ՄԵԾ ՄԱՐԴՈՑ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԽՕՍՔԵՐԷՆ
Պարբերաբար ընթերցասէր հասարակութեան կ՚ուզեմ ներկայացնել մեծ կամ նշանաւոր մարդոց եւ իմաստասէրներու նշանաւոր կամ իմաստուն խօսքերէն: Հաւանաբար շատեր լսած կամ կարդացած են այս միտքերը, բայց քիչեր միայն գիտեն, թէ ո՞վ ըսած է զանոնք: Բնականաբար շատ են նմանօրինակ միտքերը, սակայն թերթի մը սիւնակները անբաւարար են նոյնիսկ անոնց մէկ փոքր տոկոսը արտատպելու: Հետաքրքրուողները կրնան ենթականերուն գիրքերը գնել եւ կարդալ: Պարզապէս զանազան աղբիւրներէ հաւաքած եմ զանոնք եւ սիրով կը ներկայացնեմ մեր ընթերցողներուն:
ՄԱՅՐ ԹԵՐԵԶԱՅԻ ԱՄԵՆԷՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ 15 ԽՕՍՔԵՐԸ
1- Խաղաղութիւնը ժպիտով կը սկսի:
2- Փոքր հարցերու մէջ հաւատարիմ եղիր, որովհետեւ հոն է որ քու ներքին ուժդ երեւան կու գայ:
3- Խորունկ սէրը չեն չափեր, այլ միայն կու տան:
4- Մեզմէ ամէն մէկս չենք կրնար մեծ գործեր տեսնել, բայց կրնանք փոքր գործեր տեսնել՝ մեծ սիրով:
5- Ազնիւ խօսքերը կրնան կարճ ըլլալ եւ դիւրին արտայայտելի, բայց անոնց արձագանգը անվերջանալի է:
6- Եթէ հարիւր հոգի չես կրնար կերակրել, միայն մէկ հոգի կերակրէ:
7- Եթէ սիրես մինչեւ որ սէրդ սկսի ցաւցնել, անկէ ետք ցաւ չես զգար՝ բայց միայն աւելի սէր:
8- Ամենէն ահաւոր աղքատութիւնը առանձնութիւնն է եւ չսիրուած ըլլալու զգացումը:
9- Եթէ մարդիկը դատես, զանոնք սիրելու ժամանակ պիտի չունենաս:
10- Աշխարհի խաղաղութիւնը ապահովելու համար ի՞նչ կրնաս ընել - տուն գնա՛ եւ ընտանիքդ սիրէ:
11- Աստուած մեզմէ չի պահանջեր որ անպայման յաջողինք, ան միայն կ՚ակնկալէ որ փորձենք:
12- Հարցը այն չէ թէ մենք որքան կու տանք, այլ որքան սէր դրած ենք մեր տուածին մէջ:
13- Ուրախութիւնը սիրոյ ուրկանն է, որուն մէջ հոգիներ կ՚որսանք:
14- Թող որ միշտ իրարու հանդիպինք ժպիտով, քանի որ ժպիտը սիրոյ սկիզբն է:
15- Զէնքերու եւ ռումբերու պէտք չունինք խաղաղութիւն բերելու, այլ սիրոյ եւ կարեկցութեան:
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
«Պայքար», Պոսթոն