Ար­ձա­կուր­դը Եւ Ար­ձա­կուրդս

Ամառ է: Որոշեցինք «արձակուրդ»ի երթալ: Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը փախուստ մըն է առօրեայէն: Վերանորոգուելու արդար փորձ մը: Այսինքն՝ օրերդ տարբեր ձեւով ընդունելու եւ ապրելու գաղտնիքով ակնկալութիւն մը:

Ու էրիկ-կնիկ նախընտրեցինք Եւրոպան, եւ յատկապէս անոր ծայրագոյնը՝ Իրլանտան եւ Իրլանտական Հանրապետութիւնը: Մի՛ հարցնէք՝ ինչո՞ւ:

Այսպէս, սկսելով հարաւէն՝ մայրաքաղաք Տապլինէն, ամբողջ երկու շաբաթ, փոխադրական մեծ եւ շատ հանգստաւէտ կառքով մը, եւ ընկերակցութեամբ արհեստավարժ «կայտ»-առաջնորդի մը, աշխարհի զանազան կողմերէն եկող մօտ յիսուն հոգիով միասնաբար «պիտի այցելէինք» այս երկու երկիրներուն գլխաւոր  քաղաքները, գիւղերն ու տեսարժան վայրերը, հասնելու համար հիւսիս՝ պատմական Պելֆասթ քաղաքը:

Ու վերջին մտովի, ծածուկ եւ սակայն տաք աղօթք մը ընելով՝ ճամբայ ինկանք:

Եւրոպա ըսի, պէտք էր, որ աւելցնէի նաեւ, թէ ան ինծի համար ամբողջ աշխարհի պատմութիւնն ալ էր: Պատմական հսկայ թանգարան մը, որուն համար ամէն օր մեզի տրամադրուած «կայտը», հնութիւններու տակէն կորսուած կամ պահուըտած կեանքերուն «շունչ» կու տար ու հոն կուտակուած բոլոր դէմքերն ու դէպքերը դուրս կը բերէր եւ զանոնք կը փռէր մեր յիշողութեան առջեւ, գեղեցիկ կրկներգի մը նման:

Անոր համար էր, որ յուսահատ կողոպուտ մը կար բոլորիս աչքերուն մէջ ու կը փորձէինք ագահօրէն ոչ միայն յուշեր հաւաքել, այլ նաեւ ամփոփել մեծ ընդարձակութիւնը այս երկիրներուն՝ անոնց լայնատարած կանաչութեան հետ միասին:

Հաստատ գիտէի, որ երկիր մը ճանչնալու համար պէտք էր քալել անոր հին ու նոր քաղաքներու փողոցներու մայթերէն ու պատերու եզերքներէն: Ու քալեցինք: Քալեցինք երկար, յաճախ՝ շնչասպառ, քրտինքով, տեսնելու համար արշալոյսի գոյներով զարդարուած անցեալը:

Իմ կարգիս նաեւ փորձեցի մօտենալ անցեալին: Արեւելքը այսպէս չէր, կը բաղդատէի մտովի: Հոս տարբեր էր: Հոս ամէն բանի մէջ Աստուած կար: Գոյն, լոյս, գիծ եւ խորհուրդ: Նոյնիսկ կեանքի յաւիտենականութեան հոլովոյթը կար մարդոց երակներուն մէջ: Թէեւ պատմութիւնը հոս ալ գրուած էր կրակով ու թուրով, ատելութեամբ, դաւադրութեամբ եւ յաղթանակով, սակայն անիկա մեծ հպարտութեամբ կը յայտնաբերուէր: Միւս կողմէ՝ դարերէ ի վեր եկեղեցին արդէն ամուր մը նստած էր իւրաքանչիւր դէմքի, կոթողի եւ փլատակի սրտին վրայ: Ագահօրէն կը հետեւէի հրամցուած թուականներուն, մեծ ու փոքր դէպքերուն, դէմքերուն, հերոսներու արձաններուն ու շիրիմներուն եւ մշակոյթի թելադրանքին ու մտովի բաղդատականը կ՚ընէի «մերիններուն» հետ: Հոս ալ մարդոց դէմքերուն վրայ խմիչքի ծանր, սակայն կարմիր բոցերը բացայայտ էին: Կախարդական աշխարհ եւ նոյնքան ալ՝ նախանձելի:

Որովհետեւ ամէն օր նոր քաղաք կամ գիւղ, մթին քարեր կամ քանդակներ, տաք ու խանդավառ շունչով մեր դիմաց կը բանային նոր դռներ, նոր թուականներ, նոր պատկերներ: Ու ինչ մեղքս պահեմ, պատմութիւնը իսկապէս խածած էր սիրտս, ուղեղս, եւ ժամերս լեցուցած՝ նորութիւններով: Սակայն միտքս միշտ անհանգիստ էր: Սանկ, տեսակ մը անախորժ եւ սիրտ ճմլող անհանգստութիւն, որ յաճախ տրամադրութիւնդ կը քանդէ: Անօրինակ վիճակ:

Բայց… միաժամանակ…

«Իրլանտաներ,- կ՚ըսէի մտովի,- ինծի համար դուք օրինակելի երկիրներ էք, որովհետեւ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու երեսին ամէն օր ճակատաբաց կը պոռաք ձեր հպարտութեան լռութեամբ»:

Չեմ գիտեր՝ նախաբանս ինչո՞ւ այսքան երկարեցի, որովհետեւ նախ պարտաւոր էի յիշեցնել, որ մեր շրջապտոյտի առաջին օրն իսկ, եւ յատկապէս երբ խումբով մէկտեղուած էինք «բարի գալուստի» ընթրիքի սեղաններու շուրջ ու, ըստ սովորութեան, իւրաքանչիւրս պատրաստ՝ ինքզինք ծանօթացնելու «արարողութեան» (անուն-երկիր), յանկարծ մօտս նստող թեքսասցի տարիքոտ Ճիմին, շապիկիս գրպանէն հեռաձանիս տեսանելի հայկական եռագոյնով ծածկուած պատեանէն մեկնելով, մեծ գիւտ ընողի մը յաւակնութեամբ, ոտքի ելլելով, բացականչեց.- «Վենեզուելլայէն է, եւ ոչ թէ «Էլ.-էյ.»էն է, նայեցէք իր «ֆոնին»:

Ու սրահը երկար խնդաց:

Ահա ճիշդ այդ վայրկեանէն սկսեալ եւ ամբողջ պտոյտի ընթացքին, իւրաքանչիւր մեր խմբական հաւաքներուն, նախաճաշ եւ կամ հանգիստի պահերու մեր սեղանակիցներուն, իբրեւ խօսակցութեան նիւթ, անպաշտօն, սկսած էր տեսակ մը «Հայ դատ»ի մեր պարտականութիւն-աշխատանքը:

Հայ, հայութիւն, Հայաստան, Արմենիա եւ ո՛չ թէ Ալպանիա կամ Ռումանիա, Ղարաբաղ, ազէրի վայրագութիւն, հայրենիք, Արարատ, բռնագրաւուած պապենական հողեր, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ, ե՛ւ եղեռն, ե՛ւ ազատ ու անկախ երկիր, աւելի՛ն, առաջին քրիստոնեայ երկիր, այս բոլորը կաթիլ առ կաթիլ սկսած էինք թափել աշխարհի չորս կողմերէն մէկտեղուած մեր փոխադրակառքի յաճախորդներուն տափակ, եւ անտաշ ուղեղներուն եւ հետաքրքիր հարցումներուն դիմաց:

Ինքնածին ու նոյնքան ալ պատրաստակամ դասատուներ դարձած էինք՝ երկուքով: Եւ այսպէս, ամէն օր, այս անծանօթ հեռաւորութեան մէջ, տեղ-տեղ մեր ապրումները կիսելով, մեր միտքերը, մեր պատմական անցեալի թելադրանքով հիւսուած զգացումներով ապրեցուցինք:

Կը խօսէինք իմաստալի հեւքով, մեր բանակի հերոսութեան, ազատութեան եւ հին աստուածներու մասին: Զարմանքն ու հիացմունքը թակած էին բոլորին միտքերը: Կը զգայինք, որ մեր լեզուին վրայ հին երգ մը արդէն սկսած էր անձայն քալել: Մեր աստ-ւածներն ու պատմութիւնը եկած ու միացած էին մեր հերոսներուն հետ:

Իմ կարգիս, հայրենիքս եւ հայութիւնս, հաստատապէս Հայաստանս, թէեւ մնացածէր ենթագիտակցութեանս մէջ վիպային, սակայն անոնց կարօտը խանգարած էր զիս: Յստակ էր, որ երկիրս հետս բերած էի: Ան ներկայ էր: Մօտս էր: Հետս կ՚ապրէր ու կը շնչէր՝ քրտինքոտ ճակատովս ու բառերովս միատեղ: Անընդհատ կը պարզէի, կը բացատրէի, թէ մեր Հայաստանն ալ պատմական է: Հոն ալ կառոյցի պատերուն վրայ դարերը կը խօսին գեղեցիկ կրկներգի նման: Հոն ալ տեսանելի է, թէ որքան խոր է պատմութիւնը: Գացէ՛ք, տեսէ՛ք: Վայելեցէ՛ք եւ ձեր աչքերով հաստատեցէ՛ք:

Այսպէս, կը զգայի, որ այս ընթացքովս ներկայէն քալած էի անմիջական վաղը՝ յոյսով եւ հաւատքով: Դուրսէն տեսնողին համար անձնապէս նոր մարդու թափ մը ունէի կարծէք, որուն մէջ ներկայ է հայ մարդուն՝ իր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ ունեցած բոլոր գլխաւոր ձգտումները:

Ու հաստատօրէն աշխարհի տարածքին հայու մեր կեանքը ամէն տեղ եւ ներքնապէս կը հիւծէր մեր մարմինը: Այս մէկուն վկաներէն մէկն էի դարձած:

Իսկապէս, որ մենք, ազգովին բարդ ժողովուրդ ենք եղած եւ ենք մինչեւ հիմա, որովհետեւ ամէն ինչ, ամէն տեղ եւ ամէն բան ուզած ենք հայացնել:

Տեսակ մը՝ «հայամոլ» անունով հիւանդութեամբ տառապող մարդիկ:  Ու այս մէկը մեր արեան հոսքին հետ է: Մի՛շտ ներկայ:

Ու վերջապէս…

Չէի գիտեր՝ արդեօք իրապէս այս արձակուրդին մենք էրիկ-կնիկ զբօսաշրջի՞կ էինք, թէ ոչ՝ անկոչ հայ «կայտ»եր: Պատասխան չունէի եւ չունիմ տակաւին:

Միայն այն գիտեմ, որ լաւ «բան» մը, սրբազան պարտականութիւն մը կատարողի անհուն գոհունակութեամբ, շրջապտոյտէն ետք տուն վերադարձած էինք:

Ու հաւատացէ՛ք, անձնապէս շատ  երջանիկ էի:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017