ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)

Ա.

ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Ամուսնութիւնը հին դարերու ընթացքին: Բազմայրութիւն եւ բազմակնութիւն: Ամուսնանալու երեք կերպերը. առեւանգում (աղջիկ փախցնել), գնում (պաշլըղ) եւ փոխադարձ համաձայնութիւն: Կնոջ դրութիւնը: Նախնական ընտանիք, արենակցական ընտանիք, փունալուա (խմբակային ամուսնութիւն)

Երկրորդ ձեւը գնումն է, կամ աւելի ճիշդ ըսած, փոխանակումը այլ «ապրանքի» մը հետ: Կինը ցանկալի առարկայ մը կը դառնայ, որուն տիրելու համար այր մարդը իր ձին, իր տաւարը, մէկ զգեստը, մէկ զէնքը, մէկ օղը, մէկ զարդը, եւ այլն կը վճարէ: Ասիկա աւելի մեղմ, աւելի քաղաքակրթուած միջոց մըն է. կինը դարձեալ որոշ գին կը ստանայ, թէեւ յաճախ աւելի արժան, քան որեւէ մէկ թանկագին առարկայ:

Ժամանակակից քանի մը ազգերու եւ մահմետական ցեղերու մէջ աղջիկը պարզապէս դրամով կը գնուէր, եւ այսպիսով հարուստը հարեմներ սարքելու հնարաւորութիւն կ՚ունենայ: Մեր ժամանակներուն այս ձեւը մահմետական ազգերուն մէջ գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ Կաֆրներու եւ ուրիշ նեկրերու մէջ: Ափրիկեան ցեղերէն մէկուն թագաւորը կրնայ մինչեւ 3300 կին ունենալ (սակայն ո՛չ աւելի): Մատակասքար, Մարկիզ եւ դրացի կղզիներու վրայ, Ափրիկէի եւ ամերիկեան հնդիկներուն մէջ, բազմակնութիւնը մինչեւ այսօր ալ բնական երեւոյթ է:

Չինացիներն ու թուրքերը (նոյնիսկ կրթուած դասակարգը) ներկայիս ալ ամուսնութեան այդ պախարակելի ձեւը կը պահեն: Միաժամանակ զարմանալի է, որ արդէն բաւականին քաղաքակրթուած ճաբոնցին եւս տակաւին հարեմական կացութենէն չէ հրաժարած: Ճշմարիտ է, այնտեղ, ինչպէս նաեւ Չինաստանի մէջ, օրինական կը համարուի միայն առաջին կինը, այն ինչ Թուրքիոյ մէջ առաջին չորս կիներն ալ իսկական ամուսիններ են: 

Մարդիկ կնոջ այս ստրկական դիրքին դէմ միշտ ալ բողոքած են: Նոյնիսկ հին դարերուն բազմակնութեան կողքին, մենք միակնութիւն կը տեսնենք, ամուսնական այս լաւագոյն ձեւը, որով իսկական ընտանիքը, սրբազան օճախը կը հիմնուի:

Միակնութիւնը փոխադարձ հաճութիւն կը պահանջէ, եթէ ոչ հարսին ու փեսային, գոնէ անոնց ծնողներուն մէջ: Յաճախ ծնողները իրենց զաւակները կը նշանադրեն ու կ՚ամուսնացնեն, թէեւ պսակուողները նոյնիսկ զիրար տեսած ալ չըլլային: Նահապետական ժամանակներուն արեւելեան ցեղերուն մէջ այսպէս էր. այն ինչ հռոմայեցի աղջիկը ինք կ՚ընտրէր իր փեսացուն, ու ծնողները չէին ստիպեր իրեն չսիրած երիտասարդին հետ ամուսնանալ: Կելտ օրիորդն ալ իր ընտրութեամբ կ՚ամուսնանար.- որուն որ հրամցնէր խմիչքը՝ ան կ՚ըլլար իր փեսացուն: Մի քանի սեւամորթ ցեղերու մէջ աղջիկը ազատ է մի քանի օր մի քանի այր մարդոց հետ երթալ անցընել ու յետոյ պսակուիլ անոր հետ ու կամ թէ դարձեալ հօր տուն վերադառնալ, ըստ իր հաճութեան: Այսպիսի փորձերը այդ աղջկան համար արգելք չեն ըլլար իրեն համար ամուսին գտնելու:

Այստեղ անկարող ըլլալով երկար կանգ առնել ընտանիքի զարգացման վրայ, ինչ բանի մասին խումբ մը գիտնականներ հետազօտութիւններ կատարած են, ես Շրէօտէրի կարծիքը յառաջ կը բերեմ այդ կարեւոր խնդիրի մասին:

Նախնական ընտանիքին մէջ սեռական յարաբերութիւնները կը կատարուին ընտանիքի բոլոր անդամներուն միջեւ, առանց խտրութեան, իսկ օտար մարդը ներս չէր ընդունուիր: Ընտանիքը մէկ մարմին կը կազմէր, որ անհրաժեշտ էր թէ՛ գազաններէն եւ թէ՛ ուրիշ մարդկային խումբերէ պաշտպանուելու համար: Նախնական ընտանիքին մէջ իւրաքանչիւր կին բոլոր այր մարդոց կը պատկանէր եւ ընդհակառակը: Արենակցութեան մասին ո՛չ մէկ հասկացողութիւն կար եւ ո՛չ իսկ նախանձի նշոյլ:

Ընտանիքի զարգացման երկրորդ փուլը արենակցական ընտանիքը կը կազմը, որու մէջ սեռական կապ ունին մի միայն առաջին պորտի անհատները.- ծնողները, երեխաները եւ եղբօր ու քրոջ զաւակները: Այս ընտանիքէն դուրս կը վռնտէին յետագայ սերունդները, որոնք կը հեռանային ու նոր արենակցական ընտանիքներ կը կազմէին: Այստեղ արդէն կ՚արգիլուէր հօր՝ իր աղջկան մօտենալ, իսկ մօրը՝ տղային. բայց եղբայրները քոյրերուն հետ կ՚ամուսնանային, եղբօր եւ քրոջ զաւակները իրենց հօր եւ մօր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ:

Յետոյ նոյն մօրմէն ծնած զաւակներուն նոյնպէս կ՚արգիլուի միանալ, եւ չհասութեան գաղափարը սկիզբ կ՚առնէ: Սակայն, հասարակաց ձեւը պահպանուած կը մնայ, այսինքն՝ քոյրերը, կամ հօրեղբօր, մօրաքրոջ, քեռիի աղջիկները ընդհանուր ամուսին կը դառնան մի քանի այր մարդոց, միայն ասոնց մէջ եղբայրներ չկան այլեւս: Նոյնպէս մի քանի եղբայրներ միասին մի քանի կիներու հետ կ՚ամուսնանան, որոնց մէջ իրենց քոյրը պէտք չէ ըլլայ:

Ա՛յս էր պունալուա կոչուած ընտանիքը:

Քաղաքակրթութիւնը, քրիստոնէական մարդասէր ուսմունքի վրայ հիմնուած, կնոջ դիրքը բարձրացուց, ստիպեց, որ օրէնքը կինն ալ իբրեւ իրաւաբանական անհատ ճանչնայ, տալով անոր այր մարդուն հաւասար, գոնէ մի քանի իրաւունքներ: Այսպիսով, ան կինը հանեց էգի ու գրաստի դրութենէն: Աւա՜ղ, ո՛չ ամէն տեղ: Մահմետական, այսպէս ըսած հակակին ուսմունքը, հակառակ ամենատարրական մարդասիրութեան զգացմունքին, Քրիստոսէ վեց դար ետք կը սրբագործէ ստրկութիւնը, բազմակնութիւնը արտօնելով:

Բ.

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ամուսնութեան օգտաւէտութիւնը առողջապահական տեսակէտէ: Պատճառները: Ազապներու հիւանդութիւնները: Ժուժկալութեան վատ հետեւանքները կնոջ վրայ: Ամուրիներու ջղային դրութիւնը: Հիստերիա եւ խելագարութիւն: Ընտանեկան կեանքի բարոյական կողմը:

Ամուսնական կեանքը ազապութեան վրայ մեծ առաւելութիւններ ունի: Բազմաթիւ հետազօտութիւններ եւ բոլոր երկիրներու մէջ հաւաքուած վիճակագրական տեղեկութիւններ յայտնած են այն իրողութիւնը, թէ ամուսնական կեանքը միայն կրնայ իսկապէս առողջապահական համարուիլ, թէ ընտանիքի մէջ մարդ աւելի առողջ կ՚ըլլայ, աւելի տոկուն, աւելի գործունեայ, եւ որ գլխաւորն է՝ աւելի երջանիկ:

Այս վիճակագրութիւնները ապացուցած են, որ պսակուածներուն մէջ աւելի քիչ կը պատահին հոգեկան զանազան հիւանդութիւններ (հիստերիա, խելացնորութիւն), ինքնասպանութիւններ, ի վերջոյ վաղաժամ մահ, քան ազապներուն: Ապացուցուած է եւ այն յայտնի իրողութիւնը, որ այս վերջիններուն մէջ քրէական յանցաւորներու թիւը աւելի մեծ է, քան ամուսնացածներու: Կիները նոյն չափով կ՚օգտուին ամուսնութենէն, ինչ որ այր մարդիկ, եթէ միայն հասունցած (չափահաս) տարիքի ամուսնացած են: Այսպէս, նոյնիսկ ծննդաբերական շրջանին (20-45 տարեկան), երբ կիները զանազան ծննդական վտանգալից հիւանդութիւններու կ՚ենթարկուին, աւելի երկարակեաց են (անշուշտ միջին թիւով), քան նոյն տարիքի օրիորդներն ու այրիները: (Եթէ աղջիկը աւելի մատաղ, դեռահաս տարիքի մէջ կ՚ամուսնանայ, բոլորովին հակառակը կը նկատուի, ինչպէս ետքէն կը տեսնենք): Այսպէս, Եւրոպայի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ հաւաքուած վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ամուսնացած թէ՛ այր մարդը եւ թէ՛ կինը մէկուկէս մինչեւ երկու անգամ աւելի երկար կ՚ապրին, քան ամուրիները: Այս թիւին մէկ մասը անշուշտ այն վատառողջներն ու թոյլերը կը կազմեն, որոնք ընդունակ չեն ըլլար պսակի տակ մտնելու ու ազապ կը մնան: Այս տարբերութիւնը աւելի եւս մեծ է բարձր տարիքի մէջ: Եւ, իրապէս, 100 այր մարդէն 60 տարեկանի կը հասնին 48 ամուսնացածներ ու միայն 22 ազապ: 80 տարեկան ունեցողներուն մէջ 9 պսակուածին 3 ազապ կ՚իյնայ:

Նկատենք, որ այրիները աւելի եւս շուտ կը մեռնին, քան ազապները:

Ամուսնացածներուն այս պակասաւոր մահացումը (ամուրիներու եւ մանաւանդ այրիներու հետ համեմատելով) կը բացատրուի այն առողջապահական կեանքով, որ թէ՛ այր մարդու եւ թէ՛ կնոջ համար համակեցութիւնը, ընտանիքը կը ստեղծուի:

Ամենէն առաջ սեռական յարաբերութիւններ մաքուր ու անվտանգ կը մնան. այդ ֆիզիքական գործողութիւնը չափաւոր կերպով կը կատարուի, առողջապահական լաւ պայմաններու մէջ, առանց այն յուզումներուն եւ վտանգներուն, որոնց ենթարկուած են ազապ մարդու կամ կնոջ մերձաւորութիւնները:

Ես չեմ խօսիր, այսպէս կոչուած «բարձր դասակարգի», հարուստներու «ազապ կեանքի» մասին իր անքուն գիշերներով, իր արբեցնող ու անբարոյականացնող ընթրիքներով եւ իր վայրկենական «սիրով» գնուած (եւ յաճախ ալ, ափսո՜ս, առողջութեան գնով գնուած) կիներու հետ: Աւելի խղճալի է պանդուխտ բանուոր դասակարգը, որ, իր պապերուն հողը ձգելով, կամ առանց հողի մնալով, իսկ, աւելի յաճախ, նաւթային ճառագայթներէն կուրցած, հեռու պանդխտութեան կ՚երթայ եւ այնտեղ իր առողջութիւնը կը վատնէ գինետուներու ու պոռնկանոցներու մէջ, թունաւորելով իր ամբողջ կազմուածքը՝ սպիրտով ու սիֆիլիսով:

Այր մարդիկ գոնէ, հնարաւորութիւն ունին բաւարարութիւն տալու իրենց բնական պահանջներուն եւ անոնք աւելի քիչ կ՚ենթարկուին այն բազմաթիւ ջղային հիւանդութիւններուն, որոնց հիմնաքարը ֆիզիքական սիրոյ անբաւականացումն է: Երկրորդ, ատկէ այր մարդը աւելի զբաղուած ըլլալով իր պարապմունքներով, ֆիզիքական մտաւոր աշխատանքով, ստրուկ չի՛ դառնար իր սեռական հակումներուն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2023