«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ԵՐՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ
«Տիրոջ, Քու Աստուծոյդ անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես,
Որովհետեւ Տէրը Իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը
Անմեղ պիտի չսեպէ» (Ելք 20.7)
Երրորդ պատուիրանը կ՚արգիլէ Աստուծոյ անունը ամէն ինչի մէջ գործածելէ, ինչ որ դէմ է այն խոր յարգանքին, որով պէտք է մեր սիրտը լեցուն ըլլայ: Այս պատուիրանը կ՚արգիլէ երդումի ժամանակ Աստուծոյ անունը գործածել՝ ստութեան համար, որովհետեւ երդուիլ, կը նշանակէ՝ վկայակոչել զԱստուած մեր խոստացած բանին համար: Հետեաւաբար, ճշմարտութիւնը չյայտնելով կամ ուրանալով մեր խոստումը, մենք մեզ Աստուծոյ արդար պատիժին կ՚ենթարկենք:
Երդուիլը, իբրեւ կրօնական արարք, Ս. Գիրքին մէջ արտօնուած է: Որովհետեւ, երդումով մենք զԱստուած եւ Անոր բոլոր կատարելութիւնները կը պատուենք: Երդումով կը խոստովանինք, որ Ան մեր սիրտը կը ճանչնայ, գիտէ ամէն բան եւ ճշմարտութիւնը կը սիրէ: Եւ որովհետեւ Ի՛նք Ամենագէտ ու Արդար է, անշուշտ մեզ կը պատժէ, եթէ սուտ երդում ընենք. «Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, իմ բերանէս արդարութեան խօսք ելաւ ու ետ չի՛ դառնար» (Ես 45.23). «Քու Տէր Աստուծմէդ պէտք է վախնաս ու զԱնիկա պաշտես ու Անոր յարիս ու Անոր անունով երդում ընես» (Բ.Օր 10.20):
Որովհետեւ երդուիլը մեծ իմաստ ունի, հետեւաբար ամենէն մեծ գործերուն համար միայն պէտք է երդում ընել: Օրինակ՝ երբ դատաւորը այնպիսի վէճեր կը պահանջէ աւարտել, որոնք հաստատ ապացոյցի կարօտ են եւ որոնք այլ կերպ հնարաւոր չէ որ աւարտին, այլ երբ երդումով եւ խոստումով միայն կրնայ ճշմարտութիւնը զօրութիւն ստանալ: Հին օրէնքներուն մէջ երդումը արտօնուած էր՝ ճշմարտութիւնը զօրացնելու եւ վէճերը արդարութեամբ լուծելու նպատակով, ինչպէս կը վկայէ Պօղոս առաքեալ. «Մարդիկ իրենցմէ վեր բաներու վրայ երդում կ՚ընեն, եւ երդումը կը գործածեն իբրեւ ապահովութիւն տալու կերպ՝ իրենց վէճերուն վերջ դնելու համար» (Եբր 6.16):
Երբ մարդ երդում ընելու կանչուի, պարտաւոր է շատ զգոյշ ըլլալ, որպէսզի Աստուծոյ անունը խոր յարգանքով, արդարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ արտասանէ: Հետեւաբար, պարտաւոր է լաւապէս մտածել երդումի վսեմութեան մասին եւ դիւրութեամբ երդում չընել, առանց բոլոր հանգամանքներուն վրայ օրինաւորապէս խորհելու: Ան պարտաւոր է մտածել եւ իր աչքին առջեւ բերել ամէն բան, որուն համար կոչուած է պատասխանելու: Պարտաւոր է վկայել միայն այն՝ ինչ որ հաստատ գիտէ եւ երբեք պէտք չէ փոխէ գործին դրութիւնն ու հանգամանքը: Պէտք չէ ծածկէ, կա՛մ արտաքնապէս սուտ ձեւացնէ, կա՛մ երկդիմի խօսքեր գործածէ, կա՛մ իր արտասանած խօսքերուն՝ իր միտքին մէջ ուրիշ մեկնաբանութիւն տայ եւ կամ իր խիղճն ու վկայութիւնը իրարու անհամաձայն ըլլան, ինչպէս որ Ճիզուիթները (Յիսուսականներ» անամօթաբար կ՚արտօնեն երդում ընողներուն նմանատիպ խորամանկութիւններ կատարեն: Ընդհակառակը, պէտք է բոլոր բառերը գործածել այն իմաստով, ինչ իմաստով որ կը հասկնայ երդմնեցուցիչը: Պէտք է միայն տալ այնպիսի խոստում, որուն կատարումը անհնարին չէ, այլ՝ օրինաւոր է եւ կրնանք պահել ու կատարել: Ասոր համար է ահաւասիկ, որ սուտ երդումը, անարդար երդումը եւ զուր տեղ եղած երդումը, մեծ յանցանք համարուած են:
Մեծ յանցանք կը համարուի նմանապէս, երբ մարդիկ Աստուծոյ անունին փոխարէն՝ արարածի անունով երդում կ՚ընեն: Նմանատիպ երդումը կատարեալ ամբարշտութիւն է, որովհետեւ միայն Աստուած է, որ մեր սիրտին բոլոր գաղտնիք(ները) գիտէ. Ան է, որ բոլորը կը սիրէ, ուստի սաստիկ կերպով կը յանդիմանէ կռապաշտ երուսաղիմացիները՝ ըսելով. «Քու որդիներդ զիս լքեցին եւ չաստուածներով երդում ըրին» (Եր 5.7): Յիսուս Քրիստոս արարածի անունով երդում ընելը կը յանդիմանէ եւ կը դատապարտէ, նաեւ այն ատեն, երբ այդ երդումը միջաբար կամ անուղղակի կերպով Աստուծոյ կը վերաբերի. «Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Բնաւ երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որովհետեւ Աստուծոյ գահն է, ո՛չ երկրի վրայ՝ որովհետեւ անոր ոտքին պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որովհետեւ Մեծ Թագաւորին՝ Աստուծոյ քաղաքն է, եւ ո՛չ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ըրէ, որովետեւ չես կրնար մազ մը իսկ ճերմկցնել կամ սեւցնել։ Պարզապէս ձեր այոն այո թող ըլլայ եւ ոչը՝ ոչ։ Անկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մտ 5.34-37):
Սուտ երդում ընել կը նշանակէ սուտը ճշմարիտի տեղ դնել եւ ջանալ հաստատել կա՛մ խորամանկութեամբ ծածկել, կա՛մ երդումով այնպիսի բան խոստանալ, որ կատարելու մտադրութիւն չկայ կա՛մ վերջապէս՝ հաստատ չէ երդումը պահել: Այս վերջին իմաստով, սուտ երդումը երդմնազանցութիւն կը կոչուի: Այս յանցանքը իր մէջ կը պարունակէ սարսափելի անիրաւութիւններ, որովհետեւ Աստուած ստութեան համար վկայակոչել կը նշանակէ ահռելի յանդգնութեամբ անպատուել Անոր անունը եւ Անոր վրէժխնդրութիւնը շարժել՝ մեր դէմ: Ինչքա՜ն ատելի է Աստուծոյ առջեւ այն մարդը, որ ստութիւնը գիտնալով՝ դարձեալ կը յանդգնի իբրեւ ճշմարտութիւն ծախել: Վերջապէս, զարհուրելի յանցանք եւ միաժամանակ դատապարտելի եղեռնագործութիւն է թէ՛ դատաւորին առջեւ եւ թէ բոլոր մարդոց առջեւ՝ ժխտել մեր երդումը եւ ամենասուրբ միաբանութեան կապը խզել: Այս յանցանքը միշտ, բոլոր ազգերուն եւ բոլոր երկիրներուն մէջ միշտ զարհուրելի եղած է: Այս յանցանքն է, որ Աստուած երրորդ պատուիրանով կ՚արգիլէ գլխաւորաբար եւ կը սպառնայ, որ բոլորովին անարժան եւ դատապարտութեան ենթակայ է այն մարդը, որ ի զուր տեղ բերան կ՚առնէ Աստուծոյ սուրբ անունը: Աստուած այս յանցանքը գործողները կը սպառնայ սաստիկ կերպով պատժել, ինչպէս կը յայտնէ մարգարէին բերանով. «Զանիկա Ե՛ս կը հանեմ, կ՚ըսէ զօրքերու Տէրը, որ գոյին տունը եւ Իմ անունով սուտ երդում ընողին տունը պիտի մտնէ ու անոր տանը մէջ պիտի մնայ եւ զանիկա իր փայտերովը ու քարերովը պիտի սպառէ» (Զք 5.4):
Երդումը անմիտ կը համարուի, երբ բացարձակապէս տեղեակ չենք երդման առարկայի ստութեանը կամ ճշմարտութեանը. չենք գիտեր, արդեօք ճշմարիտ եւ արդա՞ր է, թէ՞ անիրաւ ու սուտ, եւ կամ կրնա՞նք արդեօք անվնաս կատարել: Այսպէս էր օրինակ, Հերովդէսի երդումը, որ իր աղջկան՝ Հերովդիտային տուաւ: Անմիտ երդումը մեզ դէպի երդմնազանցութիւն կը տանի կամ դէպի այլ յանցաւորութիւն, որ իր մէջ Աստուծոյ նկատմամբ անարգանք եւ նախատինք կը պարունակէ: Այս պատճառով, դիւրութեամբ երդում կատարողը Ս. Գիրքին մէջ անգամ՝ յանցաւոր կը համարուի:
Երբ մարդ անմտաբար երդում տուած է եւ յետոյ կը զգայ, որ ուղղակի իր անձին վնաս է, դարձեալ երդումին յարգանքը կը պահանջէ, որ կատարէ իր երդումը, մանաւանդ երբ այն անձը կամ իշխանութիւնը՝ որուն երդում ըրած է, չեն ուզեր երդուողը ազատել կանոնաւոր իշխանութեամբ, ինչպէս որ է հօր որդիին հանդէպ ունեցած իշխանութիւնը. «...Կը պատուէ աստուածավախ մարդիկը։ Որ յանձն կ՚առնէ իր երդումը յարգելով վնաս կրել, քան թէ իր խօսքը դրժել» (Սղ 15.4):
Երդումը անիրաւ կամ անարդար կը համարուի, երբ մարդ այնպիսի բան կը խոստանայ, որ աստուածային օրէնքներուն հակառակ է, ինչպէս որ խոստացան իսրայէլացիները, որոնց մասին այսպէս կը խօսուի. «Յաջորդ առաւօտ, կարգ մը հրեաներ իրարու քով եկան եւ իրենք զիրենք նզովքի տակ դնելով՝ երդում ըրին չուտել ու չխմել՝ մինչեւ չսպաննեն Պօղոսը» (Գրծ 23.12): Այսպիսի երդում կատարել, կը նշանակէ մեծ յանցանք գործել, որովհետեւ երբեք արտօնուած չէ կատարել նման բան, որ Աստուած կը դատապարտէ: Ուստի, հարկաւոր է անմիջապէս զղջալ եւ մերժել նմանատիպ երդումը եւ յաջորդ անգամ մեծապէս ուշադիր ըլլալ, որպէսզի այսպիսի յանցանքներու մէջ չգլորինք:
Երդումը զուր կը համարուի, երբ սնոտի բաներու համար կամ սովորական խօսակցութիւններու ընթացքին Աստուծոյ անունը վայրապար կը յիշուի կամ կը կրկնուի, ինչպէս սովորութիւն ունին ընել անմտադիր երդուողները: Այսպիսի վայրապար երդումը եւս մեզ դէպի երդմնազանցութիւն կը տանի, եւ Քրիստոս այսպիսիներուն արարքը կը դատապարտէ իբրեւ սատանայ գործ եւ կը պատուիրէ բաւարարուիլ միայն այո՛ կամ ո՛չ ըսելով, ատկէ աւելին եղածը սատանայէն համարելով. «Պարզապէս ձեր այոն այո թող ըլլայ եւ ոչը՝ ոչ։ Անկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մտ 5.37): Յիսուս Քրիստոս այս պատուէրը տալով, կը յանդիմանէ հրեաներուն ուսեալները, որոնք կը սորվեցնէին որպէս թէ երրորդ պատուիրանը երդմնազանցներուն միայն վերաբերի, մինչ ընդհակառակը, կը վերաբերէր ամէն տեսակի երդումի, որով Աստուծոյ անունը ի զուր տեղ կը յիշուէր:
Մեր խօսակցութիւններուն մէջ Աստուծոյ անունը երդումով յիշելով, ուրիշներուն հաւատքը գրաւելու փոխարէն՝ մեր խօսքերը աւելիով կասկածի կ՚ենթարկենք, որովհետեւ իւրաքանչիւր առողջ դատողութեան տէր մարդ, անպայման կը մտաբերէ, որ Աստուծոյ հրամանը անպատուողը, Աստուծոյ անունը վայրապար եւ առանց երկիւղի յիշողը, անտարակոյս աւելի դիւրութեամբ եւ անխնայ կը խաբէ իր եղբայրը, սուտ խօսելով եւ պատրուակելով: Տարապարտ երդումը մեծ անպատուութիւն է երդուողի համար, որովհետեւ ինքնին կը յայտնէ, որ պատուաւոր մարդը չի՛ կրնար հաւատալ իր խօսքին: Իսկ ան, որ երկիւղած է, միշտ այս խօսքերով կը բաւարարուի՝ այոն՝ այո եւ ոչը՝ ոչ, ու կը զգայ, որ իրմէ աւելի բան չեն պահանջեր, այլ՝ կը հաւատան ու կ՚ընդունին անոր բոլոր ըսածները:
Աստուծոյ անունը, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար պէտք է շնորհակալութեան յայտարար ըլլայ՝ երջանկութեան ժամանակ, յոյս՝ վտանգի ընթացքին, խոնարհութիւն՝ ապաբաղդութեան ժամանակ, սէր եւ հաւատք՝ կեանքի բոլոր հանգամանքներուն մէջ, այս պաշտելի անունը, որ օգնութեան աղաղակ պէտք է ըլլայ առ Ամենակալն Աստուած եւ վերջին հառաչանք՝ մեր հոգեվարքի վայրկեաններուն՝ թօշնած շրթներուն վրայ, երբ Աստուած մեզ Իր մօտ կը կանչէ, այս սուրբ անունը երբ մենք առանց զգացողութեան, առանց յարգանքի եւ առանց մտածելու կ՚արտասանենք, ինչքա՞ն արդեօք կ՚անարգենք եւ ինչքա՞ն կը մեղանչենք Աստուծոյ դէմ: Ինչքա՞ն կ՚անարգենք այս սուրբ անունը, երբ սովորական կերպով կ՚արտասանենք զայն, մեր տղայական իւրաքանչիւր սնոտի խօսակցութիւններուն ժամանակ: Բան մը հաստատելու կամ մերժելու համար, մեր Փրկիչին հրամանին հետեւելու եւ այո կամ ոչ ըսելով բաւարարուելու փոխարէն, շատ անգամ թեթեւամտաբար կը կրկնենք - Աստուած վկայ, որ այսպէս է, Աստուած վկայ, որ այսպէս չէ, եւ այլն. մինչ այդ, մեր սիրած մարդուն անունը տալը անպատուութիւն կը համարենք: Պարտաւոր ենք ուղիղ կերպով խոստովանիլ, որ այսպիսի վատ սովորութիւնը մեծ անարգանք է Աստուծոյ համար եւ երրորդ պատուիրանին մէջ յիշուած պատիժին ենթարկուած են ո՛չ միայն պատուիրազանցները, այլ՝ բոլոր անոնք, որոնք Աստուծոյ անունը ի զուր տեղ եւ առանց յարգանքի կը յիշեն:
Այս վատ սովորութենէն, այսինքն՝ Աստուծոյ անունը վայրապար յիշելէ հեռանալու եւ ուղղելու համար, պէտք է՝
ա) Աշխատիլ հեռանալ բոլոր առիթներէն, որոնք մեզ կը մղեն դէպի այս մեղքը, ինչպիսիք են՝ կռիւը, վատ ընկերութիւնը, չար սովորութիւնը, եւ այլն, ու ընդհակառակը, ընկերանալ առաքինի եւ իմաստուն մարդոց հետ, որոնք անաչառապէս կը յանդիմանեն ու կը զգուշացնեն, երբ այսպիսի մեղքերու մէջ կ՚իյնանք եւ չե՛նք զգար մեր անկումը:
բ) Լաւ մտածել, որ այսպիսի մեղքերու մէջ իյնալով, օգուտ չքաղելէն բացի, մեր հոգին եւս կը կորսնցնենք:
գ) Միտքին մէջ միշտ ունենալ Աստուծոյ մեծութիւնը եւ արժանաւոր յարգանքը, որ պարտաւոր ենք տալ Անոր՝ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, որովհետեւ մեր թեթեւամիտ արարքը առաւելաբար սովորութեան հետեւանք է, քան թէ դատողութեան:
Այս բոլոր հանգամանքները իմանալով, պարտաւոր ենք ուրեմն մեր մանկութենէն վարժուիլ գեղեցիկ սովորութեան, այսինքն՝ Աստուծոյ անունը, Անոր նախախնամութիւնը, Անոր պաշտամունքը, առանց մտածելու եւ առանց զգալու, ի զուր ու վայրապար երբեք չյիշել: Երբ մանկութեան տարիներէն այսպիսի բարի ունակութիւն ունենանք, վստահաբար ապագային Աստուծոյ անունը յիշելը միա՛յն կը վառէ ու կը զարթնեցնէ մեր երեւակայութիւնը վսեմ գաղափարով եւ պատիւի ու սիրոյ զգացումով: Բարեպաշտ սովորութեամբ սնած եւ մեծամեծ ձիրքերու տէր մարդիկ, գեղեցիկ կատարելութեան հասնելով երբեք չե՛ն յիշեր Աստուծոյ անունը՝ առանց երկիւղածութեան եւ յարգանքի: Նշանաւոր աստղագէտ՝ Նիւթոնին մասին կը պատմուի, թէ առանց խոր մտածութեան, առանց ոտքի կանգնելու եւ գլխարկը հանելու՝ Աստուծոյ պաշտելի եւ սուրբ անունը բնաւ չէր արտասաներ:
Ուխտելն ալ տեսակ մը երդում ընել է, որով մարդիկ Աստուծոյ կը խոստանան կատարել որեւէ գործ, որուն համար ո՛չ թէ պարտաւորուած են, այլ՝ կա՛մ իրենց բարեպաշտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը ցոյց տալու համար, կա՛մ պարտաւորութիւն մը կատարելու համար, կա՛մ որեւէ մեղքէ հեռանալու համար եւ կամ սկսած գործերուն մէջ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու համար, ինքնին կ՚ուխտեն այս ինչ կամ այն ինչ բանը: Այսպիսի ուխտադրութեան օրինակ կը տեսնենք Ծննդոց գիրքին մէջ, երբ Յակոբ կը խոստանայ, ըսելով. «Եւ Յակոբ ուխտ ըրաւ ու ըսաւ. «Եթէ Աստուած ինծի հետ ըլլայ ու այս երթալու ճամբուս մէջ զիս պահէ ու ինծի ուտելու հաց ու հագնելու հանդերձ տայ եւ իմ հօրս տունը խաղաղութեամբ դառնամ՝ Տէրը ինծի Աստուած թող ըլլայ: Եւ այս քարը, որ ես իբր արձան կանգնեցուցի՝ Աստուծոյ տունը թող ըլլայ եւ այն ամենէն որ ինծի պիտի տաս, քեզի տասանորդ տամ»» (Ծն 28.20-22):
Մեր ուխտադրութեան մէջ եւս պարտաւոր ենք նոյն կանոնները պահել, որոնք երդումին կը վերաբերին եւ մեր ուխտը ճշգրտութեամբ կատարել, երբ օրինաւոր է. «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ ուխտ մը ընես, առանց ուշացնելու կատարէ, քանզի քու Տէր Աստուածդ անպատճառ զանիկա քեզմէ պիտի պահանջէ ու մեղքի տէր պիտի ըլլաս» (Բ.Օր 23.21):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 6
Վաղարշապատ