Ոստոստող Միտքեր Գրականութեան Եւ Արուեստի Մասին
Երբեմն պէտք է ըսել ինչ որ պէտք է ըսուի:
Նկարչական ցուցահանդէսներ կան ամէնուրեք: Մեծ վարպետներու գործերը կը ցուցադրուին թանգարաններու մէջ, նորեր իրենց գործերը կը ցուցադրեն յայտնի կամ թաղային ցուցասրահներու մէջ: Հռչակաւորներու գործերու մասին ժամանակը իր վճիռը արձակած ըլլալով, կ՚երթանք թանգարաններու մէջ զանոնք տեսնելու, հիանալու, զաւակ եւ թոռ ալ կը տանինք՝ դաստիարակչական միտումով:
Այլ եւ նոր նկարիչներու գործերը դիտելու կ՚երթանք երբ կ՚իմանանք, կը հրաւիրուինք, կամ՝ պատահաբար:
Հաճոյակատարութեան համար գինեձօնի ներկայ ըլլալ ոչ արուեստասիրութիւն է ոչ ալ արուեստի գնահատում:
Նորերու գործերուն նկատմամբ մարդիկ կ՚ունենան վերապահութիւն, քանի որ արուեստի գործերու գնահատման համար չափանիշներ չկան, եւ բանիմաց քննադատներու եւ ժամանակի դատումը կը սպասուի: «Արուեստի վաճառականները (marchands d՚art) յաճախ գիտակ անձեր են, բայց նաեւ կան անգրագէտներ, որոնք արուեստասէրները շփոթի կը մատնեն: Ոմանք ալ արուեստով կը հետաքրքրուին ընկերային կեանքի մէջ ընդունելի կամ երեւելի ըլլալու համար, ցուցահանդէսներու ներկայ կ՚ըլլան առաջին օրը մանաւանդ, երբ դասակարգ կը կարծեն փոխել քսակի պարարտացման ընձեռած իրաւունքով, գեղանկար մըն ալ գնելով:
Իրաւութեամբ յատկանշուող ստեղծագործողը կրօնական հաւատացեալի պէս է, կ՚ուզէ ներկայէն անդին երթալ, ձեւով մը մահուան յաղթել, իր գործին ճամբով հետք ձգել, անմահանալ: Այդպէս է որ կտաւին վրայ բիւրաւոր գոյն քսողներէն տաղանդաւորները կ՚անջատուին, մեծերը, որոնք կը յիշուին, ինչպէս բիւրաւոր հաւատացեալներէն եւ իրենց ժամանակի հռչակաւոր կրօնականներէն քիչեր կը սրբացուին եւ որպէս այդպիսին կ՚ընդունուին ժողովուրդին կողմէ:
Արուեստասէրը կամ հաւատացեալը կը հաղորդուին,- կամ կը կարծեն հաղորդուիլ,- ստեղծագործողի աշխարհին կամ կրօնական խորհուրդին հետ: Չ՚արժեր խօսիլ այն մասին, որ արուեստը զարդ եւ գեղօր համարողներ կան, կրօնական ապրումը կեղծողներ, ինչպէս Մոլիէրի հռչակաւոր «Թարթիւֆ»ը, կամ գերիրապաշտ նկար գնող շփացածը, որ չի գիտեր, թէ ո՞ր կողմէն պիտի կախէ զայն, նաեւ գրոց-բրոցներ՝ որոնք գրականութիւն կը խաղան ձեւերու կառչելով, կամ ուրիշի հանդէպ հիացումը դրօշի վերածելով: Կրկին կ՚արժէ յիշել Մոլիէրի «Իմաստուն կանայք»ը (Les femmes savantes):
Արուեստի հասկացողութիւնը զուտ ենթակայական է: Կարելի է գնահատումներ ընել արուեստի գործի «արհեստ»ի բաժնի մասին, «թեքնիք»ի մասին, կամ գրողի լեզուի իմացութեան մասին, որոնցմէ անդին կը սկսի նիւթը գերանցող շնորհը, զոր կը կոչենք տաղանդ կամ հանճար:
Արուեստը ընդգրկուն է, նկարչութիւն, քանդակագործութիւն, երաժշտութիւն, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, որոնք արհեստէն անդինը նուաճելու համար կարիք ունին խորքի: Մեր տան պատերուն ներկարարը գեղանկարիչ չէ, որքան որ ալ ճաշակաւոր եւ բծախնդիր մարդ ըլլայ: Այս բաղդատութիւնը կրնանք ընդհանրացնել ստեղծագործութեան բոլոր մարզերուն, նաեւ կրօնական:
Արուեստի ընկալման եւ գնահատման վերաբերումները կը փոխուին ըստ ժամանակաշրջանի, ընկերատնտեսական միջավայրի եւ քաղաքակրթական զարգացման: Թանգարաններու մէջ գտնուող հին Յունաստանի գեղակերտ մարմարեայ սպիտակ թափանցիկութեամբ արձանները մեր հիացման առարկաներն են: Ոչ ոք զանոնք կ՚երեւակայէ գունաւորուած վիճակի մէջ, կարմիր, կանաչ, կապոյտ: Բայց անոնք այդպէս եղած են իրենց ստեղծագործութեան պահուն, այդպէս եղած են այսօր մեզի ներկայացող սպիտակ քարերով կանգնած եկեղեցիները: Նոյնքան յատկանշական է մեզի աւելի մօտ օրերուն լուսանկարչութեան բերած յեղափոխութիւնը գեղանկարչութեան յարաբերաբար:
Վերածնունդի մեծ վարպետներու գործերը իրականութեան հարազատութեան տուրք կու տան, երբ կը ներկայացնեն դիմանկարներ, նոյնիսկ երբ զանոնք կը փոխադրեն հերոսական եւ դիւցազնական աշխարհի մէջ: Արդի գեղանկարչութիւնը այդ «իրապաշտական» պարտադրանքէն ձերբազատուեցաւ լուսանկարչութեան բերած մեկնաբանութիւն չպահանջող իրապաշտութեամբ: Թէեւ, նոյն այդ լուսանկարչութիւնը փորձած է ինքզինք ազատել մեքենական իրապաշտութենէն, որոնելով լոյսերու եւ արտայայտութիւններու այլապէս «խօսուն» պահեր, որոնց քովէն մենք կ՚անցնինք առանց տեսնելու եւ զգալու, մինչ արուեստագէտ լուսանկարիչը զանոնք այլապէս «կը բռնէ» եւ կը բերէ մեզի հետ հաղորդութեան, փոխանցելով անմիջականէն անդին գտնուող «գեր-իրականութիւն» մը:
Այդպէս են նաեւ երաժշտութիւնը, գրականութիւնը: Օրուան լուրերուն մէջ անպակաս են ոճիր-արկածի, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքի, սիրարկածի, նախանձի դէպքերը: Անոնք ոչ երաժշտութիւն են ոչ ալ գրականութիւն, կրնան անոնց մեկնակէտը ըլլալ, հում նիւթը: Արուեստը կը սկսի, արուեստագէտը եւ արուեստասէրը կը յայտնուին երբ այդ հում նիւթէն աւելին կը ստեղծուի եւ հաղորդութիւնը տեղի կ՚ունենայ արուեստասէրին եւ ընթերցողին հետ: Եթէ գեղանը-կարը, քանդակը, երաժշտութիւնը, բանաստեղծութիւնը եւ գրական երկը այդ աւելիով չգրաւեն արուեստասէրը, անոնց գնահատումը կ՚ըլլայ հաճոյակատարական դատարկաբանութիւն, ինչ որ կը կատարուի յաճախ գրախօսականի մը պարագային, նկարչական ցուցահանդէսէ կամ երաժշտական երեկոյէ մը ետք:
Իրաւ արուեստը,- ան ըլլայ գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, գեղանկար, երաժշտութիւն, քանդակ,- նոյնիսկ երբ «իրապաշտ» է, կը յատկանշուի իրականութեան գերանցումով: Մեր տան փողոցը այդքան է, երբ կը նկարուի, երբ անոր ձայները կը յայտնուին երաժշտութեան մէջ, երբ բանաստեղծի բառով կեանք կը ստանան, կը դառնան ստեղծագործութիւն եւ արուեստ: Այդ առաւելը կը կոչենք ներշնչում, տաղանդ: Աստուածամօր «միտք»ը երբ վերածուած է պատկերի կամ քանդակի երբեք նոյնը չէ եղած, հակառակ եղած «ապսպրանք»ին, բացի այն պարագայէն երբ անտաղանդը ընդօրինակած է:
Հայկական ստեղծագործական աշխարհին մէջ կան տաղանդաւորներ, բայց բանակ են բառերով եւ ներկերով գինովցողները: Քաջալերելու բարի եւ վնասակար ախտով, յաճախ նաեւ ընկերահամակրական մղումներով, անկարելի կը դարձնենք իրական արժէքներու գնահատումը: Եւ կը զարմանանք, որ փառասիրութիւններ չեն բաւարարուիր, անուններ հազուադէպօրէն արտահայկական ճանաչում կը գտնեն, կը միջազգայնանան:
Այս ծանծաղումին պատճառը իսկական քննադատութեան բացակայութիւնն է, գրականութեան եւ արուեստի մարզերուն մէջ, այդպէս էր խորհրդային օրերուն, երբ մրցանակ կամ շքանշան ստանալու համար Լենին եւ Ստալին պէտք էր գովել եւ կը գովէին:
Գովերգականէ, կողմնապաշտականէ, ընկերահամակրականէ տարբեր «քննադատութիւն» պիտի ունենա՞նք օր մը, իսկական արժէքները գնահատելու համար: Պատահա՞ծ է, որ էջ մը տեսնենք օր մը, ուր գրական էջի մը համար ըսուի, որ «եթէ չըլլար ալ կ՚ըլլար», գեղանկարի մը համար ըսուէր «խոհանոցի պատէն կախուէր աւելի լաւ կ՚ըլլար եւ հոն մնար», այս երգը կամ այդ երաժշտութիւնը մնային գինետան մէջ… Հանդիպա՞ծ էք բնաւ նման արտայայտութեան:
Կը յիշեմ զրոյցս հարստացած համեստ անձի մը հետ, որուն ըսած էի որ իր նորաշէն գեղակերտ տան համար գեղանկարներ գնէր, եւ ան ըսած էր, որ ինք տեսարաններ կը նկարէ, գունաւոր կը տպէ եւ անոնցմով իր բնակարանը կը զարդարէ: Զանգուածը հարկ է լուսաւորել, որպէսզի իր գունաւոր լուսանկարներով չբաւականանայ, սրահներու բարձրախօսներու «շահաբեր» գոռում-գոչիւնը երաժշտութիւն չհամարէ:
Մեր միջավայրին համար այսինչ կամ այնինչ «յայտնի» գրողը կամ նկարիչը ընդօրինակելը եւ կապկելը ոչ գրականութեան եւ ոչ ալ արուեստի զարգացման կը նպաստեն: Ճիշդ հակառակը տեղի կ՛ունենայ. ճահճացում:
Քաջալերելը յաճախ կը խափանէ արժէքի ճիշդ գնահատման ուղին:
Եթէ կ՚ուզենք ունենալ, եթէ ունինք արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ, զանոնք հարկ է ենթարկել անկապանք քննարկումի եւ քննադատութեան, փոխանակ ասոր կամ անոր թելադրելու, որ «այդ գործի մասին բան մը գրէ»:
Հայաստան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ այս մտաւորական յեղափոխութիւնը, պետութիւն կայ, սկզբունքով կայ ազատ մամուլ, մինչ սփիւռք(ներ)ը բռնուած են համայնքային եւ կողմնապաշտական բազմաթել ցանցերու մէջ: Տարբեր կարծիք ունենալ կամ քննադատել կը դիմաւորուին որպէս թշնամութիւն:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ