12-13 Հոկտեմբեր 1668. Ամսթերտամի Մէջ Աւարտեցաւ Առաջին Տպագրութիւնը Հայերէն Աստուածաշունչին
Հոկտեմբերի այս օրերուն, 348 տարի առաջ, Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքին մէջ ամբողջացաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութիւնը, որուն ձեռնարկուեցաւ 11 Մարտ 1666-ին եւ որ իր աւարտին հասնելու համար պէտք ունեցաւ աւելի քան երկու տարուան աշխատանքի։
Առաջին տպագիր հայերէն Աստուածաշունչը 21-ով 26 սանթիմեթր չափի վրայ 1464 էջերէ բաղկացած գեղատիպ հրատարակութիւն մըն է։ Հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութիւնը իրագործուեցաւ Ոսկան Երեւանցիի (Նաեւ ծանօթ՝ իբրեւ Ջուղայեցի) նախաձեռնութեամբ եւ ուղղակի մասնակցութեամբ։
Ոսկան Վարդապետի ծնողները Շահ-Աբբասի ժամանակ Երեւանէն տեղահանուած ու Սպահան՝ Նոր Ջուղա հաստատուած հայ գաղթականներ էին։ Ոսկան ծնած էր 1614 թուականին։ Ուսումը ստացած էր Նոր Ջուղայի Ամենափրկչեան վանքին մէջ։ Այդ ժամանակաշրջանին Նոր Ջուղայի հայոց առաջնորդն էր Խաչատուր Վարդապետ Կեսարեցին: Հակառակ իր ծնողներու արգելքին՝ Ոսկան ոչ միայն հետեւեցաւ կրօնական ուսման, այլեւ ձեռնադրուեցաւ վարդապետ։ Քանի մը տարի յետոյ, Մովսէս Տաթեւացի Կաթողիկոսին հետ մեկնեցաւ Ս. Էջմիածին, ուր ծանօթացաւ կաթոլիկ Հայր Պօղոսին եւ իրմէ սորվեցաւ լատիներէն լեզուն, ինչպէս նաեւ փիլիսոփայութիւն, քերականութիւն եւ աստղաբաշխութիւն: Այնուհետեւ նշանակուեցաւ Ուլիի Ս. Սարգիս վանքի վանահայր:
1655 թուականին Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսը Եւրոպա ուղարկեց իր քարտուղարը՝ Մաթէոս Ծարեցին, հոն տպարան հիմնելու նպատակով: Ծարեցի մեկնեցաւ Իտալիա, սակայն հոն աջակցութիւն եւ յաջողութիւն չգտնելով անցաւ Հոլանտա՝ Ամսթերտամ, ուր տպարանային գործի համար աւելի բարենպաստ էին պայմանները: Ծարեցի գործեց նիւթական ծանր պայմաններու մէջ: Բայց մեծ զրկանքներով կրցաւ տպարան հիմնել եւ ձուլել տալ հայկական տառերու հաւաքածոն:
Ծարեցի ձեռնամուխ եղաւ Աստուածաշունչի տպագրութեան, սակայն նիւթական պատճառներով չյաջողեցաւ իրականացնել իր մտադրութիւնը:
1660-ին ան լոյս ընծայեց «Յիսուս որդի» գիրքը, բայց տարի մը ետք՝ 1661-ին վախճանեցաւ: Իր մահէն առաջ Ծարեցի խնդրեց երեւանցի վաճառական Աւետիսին, որպէսզի տէր կանգնի տպարանին եւ շարունակէ իր սկսած գործը: Աւետիս, որ Ոսկան Վարդապետ Երեւանցիի եղբայրն էր, իր կարգին դիմեց իր եղբօրը՝ Ոսկան Վարդապետին, որպէսզի Ամսթերտամ գայ ու շարունակէ տպագրական գործը, որուն հմտութիւնը ինք չունէր: Մինչեւ Ոսկան Երեւանցիին Ամսթերտամ ժամանումը, Ծարեցիի տպարանէն լոյս տեսան «Սաղմոս» եւ «Ժամագիրք» հատորները: Վերջապէս 1664 թուականին Ոսկան Երեւանցին (արդէն եպիսկոպոս ձեռնադրուած) հասաւ Ամսթերտամ եւ լծուեցաւ Աստուածաշունչի տպագրութեան:
Ոսկան Եպիսկոպոս բազմաթիւ դժուա-րութիւններ եւ ամէն կարգի արգելքներ յաղթահարելով՝ 1666-էն 1668 իրագործեց տպագրութիւնը առաջին Աստուածաշունչ մատեանին։ Այնուհետեւ տպագրեց այլ 16 հատոր գիրքեր եւս, որոնք ծիսական ու կրթական բնոյթ ունէին: Ոսկան Երեւանցիի (Ջուղայեցիի) այս մեծ ու ազգանուէր գործին նիւթական կարեւոր աջակցութիւն բերին Իրանի (Ջուղայի) հայ վաճառականները, ինչպէս Ջուղայեցի Ստեփանոս Խանենց, Թէոդորս Քերեշենց եւ Պետրոս Տէր-Աւագենց:
Ոսկան Երեւանցիի տպագրած Աստուածաշունչը կը հանդիսանայ հայ հին տպագրութեան լաւագոյն նուաճումներէն մէկը։ Հրատարակչական իր կարեւոր նուաճումներէն են նաեւ Մովսէս Խորենացիի «Աշխարհացոյց»ը, Առաքել Դավրիժեցիի «Գիրք պատմութեան»ը, Վարդան Այգեկցիի առակները եւ այլն: Ան տպագրական բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ նաեւ Լիվոռնոյի եւ Մարսէյլի մէջ:
Հայ մշակոյթի արժանաւոր այս գործիչը վախճանեցաւ Մարսէյլ (Ֆրանսա), 1674 թուականի Փետրուարի 4-ին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ