«ՔԱՋԱԼԵՐԵ՛ՆՔ…»

Ոե­ւէ մէ­կուն «խօսք զար­նել» չէ նպա­տակս, պար­զա­պէս միու­թե­նա­կան գոր­ծու­նէու­թեանս ան­ցեա­լէն դրուագ մըն է հե­տե­ւեա­լը, որ յա­ճախ կը պա­տա­հի, եւ են­թա­կայ է ա­պա­գա­յին ալ կրկնուե­լու։

- Ըն­կեր Կա­րե­ւո­րեան, որ­պէս վար­չու­թեան ան­դամ, ձեզ­մէ ու­զե­ցինք սկսիլ. ե­կած ենք ձեռ­նար­կի տոմ­սեր ա­ռա­ջար­կե­լու, 10 օր ետք՝ Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան, ա­կում­բիս մէջ, տղա­քը Պա­րո­նեա­նի «Մե­ծա­պա­տիւ մու­րաց­կան­ներ»էն հա­տ-ւած­ներ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն, իսկ տի­կին­ներն ալ հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ ճոխ ընթ­րիք պատ­րաս­տած են։ Տոմ­սե­րուն գի­նը՝ զոյ­գը մէկ հոգ1.

- Լա՛ւ գոր­ծի վրայ էք. ճիշ­դը մենք այդ օ­րե­րուն ճամ­բորդ կ­­՚ըլ­լանք, բայց վնաս չու­նի... քա­ջա­լե­րե՛նք, տուէք մէկ տոմս, ա­հա կէս հոգ, ե­թէ գա­լիք ըլ­լանք դռնէն կ՚առ­նենք երկ­րոր­դը։

- Բայց ե­րա­նի՜ նա­խօ­րօ­ք գիտ­նանք, ո­ր տե­ղե­րը դա­սա­ւո­րե­լ կա­րե­նանք. գու­ցէ ձեր տղան ու աղ­ջի­կը գան...

- Կ՚ը­սե­նք ի­րե­նց... ա­նոնք ալ շատ զբաղ ե­ն՝ հա­մալ­սա­րան, դաս, գործ... նա­յի­նք, բան մը կ՚ը­նե­նք. պէտք է ի­րենք ալ քա­ջա­լե­րե­լ սոր­վին։ Որ­պէ­ս պա­տաս­խա­նա­տու ան ալ ը­սե­նք՝ սուղ ը­րե­ր էք, քիչ մը ա­ւե­լի ա­ժան սակ ո­րո­շե­ցէ­ք, որ ա­ւե­լի շատ մարդ գայ...։­

Ը­նկե­ր Կա­րե­ւո­րե­ա­նը «որ եր­բե­ւէ ճամ­բոր­դե­լու սո­վո­րու­թի­ւն մը չէ ու­նե­ցած» մեծ քի­թո­վ, գի­րուկ, թաւ պե­խո­վ, կար­մի­ր ֆէ­սով, կեր­պաս ժի­լէ­ով ու գրպա­նի ժա­մա­ցո­յցո­վ մէ­կը չէ, այլ՝ սո­վո­րա­կան տա­բատ ժա­քէ­թով, ար­դի­ա­կան գրա­սե­ղա­նի մը վրայ լափ­թո­փին դի­մաց նստած մարդ մը, որ վար­չա­կան ըլ­լա­լով պի­տի քա­ջա­լե­րէ ձեռ­նար­կը՝ կէս հո­գ-ով։ Ան տո­մսա­կին գի­նը պի­տի «ո­ղո­րմու­թի­ւն ը­նէ­» ոչ թէ իր ժա­մա­ցոյ­ցի գրպա­նէ­ն «կէս մէ­ճի­տէ­ով» մը, այլ նո­յն տ­րա­մադ­րու­թեամբ՝ կող­քի գզրո­ցէ­ն պի­տի շնոր­հէ­, իսկ գու­մա­րը՝ պի­տի ստա­նան ի­ր ա­կում­բի տղա­քը­, ո­րո­նք լու­սա-նը­կա­րի­չի խցի­կո­վ զի­նք ոտ­քի, նստած, եւ իր 40 ոչ­խար­նե­րուն ու ծա­ռա­նե­րուն հետ նկա­րե­լու չեն ե­կած, կամ իր մա­սի­ն չա­փա­ծոյ մը հիւ­սե­լո­վ թեր­թի­ն մէջ տպագ­րե­լու հա­մար գու­մար չէ ի­րե­նց խնդ­րա­ծը, այլ՝ ե­կած ե­ն զի­նք յար­գե­լո­վ անձ­նա­պէ­ս հ­րա­ւի­րե­լու միու­թե­նա­կան ձեռ­նար­կի մը, որ­պէ­սզի ան յե­տոյ չակ­նար­կէ, թէ «ձեռ­նար­կէն տե­ղե­ակ ը­լլա­լով հան­դերձ չգա­ցի­, ո­րո­վհե­տե­ւ զի­ս պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­ակ պա­հող եւ հրա­ւի­րո­ղ մը չե­ղաւ... այս ի՜նչ ան­պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն է, ինչ­պիս­ի՜ ոտնձ­գու­թիւն, մարդ յար­գել չեն գի­տեր.­..»։

­Բայց տա­կա­ւին ա­սոր չէ որ կ՚ակ­նար­կեմ, այլ՝

Ար­տա­սա­նուած նա­խա­դա­սու­թեան կամ բա­ռի մը ի­մաստն ու նշա­նա­կու­թիւն­ը յա­ճախ կա­խում ու­նի ա­նոր ար­տա­սան­ման շեշ­տէն, ո­ճէն ու ե­ղա­նա­կա­ւո­րում­էն. օ­րի­նա­կ՝ պարզ շնոր­հա­կա­լութ­իւն մը, որ կը յայտ­նուի ե­րախ­տա­գի­տա­կան ո­ճով, բո­լո­րո­վին չի հա­ւա­սա­րիր հեգ­նան­քով ար­տա­յայ­տուած այն շնորհ­ա­կա­լութ­եան, որ յա­ճախ խօսք­ով ապ­տա­կե­լու հա­մա­զօր է։

«Քա­ջա­լե­րե՛ն­ք...»

Ազ­նիւ տրա­մադ­րու­թիւն մըն է քա­ջա­լե­րե­լը­՝ երբ փոք­րի­կի մը գծա­ծը գ­­ե­րա-գ­նա­հա­տե­լո­վ՝ «Այս ի՛ն­չ ա­նու­շիկ գծեր ես, մեծ­նաս ա­նուա­նի նկա­րիչ մը պի­տի ը­լլաս», կ՚ը­սե­ս: Ո­տա­նա­ւո­րի­ն վերջ­ին տու­նը մ­­ոռ­ցած պա­տա­նիին թո­թո­վա­նքը նկա­տե­լո­վ, ծա­փել կը սկսիս ու «Ապ­րի՛ս» կը բա­ցա­գան­չես: Սկսնակ բա­նաս­տեղծ­ի մը «ար­ձակ չա­փա­ծոն» չհասկը-նա­լով հան­դերձ, «Հո­յա­կա՜պ» կամ «Ժա­մա­նա­կա­կից շ­­ունչ ու­նի» ը­սե­լով, կը գնա­հա­տես։ Բայց երբ «Քա­ջա­լե­րե՛նք» մը կը շպրտուի, առ­ո­գա­նու­թեամբ մը որ ը­սել կ՚ու­զէ՝ «Ն­­ո­րէ ՜ն ե­կաք դրամ գան­ձե­լու, ար­դէն մեր տրա­մադ­րա­ծը ե­թէ չըլ­լար, ոչ ա՛զգ կը մնար­, ո՛չ ալ Հա­յու­թիւն, ա­յս կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ն ալ սնան­կա­ցած էր... կը մնայ որ մեզ գնա­հա­տէք, այն­պէս ինչ­պէս մեր աշ­կեր­տը ե­րախ­տա­գի­տու­-թեամբ մեր ձեռ­քը համբ­ու­րեց, եր­բ իր մօ­րը դե­ղե­րուն դ­­րա­մը վճար­ե­ցինք քա­նի մը օ­ր ա­ռաջ», հոս ար­դէն պար­ա­նը կը փրթի...։

Սկ­սինք ըն­կեր Կա­րե­ւո­րեա­նին­, սե­փա­կան ան­ձին մա­սին խօս­ե­լու ընթ­աց­քին օգ­տա­գոր­ծած յոգ­նա­կի թի­ւով գոյ­ա­կա­նէն, որ մէկ բա­ռով «մե­ծամ­տու­թիւն» կ­­ը կո­չուի­։ Եւ ին­չո՞ւ ո­չ, չէ՞ որ ան պարզ ան­դամ մը հա­մա­րուե­լէ աւ­ե­լի վե­ր է՝ նու­ա­զա­գոյ­նը... ա­նդա­մա­կան ամ­բողջ ժո­ղո­վի մը տ­­ար­ո­ղու­թի­ւնը ուն­ի, կամ, առնուազ­ն շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան մը հա­մա­զօր է, ինչ­պէ՞ս կր­­նայ ե­զակ­ի թիւ գո­րծա­ծուիլ ն­­ման մե­ծու­թե­ան մ­­ը մա­սին խօս­ե­լու ժամ­ա­նակ։

Անց­նինք բուն նիւ­թին։ Վե­րո­յի­շեալ «ան­դա­մա­կան ժո­ղո­վին­» տրա­մադ­րած «կէս մէ­ճի­տէն» ե­թէ չըլլ­ա՛­ր, ո՛չ կազ­մա­կեր­պու­թիւ՛­ն կը մնար, ոչ ալ Հա­յու­թիւն...­։ Լաւ, ե­թէ հարց­ը հոն հա­սնէր, ա­պա մեր ըն­կեր Կար­ե­ւո­րեա­նը նման պա­րա­գա­յին իր դի­մա­գի­ծը պի­տի կոր-սընցն­էր, եւ ի սպառ պի­տի վե­րա­նա­յին ազ­գա­յին իր պատ­կա­նե­լիու­թեա­ն հպար­տու­թիւն­ն ու ուժը, բան­եր՝ ո­րո­նք տե­ղաբ­նա­կնե­րէն գեր­ա­դաս ըլ­լա­լու տրա­մադ­րու­թիւն մը կու տան ա­նոր, եւ նոյ­նիսկ շու­կա­յի վրայ ո­րոշ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­ր՝ «Ար­մա­նի կամ Ար­մի­նիըն» ը­լլա­լուն շն­­որ­հիւ։ Այդ ժա­մա­նակ որ­քան ալ հոգ տրա­մադ­րե­լու պատ­րաստ ըլ­լար, ի­րեն ո՛չ տոմս ծա­խող պիտ­ի գտնուէր, ոչ ալ՝ հա­յե­րէ­նով բա­րե­ւող ու «ըն­կեր Կար­ե­ւո­րեան» ը­սե­լով մ­­ար­դու տեղ դնող: Վի­ճակ մը՝ որ ար­դէն գոյ­ա­նա­լու ըն­թաց­քի մէջ է սփիւռ­քի բո­լո­ր գա­ղութ­նե­րէն ներ­ս, եւ ո­րոշ տեղ­եր ալ կա­յա­ցած ու անց­ած է շա­տո­նց։ Այդ ժա­մա­նակ ըն­կեր Կա­րե­ւո­րեա­նը կը հասկ­նար, թէ ի՛նչ յար­գան­քով ու ե­րախ­տա­գի­տութե­ամբ, «նոյ­նիսկ եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ» պէտք էր վե­րա­բե­րէր հետ­ն այդ «տոմ­սա­վա­ճառ­նե­րուն», ո­րոնք գո­րծ, տուն, տեղ ձգե­լով կը վազվ­զէին մի­ու­թե­նա­կան ու ազ­գա­յին շա­հե­րու հ­­ա­մար՝ ա­ռանց ակն­կա­լու­թեան­, գու­ցէ վարչ­ա­կան պաշ­տօ­նի մը ձգտու­մով, կամ ա­պա­գա­յին միու­թե­նա­կան ղե­կա­վար մը դառն­ա­լու ար­դա­րա­ցի նպա­տա­կով. վե­րջա­պէս գաղ­ու­թիս համ­ար անհ­րա­ժեշ­տութ­իւ­ն մըն է ղ­­ե­կա­վար ու­նե­նալ­ը, եւ ո՞վ ա­ւելի ար­ժա­նի է այ­դ հան­գա­ման­քին, եթ­է ոչ՝ աշ­խա­տող ու նուի­րուող ան­դամ մը։

Սփի­ւռքի մէջ Հայ­կա­կան ինք­նու­թիւն­ը պահ­պա­նող ու ձե­ւա­ւո­րող դպր­­ոց­նե­րը­, ա­կումբ­ներն ու ե­կե­ղե­ցին­ե­րը կը շա­րու­նա­կեն գո­յա­տե­ւել նու­ի­րեալ այ­դ տ­ղոց վազվ­զուք­ներ­ով, ո­րոնց շն­­որ­հիւ ալ ընկեր Կա­րե­ւո­րեա­նը, կը շա­րու­նա­կէ պա­հել իր ազ­գա­յին դէմքն ու ինք­նու­թիւն­ը՝ տե­ղաբ­նակ այ­լազ­գի­նե­րու­ն մ­էջ եւ «շու­կա­յի վրայ»։ Հե­տե­ւաբ­ար ան ոչ թէ «վնաս չու­նի... ք­­ա­ջա­լե­րե՛նք­» պէտք է ը­սէ, այլ՝ ան­գիր ը­րած ա­ղօթ­քի մը պ­­էս պէտք է կրկնէ՝ «Պարտքս է մաս­նակ­ցիլ միու­թե­նա­կան գոր­ծու­նէու­թե­ան, որ սփիւռ­քի մէջ կ՚ա­պա­հո­վէ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նս ու ինք­նու­թիւն­ս»­։ Բայց ե­կուր տ­­ես որ, իր Ես-ը ընդ­հա­նու­րէն բարձ­ր գե­րա­դա­սե­լու, եւ գա­ղու­թը իր­են պար­տա­կան հա­մա­րե­լու, ո­ղոր­մու­թի­ւն տ­ուո­ղի հ­­ո­գե­բա­նու­թեամբ, «քա­ջա­լե­րել» կը շա­րու­նա­կէ, զայն սոր­վեց­նե­լո­վ նա­եւ իր զա­ւակ­նե­րուն։

­Որ­պէս վերջ­ա­բան... բայց ի՞նչ իմ­աստ ու­նի վե­րջ­­ա-բան տրա­մադ­րել ե­րե­ւոյ­թի մը՝ որ վերջ պի­տի չու­նե­նա­յ.­..։ Ին­չե­ւից­է, խու­սա­փե­լու հա­մա­ր շա­րադ­րու­թեան դաս­ա­խօ­սիս խեթ հա­յեաց­քէն, կր­­նամ հե­տե­ւեալ վե­ր-ջա­բա­նը տալ. ըն­կեր Կա­րե­ւո­րեան ի­սկա­պէ­ս կա­րի­քը չու­նէ­ր Պա­րո­նեա­նի «Մ­­եծ­ա­պատ­իւ մու­րաց­կան­ներ»էն հա­տուած­ներ դի­տե­լու, հ­­ե­տե­ւա­բար պէտք ալ չու­նէր ա­նոր հա­մար դրամ տրա­մադ­րե­լու եւ ա­կումբ ժա­մա­նե­լու, ո­րո­վհե­տե­ւ չ­ու­նե­նա­լով հան­դերձ մեծ քիթ ու թաւ պեխ, ան ա­մէն ա­ռա­ւօտ Ա­բիս­ո­ղոմ ա­ղա­յին ե­րե­սը կը տես­նէր ար­դէ­ն... ա­ծի­լուե­լու ժամ­ա­նակ։

1-Հոգ։ Պայ­մա­նա­կան դրա­մա­նիշ, որ տա­րա­ծուած է սփիւռ­քեա­ն բո­լոր շրջա­նակ­նե­րուն մ­­էջ։ Ա­նո­ր գնո­ղա­կան ար­ժէ­քը փո­փո­խա­կան է, ըստ վայ­րի, այն-պէս որ՝ ա­մէն մէկ հոգ, կը հո­գայ տեղ­ւոյն Հա­յ վար­ժա­պե­տի մը թո­շա­կին եր­կու տո­կո­սը, որ հա­ւա­սար է Հայ­կա­կան ա­կում­բի մը ե­լեկտ­րա­կա­ն հո­սան­քի եր­կու ժա­մուայ փո­խար­ժէք­ին, կամ շա­բա­թը ան­գամ մը տեղ­ւոյն ե­կե­ղե­ցւոյ բ­­ակն ու գա­ւի­թը լուա­լի­ք ջու­րի գի­նի­ն։­­

ՏՔԹ. ՃՕՐՃ ԲԱՐ­ՍԵ­ՂԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016