յիշեցի յանկարծ, այս չինական ուսմունքի պատառիկը որքա՜ն հզօր է՝ չար խօսքեր չխօսիլ, չարը չտեսնել, չարին մասին չլսել, որ պաշտպանուած ըլլայ անհատը չարէն: Ամէնուր է չարը, կարելի չէ չլսել, չտեսնել, բայց կարելի է չխօսիլ, բերանը փակել, ահա թէ ե՞րբ կը բացայայտուի լռութեան հզօրութիւնը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019