ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԵՒ ՄԵՆՔ
Առանց մշակոյթի մարդը կը նմանի վագերաձիի, որ իր վրայ գիծեր չունի:
(Ափրիկեան առած)
Եթէ համեստանանք, ափրիկեցիէն սորվելիք ունինք: Հայը սովորութիւն ունի հպարտանալու իր մշակոյթով, նոյնիսկ երբ փարսախներով հեռու է նոյն այդ մշակոյթէն եւ անտարբեր: Ճիշդ է, որ ժառանգորդներն ենք մեր նախահայրերու մեզի կտակած մշակոյթին, բայց որքանո՞վ տէր ենք այդ մշակոյթին, կարծէք ան սեփականութիւնը դարձած է փոքրամասնութեան մը, անով կը կերտե՞նք մեր ինքնութիւնը, հոգեբարոյական դիմագիծը:
Ի՞նչ կը նշանակէ մշակոյթի ժառանգորդ ըլլալ: Ի՞նչ բանի կը ծառայէ ժառանգորդը ըլլալ Նարեկացիի, եթէ անոր շարունակողը չենք, եթէ կը խօսինք եւ կը գրենք օտար լեզուներով, ան պարզապէս գեղօր է, ինչպէս որ է գեղակազմ հատորի մը կողքը: Ի՞նչ կը նշանակէ Կոմիտասի ժառանգորդ ըլլալ, եթէ պիտի ապրինք կապկելով ասոր կամ անոր «նորոյթ» համարուող երգն ու երաժշտութիւնը, «բիզնես» ընենք, սրահ լեցնենք, աղմկենք, ինքնութիւն խաթարենք, եւ ըսենք, թէ եղածը «մշակութային ձեռնարկ» է:
Մշակոյթը շաբաթավերջի զուարճութիւն չէ, անոր դերը ամբոխ զուարճացնել չէ, ոչ ալ պատասխան է՝ «երեկոն ո՞ւր անցընել» հարցումին: Ինչո՞ւ օր մը մակերեսայինով զուարճացող եւ հասոյթի համար խմբուած ամբոխին, որուն անմշակութիւնը կը չարաշահուի հակամշակոյթ նախաձեռնութիւններով, պիտի չխօսինք իր ինքնութեան, հարազատութեան, տարբեր ըլլալու իրաւունքին եւ զայն պաշտպանելու պարտքի մասին, փոխանակ հետեւելու ամբոխային տրամադրութիւններու, ակնկալութիւններու եւ տրամաբանութեան: Նման ընթացք, իր ինքնութիւնը կորսնցելու վտանգին ենթակայ եւ ինք ալ պատմութեան բեմէն անհետանալու սպառնալիքին տակ եղող ժողովուրդին չենք ըսեր, ֆրանսացի մեծ մտաւորական Անտրէ Մալռոյի բառերով, որ «Մշակոյթը չի ժառանգուիր, կը նուաճուի»: Այսինքն ան հասարակ սպառման ապրանք չէ, զոր կարելի ըլլայ կտակել, վաճառել, փոխանակել,- բողկ, լոլիկ,- կօշիկ, որ կը պահանջէ գիտակից յանձնառութիւն: Ժողովուրդները երբեմն ընդոծին եւ ներիմացական հզօր բանաձեւումներ կու տան կեանքին, մարդկային յարաբերութիւններուն եւ տեսիլքներուն, առանց երակարապատում վերլուծումներու կը նուաճեն ճշմարտութիւնը: Ռուսական առած մը կ՚ըսէ, որ «արտը չէ որ կը սնուցանէ, այլ՝ մշակոյթը»: Այսինքն անով կը նուաճուի մարդեղութիւնը, մարդը բնութեան անկամ եւ կոյր առարկան ըլլալէ կը դադրի, տարբերութիւնը կ՚ապրի միօրինականացման եւ կապկումի դէմ: Այս ըմբռնումով պէտք է մօտենալ մշակոյթին, որ մարդ-արարածները սոսկ կենդանիներու բնազդական խմբաւորումներ չեն կազմեր, անոնք ունին ներքին շաղախ, յիշողութեամբ եւ արժէքներով շարունակութիւն կ՚ըլլան: Ռուսական առածը խիստ ուշագրաւ վկայութիւն է ոգեկան արժէքի մասին, ընդդէմ նիւթապաշտութեան, որուն տխուր արտադրութիւնն է անհատապաշտութիւնը:
Մշակոյթը այն քուրան է, ուր կը կազմաւորուին անհատականութիւնները, տարբերութիւններու գիտակցութիւնը, այս նաեւ՝ հաւաքականութիւններու համար, որոնք ունենալով ինքնուրոյն մշակոյթ եւ նկարագիր, կը գոյացնեն ազգերը: Մշակոյթը կեանքի ոճ է, աշխարհը տեսնելու եւ իւրացնելու ներքին-արտաքին եղանակ մը: Այս գիտակցութիւնը նոյնիսկ եթէ բարդ վերլուծումներով չ՚արտայայտուիր, միշտ առկայ եղած է մարդոց մէջ, պատումներով, առասպելներով, մարդոց պատմութիւնը՝ նոյնիսկ առանց յատուկ անուններու: Ֆրետերիք Նիցչէ գերմանացի իմաստասէրը յստակութեամբ բանաձեւած է ժողովուրդ-մշակոյթ միութեան հարցը, երբ կ՚ըսէ. «Մշակոյթը ամէն բանէ առաջ ոճի միութիւն մըն է, որ կ՚արտայայտուի ազգի մը բոլոր գործունէութիւններուն մէջ»:
Այսինքն, մշակոյթն է որ ազգի միութիւնը կը ստեղծէ, քանի որ ան պատկերացումն է դարերու ընթացքին կազմուած տեսիլքներու գումարին, հաւատարմութիւններուն եւ սէրերուն: «Արեան կանչ»ը եւ նոյնիսկ «աշխարհագրութիւն-հող»ը բաւարար չեն միութիւն ստեղծելու, քանի որ անհետացած մշակոյթ-ժողովուրդներու բնակած աշխարհներուն մէջ ծնած եւ զարգացած են նորեր, երբ անհետացած է մշակոյթի ինքնութեամբ ապրող հաւաքականութիւնը: Այսինքն, ազգեր կը տեւեն այնքան ատեն որ կը մնան իրենց մշակոյթին մէջ, կը ժառանգեն եւ կը զարգացնեն: Ի հարկէ, մշակոյթը կը ժառանգուի երբ ան կը նոյնանայ մեր ներքին աշխարհին հետ, կ՚ընդունի մեր հոգեխառնութիւնը եւ զայն կը դրոշմէ: Մշակոյթը քարացած յուշարձան չէ, մեզմէ դուրս չէ: Եթէ ան ապրում չըլլայ, զայն չտեսնենք մեր հոգիի աչքերով, անով չբաբախենք, կ՚ըլլայ յանկերգ: Անհատի ինքնուրոյնութիւն կերտելու համար, ան պէտք է անձնականացուի:
Շատ լաւ գիտենք, որ բանաստեղծութիւն մը, գեղանկար մը, քանդակ մը, նոյնիսկ բնական համայնապատկեր մը, նոյն ձեւով չեն ներկայանար մեզմէ իւրաքանչիւրին, նոյն ձեւով չեն խօսիր, նոյն ձեւով չենք տեսներ եւ չենք լսեր: Այս տարբերութիւնը կը բացատրուի մեր իւրաքանչիւրի ներաշխարհի տեսնելու եւ ըմբռնելու կարողութիւններով: Երբեմն ժողովրդական իմաստութիւնը շատ դիպուկ բնորոշումներ կ՚ընէ: Պարզամիտ կամ մեր բարձրորակ համարուած քաղաքակրթութենէն հեռու մնացած ժողովուրդներ այնքա՜ն գեղեցկօրէն կը սահմանեն մարդոց, ընկերութեան եւ մշակոյթի սերտ կապը: Զիս մտածելու մղած է ափրիկեան ժողովրդական առած մը, որ կ՚ըսէ, թէ «առանց մշակոյթի մարդը կը նմանի վագերաձիի մը (zèbre), որ իր վրայ գիծեր չունի»: Այս առածը եթէ փոխադրենք մարդուն վրայ, ի՞նչ կը ստացուի… Ափրիկեան իմաստութենէն սորվելիք ունինք մենք մեզ դատելու եւ իրատեսութեամբ գնահատելու համար: Առանց իրենց քամակի գծագրութիւններուն, վագերացին այլ կենդանի կ՚ըլլայ: Այս հպանցիկ նշումներէն կը բխին մեզի համար էական հարցում մը եւ խնդիրներ: Ինչպէ՞ս պիտի հասնինք դարավերջ, ի՞նչ դիմագիծով եւ որպէս ի՞նչ(եր): Ի՞նչ պէտք է ընել եւ չենք ըներ (չենք ըրած) մեր մշակոյթով սնանելու համար:
Հայ ազգ եւ հայ մշակոյթ կրնա՞ն տեւել այլազան մշակոյթներու մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է սեփական եւ ինքնուրոյն մշակոյթը պահել մեծ համարուած մշակոյթներու հալոցին մէջ, որ այժմ հրդեհուած է համաշխարհայնացումով: Դարավերջին, ի՞նչ պիտի ըլլայ հասարակ յայտարարը, որ կրնայ զօդել տեւաբար աճող եւ բազմապատկուող սփիւռք(ներ)ը, համրանքով եւ տնտեսութեամբ վերականգնումի կարիք ունեցող աշխարհագրական Հայաստանները: Սպանախօս եւ արաբախօս, անգլիախօս եւ ռուսախօս համայնքները ինչպէ՞ս նոյն մտածողութեամբ եւ արժէքներով եւ պիտի հաղորդակցին: «Ծագումով հայ» ըլլալ ի՞նչ պիտի նշանակէ մէկուն կամ միւսին համար: Քանի մերուին իրենց բնակութեան-քաղաքացիական շրջանակին, անոնք պիտի հեռանան իրարմէ, հուսկ՝ օտարանալու համար: Երբ գաղթականութիւնները սփիւռք չէին, կը սպասէին իրաւունքի վերահաստատումը եւ վերադարձը իրենց տուները իրենց հողին վրայ, իրենք զիրենք չէին տեսներ նոր քաղաքացիութիւններու մէջ: Այդ պայմաններուն մէջ, դպրոցները, հայրենակցական եւ բարեսիրական միութիւնները, կուսակցութիւնները գաղթականութիւնները կը պահէին որպէս ազգի հատուած: Այսօր սփիւռք դարձած հին եւ նոր գաղթականութիւնները, բախտաւոր պարագային, կ՚ապրին եւ կը ներկայանան հայրենակցական միութիւններու պատկերով: Տոկալու եւ տեւելու համար ազգային մշակոյթը, իր բոլոր ստորոգելիներով, չենք յաջողած դարձնել զանգուածի սեփականութիւն, ան հետզհետէ քիչ մը աւելի սեղմուած է նեղցող շրջանակի մէջ:
Այսօր կրնա՞նք մշակել եւ իրականացնել ազգային մշակոյթի զանգուածին կողմէ իւրացման քաղաքականութիւն մը: Անկարելի չէ, եթէ մեր կազմակերպական ճիգին եւ նիւթական հնարաւորութիւններուն թիրախները ընտրուին հեռանկար իրականացնելու համար, առանց բաւարարուելու «թուքով կպցրած» միջոցներով: Միաժամանակ պարզ պէտք է ըլլայ, որ հայ ազգ եւ հայ մշակոյթ չեն կրնար յաւերժանալ օտար մշակոյթներու մէջ, առանց իրենց որպէս պատուանդան ունենալու հայրենիքը: Բաղդատեցէ՛ք հայրենահանուած գաղթականութեան եւ ներկայի սփիւռք(ներ)ի մշակութային այլազանութեամբ յատկանշուող պատկերները: Դեռ ոչ շատ հեռու անցեալին, երկիրներ, ազգեր եւ մշակոյթներ համեմատաբար փակ էին, կրնային իրենք զիրենք պաշտապանել մշակութային նախայարձակումներու դէմ: Ներկայիս պատնէշները քանդուած են: Գաղթականութիւնները զանգուածային են եւ սահմաններ չեն ճանչնար, հետեւանքը այն է որ «մեծերը կը խեղդեն փոքրերը»: Ի հարկէ դիմադրութիւնը կարելի է կազմակերպել, ան կրնայ մասամբ յաջողիլ սեղմ շրջանակներու մէջ: Բայց լաւագոյն դիմադրութիւնը համախմբուածութիւնն է, ոչ թէ Քամչաթքա կամ Հրեշտակներու քաղաքը, այլ մեր ինքնութեամբ եւ պատմութեամբ խօսող հողին վրայ: Հզօր կամք, վստահութիւն ներշնչող հեղինակութիւն եւ մեր ժամանակները յատկանշող մեծագոյն գիւտը հանդիսացող կազմակերպութիւն պէտք են: Շաբաթավերջի մասնակի եւ տնավարի թափահարումները տեղ չեն հասցներ: Եթէ կացութեան գիտակցողները հրապարակ գան զանգուածը լուսաբանելով եւ անոնց հետ պահանջելով, կը վերականգնի հայրենիքը, կը յաջողի համախմբուածութիւնը՝ հայրենատիրութեան ռազմավարութեամբ: Ապա թէ ոչ, ցուցադրական գինովութիւններէն անդին, պէտք է յիշել ափրիկեցի անանուն իմաստունը, ըստ որուն՝ «առանց մշակոյթի մարդը կը նմանի վագերաձիի, որ իր վրայ գիծեր չունի»…
Յ. ՊԱԼԵԱՆ