«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ

Աշխատութիւնը եւ գործունէութիւնը մեր կեանքին շատ օգտաւէտ է:

ա) Մարմինի աշխատանքը եւ հոգիի գործունէութիւնը շատ կ՚օգնեն կամ աւելի ճիշդ՝ շատ կարեւոր են մարմինի եւ հոգիի առողջութեանը եւ կը նպաստեն մեզի կատարելագործուելու:

բ) Աշխատանքն է միակ հնարքը մեր կեանքին պէտքերը լիացնելու եւ ունեցուածքը պահպանելու, որմէ կախում ունի օրինաւոր հարստութիւնը. «Ծոյլ ձեռքով բանողը աղքատ կ՚ըլլայ, բայց ժիր մարդոց ձեռքը հարստութիւն կը բերէ» (Առ 10.4):

գ) Աշխատանքն է մեր բաւականութեան աղբիւրը: Ան գեղեցիկ կերպով մեզ կը պահպանէ ձանձրոյթէն: Զուարճութիւնները քաղցր են միայն այն ատեն, երբ աշխատասիրութեան հետ կապուած են: Գործունեայ, աշխատասէր եւ իր պարտքը կատարող մարդը, որ հասարակութեան օգտաւէտ է, միշտ յարգուած ու սիրուած է բոլորէն: Ան սիրտի ուրախութեամբ եւ գոհութեամբ կը տեսնէ իր գերդաստանին բաւականութիւնը: Իսկ ընդհակառակը, ծուլութիւնը եւ անգործութիւնը կը վնասէ գերդաստանին ու կ՚ապականէ: Անգործ եւ պարապորդ մարդը անօգուտ, անպիտան եւ ծանրութիւն է հասարակութեան համար:

դ) Աշխատանքը մեզի համար առաքինութիւնը կը թեթեւցնէ, որովհետեւ մեր պարտաւորութիւններուն մեծ մասը գործունէութիւն կը պահանջէ եւ երբեմն ալ ծանր հոգածութիւններ: Աշխատասիրութիւնը մեր միտքը առ հասարակ կ՚ամփոփէ օգտաւէտ բաներու վրայ, եւ մեզ փորձութենէ եւ վատ ընկերութենէ կը հեռացնէ: Իսկ ընդհակառակը, անգործութիւնը մեր երեւակայութիւնը կը մոլորեցնէ, զանազան կիրքեր կը զուարթացնէ, դժբախտ վիճակէն յանցանքներու մէջ կը ձգէ, եւ ամէն տեսակի չարութեան կը մօտեցնէ, որու համար իրաւամբ ըսուած է, թէ՝ «անգործութիւնը չարիքներու մայրն է»:

ե) Երբ մենք կ՚աշխատինք Աստուծոյ հնազանդիլ եւ մեր հոգին Անոր կամքին խոնարհեցնել, տարակոյս չկայ, որ Աստուած մեզի Իր օրհնութիւնը կու տայ եւ մեր աշխատանքը կը վարձատրուի:

Աշխատանքը պարտաւորութիւն է իւրաքանչիւր մարդու համար, ո՛չ միայն չքաւորները, այլեւ՝ առ հասարակ, իւրաքանչիւր մարդ, որուն Աստուած զօրութիւն եւ հարստութիւն պարգեւած է՝ կոչուած է աշխատելու: Նոյնիսկ հարուստները, իրաւունք չունին աշխատանքէ հեռանալու, որովհետեւ աշխատասիրութեան մասին բերած ապացոյցները նմանապէս կը վերաբերին հարուստներուն եւս: Անոնք եւս պարտին ձանձրոյթէն եւ անհանգստութենէն վախնալ: Այս հիւանդութիւնը, կարելի է ըսել, հարուստներուն բուն հիւանդութիւնն է: Անոնք պարտաւոր են անգործութենէն փախչիլ, որ այս հիւանդութեան գլխաւոր պատճառն է: Անոնք պարտական են պահպանել եւ կառավարել իրենց կայքը. եւ որքան մեծ է կայքը, այնքան կարեւոր է մեծ հոգածութիւն, կարգ եւ մտադրութիւն: Անգործութիւնը հարուստներուն համար պատճառ կը դառնայ մոլութեամբ վատնելու իրենց ստացուածքը եւ հասարակութեան աւելի վնասել, քան՝ չքաւորները: Որովհետեւ, հասարակութիւնը հարուստներէն աւելի օգուտ սպասելու է եւ ո՛չ թէ վնաս. բաւարար չէ, որ հարուստը հասարակութեան միայն դրամով օգնէ, ան պարտաւոր է նաեւ ծառայութեամբ եւ աշխատութեամբ օգնել: Ի վերջոյ, Սուրբ Գիրքը առանց բացառութեան բոլոր մարդոց վրայ աշխատելու պարտք կը դնէ: Հարուստներուն արտօնութիւնը աշխատանքներուն մէջ այն է, որ անոնք կրնան գործ ընտրել իրենց ընդունակութեան եւ կամքին համեմատ, որ աւելի պարտաւոր ըլլայ եւ վայելուչ:

Այն ծնողները, որոնք մտադիր են եւ հետամուտ իրենց որդիները հասցնելու այն աստիճանին, որ ամէն տեսակի աշխատանքէ ազատ ըլլան, անոնք իմաստութեան եւ հաւատքի հոգիին կը հակառակին, որովհետեւ, ամենէն մեծ ժառանգութիւնը, այն է, որ ծնողները կրնան իրենց որդիներուն ձգել, նախ՝ Աստուծոյ սէրը եւ ապա՝ աշխատասիրութիւնը: Աշխատասիրութիւնը աղքատ տունը կը կանգնեցնէ, հարուստը կը պահպանէ. իսկ ընդհակառակը, անգործութիւնը շինած տունը կը քանդէ, հարստութիւնը կը վատնէ, եւ այս պատճառով ահաւասիկ մատաղ հասակէն պէտք է մանուկները աշխատաիրութեան վարժեցնել, որպէսզի կարողանան նեղութիւններու համբերել, իրենց անձին եւ ուրիշներուն ծառայել: Հարկաւոր է մանուկները կրթել որեւէ արուեստի կամ կոչման մէջ, որ համաձայն է անոնց բնութեանն ու ընդունակութեանը: Այս բոլոր խնամքներուն հետ, հարկաւոր է.

1) Հեռանալ ամէն տեսակի չար եւ վտանգաւոր կեանքէ:

2) Յարմարիլ գերդաստանի պէտքերուն եւ կարեւոր պահանջութեան: Չքաւորները եւս պարտաւոր են շուտով ճարել իրենց հացը՝ իրենց աշխատանքով: Անհոգութեան կամ ունայնասիրութեան պատճառով երբեք պէտք չէ ծանր աշխատանքէ ետ քաշուին, կամ այնպիսի աշխատանքէ, որ աշխարհի առջեւ թէեւ նշանակութիւն չունի, բայց իր գերդաստանին համար շատ օգտաւէտ է:

3) Պէտք է արհեստը ընտրել ինչքան կարելի է ընդունակութեան համեմատ: Այս զգուշութեամբ ընտրուած արհեստին մէջ, մարդը կրնայ աւելի օգտակար ըլլալ, եւ այս ընտրութիւնը համաձայն կ՚ըլլայ նաեւ Նախախնամութեան կոչման:

Եթէ կը փափաքինք, որ մեր աշխատանքը ճշմարտապէս օգտակար եւ փրկարար ըլլայ, պարտաւոր ենք հետեւիլ այն գլխաւոր կանոնին, որմէ կախեալ են միւսները.

ա) Պարտաւոր ենք աշխատիլ ո՛չ թէ աշխարհի որդիներուն նման ենթարկուիլ մեր հաճոյքին կամ ագահութեամբ հետեւիլ մեր փարթամութեան կամ ցանկութեան պահանջները բաւականացնելու, այլեւ՝ պարտաւոր ենք որդիական հնազադութեամբ եւ Աստուծոյ օրէնքներուն համաձայն աշխատիլ, մեր բոլոր խիղճով շարժուած մեր պարտաւորութիւնը կատարելու եւ օգտակար դառնալու մեր անձին եւ հասարակութեան, եւ ո՛չ թէ որպէս անպիտան անդամ՝ ծանրանալու հասարակութեան վրայ: Մէկ խօսքով, պարտաւոր ենք աշխատիլ Աստուծոյ համար եւ Աստուծոյ առջեւ, միշտ մեր հոգին եւ մեր սիրտը բարձրացնելով առ մեր Երկնաւոր Հայրը եւ Անոր փառքին նուիրելով մեր գործերն ու աշխատանքը:

բ) Մեր աշխատանքը պէտք է բարութեան կանոններուն համաձայն ըլլայ:

գ) Պարտաւոր ենք առ Աստուած սիրով եւ հաւատարմութեամբ աշխատիլ, որպէսզի Ան մեր աշխատանքը օրհնէ եւ միշտ ճանչնանք ու խոստովանինք այն ճշմարտութիւնը, թէ՝ «եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ՚աշխատին անոր շինողները» (Սղ 127.1): Մեր Երկնաւոր Հայրն է, որ մեզի մեր ամէնօրեայ հացը կու տայ, եւ Անոր օրհնութիւնն է՝ որ զմեզ կը հարստացնէ. «Տիրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ» (Առ 10.22): Այն տաղանդները, այն հմտութիւնները եւ այն գործունէութիւնը, որոնց վրայ աշխարհի որդին իր յոյսն ու հաւատքը կը դնէ, ո՛չ այլ ինչ են՝ եթէ ոչ միջոց, որ Աստուած ի գործ կը դնէ մեզ պահելու եւ պաշտպանելու համար:

դ) Պարտաւոր ենք հանգիստ եւ խաղաղ հոգիով աշխատիլ, առանց նեղուելու, եւ եթէ մեր հոգածութեան համեմատ մեր աշխատանքը չյաջողի, պիտի իմանանք, որ այս յաջողութիւնը մեզմէ կախեալ չէ, եւ մեր Երկնաւոր Հայրը հազարաւոր միջոցներ ունի՝ մեզի օգնելու համար: Աստուծոյ երկիւղած որդին կրնայ ամենագործունեայ կեանքի ու հոգածութեան մէջ հասկնալ եւ ի գործ դնել Փրկիչին այս պատուիրանը. «Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»։ Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են։ Որովհետեւ ձեր Երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն թէ այդ բոլորին պէտք ունիք» (Մտ 6.31-32):

ե) Պարտինք յարատեւ եւ հաւատարմութեամբ աշխատիլ, սակայն մի՛շտ իմաստութեամբ եւ չափով: Ջերմեռանդ բարեպաշտութիւնը բնա՛ւ հակառակ չէ մեր գործունէուեան եւ երբեք չ՚ուրանար մեր աշխատասիրութիւնը, այլեւ՝ ընդհակառակը, մեր կարողութիւնն ու զգաստութիւնը կը զօրացնէ:

Աշխարհի որդին միայն իր անձին համար աշխատելով՝ կը սահմանափակէ իր աշխատանքը իր պէտքերուն եւ ցանկութեան համեմատ ու աշխատութենէ կը դադրի, երբ ծանրութիւնը քաղած օգուտէն աւելի է: Իսկ ընդհակառակը, Աստուծոյ որդին առաւելաբար կ՚աշխատի աստուածային փառքին համար, իր ընկերոջ օգուտին համար եւ երբեք իրաւունք չի՛ համարեր աշխատութենէ դադրիլ, որովհետեւ մտադիր է բարեգործութիւն ընել: Ինչպէս աշխարհի բազմաշահասէր որդին կը ջանայ ըստ աշխարհի ճոխանալ, նոյնպէս Աստուծոյ երկիւղած որդին կը փափաքի աստուածահաճոյ գործերով հարստանալ եւ միւս կողմէն կ՚աշխատի չափաւորել եւ կանոնաւորել իր աշխատանքը այնտեղ, ուր Աստուած սահման դրած է: Ան ուշադրութիւն կը դարձնէ իր հոգիի եւ մարմինի զօրութեան վրայ եւ չ՚ուզեր հարստութեան ճանապարհին վրայ անոնց առողջութիւնը մաշել: Ան կը սրբէ եւ կը պատուէ այն հանգստեան օրը, որ նշանակուած է զԱստուած պամտելու եւ մեր հոգիին հոգալու համար: Ան ժամանակէն բաժին կը պահէ իր պարտաւորութիւնները կատարելու եւ հոգեւոր բարութիւններ շտեմարանելու համար: Ահա ասոնք են անոր գլխաւոր զբաղմունքները, անոր մեծ օգուտն ու ամենէն կարեւոր պէտքը:

զ) Պէտք է հեզութեամբ եւ հոգիի զղջումով աշխատիլ, մտաբերելով, որ մեր ծանր աշխատանքները եւ մեր կեանքին դժուարութիւնները մասն են այն պատիժին, որ տրուած էր մեղաւոր մարդուն եւ պէտք է մեզ մղեն դէպի այն երջանիկ կեանքը, ուր մենք մեր աշխատանքէն պիտի հանգստանանք, ինչնէս Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Երանի՜ այն մեռելներուն, որոնք այժմէն սկսեալ կը ննջեն՝ Տիրոջ հնազանդ ըլլալով: Այո՛, -կ՚ըսէ Հոգին-, որովհետեւ անոնք հանգստացան իրենց աշխատանքէն, եւ իրենց գործերը կը վկայեն իրենց մասին» (Յյտ 14.13):

Քրիստնեան այս կանոններուն հետեւելով ազատ սիրտ կը պահէ աշխատանքներուն մէջ եւ ամէն բանէ առաջ կ՚իմանայ խնդրել Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ արդարութիւնը. «Դուք նախ խնդրեցէք, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ եւ Անոր արդարութիւնը» (հմմտ. Մտ 6.33): Քրիստոնեան պարտաւոր է այսպէս աշխատիլ եւ պարտաւորութիւնը համաձայնեցնել Մատթէոս եւ Ղուկաս աւետարանիչներու խօսքերուն (Մտ 22.1-10: Ղկ 14.16-24), որոնք իսկապէս կ՚արգիլեն միայն անօգուտ, չափազանց եւ կամ անտեղի հոգածութիւնները: Այսպէս, ահա, մեր հոգեւոր աշխատանքը պարտաւոր ենք ի գործ դնել մեր փրկութեան հասնելու համար եւ ո՛չ թէ միայն մարմնաւոր կերակուրի եւ պէտքերու համար. «Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յհ 6.27):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 27

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019