ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ՏԱԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ. ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ…

7 Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, ա­րա­բա­կան լրա­հո­սին մէջ հիմ­նա­կան տեղ կը գրա­ւէր իս­րա­յէ­լեան օ­դու­ժին սու­րիա­կան բա­նա­կի մէկ պա­հես­տա­նո­ցին դէմ կա­տա­րած գրո­հին լու­րը:

Յար­ձա­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցած էր Դա­մաս­կո­սի մեր­ձա­կայ «Մազ­զէ» զի­նուո­րա­կան օ­դա­կա­յա­նի շրջակայ­քը, ուր կը կար­ծուի, թէ սու­րիա­կան բա­նա­կը  կա­րե­ւոր պա­հես­տա­նոց մը ու­նի:

Գաղտ­նիք ալ չէ, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին շղթա­յա­զեր­ծու­մէն ի վեր իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կը «ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տու­թեամբ» մը վա­րուե­լով տաս­նեակ գրոհ­ներ կը կա­տա­րէր սու­րիա­կան բա­նա­կի պա­հես­տա­նոց­նե­րու կամ զի­նուո­րա­կան շա­րա­սիւ­նե­րու դէմ:

Զի­նուո­րա­կան գրո­հէն միայն ժամ մը ետք Իս­րա­յէ­լի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ա­ւեկ­տոր Լի­պեր­ման ըն­դունե­լով Թել Ա­ւի­ւի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան դես­պան­նե­րը, յո­խոր­տան­քով կը խօ­սէր պա­տա­հա­րին մա­սին՝ ը­սե­լով, որ Իս­րա­յէլ կը շա­րու­նա­կէ նման «նա­խա­յար­ձակ» քայ­լեր առ­նել՝ «բարձ­րաց­նե­լու» հա­մար իր անվտան­գու­թեան «նշա­ձող»ը:

Ա­ւե­լի՛ն. Լի­պեր­ման, որ քա­ղա­քա­կան միա­ւոր­ներ հա­ւա­քե­լու գոր­ծին վրայ է, դես­պան­նե­րուն կը բա­ցատ­րէր, թէ Իս­րա­յէ­լի հա­մար կան ե­րեք «կար­միր գի­ծեր»: Ան կ­­՚ը­սէր. Մե­զի հա­մար կան ե­րեք ար­գի­լեալ կար­միր գի­ծեր:

Ա.- Իս­րա­յէ­լի քա­ղա­քա­ցիին անվ­տան­գու­թիւ­նը։

Բ.- Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րու անվ­տան­գու­թիւ­նը։

Գ.- «Հիզ­պուլ­լահ»ի քի­միա­կան զէն­քե­րու չտի­րա­նա­լու կար­միր գի­ծը:

Այս­տեղ շատ յստա­կօ­րէն կ­­՚ընդգ­ծուի Սու­րիոյ դէմ իս­րա­յէ­լեան օ­դու­ժին ի­րա­կա­նա­ցու­ցած գրոհ­նե­րուն ա­ռըն­չու­թիւ­նը:

Լի­պեր­մա­նի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը Իս­րա­յէ­լի հան­րու­թեան հա­մար նո­րու­թիւն էին: Յատ­կա­պէս նո­րու­թիւն էին ի­րենց շեշ­տադ­րում­նե­րով: Այս ա­ռու­մով ու­շագ­րաւ հար­ցադ­րում­ներ կը կա­տա­րէր «Հաա­րէթց» պար­բե­րա­կա­նի զի­նուո­րա­կան վեր­լու­ծող Ա­մուս Հա­րիէլ: Ան կ­­՚ը­սէր, որ այս զի­նուո­րա­կան յար­ձա­կու­մը թէ­կու­զ եւ ա­ռա­ջի­նը չէ Սու­րիոյ բա­նա­կի դիր­քե­րուն դէմ, բայց եւ այն­պէս ու­նի բա­ւա­կան վտան­գա­ւոր եւ հար­ցադ­րում­նե­րու տուն տուող ժա­մա­նա­կա­կէտ մը:

Հա­րիէլ զգու­շաց­նե­լէ ետք կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նման «ռիս­քա­յին» քայ­լէ մը՝ ը­սած էր, թէ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը կրնար լուրջ բար­դու­թիւն­ներ ու­նե­նալ կա­պուած՝ Թել Ա­ւիւ-Մոս­կուա «հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րուն»:

Վե­րա­դառ­նա­լով Իս­րա­յէ­լի «ռազ­մու­նակ» քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մաս կազ­մող այս քայ­լին, պէտք է շեշ­տադ­րել նաեւ, որ այս ա­ռու­մով ան­ցեալ շա­բա­թը բա­ւա­կան «փո­թոր­կա­լից» յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու շա­բաթ մըն էր: Հան­րու­թեան մէջ մեծ աղ­մուկ կը բարձ­րա­նար, երբ իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի թուի­թը­րեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջը կը հրա­պա­րա­կէր քար­տէս մը, ո­րու վրայ նշուած կ՚ըլ­լար բա­նա­կի գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան ճի­գե­րով կազ­մուած «լի­բա­նա­նեան թի­րախ­ներ»ը ներ­կա­յաց­նող ընդ­հա­նուր քար­տէս մը: Թուի­թը­րի մէջ կը նշուէր նաեւ, որ այս քար­տէ­սին հի­մամբ իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կը «իր տրա­մադ­րու­թեան» տակ պի­տի ու­նե­նայ Լի­բա­նա­նի մէջ զի­նուո­րա­կան հա­րուած­նե­րու ա­ւե­լի քան տա­սը հա­զար թիր­ախ­ներ:

Այս քար­տէ­սի հրա­պա­րա­կու­մէն ետք բարձ­րա­ցած աղ­մու­կը կապ ու­նէր ա­միս­նե­րէ ի վեր լի­բա­նա­նեան հիւ­սի­սա­յին հա­տուած­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ նոր պա­տե­րազմ մը շղթա­յա­զեր­ծե­լու մա­սին ե­ղած խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րով եւ վեր­լու­ծում­նե­րով:

Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ Իս­րա­յէլ նման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը «դրօ­շա­կիր»ը կը դառ­նայ: Այ­սինքն  «Հիզ­պուլ­լահ»ին դէմ առ­կայ ժխտա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ ստեղ­ծել հա­շի­ւը զի­նուո­րա­կան ճա­նա­պա­րով «մաք­րե­լու» ձե­ւա­չա­փեր: Ան­շուշտ ու­նե­նա­լէ ետք շրջա­նա­յին, բայց մա­նա­ւանդ մի­ջազ­գա­յին «կա­նաչ լոյս» մը:

Ներ­կայ հանգ­րուա­նին «Հիզ­պուլ­լա­հ»ին դէմ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թեան մը սկսե­լու մար­տա­վա­րու­թիւ­նը ձեռն­տու է ոչ միայն Իս­րա­յէ­լին, այլ նաեւ սիւն­նի կարգ մը տէ­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց հա­մար լի­բա­նա­նեան այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը դար­ձած է ան­բաղ­ձա­լի, յատ­կա­պէս Սու­րիոյ մէջ վեր­ջին­նե­րուս ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան հե­տե­ւան­քով:

Սա­կայն, ինչ­պէս ի­րենք՝ իս­րա­յէ­լա­ցի վեր­լու­ծա­բան­նե­րը կը վկա­յեն «Հիզ­պուլ­­լահ»ի դէմ ո­րե­ւէ զի­նուո­րա­կան քայլ «պտոյտ» պի­տի չըլ­լայ բա­նա­կի մը հա­մար, որ սկսած է յոգ­նու­թեան նշան­ներ ցոյց տալ: Նախ ա­նոր հա­մար, որ Լի­բա­նա­նի դէմ Իս­րա­յէլ-«Հիզ­պուլ­լահ» վեր­ջին ճա­կա­տու­մին (2006 Յու­լիս) լի­բա­նա­նեան կու­սակ­ցու­թիւ­նը բա­ւա­կան դի­մադ­րե­լէ ետք կը գե­րեզ­մա­նէր իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի ան­պար­տե­լիու­թեան ա­ռաս­պե­լը, իսկ երկ­րորդ՝ ի հե­ճուկս այդ օ­րե­րուն Լի­բա­նա­նի մէջ տի­րող քա­ղա­քա­կան ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նին, այ­սօր եր­կի­րը ա­ւե­լի միա­կամ է եւ ա­նոր նո­րըն­տիր նա­խա­գա­հը՝ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աու­ն կը հա­մա­րուի «Հիզ­պուլ­լահ»ի թիւ մէկ դաշ­նա­կի­ցը:

Այս բո­լոր դրոյթ­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով, իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի բարձ­րաս­տի­ճան ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար այ­սօր որ­դեգ­րուած գլխա­ւոր ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը ոչ թէ «Հիզ­պուլ­լահ»ին դէմ նոր պա­տե­րազ­մի մը սկսիլն է, այլ «կա­սեց­նել» ա­նոր զէն­քե­րու ար­դիա­կա­նաց­ման «ար­շաւ»ը, որ ըստ ե­րե­ւոյ­թին Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի ա­մե­նէն թէժ փու­լե­րուն իսկ դա­դար չու­նե­ցաւ:

Խօ­սե­լով լի­բա­նա­նեան ճա­կա­տին մա­սին՝ պէտք է ան­պայ­ման շեշ­տադ­րել, որ հա­կա­ռակ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի մաս­նակ­ցու­թեան պատ­ճա­ռով «Հիզ­պուլ­լահ»ի կրած մարդ­կա­յին բա­ւա­կան լուրջ կո­րուստ­նե­րուն, կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ իր ան­զի­ջող, Իս­րա­յէ­լի դէմ դրած պա­հանջ­նե­րուն մէջ:

Ա­ւե­լի՛ն. «Հիզ­պուլ­լահ»ի մօ­տիկ վեր­լու­ծա­բան­ներ չեն թաքց­ներ, որ ո­րե­ւէ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան պար­ագա­յին ի­րենք ու­նին պատ­րաս­տի ծրա­գիր­ներ, ո­րոնց հիմ­նա­կան գի­ծը ա­նակն­կալ գրոհ­ներ եւ ներ­թա­փան­ցում­ներ կա­տա­րե­լու գոր­ծե­լաոճն է: Ներ­թափան­ցում, երբ կ՚ը­­սենք կը խօ­սին լի­բա­նա­նեան հա­րա­ւէն դէ­պի իս­րա­յէ­լեան հո­ղեր թա­փան­ցե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեան մը մա­սին, որ ինք­նին կրնայ բա­ւա­կան բարդ դրու­թեան մատ­նել Իս­րա­յէ­լի բա­նա­կը:

Այս ա­ռու­մով պէտք է ը­սել, թէ եր­կու կող­մե­րը բա­ւա­կան լաւ կը ճանչ­նան մի­մեանց թոյլ կող­մե­րը ու ա­տոր հա­մար է նաեւ, որ Լի­բա­նա­նի դէմ զի­նուո­րա­կան մե­ծա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու շղթա­յա­զեր­ծու­մը կը բա­ցա­ռուի:

Ճիշդ է, որ կրնան տե­ղի ու­նե­նալ փոքր, կամ նոյ­նիսկ կար­ճա­ժամ­կէտ գրոհ­ներ, բայց Իս­րա­յէլ եւ «Հիզ­պուլ­լահ» չեն պատ­րաս­տուիր «մեծ պա­տե­րազմ»ի մը:

Վեր­լու­ծե­լով յատ­կա­պէս իս­րա­յէ­լեան կող­մին տկար կէ­տե­րը՝ պէտք է շեշ­տադ­րել, որ Իս­րա­յէ­լի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այ­սօ­րուան ու մօ­տիկ ա­պա­գա­յի իր օ­րա­կար­գին մէջ չու­նի «Հիզ­պուլ­լահ»ը «ար­մա­տա­խիլ» ը­նե­լու ծրա­գի­րը եւ այդ մէ­կը ու­նի բա­ւա­կան լուրջ եւ տրա­մա­բա­նա­կան պատ­ճառ­ներ:

Իսկ ե­թէ խօ­սինք «Հիզ­պուլ­լահ»ին մա­սին, պէտք է տրա­մա­բա­նուած կեր­պով վեր­լու­ծել այս կու­սակ­ցու­թեան ծննդո­ցը, ան­ցած ճա­նա­պար­հը եւ այ­սօ­րուան դիր­քե­րը հասկ­նա­լու եւ ըմբռ­նե­լու հա­մար, որ ան սոսկ լի­բա­նա­նեան ծրա­գիր մը չէ, հե­տե­ւա­բար ա­նոր յա­ռա­ջի­կա­յի քայ­լե­րը ան­պայ­ման չեն ո­րո­շուիր Լի­բա­նա­նի մէջ:

Շիի-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ-Իս­րա­յէլ ե­ռան­կիւ­նին վրայ «Հիզ­պուլ­լահ»ը կա­րե­ւոր կշռա­քար մըն է եւ յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նին տե­ղի ու­նե­նա­լիք նոր ձե­ւա­կեր­պում­նե­րուն կամ «բախ­ման կա­նոն­նե­րու» ընդ­հա­նուր պրիս­մա­կին մէջ ան պի­տի գոր­ծէ նախ ի­րա­նեան շա­հե­րուն հա­մա­հունչ եւ ա­պա յար­գե­լով Թեհ­րա­նի մեծ դաշ­նա­կցին՝ Մոս­կուա­յի շա­հե­րը տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ:

Վե­րա­դառ­նա­լով իս­րա­յէ­լա­ցի ղե­կա­վար­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս Պա­շտա­նու­թեան նա­խա­րար Ա­ւեկ­տոր Լի­պեր­մա­նի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թեան, պէտք է նաեւ հասն­կալ այդ յայ­տա­րա­րու­թեան խոր­քա­յին պատ­ճառ­նե­րը:

Ի՞նչ պատ­ճա­ռով է, որ Լի­պեր­ման նման «վրան բաց» յայ­տա­րա­րու­թեամբ հան­դէս կու գայ եւ ռու­սա­կան կող­մին ներ­կա­յու­թիւ­նը հա­շուի չառ­նող իր բա­նա­կին քայ­լը կը գո­վա­բա­նէ:

Լի­պեր­ման յայտ­նի է իր բա­ւա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կան կե­ցուածք­նե­րով ու ան ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ նման յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կը կա­տա­րէ, բայց երբ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի ուղ­ղա­կի Սու­րիոյ մէջ ե­ղած գոր­ծո­ղու­թեան՝ սա կը նշա­նա­կէ, որ գոր­ծի­չը իր խօս­քով բա­ւա­կան յստակ «պատ­գամ­ներ» կ­­՚ուղ­ղէ:

Ա­ռա­ջին եւ յստակ պատ­գա­մը ուղ­ղուած է ան­շուշտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն, ո­րուն նոր կազ­մա­ւո­րուող ղե­կա­վա­րու­թեան պա­ղես­տի­նա-իս­րա­յէ­լեան թնճու­կին վե­րա­բե­րեալ կե­ցուածք­նե­րը ցարդ յստակ չեն: Հոս է նաեւ, որ Լի­պեր­ման «ա­րագ քայլ»ով մը կը փոր­ձէ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն ցոյց տալ՝ ի­րենց ու­նե­ցած եւ պահ­պա­նած «նշա­ձող»ին հա­սա­կը:

Այ­սինքն, մենք պատ­րաստ են մեր ու­նե­ցած բո­լոր մի­ջոց­նե­րը գոր­ծի դնել, ու­նե­նա­լով եւ հե­տապն­դե­լով մէկ նպա­տակ՝ զսպել «Հիզ­պուլ­լահ»ի զի­նա­նո­ցին ար­դիա­կա­նա­ցու­մը եւ ան­շուշտ խօ­սիլ տար­րա­բանա­կան զէն­քե­րու վտան­գին եւ այդ զի­նա­տե­սա­կին սու­րիա­կան բա­նա­կին մօտ ներ­կա­յու­թեան մա­սին:

Զար­մա­նա­լի չէ Լի­պեր­մա­նի Ի­ՇԻՊ-ին («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) մա­սին «յստակ լռու­թիւն»ը եւ պարզ է նաեւ, որ Սու­րիոյ տագ­նա­պին սկիզ­բէն ի վեր Իս­րա­յէլ որ­դեգ­րած է «չէ­զոք» դիրք մը ու գոր­ծադ­րած՝ «հա­կա­ռա­կոր­դիս հա­կա­ռա­կոր­դը իմ բա­րե­կամս է» սկզբուն­քը:

Այս օ­րա­կար­գե­րու ընդգ­ծու­մէն ետք է նաեւ, որ Իս­րա­յէլ ա­մե­րի­կեան կող­մէն պի­տի ակն­կա­լէ յա­ւե­լեալ «հաս­կա­ցո­ղու­թիւն» ու այդ հաս­կա­ցո­ղու­թե­նէն բխող գոր­ծակ­ցու­թեան նոր հե­ռա­ն­կար­ներ:

Ցարդ պարզ չէ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ի՛նչ կե­ցուածք պի­տի ու­նե­նայ.

Ա.- Վե­րաբ­նա­կեց­ում,

Բ.- Եր­կու տէ­րու­թեանց լու­ծում,

Գ.- Իս­րա­յէլ-Պա­ղես­տին բա­նակ­ցու­թեանց հարց,

Դ.- Եւ ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու «Հիզ­պուլ­լահ»ի հան­դէպ որ­դեգ­րե­լիք կե­ցուած­քը։

Այս բո­լոր հար­ցե­րը կա­րե­ւոր են Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար ու ա­մե­րի­կեան «յստա­կե­ցում­նե­րէ» ետք է, որ Թել Ա­ւիւ գոր­ծի պի­տի դնէ իր քա­ղա­քա­կան-զի­նուո­րա­կան հա­մա­կար­գե­րը:

Ե­թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ շա­րու­նա­կէ իր նա­խոր­դին՝ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ա­պա շատ յստակ կը դառ­նայ, որ Իս­րա­յէլ «լռե­լեայն» նե­ցուկ մը ու­նե­նա­լով կրնայ զի­նուո­րա­կան «մաս­նակ»ի լու­ծում­նե­րու լե­զուով խօ­սիլ: Իսկ ե­թէ Թրամփ փո­խէ նա­խորդ վար­չա­կար­գի ընդ­հա­նուր կե­ցուածք­նե­րը եւ դէ­պի Իս­րա­յէլ մեծ շրջա­դարձ մը կա­տա­րէ, ա­պա այն ա­տեն շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Մի­ջին Ա­րե­ւե­լքի ընդ­հա­նուր դաշ­տը կրնայ դառ­նալ ա­ւե­լի ա­րիւ­նոտ եւ ան­տա­նե­լի ե­զերք մը:

Երկ­րորդ՝ դէ­պի Իս­րա­յէլ յստակ շրջա­դարձ մը կա­տա­րե­լու պա­րա­գան դժուար կի­րա­ռե­լի մօ­տե­ցում մը պի­տի ըլ­լայ, տրուած ըլ­լա­լով, որ Ո­ւա­շինկ­թըն հե­տա­մուտ է դրա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պել Մոս­կուա­յի հետ եւ այդ «գոր­ծըն­կե­րու­թեան» մէջ ան­պայ­ման կան Ռուսաս­տա­նի «բարձր լա­րում»ի շա­հե­րը, ո­րոնց ա­մե­նէն գլխա­ւո­րը «Հիզ­պուլ­լահ»ը «պահ­պա­նել»ն է, առ ի գնա­հա­տանք Սու­րիոյ մէջ ա­նոր ու­նե­ցած կա­րե­ւոր եւ ա­ռանց­քա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թեան հա­մար:

Խօ­սե­լով սու­րիա­կան կող­մին մօտ տի­րող ընդ­հա­նուր տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին՝ պէտք է յստա­կօ­րէն նկա­տել, որ Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Էսա­տի հա­մար ճիշդ է, որ դժուար է «մար­սել» Իս­րա­յէ­լի կա­տա­րած գրոհ­ներն ու «ա­մե­նա­թո­ղու­թիւն»ը։ Բայց եւ այն­պէս, յստակ է, որ սու­րիա­կան բա­նա­կին հա­մար այ­սօր հիմ­նա­կան հար­ցը երկ­րին մէ­ջի ա­հա­բեկ­չա­կան միա­ւո­րում­նե­րու չէ­զո­քա­ցումն է:

Չմոռ­նանք, որ եր­կար տա­րի­ներ Իս­րա­յէ­լի «ա­մե­նա­թո­ղու­թիւ­նը» զսպած ա­մե­նէն հիմ­նա­կան ու­ժը ե­ղած է սու­րիա­կան բա­նա­կը, որ այ­սօր կը պատ­րաս­տուի վե­րա­կազ­մա­կեր­պուիլ եւ շա­րու­նա­կել ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կամ «չա­փա­ւո­րա­կան» հա­մա­րուած զի­նեալ­նե­րուն դէմ թէ­ժա­գոյն մար­տե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016