ԳԱՆԱՏԱՀԱՅՈՑ ԵՒ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՄԱՐ ՑԱՒԱԼԻ ՀԱՐՑԵՐ
Գանատայի հայոց թեմի հոգեւոր հովիւ Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան համոզուած է, թէ Գանատա հասնող հայերը մեծամասնութեամբ կ՚ուզեն գանատացի դառնալ, քան թէ հայ մնալ եւ այդ մէկը մեծ ցաւ է։ Օգտուելով Հայաստան այցելութենէն, Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեանի հետ ունեցանք զրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Ինչե՞ր են գանատահայոց կարիքները։
-Գանատահայոց թեմը, նման մեր բոլոր սփիւռքեան թեմերուն, կը բնորոշէ հայ ազգային ինքնութիւնը՝ հայոց լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, հոգեւոր կեանք, այս բոլորին մէջ մեծ ներդրում ունի: Այս կարիքները կը ջանանք լիիրաւ ձեւով կատարել, հակառակ, որ շատ անգամ հոգեւորականներու թիւը որոշ չափով նուազ է: Գանատան մեծ երկիր է՝ ովկիանոսէ ովկիանոս: Այնուհանդերձ, որպէս սպառուող այլ համայնքներուն համեմատ, ժամանակ առ ժամանակ նոր ներգաղթ կը կատարուի: Եթէ սկսինք 1950-60-ական թուականներէն, կը տեսնենք, որ այդտեղ, առաջին շրջանին եգիպտահայերը եկած էին, աւելի ետք եկան լիբանանահայերը՝ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, ապա տեսանք իրաքահայերու հոսքը: Վերջին շրջանին ականատեսը դարձանք, սուրիահայերու հոսքին: Մարդկային ներհոսքի իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի ընթացքին համայնքները կը վերապրին, նոր շունչ մը ընթացք կ՚առնէ։ Երբ նոր Գանատա եկած էի, նշանակուեցայ Գանատայի հայոց թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ երիտասարդաց ծառայութեան գրասենեակի տնօրէն: Կը յիշեմ, որ առաջին պատարագիս՝ 2007 թուականի ապրիլի 1-ին, Ծաղկազարդի օրը, պետական ներկայացուցիչ մը՝ Ճէյսըն Քենին ներկայ էր, որուն մասնակցութեամբ՝ առաջնորդարանին մէջ բացուեցաւ «Հայ տուն»ը: Այդ մէկը ընտանեկան ծառայութեան գրասենեակ է, առանձինն հաստատուած, որպէս հաստատութիւն, Քէպէք նահանգի պատկան մարմիններուն կողմէ: «Հայ տուն»ը հաստատուեցաւ, որպէսզի կարելի ըլլայ իրաքահայերու հոսքը կազմակերպել դէպի Գանատա: Այդտեղ շատ մեծ ներդրում ունէր նաեւ կառավարութիւնը, առաւել եւս եկեղեցին եւ նուիրեալ ծառայողներն ու հիմնադիրները:
-Ի՞նչ կ՚ըսէք «Հայ տուն»ի առաքելութեան վերաբերեալ։
-Նախ, կառավարութիւնը պէտք է հաստատէ ներգաղթը, ինչպէս որ հաստատեց, թէ Սուրիան պատերազմի մէջ է, ոմանք հալածուած են, ոմանք տուն-տեղ կորսնցուցած, ոմանք աշխատանք կորսնցուցած։ Անոնք ո՛չ թէ անմիջական Սուրիայէն կու գան, այլ իրենք արդէն իրենց երկրէն դուրս կը գտնուին: Պայմաններէն մէկն ալ արդէն այդ էր, որ սուրիացի գաղթականը կրնայ դիմել Գանատա ներգաղթելու, որպէս նոր ապաստանելու վայր, միմիայն այն պարագային, երբ ինք երկրէն դուրս կ՚ապրի արդէն: Կարգ մը հայ ընտանիքներ արդէն ներգաղթած էին Գանատա եւ կը սպասէին, որ իրենց զաւակը կամ ընտանիքէն 1-2 այլ անդամներ, իրենց միանան: Այդ անհատներուն, անշուշտ, պիտի օգնէինք, որպէսզի իրենց ընտանիքին միանան: Նման եւ այլ շատ օրինակներ կան, որոնց օգտակար եղած է «Հայ տուն»ը: Եկեղեցին տարեկան կրնայ շուրջ երեսուն անձի համար երաշխաւոր կանգնիլ։ Ես հիմնականը կեդրոնացած եմ երիտասարդներու եւ այն ընտանիքներու վրայ, որոնք իրենց հայրը կորսնցուցած կամ որբ մնացած են: Իսկ հիմա մեր դիմումներուն կէսը կը մերժուի կառավարութեան կողմէ, այն պատճառաբանութեամբ, որ Հայաստանը մեր հայրենիքն է եւ սուրիահայերը կ՚ընդունի, հետեւաբար, կրնան հոն ապաստան գտնել:
-Գանատայէ ներս ձուլումը մարտահրաւէ՞ր մըն է։
-Ծառայելով տարբեր տեղեր՝ Եթովպիա, Սուտան, Եգիպտոս, Գերմանիա եւ ներկայիս Գանատա, կրնամ ըսել, որ ձուլման վտանգը ամէն տեղ է: Այո, նոր եկողները նոր շունչ կը բերեն: Նոր եկողներուն վրայ մեր յոյսերը շատ մեծ է, սակայն, հիասթափութիւնն ալ շուտ կու գայ: Պատճառը այն է, որ իրենք շատ աւելի արագ կ՚ուզեն գանատացի դառնալ եւ ոչ թէ հայ մնալ: Տեսաք, թէ ինչպէս, երբ հայերուն մեծ խմբակը հասաւ, վարչապետ Ճասթին Թրուտօ անձնապէս դիմաւորեց զիրենք: Տարի մը ետք, շնորհակալական միջոցառում մը կազմակերպեցի, որ հեռուստացոյցով ալ սփռուեցաւ։ Կազմակերպեցինք սուրիահայ երաժիշտներէ բաղկացած համերգ մը, որ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց: Սակայն, այսօր ես շատ վատ կը զգամ, երբ տեսնեմ, որ մեր սուրիահայ գաղթականներուն զաւակները, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն գաղթած հայերուն զաւակները իրարու հետ անգլերէն կը խօսին: «Արարատ» ճամբար գացած էի, որպէսզի երիտասարդներուն հետ ժամանակ անցընեմ: Երիտասարդներէն մին, որուն ընտանիքը հայախօս է, ինք եւս լաւ հայերէն գիտէ, եկաւ ինծի անգլերէնով հարցում մը ուղեց: Ես ալ իրեն ըսի, որ մինչեւ որ հայերէն չխօսիս, չեմ պատասխաներ: Դժբախտաբար, այս վիճակը գոյութիւն ունի ներկայիս, ուր ամէնքը կ՚ուզեն արագ անգլերէն սորվիլ: Ես ալ կ՚ըսեմ, որ արդէն ամէն տեղ անգլերէն կը խօսուի, գոնէ տունը պէտք է հայերէն խօսուի: Այս պատկերը ցոյց կու տայ արդէն, որ ձուլում պիտի ըլլայ: Գանատացիէն աւելի գանատացի կ՚ուզեն ըլլալ: Մեր եկեղեցին ամբողջ ջանքը կ՚ընէ այս ձուլումը զսպելու համար:
-Ինչպէ՞ս կը բացատրէք Հայաստանի մէջ ապրած ձեր զգացումները:
-Հայաստան այցելութիւնս շատ անակնկալ եղաւ, որովհետեւ վերջին վայրկեանին որոշեցի: Այս տարի քահանայութեանս 30-ամեակն է: Ամիս մը առաջ, Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան առաջարկեց, որպէսզի քահանայից վերապատրաստման ծրագիրին մասնակցիմ: Անդրադարձայ, որ քահանայութեանս 30-ամեակն է, անունս Տէր Միւռոն է, Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը կայ, Մայր Տաճարը, որ մանկութեանս սրբութիւնն է, ուր տասներեք տարեկանէս մինչեւ քսան տարեկան ժամակարգութեան մասնակցած եմ, անոր վերաօծումը կայ: Հետեւաբար, այս վերապատրաստման ծրագիրը նկատեցի՝ որպէս ուխտ ժամանելու եւ առանձնութեան-աղօթասացութեան իրական առիթ: Քահանայութեան 30-ամեակիս կարծէք ուզեցի ուսանողութեան տարիները յիշել: Տպաւորութիւնս աւելի յուզական էր, դրական իմաստով: Առաւել եւս, երբ Մայր Տաճարի օծման նաւակատիքը եղաւ եւ այդ ժողովուրդի կարօտը տեսայ: Հետաքրքրական էր եւ շատ գեղեցիկ էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հրահանգը, որ մէկ շաբաթ, ամէն երեկոյ ժամը եօթին Ս. Պատարագ պիտի մատուցուէր: Տեսայ խուռներամ ժողովուրդը, թէ ինչպէս կարօտով լեցուած են Մայր Տաճարէն ներս եւ դուրս: Զգացի անոնց մէջ այդ կարօտը եւ ծարաւը սրբութեան: Շատ ժամանակ չունեցայ քաղաքը տեսնելու: Ինչ որ կը տեսնեմ բազմաթիւ ճաշարաններ բացուած են, գեղեցիկ շէնքեր բարձրացած են: Ամենացաւալին, երբ երեկոյեան, բարձունքի վրայ տեսայ Եռաբլուրին ծածանուող դրօշակները՝ շատ ազդուեցայ։ Տասնհինգ տարիէ ի վեր Հայաստան չէի եկած, փառք կու տամ Աստուծոյ, որ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ տարբեր թեմերու կազմակերպութեամբ ուխտս կատարեցի եւ խոկման գեղեցիկ օրեր ապրեցայ։ Աղօթենք, որ Աստուած պահապան ըլլայ մեր ազգին: Ամէն կիրակի տարբեր եկեղեցիի մէջ պատարագեցի: Իսկ վերջին պատարագս մատուցանեցի Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ մէջ եւ կը վերադառնամ Գանատա: Փառք կու տամ Աստուծոյ այս առաքելութեան համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան