«ԷԹԻՔԷԹ»

-Դո՛ւք երեքդ,- ըսաւ մեր ակումբի մեզի համար այդ օրերու «մեծերէն»՝ ընկ. Ժամագործեան, մեր մօտ, սենեակ մտնելով, բարձրաձայն եւ հրանգող ոճով: Իսկ մենք երեք ընկերներով ակումբի «Քրիստափոր» գրադարանի երկար ու մաշած սեղաններու վրայ, մէկ կողմէ կարդալով, միւս կողմէ ալ իրարու հետ կատակելով, հո՛ն, զանազան երկիրներէ Հալէպ նոր հասած հայ մամուլի թերթերը, հիները նորերով փոխարինելով, կամ թուականի շարքերու տեղադրումներով զբաղուած էինք.

-Այսօր, նորէն դո՛ւք պիտի շարէ՛ք բակի աթոռները. երեկոյեան ձեռնարկ կայ...:

Այսչափ խօսեցաւ ու իրականութեան նայող հարազատի իր աչքերը մեր վրայ պտտցնելէ ետք, գրադարանի դուռը բանալով, արագօրէն դուրս ելաւ:

Այդ օրերուն, մեր այդ պատմական քաղաքէն ներս, հանդիսութիւն, թատերախաղ, տօնակատարութիւն ու նման «մեծ» ձեռնարկներ, յատկապէս գարնան եւ ամրան երեկոներուն, անպակաս կ՚ըլլային: Այդ բոլոր հրապարակային առիթներն ու երեկոյթները կանոնաւոր եւ կազմակերպուած լրջութեամբ մեր ակումբի բակին մէջ տեղի կ՚ունենային:

Ու մեզի նման, տակաւին հազիւ նախակրթարան աւարտողներուս, բակին մէջ զանազան մանր-մունր եւ թեթեւ «աշխատանքներու» կողքին, այս առթիւ նաեւ կը տրուէր հանդիսատեսներուն յատուկ ակումբի բակին մէջ աթոռ շարելու պարտականութիւնն ալ, զոր սիրայօժար կը կատարէինք:

Առաջին անգամը չէր, որ մեր ակումբի այս «մեծ ընկերը», մեզի մօտենալով, նման հրահանգովը «կ՚ուրախացնէր»: Վերջապէս ի՞նչ կը նշանակէր այս: Շրջապատէն ներս, մեր տարեկիցներու մօտ՝ բախտաւորներէն էինք:

Աթոռ շարել: Գիտէ՞ք, այդ օրերուն մեզի համար ի՜նչ մեծ պատիւ էր: Այսպէս, ամէն առիթով մենք երեքով, ակումբէն ներս նախընտրելիներու շարքին դասուած, մեր ընկեր պատանիներու նախանձոտ աչքերուն տակ, սիրով կ՚ուզէինք կատարել այս աշխատանքը եւ միշտ...: Այլ խօսքով՝ այս բոլորը կը պարզէին ակումբի մեր մեծերուն, մեզի հանդէպ ունեցած պերճախօս արտայայտութիւնը, անոնց սէն ու հաւատքը:

Ու ընկ. Ժամագործեան, որ մեզի իրբեւ հնազանդ եւ պարտաճանաչ տղաք, այս անգամ ալ երեքս ընտրած էր:

-Այս երեկոյ,- դարձեալ շարունակ,- հոս, ակումբէն ներս դասախօսութիւն մը կազմակերպուած է: Եգիպտոսէն մեծ «մէկը» եկած է, ղեկավար մը, որ պիտի խօսի միայն մեծերուն: Ուրեմն, բակին մէջ աթոռներ պէտք է շարուին, նարտիները պէտք է վերցուին, աթոռներուն վրայ հրաւիրեալներու անունները պէտք է դրուին: Պէտք է... ու պէտք է... եւ շատ մը այլ ու էական «պէտք»եր:

Այդ օրերուն, հաւատացէ՛ք, նոյնիսկ մեր սիրելի ակումբէն ներս, աթոռ շարելը, որ բեռնակրութեան կամ սպասաւորի աշխատանքի նման եւ համազօր էր, մեզի մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր: Ու մենք առանց տրտնջալու, առանց բողոքելու կը տանէինք այդ աշխատանքը, որովհետեւ այդ «գործերէն» ետք, մենք բակի սեղաններն ու անոնց վրայի նարտիները հաւաքելէ եւ պատերուն տակ տեղաւորելէ ու աթոռները կարգով շարելէ յետոյ, կրկին գրադարանէն ներս պիտի մտնէինք ու անոր լայն պատուհանը բանալով, անձայն եւ կանուխէն պիտի տեղաւորուէինք ու իբրեւ գերագոյն վարձատրութիւն՝ պիտի ընբոշխնէինք օրուան ձեռնարկը, ըլլար ան թատերախաղ, դասախօսութիւն կամ տօնախմբութիւն:

Ապա, մեր «պօս»ը, մեզի իր հրահանգը տալէ ետք, երբ արդէն մենք մեր տուները հասած կ՚ըլլայինք, ինք՝ ակումբի բակը վերէն-վար կը ջրէր ու մինչեւ անոր չորնալը, ակումբի մօտ գտնուող իր տունը կ՚երթար ու նոր զգեստով կը վերադառնար, մինչ՝ մեր պատմական քաղաքի այդ պատմական տաքը, արդէն չորցուցած կ՚ըլլար ակումբի թաց գետինը:

Այս հաճելի հրահանգէն ետք, վայրկեանին եւ առանց տատամսելու, գրադարանէն ներս մեր «աշխատանքը» դադրեցնելով ու իրարու հետ համաձայնելով, որոշեցինք ժամ մը ետք կրկին ակումբ հանդիպիլ: Թուաբանական պարզ եւ արագ հաշիւ: Ու թռչունի արագութեամբ ու պատառ մը հաց խածնելով, ճիշդ ժամուն արդէն տունէն վերադարձած, սկսած էինք բակի երկայնքին ու լայնքին աթոռները կարգով շարելու մեր աշխատանքին:

Բայց յանկարծ, մեզմէ մէկը, հրաւիրեալներուն թուղթերը ճշդուած աթոռներուն վրայ տեղաւորած պահուն, անհանգիստ ջիղով ինծի մօտենալով ըսաւ.

-Ընկ. Աւետիսը սխալած է...:

Արագ մը ըսած էր, ե՛ւ ցած ձայնով, ե՛ւ իրմէ մեծին յանցանքը գտնողի միամտութեամբ եւ նոյնքան ալ՝ հպարտութեամբ:

-Նայէ՛,- շարունակած՝ Ճշմարտութիւնը փնտռող պարզ աչքերով,- ընկ. Լուտերի անունը հո՛ս է, եւ այս թուղթին վրայ ալ՝ «Արեւելք»ի անունը... է՛հ, երկուքն ալ նոյնն են... գնա՛, դուն ըսէ՛... յիշեցո՛ւր սխալը... քեզ լա՛ւ կը ճանչնայ... ըսէ՛, որ թերեւս սխալած է... վերջապէս ամօթ է... չէ՞...:

Այս նախադասութիւնը ըսած էր մեծագոյն գաղտնիք մը յայտնաբերողի ոճով: Իմ կարգիս, մեր «պօս»ին ըսելու պէտք չկար, արդէն ինք ճիշդ մեր ետեւն էր կանգնած եւ նոյնիսկ լսած ամէն բառ:

Անմիջապէս մեզ իր մօտ հաւաքելով, պարզած էր մեր ընկերոջ մատնանշած մտահոգ սխալը.

-Նայեցէ՛ք,- ըսած էր շատ հանդարտ, համոզիչ ու հանդիսաւոր եւ հայերէնի մեր դասատուն յիշեցնող իր ձայնով,- ճիշդ է որ ընկեր Լուտերը իր յարգանքի տեղը ունի, իր յատուկ աթոռը ունի, բայց մի՛ մոռնաք որ «Արեւելք»ն ալ (այդ օրերուն մեր քաղաքի միակ օրաթերթը, որուն պատասխանատուն նոյն ինքը՝ ընկ. Լուտերն էր) իրը ունի, բայց լաւ յիշեցէ՛ք, այս երկուքը տարբեր բաներ են... իւրաքանչիւրը իր տեղը ունի...:

Թէեւ այդ վայրկեանին, այս պարզաբանութիւնը իր բոյնը չէր գտած մեր պատանի ուղեղներէն ներս, բայց երեկոյեան գրադարանի պատուհանի մեր «դիրքերէն տեսած էինք, թէ ընկ. Լուտերը իր տեղը նստած էր, իսկ իր «Արեւելք»ի աթոռը՝ ընկ. Զաւէնը գրաւած: Ու այդ ժամանակ մենք երեքս իրարու երես նայելով փորձած էին ձեւով մը հասկնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէր մեր «պօս»ին ժամեր առաջ կատարած ուսուցանելի արտայայտութիւնն ու բացատրութիւնը:

***

Տարիներ անցած են այս միջադէպին վրայէն ու յաճախ, այս տարիքիս ալ կը յիշեմ, երբ ամէն անգամ եւ ամէն առիթով մամուլին կամ միութեան մը կողմէ, իբրեւ հրաւիրեալ կամ ներկայացուցիչ ներկայ գտնուիմ մեր գաղութէն ներս կազմակերպուած հրապարակային նախաձեռնութեան մը:

Ու պատահած է, որ սրահի մուտքին յանկարծ համարձակ եւ բարձրաձայն զիս ճանչնալով հանդերձ, ինծի ըսուած է.

-Դո՛ւն ուրկէ՞ ուր հո՛ս..., կատակ մի՛ ըներ..., ճանը՛մ տեղ մը գտիր, նստէ՛..., օտար չես, գնա՛, հո՛ն նստի՛ր իշտէ..., ձեր միութեան հաշիւը չէինք ըրած... ամա՜ն..., հէչ մի՛ ըսեր, ինչպէս անունդ մոռցած ենք...:

Անհրապոյր եւ անտանելի պահ: Այս բոլորը կ՚ապացուցանէին, թէ պարզապէս զոհը դարձած էի անպատասխանատու մարդոց, նոյնքան ալ անոնց անպատասխանատու արարքներուն, որդեգրումներուն, տարրական «էթիքէթ»ի պակասին: 

«Էթիքէք» ըսի, որուն ներկայութեան եւ գործադրութեան այնքա՜ն կարօտը ունինք մեր ներկայ կեանքէն ներս: Կարծես յաճախ դարձած ենք իրարու անճանաչելի: Զիրար չենք յարգեր: Զիրար չենք ճանչնար եւ աւելին՝ չենք ուզեր ճանչնալ: Դարձած ենք անքաղաքավար: Կողմնակալ: Անշնորհակալ: Անշրջահայեաց: Նախանձոտ: Ոխով եւ ատելութեամբ լեցուն միտքերով զինուած: Ամօթալի եւ անվայել: Բացառութիւններու մասին չեն այս տողերը:

Ահա թէ ինչո՞ւ յաճախ լեզուս ինծի թշնամի կը դառնայ, որովհետեւ կ՚ըսեմ ա՛յն ինչ որ աչքս կը տեսնէ: Չմոռնանք որ միշտ եղած եմ եւ կը սիրեմ հաճելի «բաներու» մասին խօսիլ: Բայց կը կարծեմ որ նման կենսափորձերու վրայէն կարելի չէ այսքան թեթեւ անցնիլ։

Մեր մեծերէն ու անպայման ու անխտիր բոլորէն, անոնցմէ որոնք այս օրերուն «գործի» վրայ են. կը պահանջուի լրջութիւն եւ պատասխանատու մօտեցում, եւ մանաւանդ արդար գնահատում, դուրս գալով անձնական հարցերէն... եւ այլ եզրակացութիւններէն ու մանաւանդ իրենց լսած «ըսի-ըսաւ»ներէն:

Մարդը սիրենք կամ ոչ.- ամէն մարդ իր տեղին՝ «մարդ» է, նոյնիսկ եթէ տարակարծիք ենք կամ հակառակորդ ենք, եւ կամ...: Յարգանքն ու դիմացինը յարգելը, մարդուս նկարագրի դրական եւ յարգելի անձնագիրն է: Անոր յստակ եւ մաքուր պիտակը: Մարդուն տարիքը, տիտսղոսը, պատասխանատու դիրքը միշտ յարգելի է անկախ մեր տրամադրութիւններէն:

Ա՛յս կը պահանջէ ազգային մե՛ր ինքնութիւնը, մե՛ր դաստիարակութիւնը, մե՛ր կենցաղը, մե՛ր՝ ուրիշներէն տարբեր ըլլալը:

Կը կարծեմ, որ երբեմն կեանքի լոյսին պէտք է բերել նման իրականութիւններ:

Ահա՛, թէ ինչո՞ւ էին այս տողերը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2024