ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՆ ՈՒ ՄԵՆՔ
Հալէպահայ ծանօթի մը կը բարեւեմ փողոցը քալած միջոցիս: Երիտասարդ հարս մըն է ան, ունի ճլվլուն ու տաքարիւն հինգ տարեկան դստրիկ մը: Այնքան ուշիմ փոքրիկ մըն է, որ անմիջապէս կ՚ընկալէ շուրջի անցուդարձը, կը նմանի փափուկ խմորի մը, զոր ձեւաւորելը շատ դիւրին է ու հաճելի: Կը յաճախէ իրենց տան շրջանի մանկապարտէզը, ամէն տեսնելուս նոր երգեր ու ոտանաւորներ կ՚արտասանէ, նոյնիսկ հեքիաթներ կը պատմէ: Ու.
-Պարեւ ձեզ, տէօդա (ռուսերէն՝ տիկին) Անի, ո՞նց ես,- կը հարցնէ մանկիկը զիս ճանչնալով:
-Լաւ եմ, անուշի՛կս, դուն ինչպէ՞ս ես,- կը պատասխանեմ:
-Ոչինչ, ապրում ենք, էլի՛,- խնդալով կը պատասխանէ:
Մայրը ի՜նչ ուրախ է զաւկին այս արտայայտութիւններով ու մանաւանդ արեւելահայերէն խօսակցականի բաւական լաւ իմացութեամբ, հարկաւ բախտաւորութիւն է ուշիմ զաւակ մը ունենալն ու անոր արագ ըմբռնումին ականատեսն ու ականջալուր ըլլալը.
-Տեսա՞ր, Անի, որքան լաւ կը խօսի աղջիկս, դուն ալ հետը այստեղի լեզուով խօսիր, որ աւելի բարելաւի աղջկանս հայերէնը,- կ՚արտայայտուի մայրը:
-Այո, կը գնահատեմ աղջկանդ դիւրընկալումը, բայց ինչո՞ւ չէ՝ ան նաեւ կրնայ պահել երկու լեզուներու իմացութիւնը, ատակ է այդ մէկուն, պէտք չունինք մեր լեզուն փոխելու:
Մայրը համամիտ կը թուի, բայց մէկ կողմէն ալ կ՚արտայայտէ հրճուանքը, մատնանշելով զաւկին ուշիմութիւնը ու կը շարունակէ կողքի խանութի ցուցափեղկին մէջ շարուած քաղցրեղէնները ցոյց տալով, զուարթ դէմքով հարցնել աղջկան.
-Սրանք ի՞նչ են:
-Կոնֆէթներ են, մա՛մ ջան, չգիտե՞ս:
Ու անմիջապէս կը մտաբերեմ ԾԻԼ արուեստանոցը, որ նոր մանկապարտէզի բաժին մըն ալ բացաւ, եւ գիտնալով, որ այս անձը նորութիւններու հետեւիլ կը սիրէ, կ՚առաջարկեմ, որ ամէն Կիրակի հոն բերէ զաւակը, ուր խաղեր ու երգեր կը սորվեցնեն եւ կը թուեմ յաճախողներուն անունները, որոնց ներկայութիւնը կրնայ հետաքրքրել զինք.
-Օ՜, իրա՞ւ, չէի լսած այս արուեստանոցին մասին, անո՞նք ալ հոն կու գան, ի՜նչ լաւ, անպայման կը բերեմ աղջիկս ալ, արդէն Կիրակի օրերը կը զզուի տան մէջ, շաբթուան մնացեալ օրերը մեր տան մօտակայ մանկապարտէզը կը յաճախէ, կիրակիներն ալ հոն կը բերեմ զինք,- ու աղջկան դառնալով.
-Ցոլի՛կ ջան, քեզ կիրակիներն էլ մանկապարտէզ եմ տանելու,- կ՚ուրախացնէ մանկիկը:
-Բացառի՛կ ա, մամ ջան, չգիտես ո՞նց եմ ուրախանում...
-Բայց հոն մեր լեզուով կը խօսին, կը տեսնես, բոլորը մեր ծանօթներն են,- կը մեկնաբանեմ...
-Իրա՞ւ, թանթի՛կ, շատ լաւ է,- կը պատասխանէ փոքրիկը արդէն իր գիտցած արեւմտահայերէնով:
Մանուկը ծնողքին հայելին է: Արուեստանոցի մեր առօրեան ալ կ՚առընչուի նոյնանման բախումներով: Կը յիշեմ, դեռ առաջին արուեստանոցային օրերն էին՝ Փետրուար ամսուն, երբ արուեստանոցի ամենակրտսեր մանչուկը թատրոնի դասապահուն հարցում մը պիտի հարցնէր, «Օրիորդ, Ընկեր Անի» ըսելով դիմեց ինծի, ընկերներուն բարձրաձայն ծիծաղը յաջորդեց անոր այս խօսքին: Ծիծաղեցայ ես ալ, այո՛, բայց նաեւ հրճուեցայ ընդամէնը քանի մը տարուան կեանք ունեցող այս մանկիկի վերաբերմունքին ի տես, մի քանի բառը բաւարար էր արդէն տեսնելու լիիրաւ դաստիարակութեան մը արդիւնքը, ան այս երբեմնի աննկատ արտայայտութեամբ մեծերը յարգելու դաս մըն էր, զոր կ՚աւանդէր կարծես մեզի եւ գիտէր մանաւանդ, որ կը գտնուէր տարբեր միջավայրի մը մէջ, ուր կը տիրէր իր ամէնօրեայ մանկապարտէզէն տարբեր լեզու մը:
Այսպիսի հաճելի պահերով անցան ամիսներ, ամիսները սակայն բերին մտերմութիւն մը մանուկներուն ու պատասխանատուներուն միջեւ: Առիթը ունեցանք վայելելու անոնց անմեղ ներաշխարհներուն դրսեւորումները՝ մին ընկերային, միւսը՝ զուարճախօս, ուրիշներ՝ ըմբոստ, ինքնամփոփ, դիւրագրգիռ, զայրացկոտ ու մանաւանդ ստեղծագործելու ատակներ, բեմական հակումներ ունեցողներ, գծելու կարողութիւններ ունեցողներ․ հապա սահուն ընթերցո՞ւմը անոնցմէ ոմանց, իմացութիւնը մեր մեծերու հեքիաթներուն ու ստեղծագործութեանց: Անոնք առիթը ունեցան յօրինելու առակներ, հանելուկներ ու գրելու՝ յուշեր...:
Այս ժամանակամիջոցին անոնց հաղորդուած գիտելիքներուն կողքին, ակնյայտ էր անոնց ջերմութիւնն ու կապուածութիւնը իրարու հետ․ յանկարծ եթէ մէկը բացակայէր, անմիջապէս հարցական հայեացքները նկատելի էին, կարծես ընտանիքի անդամներէն մէկը բացակայած ըլլար․ կամ ալ կորուստի ցաւ մը կար անոնց մէջ, որ կու գար ծննդավայրէն եւ այս պահերուն կը յայտնուէր: Անկարելի է մոռնալ ծննդավայրը, պէտք ալ չկայ մոռնալու, ես ալ յաճախ արուեստանոցին մէջ մանուկներով շրջապատուած կը յիշէի աշակերտներս, ո՛չ թէ համեմատելու, ո՛չ, համեմատական եզրեր գոյութիւն չունին արդէն, միայն կը զգայի, որ իւրաքանչիւր մանկիկ բեկոր մըն է մեզ անցեալին կապող, մեր՝ պատասխանատուներուս ու ծնողներուն ճիտին պարտքն է այդ բեկորները հաւաքել, միահիւսել, անցեալի անոյշ յուշերուն վրայ ներկան գեղեցկացնել, անոնց թոթովանքներուն ընդմէջէն բացայայտելով շնորհքը, որմով իւրաքանչիւրը օժտուած է ծննդեան օրէն իսկ:
Առիթը չէի փախցներ մանկապարտէզին աչք մը նետելու ու մա՛նաւանդ Ցոլիկը տեսնելու, որ մի քանի շաբաթէն արդէն երգելու գերազանց կարողութիւն մը դրսեւորած էր, ան նոյնիսկ պատասխանատուներուն կ՚օժանդակէր երգեր սորվեցնելու աշխատանքին ու կը հաղորդակցէր արեւմտահայերէնով:
Մտերմութիւնը աւելի սերտացաւ, յատկապէս, երբ Ս. Յարութեան, Համբարձման եւ արուեստանոցի այս տարուան վերջին օրուան ծնողական հաւաքներով համեմուեցան անոնք: Մէկտեղուեցաւ կարծես բազմանդամ գերդաստան մը եւ երգերով, խաղերով, հանելուկներով, շուտասելուկներով ու համեստ թատերական ներկայացումներով ջերմ մթնոլորտը համակեց նաեւ ծնողներն ու անոնք ալ անմասն չմնացին, մեր յայտագիրներուն գեղարուեստական շունչ մը հաղորդելով:
Համախմբուեցան ԾԻԼ-ի երդիքին տակ տասնամեակներու յուշեր ու ապրումներ դրսեւորող ծննդավայրի կորուստի կսկիծով առլցուն անհատներ:
Մենք սորվելիքներ ունինք մեր մանուկներէն, ժպիտով վայելենք անոնց գոյութիւնը ու փորձենք անոնց մէջ սերմանել ինքնավստահութեան, սիրոյ, մարդկային առաքինի յատկանիշներ պարունակող հայավայել սերմեր: Ի վերջոյ «ինչ որ ցանենք, այն կը հնձենք», չէ՞:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 11/22/2024