ՀԱՒԱՏՔԻ ՈՐՈՆՈՒՄ (Բ.)

Մարիա կը մնայ իր ընկալման սահմաններուն մէջ ու շնորհակալութիւնը կը յղէ տարերքներուն Արարիչին, ինչպէս միշտ կ՚ընէ եկեղեցւոյ կամարներէն ներս, ուր կը վերանայ, երկիւղածութեամբ կը համակուի, կը մենանայ Անոր հետ իր աղերսներուն ու շնորհակալութեանց յղման ընթացքին:

Իւրաքանչիւր պահու աւարտին տեղի կ՚ունենան կարճ բացատրութիւններ ու աւելի մանրամասն կերպով կը բացատրուին այս ուսմունքին հիմունքները, անոր ծագումը, տարածումը, ընկալումը ժողովուրդներուն կողմէ, արարողութիւնները, աղօթքները, ու տարիներով հոն ուսանած աւանդողը, իւրացուցած ամէն մանրամասնութիւն, օրինակներով ու գովաբանութեամբ կը պատասխանէ հարցերուն: Գովաբանութիւն մը, որ հաւատքի շողեր կ՚արձակէ ու ընկալող երիտասարդները կ՚ողողէ երկիւղածութեամբ մը, ու անխօս «երանի»ները կը թեւածեն սրահի կլիմային մէջ: Երանի՜, թէ ունենային նման հաւատքի աղբիւր մը, նման հաւատքի հզօրութիւն մը ազգովին, ու՝

-Արդեօք Քրիստոսի մասին ի՞նչ կը խորհին անոնք,- կը հարցնէ ներկաներէն մին երիտասարդները խլելով մագնիսացումէն:

-Թիպէթի մէջ, երբ Քրիստոսի մասին խօսուի, ուսուցիչները (այսպէս կը կոչուին թիպէթեան ուսմունքի կղերը) մեծ յարգանքով ու երկիւղածութեամբ կ՚արտայայտուին, Քրիստոսը կը դասեն իրենց պաշտամունքի առարկայ՝ Չէնրիզիին (Պուտտայի որդին) մակարդակին, որ գրեթէ նոյն ձեւով աշխարհ եկած է ու նոյն հանգրուաններէն անցած կրօնական մակարդակով: Սակայն տարբերութիւնը այն է, որ թիպէթցիները իրենց հաւատքով կը գերադասեն քրիստոնեաներուն, պատճառը, հաւանաբար պէտք է փնտռել քրիստոնէութիւնը քարոզող կղերականներուն մէջ իսկ, որ, դժբախտաբար չունին այն ազդեցութիւնը, որ ունի պուտտայականութիւնը: Իսկ մարդը պէտք ունի հաւատքին կառչելու ու այդ հաւատքը ինքնստինքեան չի գար, մենք ունինք մեր մէջ ի ծնէ, բնազդային մղումներ, սակայն անոնք չեն յագեցներ հաւատքին մարմաջը, անհրաժեշտ է «ուսուցիչ»ի մը գոյութիւնը, որ մղիչ ուժ է նաեւ անհատին հաւատքին հզօրացման սատարող...

Ցնցիչ պատասխան մըն էր, ցնցիչ, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ իրական: Իրական, այո՛, եթէ պահ մը խորհինք մեր ներկայ հոգեւոր մակարդակին մասին, հոգեւորականներուն մասին..., բացառութիւններ կան հարկաւ, բայց համեմատութեան եզր իսկ չեն կազմեր անոնք:

Մարիային մտքին մէջ մի քանի անգամ կը կրկնուին այս խօսքերը, կը նայի պահ մը այն հայուն դէմքին, որ հայերէնով կը գովաբանէ չինական ուսմունքը, եւ այնպիսի ջերմութեամբ, այնպիսի անբիծ, մաքուր, սուրբ համարումով..., խօսքին պահուն կ՚երեւին անոր հաւատքի ներքին մղումները, որ իրեն հետ ծնած ու յագեցում որոնած ըլլալու է նախ իր շրջապատին մէջ, ու չգտնելով, ներքին կանչին ձայնին անսալով, որոնումը շարունակած ու գտած է զայն հեռուները, ու աւելի՜ն, ահաւասիկ իր գտածը կը բաժանեկցի հայրենակիցներուն հետ, հայ երիտասարդներու, որոնք իրեն պէս հոգեւոր մարմաջը յագեցնել կ՚ուզեն, հոգեւոր զարգացում ապահովել, ու աւանդողին բերնէն կախուած կուլ կու տան ամէն հնչիւն, ամէն վանկ որ կաթիլ-կաթիլ կը զովացնէ կարծես ներքին ցանկութեան մը բորբոքումը:

… Ու կ՚ափսոսայ Մարիա իր տեսածին համար, կ՚ափսոսայ ինչպէս ափսոսացած էր ի տես երիտասարդ խաւին գաղթին հայրենիքէն, կ՚ափսոսայ հիմա ի տես երիտասարդներուն հաւատքին խլումին. այո, խլում, խլում մըն է որ տեղի կ՚ունենայ, քրիստոնեայ երկրի մը մէջ այլ ուսմունքի քարոզը ի՞նչ է միթէ, եթէ ոչ՝ խլում, բայց ի՞նչն է որ կը խլուի, արդեօք քրիստոնեան բան մը գիտէ՞ իր հաւատքին մասին... եւ ո՞վ է պատասխանատուն այս ընթացքին..., ու՝

-Ես որ էս բոլորը մեր եկեղեցիներում զգայի, հոս չէի լինի...,- յուզումով զրոյցին կը մասնակցի վաթսունի մօտ կին մը, որ ահա հոս է որ իր հոգեւոր յագեցումը գտած է:

Յեղափոխութիւն մըն ալ անհրաժեշտ չէ՞ հաւատքի վերականգնումին համար...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018