ՇԱՀՆՈՒՐԻՆ, ՓԱՐԻԶ ԱՊՐՈՂԻՆ ԵՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Շահան Շահնուր գրողէն բացի գոյութիւն ունի այլ Շահնուր մը, որուն արեան եւ երակներուն մէջ մէջ հաւասարաչափ կիրքով կը վազէ հրապարակախօս մարդուն տագնապը:
Շահնուր ինչպէս գրականութեան, այնպէս ալ հրապարակախօսութեան պարագային անկեղծ է:
Կը տագնապի ու «կ՚այրուի» իր ժողովուրդին ցաւերով, բայց ոչ մէկ ատեն կը փորձէ «դաս տալ»: Եթէ հրապարակախօսութեան աւանդը եւ այդ սեռին ընդհանուր սահմանները գծել փորձենք, ապա կասկածէ վեր է, որ հրապարակախօսը, իր գրիչը պիտի չշարժէ հանրութեան ու ապա իր ընթերցողին դաս տալու մղումով:
Ու այստեղ, ինչքան վիրաւորական պիտի համարես ընթերցողդ, սիւնակիդ հետեւողը, առհասարակ հայ թերթ գնողը կամ իր նամակատուփի «ինպոքս»ին մէջ հայկական թերթի մը «Փի. Տի. Էֆ.» տարբերակը ստացողը, եթէ գիրդ, ոճդ, լեզուդ, բառերդ ու նախադասութիւններդ կը հետապնդեն մէկ նպատակ, որն է «դաս տալ» կամ դիմացինդ այդ դասին սպասող «յաճախորդ» մը համարել:
Այս նախաբանը գրեցի, անցնող շաբաթ տեղի ունեցած «միջադէպ»ի մը մասին կարծիքս արտայայտելու համար:
Այսպէս, Օգոստոսի 3-ը Շահան Շահնուրի ծննդեան 114-ամեակն էր (Ծնած է Պոլիս, 3 Օգոստոս 1903-ին) ու ոգեկոչելով այդ մեծ մարդուն ծննդեան օրը, ելեկտրոնային նամակ մը առաքեցի Փարիզ բնակող գրողի մը, որուն հանդէպ միշտ ալ տածած եմ անսահման սէր եւ յարգանք:
Նամակիս բովանդակութիւնն էր. «Շահնուրէն ի՜նչ մնաց...»։
Նամակատէրս արեւմտահայերէն լեզուին հանդէպ նախանձախնդիր հեղինակ է, ու անոր գրադատութեան եւ արձակի ոլորտին մէջ ունեցած ձեռքբերումները միշտ ալ յուզած են զիս: Յուզած են, որպէս սերունդի մը ներկայացուցիչ, որուն պատեհ առիթ տրուած է տուեալ անձնաւորութեան հետ շփուիլ, խօսիլ, կիսուիլ ու քննարկել հայոց գրականութեան հիմնահարցերը:
Եւ ուղարկուած նամակիս, որուն մէջ ես մէկ տող էի գրած, կը ստանամ հետեւեալ «յուզիչ» պատասխանը՝
«Շահան Շահնուր կոտրելով կարծրատիպերը շրջած է այն մօտեցումը, որ «վիպերգակ»ի բարձրութենէն հրապարակախօսութեան հարթակ երթալը անկում մըն է։
Դուն քեզ արդարացնելու ձեւ մը գտեր ես Շահնուրի ետին պահուըտելով։
Չես դադրիր ղազեթաճի մը ըլլալէ, ան ալ դաս տուող տեսակէն»։
Ստացած նամակիս կը պատասխանեմ շատ կիրթ ոճով եւ խօսակիցս ալ լռութեան կը մատնուի:
Տեղի ունեցածը «անհամ» կատակ մը կը համարեմ ու կ՚անցնիմ գործերուս:
Օրս Շահնուրով կը պսակեմ ու ամբողջութեամբ կը կարդամ Գրիգոր Շահինեանի գրիչով Շահնուր հրապարակախօսին նուիրուած կարճ մենագրութիւնը, խորագրեալ՝ «Հրապարակագրութիւն»:
Այս տհաճ պատմութիւնը ընթերցողներուս հետ կիսեցի, պարզապէս ցոյց տալու համար, որ ինչ որակներու, ինչ տեսակի մարդոց եւ ինչ մեծամիտներու հետ է մեր գործը:
Երբ հեշտ է լրագրողը «ղազեթաճի» անուանել, առանց փաստեր տալու, երբ հեշտ է լրագրողը մեղադրել առանց հիմնաւորելու եղած մեղադրանքը:
Պարզապէս փաստի սով:
Գրեցի այս բոլորը, ցոյց տալու համար, որ լրագրողը, գրչի մարդը, յանուն իրաւութեան եւ ճշմարտութեան համար գրողը երբեք ալ պիտի չընկրկի, ինչ ալ պայմանները, ինչքան ալ թոյն պարունակեն արձակուած նետերը եւ ինչքան թանձր ըլլայ մաղձի տոպրակը, որուն մէջ նստած են այդ փոքրոգիները:
Ամէն պարագայի Պոլսին ու պոլսահայերուն համար շատ սիրելի գրողի մը տողերը փոխ առնելով պիտի ըսեմ. «Հայհոյանքը, փաստի սով է»։ Ու այս պարագային ալ այս խօսքը կը համընկնի ամբողջական իրականութեան:
Ստորեւ կը ներկայացնեմ, որ Շահան Շահնուրի հրապարակախօսութեան նը-ւիրած տողերս, այն կուռ հաւատքով, որ ընթերցողս պիտի կարդայ ու անգամ մը եւս պիտի սուզուի Շահնուրի կերտած մեծ եւ խորիմաց հրապարախօսութեան ջուրերուն մէջ:
Ստորեւ գրութիւնը։
Անսպասելի չէր, որ Շահան Շահնուրի նման գրողի մը ձայնը լսուէր աքսորական դարձած մեր ժողովուրդի ամենէն խուլ մէկ անկիւնէն:
Ու այն, որ կը հաւատար մեր յարութեան գաղափարին, պիտի հաւատար նաեւ, որ աքսորէն, հալածանքէն ու ջարդէն ընդամէնը երեսուն տարի անց Եւրոպայի սրտին վրայ իր խօսքով ու գիրով հայութեան իր «վաւերաթուղթ»ը ներկայացուցած պոլսեցի արմատներով գրող Շահնուրը պիտի դառնար ամբողջ սերունդի մը մտածումներուն իրական կրողը:
Վէպը, արձակ գրելու վարպետութիւնը, գրականագիտութիւնը եւ նոյնիսկ լրագրութեան ամենէն տարբեր փորձագրութիւնները թուղթին տուած Շահ-նուր Քէրէսթէճեանը, նաեւ հրապարակախօսութեան վարպետ էր:
Մամուլի բոյրը, անոր թանաքին երագները, թերթի ու պարբերականի կապոցներուն մէջ արժէքներու ամբողջ համակարգ մը տեսած «Փարիզի տղա»ն հրապարակախօսութեան հանդէպ իր ունեցած սիրով ու ըսելիքով յաջողեցաւ իր «կարմիր» կնիքը դնել այդ ժամանակուայ հրապարակախօսութեան միջավայրին մէջ։
Լիբանանահայ գրաքննադատ Գրիգոր Շահինեան իր «Հրապարակագրութիւն» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ (տես «Յաղագս Շահան Շահնուրի» Գր. Շահինեան Երեւան «Ազգ» հրատարակչութիւն 2016) ի միջի այլոց կը գրէ.
Շահնուրի հրապարակագրական յօդուածներու շուրջ մէկ երրորդը միայն պահուած է լրագրական էջերը կազմող հատորներուն մէջ: Ներկայ դրութեամբ հը-րապարակագրական տարազին տակ կրնանք խմբել վեց անհաւասար երկարութիւն ունեցող գրութիւններ. «Լրագիր», «Առաջին քայլեր փապուղիին մէջ», «Ազատ Կոմիտաս», «Սեւ արեւ», «Ձկնիկը»:
Այս բոլորին մէջ կը գտնենք կարեւոր քանի մը գաղափարներ, որոնք Շահնուրի ազգային-քաղաքական մտածումին կորիզը կը կազմեն եւ հրապարակագրական պայքարին հիմնաքարը:
Կարեւոր շեշտադրում մը կը կատարէ Շահինեան, երբ կը խօսի Շահնուրի հրապարակագրութեան հանդէպ ունեցած ընկալումին մասին, զայն համարելով «հրապարակագրական պայքար»։ Այս կէտին է նաեւ, որ յստակ կը դառնայ, թէ Շահան Շահնուր կոտրելով կարծրատիպերը շրջած է այն մօտեցումը, որ «վիպերգակ»ի բարձրութենէն հրապարակախօսութեան հարթակ երթալը անկում մըն է:
Շահնուր ղազեթաճի չէ, թերթ հրապարակելու, թերթը «հասցնելու», թերթին համար «դրամ մուրալ»ու հարց չունի:
Աւելի՛ն. գլխուն վրայ «կեցած» խըմ-բագիր կամ ղեկավար ալ չունի ու կը գրէ իր ձայնով, իր տեսակէտով եւ ամենէն աւելին իր պայքարելու կամքով:
Երբ կը քննադատէ արեւմտահայութեան մէկ հատուածին գործած սխալները, կը փորձէ վէրք մը դարմանել:
Երբ կը մտրակէ եւ լոյսին կը բերէ Օսմանեան կայսրութեան անկումի օրերուն հայութեան մէկ հատուածին թոյլ տուած ճակատագրական սխալներն ու «աւատիւրա»ները, դարձեալ կը խօսի «տնեցի»ի հոգեբանութեամբ:
Չմոռնանք, ան եւս ճակատագրակից եղած է իր ժողովուրդի ցաւերուն, տառապանքներուն։
Դարձեալ կը մէջբերեմ Գրիգոր Շահինեանի խօսքը.
«Շահնուր ողբերգական կը նկատէ հայութեան վիճակը օսմանեան իշխանութեան տակ, բայց կը մտածէ, որ յեղափոխութիւնը չէր լաւագոյն միջոցը: Ան տարբերութիւն կը դնէ ըմբոստութեան եւ յեղափոխութեան միջեւ։ Ըստ իրեն՝ առաջինը «վատէն ձերբազատ-ւելու պահանջք» մըն է եւ կը նշանակէ «ընդառաջ երթալ անձնասպանութեան», մինչ երկրորդը, «լաւագոյն կեանքի (մը) որոնումն է» եւ պէտք է «կազմակերպուի համաձայն կանխորոշ ծրագրի մը եւ տեսութեանց, որոնց իրագործումը շատ չ՚անցնիր ազգային ուժերու տարողութենէն անդին»: Ինք կը հաւատայ, որ մեր յեղափոխութիւնը այս պայմանները չէր լրացներ եւ աւելի նման էր անձնասպանութեան տանող ըմբոստութեան: Արդ, կը մտածէ, ըմբոստութիւնը, որ ընդունելի է անհատներու պարագային, ներելի չէ, երբ հաւաքականութիւն մըն է խնդրոյ առարկան»:
Հրապարակախօս Շահնուրի մտայնութիւնը եւ առաջադրանքները հասկնալու Գրիգոր Շահինեանի փորձը խորքին մէջ ճիգ է կազմելու համար ընդհանուր պատկերը հրապարակախօսի մը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ պահպանել իր այժէականութիւնը:
Ճիշդ է, որ շատ մը պարագաներու Շահնուր պատունադանի վրայ չէ այսօր:
Շահնուր նաեւ շատ սիրելի գրող մը չէ, կամ «երկիւղածութեան» ու «խնկարկում»ի արժանի եղած անուն մը չէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ու կարեւոր ալ չեն այդ բոլորը, որովհետեւ Շահնուր չի գրեր գովասանքի կամ հանրութեան չի ներկայանար շփացած ու իր կուրծքը շքանաշան ստացած չգրողի մը կերպարով:
Անոր կերպարը վերժամանակեայ կերպար է: Ու ինչպէս իր վէպը, (նկատի ունիմ «Նահանջը առանց երգի»ն) այնպէս ալ իր հրապարակախօսութիւնը կ՚անդրանցնի բոլոր նեղ ու ճնշուած սեղմումները եւ իր թեւերը կը բանայ լսելի դարձնելու համար իր խօսքը:
Հրապարակախօսին մեծութիւնը, անոր խօսքին կշիռը եւ առաջարկած լուծումներուն իրաւացիութիւնը ժամանակի կշիռքին մէջ դրուող կշռաքարեր են:
Ու այսօր ալ այդ մեծ վիպողի թելադրական խօսքն ու խորքային մտածումները թելադրական են՝ հայաշխարհի մամուլին համար զինուորագրուած գրողներուն:
Շահնուրի ճշմարտացիութիւնը, հարցերը տրամաբանութեան սեղանին դնելով քննելու ունակութիւնը թելադրական պիտի մնան այնքան ատեն, որ մեր ժողովուրդի վերջին հարիւր տարուան պատմութիւնը չէ արժանացած քննական վերլուծութեան:
Երեւան