ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (Յհ 6.39):

Մեկնութիւն. Բազմաթիւ կերպերով կը լսուի վերջին օրը. նախ՝ որովհետեւ օրը չորս է. առաջին՝ ստեղծման օրը, որ երեկոյ ունի, բայց ոչ՝ առաւօտ: Եւ միջինը երեկոյ ու առաւօտ ունի, իսկ վերջինը երեկոյ չունի, այլ՝ առաւօտ: Երկրորդ, վերջին օր է, երբ վերջին ընտրեալը կը ծնի, որ ընտրեալներուն թիւը կ՚ամբողջացնէ: Երրորդ, վերջին կ՚ըսէ՝ յարութեան պահը, որ ժամանակի վախճանն է ու մշտնջենաւորին սկիզբը: Չորրորդ, վերջին է, որովհետեւ երկինքի, լուսաւորներու եւ ժամանակի շարժումը պիտի դադրի ու պիտի խափանուին աշխարհիս լինելիութիւններն ու անապականութիւնը:

Խօսք. «Հօրս կամքը հետեւեալն է» (Յհ 6.40):

Մեկնութիւն. Կրկնակի է այս. նախ՝ որպէսզի խօսքը հաստատուի, երկրորդ՝ միտք բանին յայտնէ անոնց:

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ Անոր» (Յհ 6.40):

Մեկնութիւն. Նախ՝ խօսքը չորս տրամագիծերով տեսնենք, որովհետեւ ոմանք, որոնք կը տեսնեն ու կը հաւատան, բարի է, եւ որոնք որ չեն տեսներ բայց կը հաւատան, առաւել բարեգոյն, եւ որոնք չեն տեսներ ու չեն հաւատար, չար է, եւ որոնք որ կը տեսնեն բայց չեն հաւատար, առաւել չարագոյն է:

Դարձեալ, զՔրիստոս տեսնելը երեք կերպով կ՚իմացուի.

Նախ՝ որ ըստ մարմինի կը տեսնեն, սակայն այսպէս չ՚իմացուիր այստեղ, քանի որ Քրիստոսի հաւատալ առանց մարմինի տեսութեան աւելի հաճելի է, քան մարմնապէս տեսնել, ըստ այդմ. «Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, երանի՜ անոնց որոնք առանց տեսնելու կը հաւատան» (տե՛ս Յհ 20.29):

Երկրորդ՝ երանութեան տեսութիւն, որով երանելիները Քրիստոսի Աստուածութիւնը կը տեսնեն, սակայն այսպէս չ՚իմացուիր այստեղ, որովհետեւ հաւատալը չերեւցած բաներուն տեսութիւնն է:

Երրորդ՝ հանճարի տեսութեամբ կը տեսնուի, որ առաւել տեսութիւն կ՚ըսուի, քան աչքերունը:

Եւ այս է հաւատքի ու գիտութեան ճանաչումը, եւ այս կ՚ըսէ այստեղ, թէ՝ իւրաքանչիւրը, որ զՔրիստոս կը տեսնէ ու կը հաւատայ, կեանքը կ՚ընդունի, ու այս հաւատքը կենդանի հաւատք է, որ Աստուծոյ սիրով է, ու այս պէտք է իմանալ անոնց համար, որոնք մինչեւ ի սպառ կը համբերեն ու բարի վարքով կը վախճանին: Ու երկու [տեսակ] է կեանքը, այսինքն՝ ժամանակաւոր ու յաւիտենական. յաւիտենականին հաւատալը մահէն կ՚ազատէ ու յաւիտենական կեանք կը հանէ: Ու այս երկուքն ալ յարութենէն ետք են, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (Յհ 6.40):

Մեկնութիւն. Այս է կարգը. նախ՝ այստեղ մահն է, ապա՝ յարութիւնը, ապա՝ դատաստանը, ապա՝ յաւիտենական կեանքը, որ հատուցումն է: Ասով կը մորմոքեցնէ հրեաներուն, որ կ՚ըսէ թէ Ի՛նքն է այս բաները ներգործողը:

Դարձեալ՝ «պիտի յարուցանեմ» կ՚ըսէ, երեք պատճառով. նախ՝ որպէսզի ցոյց տայ, թէ Ինք Աստուած է, որովհետեւ յարութիւնը Աստուծոյ զօրութեամբ կ՚ըլլայ, եւ ո՛չ թէ՝ մարդկային տկարութեամբ: Երկրորդ՝ քանի որ Քրիստոսի յարութիւնը ըստ մարմինի պատճառ ու օրինակ է [մեր] հասարակ մարմինի յարութեան: Երրորդ՝ որովհետեւ այդ յարութիւնը պարգեւներու հատուցումին համար կ՚ըլլայ, որ միայն Աստուծմով կարելի է պարգեւուիլ, իսկ թէ երբեմն բարձրագոյնները եւ երբեմն խոնարհագոյնները կը ճառէ, ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ այս հատորի համարին մէջ:

Խօսք. «Կը տրտնջային Անոր դէմ» (տե՛ս Յհ 6.41):

Մեկնութիւն. Տրտունջը ծածկաբար չարախօսելն է: Երկու բանի համար կը տրտնջային. նախ՝ քանի որ ըսաւ. «Ես եմ կերակրելի ու կենսատու հացը»: Երկրորդ՝ որովհետեւ ըսաւ. «Երկինքէն իջած է», ատոր համար կ՚ըսէ.

ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ՚ԸՍՈՒԻ ԹԷ ՅՈՎՍԷՓԻ ՈՐԴԻՆ Է

Խօսք. «Ասիկա Յովսէփի Որդին չէ՞» (Յհ 6.42):

Մեկնութիւն. Գիտելի է, թէ հրեաները զՔրիստոս սոսկ մարդ կը համարէին, ու զԻնք չէին ճանչնար Աստուած՝ Հօր Աստուծմէ ծնած ու երկինքէն իջած: Դարձեալ, զՔրիստոս կը համարեն ըստ կարգի հասարակ բնութեան Յովսէփէն ծնած, ու չէին գիտեր, թէ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ կերպարանացած է:

Իսկ մեկնիչդ1 կ՚ըսէ, չորս պատճառով Յովսէփը յիշեցին. նախ՝ որպէսզի սուտ հանեն երկինքէն իջած ըլլալը, երկրորդ՝ որովհետեւ հաց կը խնդրէին, երրորդ՝ քանի որ ապերախտ էին, չորրորդ՝ որովհետեւ ուրացողներ էին:

Եւ գիտելի է, թէ Քրիստոս ըստ Աստուածութեան Յովսէփի Որդի չի՛ կոչուիր, եւ ոչ ալ՝ ըստ մարդկութեան, որովհետեւ բնութեամբ Աստուծոյ Որդի է եւ Կոյսի Որդի, իսկ ազգակցութեամբ Դաւիթի ու Աբրահամի Որդի է, իսկ եղելութեամբ՝ Ադամի Որդի, իսկ կոչումով՝ Յովսէփի Որդի:

Խօսք. «Կը բաւէ՛ դուք ձեզի քրթմնջէք» (Յհ 6.43):

Մեկնութիւն. Քրթմնջելն ու տրտնջալը նոյնն է, չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ թէ ծածկագէտ է: Երկրորդ՝ անոխակալ: Երրորդ՝ Հօր Աստուծոյ Որդի: Չորրորդ՝ եւ ո՛չ թէ միայն Ինծի, այլ՝ ձեր տրտունջը Հօր եւս կ՚ելլէ:

Դարձեալ, անոնց հայրերը տրտնջալուն պատճառով անապատին մէջ դիաթաւալ ինկան, այդ պատճառով Քրիստոս կը խրատէ զանոնք, որպէսզի նոյն պատիժին մէջ չիյնան:

ԹԷ ՀԱՅՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԱՐԴԸ ԿԸ ԲԵՐԷ [ԿԸ ՔԱՇԷ]

Խօսք. «Ո՛չ ոք չի կրնար Ինծի գալ՝ եթէ Հայրս զայն Ինծի չբերէ» (Յհ 6.44):

Մեկնութիւն. Նախ՝ այն է տեսութիւն, ինչպէս ըսուեցաւ Որդիին տալուն մասին երեք կերպով, այսինքն՝ շնորհքով, կամքով ու առաջնորդելով: Դարձեալ՝ Մեկնիչդ2 կրկին կ՚ըսէ. նախ՝ հաւատքով, երկրորդ՝ մարգարէներով, որովհետեւ ով որ Հօր կը հաւատայ, սակայն Անոր Բանը կ՚ուրանայ, այդպիսին Հօր չի հաւատար: Դարձեալ, այլ վարդապետներ կ՚ըսեն, որովհետեւ իր մը չի՛ կրնար վերանալ դէպի այն, որ բարձր է, բացի եթէ ուրիշէ մը դէպի այն չբերուի [չքաշուի], ինչպէս որ քարը չի՛ կրնար դէպի վեր ընթանալ, եթէ ոչ ուրիշներու շարժմամբ, իսկ հաւատքը տեսակցեալ սիրով կերպով մը մարդը դէպի աստուածային բնութիւն կը քաշէ, ինչպէս որ Պետրոս իր ընդհանրական թուղթին մէջ կ՚ըսէ. «Որով մեծամեծ ու պատուական աւետիսներ պարգեւուած են մեզի, որպէսզի անոնց միջոցով աստուածեղէն բնութեան հաղորդակից ըլլանք» (Բ Պտ 1.4):

Խօսք. «Եւ Ես պիտի յարուցանեմ զայն» (Յհ 6.44):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ մարդուն հոգին կատարելապէս երանեալ չէ, մինչեւ մարմին միաւորութեամբ հաղորդակից դառնայ, ատոր համար հոգին կը փափաքի մարմինին միաւորելու, եւ այս փափաքումին համար չի՛ կրնար վերանալ դէպի Աստուած: Դարձեալ՝ դէպի Աստուած քաշուիլը աստուածային հեղումով կ՚ըլլայ, ինչպէս Սուրբ Գրոց վկայութեամբ ցոյց կու տայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 60

Վաղարշապատ


1 Նանան:

2 Նանան:

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020