ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
ԴԱՐՄԱՆԱՏԱՆ ՍՊԱՍՄԱՆ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
Բոլիքլինիքայի մը սպասման սրահին մէջ երկու սփիւռքահայեր, որոնք հաւանաբար նոյն շրջանը կը բնակին, կը հանդիպին իրարու: Աստուած մի արասցէ, երբ մէկը անհանգստանայ, շատ երկար ժամեր պիտի վատնէ այս սպասման սրահներուն մէջ, մանաւանդ անոնք, որոնք նիւթապէս անկարող են անձնական բժիշկներու դիմելու: Միջին տարիքի կին մըն է մին, որ կը զրուցէ վաթսունը անց կորաքամակ, հիւանդութենէն տժգունած ու սպառած վիճակի մը մէջ հեւահար նստած տղամարդու մը հետ, ու.
-Չէ, ասի ասանկ չ՚ըլլար, ես պիտի ելլեմ ու երթամ ուրիշ բժիշկի, տանս մօտ ըլլալուն համար որոշած էի հոս գալ, բայց այս երկար սպասումը առողջը կը հիւանդացնէ, ըլլալիք բան չէ,- կ՚ըսէ կինը դժգոհանքով:
-Իսկ ի՞նչ է գանգատդ, քոյրս,- կը հարցնէ հիւանդ մարդը:
-Թեթեւ պաղարութիւն մը ունիմ կարծես, առաջքը առնելու եմ, որ չբարդանայ,- կը պատասխանէ տիկինը ապա ինք եւս կը հարցնէ հիւանդին,- իսկ դուք ինչէ՞ կը գանգատիք:
-Ես ի՞նչ չունիմ որ, ի՛նչ հիւանդութիւն որ գիտես բոյն դրած է մէջս, օրական տասներեք տեսակ դեղահատ պէտք է կլլեմ, է՛, գիտես, դեղերը մէկ կողմէն կ՚առողջացնեն, միւս կողմէն ուրիշ հիւանդութիւններու սկիզբ կը դնեն, բայց առանց անոնց ալ կարելի չէ, անոր համար ալ ստիպուած եմ ամիսը մէյ մը հոս գալու, արդէն գործ չունիմ, հոս կու գամ, կը նստիմ, ամէն ինչ կորսնցուցինք, աս օրերուն մնացինք, գոնէ բժիշկը ձրի է, հապա եթէ մտածենք դեղերուն գինը...:
ԴԵՂԱՏԱՆ ՄԷՋ
Սփիւռքահայ տիկին մը, դեղագիրը ձեռքին, կը մտնէ դեղատուն մը. դեղագործուհին տեսնելով դեղագիրին պարունակութիւնը իսկոյն կը հարցնէ.
-Էս ամէ՞նն էք ուզում:
-Այո, հարկաւ:
Կը պատասխանէ սփիւռքահայը հարցումէն շշմած ու մտածելով, թէ ինչո՞ւ է այս հարցումը, բայց ահա ուշադրութիւնը կը շեղէ անդին, հայաստանցի յաճախորդ մը, որ միայն երկու հատիկ գլխացաւի դեղահատ կը խնդրէ հոն կանգնած այլ դեղագործուհիէ մը:
ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹԻՆ ՄԷՋ
Կէսօր է, հանրախանութին մէջ խուճապի մատնուած են վաճառող պաշտօնեաները. յաճախորդներու բազմութիւնը խուժած է ներս, կարծես սովի տարիէն նոր դուրս ելած ամէն ոք գնումի վազած է: Յաճախորդներուն ձեռքերու ծանր կողովները իրարու կը հարուածեն, մէկը միւսը կը հրէ, վաճառողները կը դժգոհին այս խճողուածութենէն, հապա հաշուիչ մեքենաներուն մօ՞տ, հոն ալ ուրիշ իրարանցում մը կը տիրէ, կարգ առնելը չէ, այլեւ երկար սպասելն է մտահոգութիւն ու դժգոհանք յառաջացնողը:
Սփիւռքահայ կին մը, կողովը ձեռքին, բոլորին նման կանգնած է հաշուիչին մօտ ու իր կարգին կը սպասէ: Դէմը՝ տարեց մամիկ մը միայն սեւ հաց մը բռնած գանգատներ կը տեղացնէ աջ ու ձախ, սակայն երբ կ՚անդրադառնայ, որ ոչ մէկը զինք մտիկ ընելու տրամադրութիւնն ունի, ետեւը կանգնող սփիւռքահայուն կ՚ուղղէ խօսքը ու.
-Էստեղից չէ՞ք, հա՛, երեւում ա ձեր արտաքինից: Տեսնո՞ւմ էք էս պրոպքան (ռուս. խճողում), ամէն օր էս ժամերին, ու ընդհանրապէ՛ս, էսպէս է լինում: Չես իմանում ե՞րբ ես գալու, որ էսպէս չլինի, ու ո՞ւմ էլ հարց տաս, կ՚ասեն՝ փող չունենք, աշխատանք չունենք, պա ո՞րտեղից են բերում էսքան փող: Պարզուում ա, որ հայերը փոր սիրող ժողովրդներից են: Իսկ ինձ նման անտէր ծերուկն որտեղի՞ց փող բերի, որ ապրի: Թոշակ են տալիս, հէ՛, էդ թոշակը սահմանողը պէտք է ի՛նք ապրի էն կոպեկներով, որ հասկանայ ինչպէ՞ս ենք ապրում, մենք՝ թոշակառուներս:
Այ քեզ բա՜ն...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ