ՔԱՅԼ ՊԱՀԵԼ ԱՊԱԳԱՅԻ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Գիտութեան, մասնաւորաբար արհեստագիտութիւններու մէջ եւս պատմութեան անիւը ետ չի դառնար եւ գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ կը սուրայ: Եթէ երկվայրկեան մը աչքդ շեղես, գնացքը անցած կ՚ըլլայ եւ հետապնդելը, հասնիլը՝ անկարելի: 2019 թուականին արհեստագիտութիւններու ասպարէզին մէջ նորարարութիւնները շատ աւելի էին, քան՝ 2018-ին, եւ վստահաբար 2020-ին բաւական դժուար պիտի ըլլայ քայլ պահել նոր արհեստագիտութիւններուն հետ, եթէ պահ մը աչքերնիս շեղենք: «Ֆորպս» այս առընչութեամբ հրապարակած է հետաքրքրական յօդուած մը:

*

ԱՅԺՄ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵՑԷՔ 2020-ԻՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՄԵՆԷՆ ՄԵԾ ԵՕԹ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Մենք կը գտնուինք արդիւնաբերական չորրորդ յեղափոխութեան շրջանին մէջ, եւ արհեստագիտութիւնը, որեւէ ժամանակէ աւելի, արագ կ՚եղափոխուի, կը զարգանայ: Ընկերութիւններն ու անհատները, որոնք չեն հետեւիր որոշ հիմնական արհեստագիտական ուղղութիւններուն, ետ մնալու վտանգը կը դիմագրաւեն: Հիմնական միտումները հասկնալը կարելիութիւն կու տայ մարդոց եւ առեւտուրի ասպարէզին՝ պատրաստել եւ հասկնալ հնարաւորութիւնները: Այս յօդուածին մէջ կը ներկայացնենք այն եօթ առաւելագոյն միտումները, որոնց բոլորին պէտք է ամէն ոք պատրաստ ըլլայ 2020 թուականին:

ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԻԲՐԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) մեր ժամանակներու առաւել ձեւափոխական ճարտարագիտական զարգացումներէն է: Ընկերութիւններուն մեծ մասը սկսած է ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՛ս կրնան գործածել ԱԲ-ն՝ յաճախորդին հմտութիւնը բարելաւելու եւ անոնց առեւտրական գործունէութիւնը աւելի հեզասահ, արդիւնաւէտ դարձնելու համար: Ասիկա պիտի շարունակուի նոյնպէս 2020 թուականին, եւ մինչ մարդիկ աւելի եւ աւելի պիտի սորվին ԱԲ-ներուն զուգահեռ աշխատիլ, մեր սեփական ԱԲ-ի վրայ հիմնուած համակարգերու նախագծումը եւ տեղակայումը կը մնայ բաւական ծախսալից առաջարկ՝ առեւտրական գործունէութիւններու մեծ մասին համար:

Այդ իսկ պատճառով ԱԲ-ի դիմումներու մեծ մասը պիտի շարունակուի իրականացուիլ իբրեւ հարթակներու ծառայութիւններ, որոնց միջոցով մենք պարզապէս կը հայթայթենք մեր սեփական տուեալները եւ կը վճարենք մեր հաշիւները կամ կը հաշուենք մեր միջոցները, երբ մենք կը գործածենք ատոնք:

Ներկայիս այս ծրագիրները, որոնք տրամադրուած են «Ամազոն»ի, «Կուկըլ»ի եւ «Մայքրոսոֆթ»ի նմաններու կողմէ, միտուած են գործելու լայն ծիրի մը մէջ, եւ անոնց համար անհրաժեշտ է (յաճախ սուղ) վարժեցում՝ զանոնք կիրարկելու ընկերութեան մը յատուկ աշխատանքներու համար:

2020 թուականի ընթացքին մենք կը տեսնենք աւելի լայն ընդունում եւ հայթայթողներու աճ, որոնք շատ հաւանաբար կը սկսին առաջարկել աւելի յարմարեցուած ծրագիրներ եւ ծառայութիւններ՝ յատուկ կամ մասնագիտացած առաջադրանքներու համար:

Ասիկա պիտի նշանակէ, որ ոչ մէկ ընկերութիւն պիտի կարենայ ինքզինք արդարացնել արհեստական բանականութիւնը չգործածելուն համար:

«5Ճ»Ի ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒ ՑԱՆՑԵՐ

Բջիջային համացանցի հինգերորդ սերունդի կապը մեզի պիտի տայ գերարագ ներբեռնումի եւ վերբեռնումի արագութիւն, նոյնպէս՝ աւելի կայուն կապեր: Մինչ «5Ճ»ի բջիջային տուեալներու ցանցերը մատչելի եղան առաջին անգամ 2019-ին, անոնք հիմնականին մէջ տակաւին սուղ էին եւ կը սահմանափակուէին որոշ տարածքներու կամ մեծ քաղաքներու մէջ գործելու: Հաւանական է, որ 2020 թուականը ըլլայ այն տարին, երբ «5Ճ»ին իսկապէս սկսի թռչիլ՝ ունենալով աւելի մատչելի տուեալներու ծրագիրներ, նոյնպէս՝ մեծապէս բարելաւուած ամբողջական ապահովագրութիւն: Ասիկա կը նշանակէ, որ բոլորը կրնան միանալ այս զուարճալի նորութեան:

Տուեալներու գերարագ ցանցերը մեզի կարելիութիւն կու տան ուղեւորութեան ընթացքին աւելի բարձր որակով դիտել շարժապատկերներ եւ լսել երաժշտութիւն: Աւելցած արագութիւնը կը նշանակէ, որ բջիջային ցանցերը կը դառնան լարային ցանցերէն աւելի գործածելի եւ կը մտնեն մեր տուներէն ներս եւ աշխատանքին մէջ: Ընկերութիւնները պէտք է նկատի առնեն գերարագ համացանցի մատչելիութեան արդիւնքները առեւտրական ասպարէզին մէջ: Աւելցող, ընդարձակուող մնայուն կապին շնորհիւ՝ մեքենաները, մարդամեքենաները եւ առանց վարորդի բանող ինքնաշարժները որեւէ ատենէ աւելի շատ տուեալներ պիտի հաւաքեն եւ փոխանցեն, ինչ որ պիտի առաջնորդէ համացանցի եւ արհեստական բանական մեքենաներու ասպարէզներու մէջ յառաջընթացի:

ԱՌԱՆՑ ՎԱՐՈՐԴԻ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺ

2020 թուականին առանց վարորդի ինքնաշարժները անկասկած պիտի շարունակեն մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացնել:

Թեսլայի ղեկավար Էլըն Մասք ըսաւ, որ իր ընկերութիւնը կը նախատեսէ ստեղծել ամբողջական ինքնագործ ինքնաշարժ: Ասոնք հետզհետէ աւելի սովորական երեւոյթներ պիտի ըլլան: Աւելի՛ն. ինքնաշարժին մէջ այլ համակարգեր, որոնք կապուած չեն ինքնաշարժ վարելու, ինչպէս՝ կղպանքը, ձայնասփիւռը, հետզհետէ աւելի ինքնագործ պիտի դառնան՝ հիմնուելով տուեալները հաւաքելու եւ վերլուծելու հոլովոյթին վրայ:

«Կուկըլ»ի քոյր ընկերութիւնը՝ «Ուայմօ», նոր աւարտած է ինքնավար թաքսիներու փորձը Գալիֆորնիոյ մէջ, ուր առաջին ամսուան ընթացքին տեղափոխուած են աւելի քան 6200 անձեր:

Անշուշտ միայն ինքնաշարժները այդպէս պիտի չըլլան: Բեռներու փոխադրումը եւ նաւավարութիւնը նոյնպէս կը դառնան աւելի ինքնագործ, եւ յառաջդիմութիւնները այս ոլորտին մէջ կը շարունակեն մեծ նորութիւններ դառնալ 2020 թուականին ընթացքին:

Ինքնագործ ինքնաշարժներու արհեստագիտութիւններու զարգացումով, մենք նոյնպէս աւելի ու աւելի կը լսենք այն միջոցառումներու մասին, որոնք պիտի ձեռնարկուին կարգաւորող մարմիններու, օրէնսդիրներու եւ իշխանութիւններու կողմէ: Հաւանական է, որ օրէնքներու, գոյութիւն ունեցող ենթակառոյցներու եւ ընկերային վերաբերմունքի փոփոխութիւնները անհրաժեշտ կ՚ըլլան, մինչեւ որ ինքնագործ ինքնաշարժ վարելը դառնայ գործնական իրականութիւն մեզմէ շատերուն համար: 2020-ի ընթացքին շատ հաւանաբար մենք կը սկսինք տեսնել, որ ինքնագործ ինքնաշարժներու շուրջը բանավէճը կը տարածուի արհեստագիտական աշխարհի սահմաններէն դուրս, որովհետեւ աւելի ու աւելի շատ մարդիկ կը համոզուին, որ հարցը ոչ թէ «եթէ», այլ «ե՞րբ» ատիկա կը դառնայ իրականութիւն:

ԱՆՀԱՏԱԿԱՆԱՑԱԾ ԵՒ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՂ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ

Արհեստագիտութիւնը ներկայիս կը փոխակերպէ առողջապահութիւնը աննախընթաց կշռոյթներով: Սմարթ ժամացոյցներու նման մեր վրայ կրած սարքերէն տուեալներ հաւաքելու մեր ունակութիւնը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ աւելի եւ աւելի կանխատեսել եւ բուժել մարդոց առողջութեան կապուած խնդիրները, նոյնիսկ՝ նախքան որեւէ ախտանիշ զգալը:

Երբ հարցը բուժումի փուլին հասնի, մենք պիտի տեսնենք շատ աւելի անհատականացած մօտեցումներ: Ասիկա նոյնպէս կը կոչուի իբրեւ ճշգրիտ դեղամիջոց, որ բժիշկներուն կարելիութիւն կ՚ընձեռէ աւելի ճշգրիտ դեղեր նշանակել եւ բուժում կիրարկել՝ շնորհիւ այն տուեալներուն, որոնց միջոցով կարելի է հասկնալ, թէ որքանո՛վ ատոնք արդիւնաւէտ կ՚ըլլան յատուկ հիւանդի համար:

Թէեւ նոր գաղափար չէ, շնորհիւ արհեստագիտական վերջին յաջողութիւններուն, յատկապէս՝ ծիներու ուսումնասիրութեան եւ արհեստական բանականութեան ասպարէզներուն մէջ, ատիկա մեզի աւելի լաւ գաղափար կու տայ, թէ ինչպէ՛ս տարբեր մարդոց մարմինները աւելի լաւ կամ վատ կազմուած են յատուկ հիւանդութիւններու դէմ պայքարի համար, ինչպէս հաւանական է, որ անոնք կ՚արձագանգեն տարբեր տեսակի դեղօրայքի կամ բուժման:

2020 թուականի ընթացքին մենք կ՚ունենանք կանխատեսող առողջապահութեան նոր ծրագիրներ եւ աւելի անհատականացած եւ արդիւնաւէտ բուժման ներդրում՝յատուկ հիւանդներու աւելի լաւ արդիւնքներ ապահովելու համար:

ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ՏԵՍՈՂՈՒԹԻՒՆ

Համակարգչային առումով, «տեսողութիւնը» կը ներառէ համակարգեր, որոնք ունակ են տեսողական պատկերներէն ճանչնալու իրերը, վայրերը, առարկաները կամ մարդիկ, որոնք տեսախցիկը կամ ցուցիչը (sensor) հաւաքած են: Ճիշդ այս արհեստագիտութիւնն է, որ կարելիութիւն կու տայ ձեր սմարթֆոնի տեսախցիկին՝ ճանչնալու, թէ պատկերուած լուսանկարներու ո՞ր մասը դէմք է, եւ կը բանեցնէ «Կուկըլ Իմէյճ»ի նման արհեստագիտութիւններ:

2020 թուականի ընթացքին մենք կը պատրաստուինք տեսնել համակարգչային տեսողութեան յագեցած գործիքներ եւ արհեստագիտութիւն, որ կ՚ուղղուի գործածութեան միշտ աւելցող քանակի համար: Կարեւոր նուաճումը այն է, որ ինքնագործ ինքնաշարժները պիտի «տեսնեն» եւ պիտի շրջանցեն վտանգաւոր ճամբան:

Ընկերութիւններու արտադրական գործողութիւններու շարքի բաժանմունքը պիտի գործածէ համակարգչային տեսողութեան տեսախցիկներ՝ թերի արտադրութիւններու կամ սարքերու խափանումները դիտելու համար, իսկ անվտանգութեան տեսախցիկները կրնան օրական 24 ժամ հսկել եւ ահազանգել, եթէ որեւէ արտասովոր բան նշմարեն:

Համակարգչային տեսողութիւնը նոյնպէս կրնայ դէմք ճանչնալ, որուն մասին մենք շատ բան պիտի լսենք 2020 թուականին: Մենք արդէն տեսանք, թէ որքա՛ն օգտակար է արհեստագիտութիւնը՝ Apple-ի FaceID-ի պարագային մեր սմարթֆոններու մատչելիութիւնը վերահսկելու հարցին մէջ, եւ թէ ինչպէս Տուպայիի օդակայանը կը գործածէ ատիկա՝ յաճախորդին հեզասահ ճամբորդութիւն ապահովելու համար: Այդուհանդերձ, քանի որ գործածութեան դէպքերը կ՚աւելնան 2020 թուականին, մենք նոյնպէս աւելի շատ քննարկումներ կ՚ունենանք այս արհեստագիտութեան գործածութիւնը սահմանափակելու վերաբերեալ, որովհետեւ անիկա ունի կարողութիւնը՝ անհատական գաղտնիութիւնը քայքայելու եւ կարելիութիւն կու տայ «մեծ եղբօր» նման պետական վերահսկողութեան:

ԸՆԴԱՐՁԱԿՈՒԱԾ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ընդարձակուած իրականութիւնը ամբողջովին հասկնալի եզր է, որ կը ներառէ շարք մը նոր եւ զարգացող արհեստագիտութիւններ, որոնք կը գործածուին աւելի մխրճուող թուայնացած փորձառութիւններ ստեղծելու համար: Ասիկա մասնաւորաբար կը վերաբերի վիրչուըլ, յատուկ յաւելուածներով օժտուած (augmented) եւ միախառն իրականութեան: Վիրչուըլ իրականութիւնը կը տրամադրէ ամբողջութեամբ թուայնօրէն մխրճուած փորձ, ուր կը մտնէք համակարգիչին ստեղծած աշխարհը՝ գործածելով ականջակալներ, որոնք կը խառնուին իրական աշխարհին: Յատուկ յաւելուածներով օժտուած իրականութիւնը սմարթֆոններու պաստառներու կամ ցուցադրիչներու (displays) միջոցով թուային առարկաները կը վերածէ իրական աշխարհի (ինչպէս՝ Սնեփչեթ ֆիլթըրներ):

Միախառն իրականութեան ընդարձակումն է յատուկ յաւելուածներով օժտուած իրականութիւնը: Ասիկա կը նշանակէ, որ գործածողները կրնան համագործակցիլ իրական աշխարհի մէջ տեղադրուած թուային առարկաներու հետ (մտածեցէք, որ կը նուագէք նուագարկիչի դաշնամուր, որ դուք տեղադրած էք ձեր սենեակին մէջ յատուկ յաւելուածներով օժտուած իրականութեան ականջակալով):

Այս արհեստագիտութիւնները գոյութիւն ունին արդէն քանի մը տարիէ ի վեր, բայց անոնք հիմնականին մէջ սահմանափակուած են զուարճանքի աշխարհին մէջ. Օքուլիւս Ռիֆթ եւ Վիվ ականջակալներով, որոնք կը տրամադրեն ժամանակակից այս իրականութեան արտադրութիւնը վիտէօ-խաղերու մէջ, եւ սմարթֆոնի իւրայատկութիւնները, ինչպիսիք են նկարչական մեքենայի ֆիլթըրները եւ «Փոքեմոն Կօ»ի ոճով խաղեր՝ յատուկ յաւելուածներով օժտուած իրականութեան ամենէն տեսանելի օրինակները:

2020 թուականէն կ՚ակնկալենք, որ այդ բոլորը կը փոխուին, որովհետեւ ընկերութիւնները պիտի սկսին հասկնալ ընդարձակուած իրականութեան երկու ձեւերու կողմէ առաջարկուած հետաքրքրական կարելիութիւններու հարստութիւնը:

Վըրչուըլ եւ յատուկ յաւելուածներով օժտուած իրականութիւնը պիտի դառնայ աւելի տարածուած՝ վերապատրաստման եւ ձեւաւորման համար, նոյնպէս՝ յաճախորդներու հետ հաղորդակցելու նոր եղանակներ առաջարկելով:

ՊԼՈՔՉԷՅՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Պլոքչէյն արհեստագիտութիւնը 2020 թուականին աւելի պիտի զարգանայ եւ տարածուի:

Պլոքչէյնը, ըստ էութեան, թուային մայր տոմար մըն է, որ կը գործածուի գործարքներ արձանագրելու համար, բայց ապահովուած է իր թուայնացած եւ ապակեդրոնացած բնոյթին պատճառով: 2019-ին կարգ մը մեկնաբաններ սկսան պնդել, որ այս արհեստագիտութիւնը գերյոգնած է եւ թերեւս՝ ոչ այնքան օգտակար, որքան առաջին անգամ կը կարծուէր:

Այդուհանդերձ, կը նախատեսուի, որ 2019-ին՝ «ՖետԷքս»ի, «Այ.Պի.Էմ.»ի, «Ուոլմարթ»ի եւ «Մասթըրքարտ»ի կողմէ շարունակուող ներդրումներով ցոյց կը տրուին իրական աշխարհի արդիւնքները, եւ եթէ անոնք կարենան ապացուցել անոր արդիւնաւէտութիւնը, ապա զայն որդեգրող աւելի փոքր դերակատարներուն թիւը կ՚աւելնայ:

Եւ եթէ ամէն բան ծրագրուածին պէս ընթանայ, 2020 թուականին նոյնպէս կը հրապարակուի պլոքչէյնի վրայ հիմնուած Դիմատետրի սեփական դրամանիշը՝ Լիպրան, որ բաւական աղմուկ պիտի յառաջացնէ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2019