ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԱՇԱԿԵՐՏՆ ՈՒ ՏՆՕՐԷՆԸ ԴԱՏԻ՞ ՄԷՋ…

Ուիսքանսըն նահանգի Մարքըսմըն քաղաքի երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն մին՝ 15 տարեկան Մեթիու Շունեքըր, իր տնօրէնին դէմ դատ բացած է, որովհետեւ իրեն արգիլած է զէնքերով զարդարուած (տեսնել նկարը) իր սիրած շապիկը հագնիլ։ Երբ Մեթիու չէ հնազանդած տնօրէնին հրահանգին, ան պատժուած է երկու օրուան մեկուսացումով, յատուկ խցիկի մը (cubicle) մէջ։

Մեթիու Շունեքըրի ծնողքը արդար չի նկատեր այս արգելքը, որովետեւ դպրոցական տարեշրջանի սկիզբէն ի վեր՝ ան կը հագնէր վերոյիշեալ շապիկը եւ միայն փետրուար ամսուն է, որ տղուն արգիլած են զայն։

Ինչո՞ւ, որովհետեւ փետրուար 17-ին՝ Ֆլորիտա նահանգի Փարքլենտ քաղաքի Սթօնմէն-Տակլըս երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցած հրացանաձգութիւնը պատճառ դարձաւ 15 աշակերտի եւ 2 ուսուցիչի մահուան։ Այդ հրացանաձգութեան կասկածելին՝ դպրոցի աշակերտներէն մին էր, որ հիմա կալանքի տակ կը գտնուի։

Իսկ Ճան Մընրօ, աշակերտին փաստաբանը, կը պնդէ որ տնօրէնին ըրածը հակասական է սահմանադրութեամբ՝ իւրաքանչիւր քաղաքացիին շնորհուած, խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութեան։ Այսինքն, աշակերտը ազատ է հագնելու այն՝ ինչ որ իրեն հաճելի է եւ իր հաւատամքին հետ զուգահեռ կ՚ընթանայ…

Գալով Մեթիու Շունեքըրի մօր արդարացումին, ան կ՚ըսէ, թէ շապիկին նկարը թէեւ զէնքերով զարդարուած է, սակայն երբ կարդաք՝ պիտի տեսնէք, թէ սէր (love) կ՚արտայայտէ ան եւ ոչ թէ բռնութիւն (violence), որուն համար տնօրէնը կը գանգատէր։

Մայրը, աւելի առաջ երթալով ըսած է, թէ հրացանաձգութիւնը իրենց ընտանեկան զբօսման (hobby) նախընտրած ժանրն է։ Իսկ ընտանիքին փաստաբանը դիտել տուած է, որ անոնց հետապնդածը նիւթական հատուցում չէ, այլ՝ այդ շապիկով դպրոց յաճախելը եւ վերջ։

ԽՈՒԼ ՇՈՒՆԵՐՈՒ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ…

Ճիշդը խօսելով՝ ես չէի գիտեր, թէ կենդանիներն ալ կրնան խուլ ըլլալ, բայց այդպէս է եղեր… Ուրեմն անցնինք մեր նիւթին։

Գիտենք, թէ շուներու զօրաւորագոյն զգայարանները հոտառութիւնն ու լսողութիւնն են։ Իսկ ի՞նչ կը պատահի երբ շուները կորսնցնեն իրենց լսողութիւնը։ Ըստ վիճակագրական տուեալներու, անոնք կը դատապարտուին մնալու՝ կենդանիներու յատուկ պատսպարաններու մէջ։ Որովհետեւ ո՞վ պիտի ուզէ որդեգրել զանոնք։

Բայց կ՚իմանանք, որ խուլ շուները կրնան սորվիլ sign language եւ ձեւերով հասկնալ՝ իրենց տրուած հրահանգները։ Այդ հրահանգները կը բաղկանան հետեւեալ հիմնական ցուցմունքներէն՝ «նստէ՛», «կեցի՛ր», «եկո՛ւր», «գնա՛» եւ այլն։

Սակայն, ըստ Քրիսթինա Լիի՝ հիմնադիրը «Խուլ շուները կը ցնցեն» (Deaf Dogs Rock) ընկերակցութեան, անոնք պէտք է սորվին նաեւ «դիտէ՛ զիս» եւ «լա՛ւ շուն» հրահանգները (տեսնել նկարը)։

Քրիսթինա կը թելադրէ, որ խուլ շունը նախ պէտք է սորվի «դիտէ՛ զիս» հրահանգը, որմէ ետք ան կրնայ սորվիլ միւսները, քանի որ տիրոջ ըրածը դիտելով է, որ պիտի սորվի ան։ Իսկ շունը կրթելու համար պէտք է ընտրուի վայր մը, որ հեռու է աղմուկէ եւ կրկնուի օրը երեք անգամ, 10-15 վայրկեան ժամանակամիջոցով։

Քրիսթինա դիտել կու տայ նաեւ, որ շան կրթութեան լաւագոյն արդիւնքին հասնելու համար, անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր անգամ, որ ան լաւ կատարէ իր գործը՝ գնահատուի, յարմար ուտելիքով մը։

Հիմա եկէք համոզեցէք, թէ ինչո՞ւ շուն մը որդեգրողը պիտի ընտրէ խուլ շունը եւ չափէ աւելի դժուարութիւններէ անցնի՝ զինք կարենալ կրթելու համար, երբ անդին կրնայ շատ հեշտութեամբ լսողութիւնը անթերի շուն մը որդեգրել եւ վերջ։ Մենք խաղող պիտի ուտենք՝ թէ այգեպան ծեծենք…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Նոր Օր», Լոս Անճելըս

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018