ՆԵՐՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ
Հոկտեմբերին Կազզէի մէջ ցոյցեր տեղի ունեցան: Ցուցարարները հանդէս կու գային Պաղեստինի Նախագահ Մահմուտ Ապպասի դէմ եւ կարգ մը մասնակիցներ կ՚այրէին անոր պատկերները:
Խորքին մէջ ցոյցերը անսպասելի չէին, յատկապէս այն պատճառով, որ Կազզէն կը գտնուի կրօնական արեւելում ունեցող եւ Պաղեստինի իշխանութիւններուն դէմ եղող «Համաս» շարժումին տիրապետութեան տակ: Սակայն ցոյցը կազմակերպուած էր ոչ թէ «Համաս»ի, այլ՝ «Ֆաթհ» շարժումի կարեւորագոյն ղեկավարներէն մէկուն՝ Մուհամմէտ Տահլանի համակիրներուն կողմէ:
Վերջին տարիներուն Պաղեստինի պետութեան հիմքերը դնող եւ Եասէր Արաֆաթի հիմնադրած «Ֆաթհ» կուսակցութիւնը յայտնուած է բաւական ծանր տարակարծութիւններու մէջ:
Խնդիրը կը բարդանար, երբ 2015 թուականին Նախագահ Մահմուտ Ապպաս կուսակցութեան գործադիր խորհուրդէն կը հեռացնէր Մուհամմէտ Տահլանը: Ու հակառակ Ապու Մազէնի (Ապպաս այսպէս ծանօթ է) այդ քայլին, Տահլան կը շարունակէր իր քաղաքական գործունէութիւնը եւ այսօր կը համարուի Պաղեստինի նախագահութեան գլխաւոր թեկնածուներէն մին:
Պէտք է յիշեցնել, որ Սեպտեմբերին Պաղեստինի տարբեր քաղաքներուն՝ Ռամալլայի, Խան Եունէսի Գալիլիոյ, Նապլոսի, Ճընին, Թուլ Քարմ եւ Կազզէի մէջ տեղի ունենալիք ՏԻՄ ընտրութիւնները կը խափանուէին, որուն գլխաւոր պատճառը ներքին տարակարծութիւններն էին:
Կազզէի ցոյցերէն ետք, որոնց մասնակիցները կը քննադատէին Ապպասը ոչ միայն ներքին գետնի վրայ առկայ անմխիթար վիճակին, այլ նաեւ՝ անոր Իսրայէլի ղեկավարներէն՝ Շիմոն Փերէզի յուղարկաւորութեան մասնակցութիւն բերելուն համար։ Տահլան գործի կը մղէր իր խումբերը եւ արաբական հովանաւորութեամբ Գահիրէի մէջ կը նախաձեռնէր «համաձայնութեան» ժողովի մը: Ու հակառակ առկայ նախնական համաձայնութեան, Ապպասի պատուիրակները դիտումնաւոր կերպով կը բացակայէին այս սպասուած ժողովէն:
Ի՞նչ էր Տահլանի ծրագիրը:
Պաղեստինցի գործիչը, որ Հոկտեմբերին խօսած է Գահիրէէն սփռուող «Տրիմ Թի. Վի.»էն՝ յայտարարած է, որ իրեն համար կարեւորը նախագահ դառնալը չէ, այլ «Ֆաթհ» կուսակցութեան այս վիճակէն դուրս գալը:
Պաղեստինեան խնդրին մօտէն հետեւողներուն համար Տահլան այսօր կը հանդիսանայ այդ հարցին հետեւող «արաբական կեցուածք»ի մը ընդհանուր կրողը: Այսինքն Գահիրէի, Ամմանի, Ռիատի եւ Քաթարի հովանիով Պաղեստինի հարցերուն լուծում բերող ընդհանուր նախաձեռնութեան մը ներկայացուցիչը:
Գաղտնիք ալ չէ, որ պաղեստինեան հարցը այսօր յայտնուած է բաւականին բարդ դրութեան մը մէջ: Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները կը գտնուին սառած վիճակի մէջ, «Համաս»-«Ֆաթհ» տարակարծութիւնները աւելիով սրած են, երկրի տնտեսական վիճակը դարձած է անմխիթար: Արաբական որոշիչ մայրաքաղաքներուն համար այս բոլորին գլխաւոր պատասխանատուն Նախագահ Ապպասն է, որ վերջին տարիներուն ամէն ճիգ կը գործադրէ յետաձգելու համար նախագահական ընտրութիւննրը: Ան ներքին իմատով ալ կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը եւ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ կորսնցուցած ՝ «արաբական նեցուկ»ը:
Այս առումով ալ Տահլան կը ներկայանայ որպէս արաբական զօրակցութիւն վայելող ղեկավար մը, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ հարթել «Ֆաթհ»ի հարցերը ու աւելի՛ն. ստեղծել համապաղեստինեան ընդհանուր համաձայնութիւններու նոր գետին մը:
Իր կարգին, Ապպաս, որ ունի եւրոպական որոշ նեցուկ, կ՚ուզէ ամէն գնով շարունակել իր պաշտօնավարութիւնը եւ իշխանութենէն հեռանալու նախապայման դրած է Տահլանի նախագահ չդառնալու խնդիրը:
Քիչ չեն այն վերլուծաբանները, որոնք կը հաւատան, թէ պաղեստինեան ու յատկապէս ներպաղեստինեան հարցերու լուծման կարեւորագոյն բանալին կը գտնուի Գահիրէի, հետեւաբար Նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիի մօտ:
Ի հեճուկս Սիսիի իշխանութիւններուն, իշխանազուրկ եղած եւ ներկայիս բանտարկուած ղեկավար Մուհամմէտ Մուրսի ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է Տահլանի հասցէին եւ զայն նկատած՝ եգիպտա-պաղեստինեան յարաբերութիւնները փճացնող անձնաւորութիւն: Նախագահ Սիսիի համար սակայն այդպէս չէ, ու մէկէ աւելի պատասխանատու բանբերներու կարծիքով՝ Տահլան կը համարուի Սիսիի ամենէն վստահելի գործակիցը:
Գաղտնիք ալ չէ, որ Տահլանի անմիջական համագործակցութեամբ եգիպտացիք կարողացան իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել Ռաֆահ-Կազզէ բոլոր ճանապարհները: Այդ ձեւով կտրելով դէպի Կազզէ զէնքեր ուղղարկելու բոլոր միջոցները եւ այդպէսով գոհացում պատճառելով Թել Աւիւին:
Այս ընդհանուր պատկերին դիմաց անմիջապէս յստակ կը դառնայ, որ պաղեստինեան խնդրի, որեւէ կարգաւորման փորձ յառաջ պիտի մղուի բացառապէս՝ Գահիրէի անմիջական նեցուկով: Եւ ներպաղեստինեան գետնի վրայ կատարուող այս ընդհանուր խմորումները պէտք է դիտարկել արաբական կողմէն խնդրին լուծումներ տալու ընդհանուր փորձերու տեսադաշտին մէջ:
Այս խմորումներու լոյսին տակ Կազզէի մէջ կարեւոր գետին ունեցող «Իսլամական ճիհատ»ը օրեր առաջ նոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկաւ: Ճակատը կ՚առաջարկէր նոր էջ մը բանալ «Համաս»ի եւ «Ֆաթհ»ի միջեւ: Տարակարծութիւններ ունեցող երկու կողմերու ներկայացուցիչները՝ «Համաս»ի կողմէ Մահմուտ Զահհար եւ «Ֆաթհ»ի կողմէ Ժըպրիլ Ալ Ռաժուպ դրական համարեցին նախաձեռնութիւնը եւ նկատել տուին, որ երկու կողմերը իրարու կարիք ունին եւ պէտք է արագօրէն լուծեն՝ իրենց միջեւ առկայ խնդիրները:
Անշուշտ արմատական կողմ համար-ւող «Իսլամական ճիհատ»ի նախաձեռնութեան մէջ Գահիրէին վերապահուած դերին մասին խօսիլը աւելորդ է եւ այդ մէկը բաւարար պատճառ է համարելու, որ այս քայլը ինքնին «մեռեալ ծնունդ» է:
Այս ընթացքները կապուած են շրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններէն եւ բնականաբար գերուժերու՝ պաղեստինեան հարցին առընթեր ունենալիք մօտեցումներէն:
Արդեօք այդ ուժերը Գահիրէին պիտի վստահի՞ն շրջանին ու յատկապէս Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան համար նոր կարգաւորում մը պատրաստելու ծանր դերը: Եթէ այո, ապա այդ պարագային յստակ է, որ Գահիրէի ներպաղեստինեան կարգաւորում մը իրականացնելու ճիգերը պտուղ պիտի տան ու այս առումով չէ բացառուած, որ Մուհամմէտ Տահլան յաջորդ հանգըր-ւանին ստանձնէ կեդրոնական դեր մը:
Այդ դերին առաջին կէտը «Ֆաթհ»ի «առողջացում»ն ու ղեկը ստանձնելն է։ Ապա «Ֆաթհ»-«Համաս» համաձայնութիւններու նոր փուլի մը ձեռնարկելը, որմէ ետք է միայն, որ ընթացք պիտի առնեն Իսրայէլի հետ կարգաւորումները:
Բացի այս բոլորէն, պէտք է անպայման շեշտել, որ այս իրավիճակէն գլխաւոր օգտուողը Թել Աւիւն է, որուն համար թոյլ պաղեստինեան ճակատի մը գոյութիւնը ոչ միայն նպատակայարմար՝ այլ նաեւ առանցքային է:
Հարցումը, որ կը դրուի այս պահուն հետեւեալն է. արդեօք Գահիրէ եւ յատկապէս Նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ Սիսի պիտի կարողանա՞յ իր ունեցած ռուս-ամերիկեան նեցուկով կարգի բերել ներպաղեստինեան բաւական քայքայուած վիճակի մը մէջ յայտնուած «տուն»ը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան