ՍՈԽՈՒԿԸ

Շէնքին մուտքին, չոր հողով լի փոքրիկ թաղար մը կայ:

Հողին մէջէն կը փայլի սոխուկին սրճագոյնը՝ ցամքած, լքուած, անշնչացած, սառած...

Ի՞նչ կ՚ընէ հոս:

Ինչո՞ւ հիմա յայտնուեցաւ:

Հիմա, երբ մենք եւս ցամքած, լքուած, անշնչացած, սառած ենք:

Հիմա, երբ արեւն իսկ երես դարձուցած է մեզմէ եւ շաբաթներ առաջ մաղուած ձիւնը, սառցարանին մէջ ամբարուած սառերուն պէս, կը յամառի մնալ եւ ցուրտին ազդեցութիւնը կրկնապատկել կամ այդպէս կը կարծենք, մեր ներսի ցուրտը ջերմացնելիք բան մը կ՚որոնենք ու չե՛նք գտներ, մեղաւոր կը տեսնենք ամէն ոք, ամէն ինչ, նոյնիսկ ձմեռը, նոյնիսկ բնութիւնը...

Հահա, ատենին գունեղ կակաչ մըն էր թերեւս կամ արեւին դեղինը ծծած նարկիզ մը կամ...

Այն ատեն, երբ կարելի համաճարակ չկար, դիմակներ չկային.

Այն ատեն, երբ մարդկային հաղորդակցութեան համար սահմաններ չէին գծուած.

Այն ատեն, երբ պատերազմ չկար...

Թերեւս երիտասարդ մըն էր, որ թաղարը իր սիրելիին նուիրեց ու պչրոտ համբոյր մը, փաթթուկ մը շահեցաւ առանց խլումի:

Թերեւս երիտասարդը հրաժեշտ տուաւ սիրելիին այս թաղարով ու ծառայութեան մեկնեցաւ:

Թերեւս գերի ինկաւ խեղճը իրեն պէս շատերո՜ւ հետ, որոնց «հարց»ը լուծելու կարող մէկը կ՚որոնէ օդին մէջ ու չի՛ գտներ...

Թերեւս ալ... նահատակուեցաւ...

Թերեւս սիրելին՝ սպասումէն յոգնած, յուսահատ շպրտեց թաղարը, խլեց կեանքը բոյսէն, իրմէ խլուած սիրելիին պէս... ներքին մաղձը այսպէս թափեց թերեւս:

Ցաւին, տառապանքին հետեւանքն է, որ կը վանէ ամէն սառնասրտութիւն, տրամաբանութիւն, տրամադրութիւն, սէ՛ր...

Բազմաթիւ են այսպիսիները...

Բայց այս բոյսը ի՞նչ մեղք ունի:

Եկո՛ւր, սոխուկ, թարմացնեմ քեզ:

Թերեւս տակաւին շունչ կայ մէջդ,

Վերակենդանացնեմ...

Աճիս, կանաչիս, ծաղկի՜ս.

Ծաղիկդ փունջին կցեմ ու թարմ հողաթումբերուն վրայ շարեմ մի առ մի.

Թերեւս բախտը բերէ եւ ծաղիկը թաղարին տիրոջ հողաթումբը զարդարէ

Ու ան հրեշտակային հայեացքներով գոհանայ,

Երբ տեսնէ իր ծաղիկը վերակենդանացած...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021