ՄԵԾ ՊԱՀՔ (Ա.)
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տարուան ընթացքին ունի պահեցողութեան զանազան առիթներ, որոնք տարբեր անուանումներ ունին, ինչպէս՝ Օրական, Քառասնորդական, Յիսնակաց, Նաւակատեաց, Առաջաւորաց եւ Շաբաթական։
Նախքան մանրամասութիւններուն անցնիլը, փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ պահք եւ ինչո՞ւ հաւատացելը պէտք է պահք պահէ:
Շատ յաճախ պահք կամ պահեցողութիւն հասկացողութիւնը կը նոյնացուի կերակրականոնի (diet) հետ. շատեր, կը սպասեն պահեցողութեան որեւէ մէկ շրջանի, մանաւանդ քառասնորդացի ժամանակահատուածը, իրենք իրենց մտածելով, որ այս հանգրուանին երկու թռչուն մէկ քարով զարկած կ՚ըլլան։ Առաջին՝ եկեղեցւոյ կանոնն է, որ այսինչ ժամանակաշրջանին պահեցողութիւն պէտք է կատարել, գոնէ այսպէսով կատարած կ՚ըլլամ այդ «պարտաւաորութիւնը»: Երկրորդ՝ մարմինիս տեսքը քիչ մը կը բարելաւեմ…, կը նիհարնամ, եւ այլն, եւ այլն…
Դժբախտաբար, ներկայիս շատերու համար ա՛յս է պահեցողութեան հասկացողութիւնը։ Բայց իրականութեան մէջ պահեցողութիւնը սոսկ եկեղեցական կանոն մը չէ՛, պահեցողութիւնը մարմինի տեսքը բարելաւելու եւ նիհարնալու համար չէ՛, պահեցողութիւնը կենդանական սնունդէ կտրուիլ ու զգուշանալ չէ՛ միայն, այլեւ աւելի՛ն. ֆիզիքական պահեցողութենէն առաջ՝ հոգեւոր ու հոգեկան պահեցողութիւն է, որ իմաստ, նպատակ եւ արժէք ունի։ Ֆիզիքական պահեցողութիւնը միջոց է հոգեւոր պահեցողութեան յաջողութեան։ Ի՞նչ է հոգեւոր պահեցողութիւնը, եթէ ոչ՝ հեռու մնալ չարութիւն գործելէ, մաքրել մեր հոգին, միտքն ու սիրտը, մօտենալ Աստուծոյ՝ եկեղեցի յաճախելով, սրբազան եւ հոգեպարար արարողութիւններուն մասնակցելով, Աստուածաշունչ կարդալով, հոգեւոր գրականութիւն կարդալով, աղօթելով, բարեգործութիւն կատարելով, բանտարեկալներուն եւ հիւանդներուն այցելելով, կարօտեալները խնամելով, մեղանչելէ զգուշանալով, ինչպէս նաեւ եթէ անդրադարձած ու գիտակցած ենք մեր մէջ եղող որեւէ մէկ տեսակի թերութեան մը, պահեցողութեան այս ժամանակաշրջանին որոշելով յաղթահարել որեւէ թերութիւն՝ Տիրոջ օրհնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, եւ տակաւին ապրիլ ու գործել այնպէս՝ ինչպէս որ Ամենակալ Աստուծոյ հաճոյ ըլլայ, այսինքն՝ ամէն ջանք թափել Աստուծոյ կամքին համաձայն գործելու եւ ապրելու։ Ահաւասիկ, եթէ փորձենք վերեւ յիշուածներուն գէթ մէկ մասը ընկերակից դարձնել մեր ֆիզիքական պահեցողութեան, այդ ժամանակ մեր պահեցողութիւնը իմաստ ու արժէք կը ստանայ, որովհետեւ այդ պարագային մեր մարմինէն աւելի մեր հոգին է որ շահած կ՚ըլլայ, շահած՝ մաքրութիւն, սրբութիւն, մեղքերէ լուացում եւ առաքինութիւն։
Բոլոր պահեցողութիւններն ալ իրենց տեղն ու դերը ունին իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեանքին մէջ, սակայն այդ պահեցողութիւններէն մէկը, որ Քառասնորդական կը կոչուի, ամենէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող եւ հաւատացեալներուն կողմէ պահուող պահքն է: Ժողովուրդը այս պահեցողութեան տուած է նաեւ Մեծ պահք անուանումը՝ նկատի ունենալով, որ այն քառասուն օր տեւողութիւն ունի:
Շատեր երբեմն շփոթի կը մատնուին, մտածելով, թէ պահքին անունը Քառասնորդական է, այսինքն՝ քառասուն օր, սակայն մենք քառասունութ օր պահք կը պահենք: Քառասնորդական պահքը արդարեւ, սկիզբ կ՚առնէ Բուն բարեկենդանին յաջորդող Երկուշաբթի օրը եւ կ՚երկարի մինչեւ Ղազարու Յարութեան նախորդող Ուրբաթ օրը: Իսկ Ղազարու Յարութեան Շաբաթ օրէն հաշուելով եթէ հասնինք մինչեւ Աւագ Շաբաթ օրը, կ՚ունենաք ութ օր, որով արդէն յստակ կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ քառասունութ օր կը պահենք:
Քառասնորդացի պահեցողութիւնը հաստատած են սրբազան Առաքեալները (8-րդ կանոն)։
Քառասնորդացի պահեցողութիւնը մեր Տեր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքները, խաչելութիւնը, թաղումն ու հրաշափառ յարութիւնը կանխող պահեցողութիւնն է։ Այսինքն, Քառասնորդացի պահեցողութեան շրջանը ձեւով մը ճամբորդութիւն է դէպի Աստուած, դէպի Քրիստոս, դէպի Սուրբ Հոգի, այլ խօսքով՝ ճամբորդութիւն է հանդիպելու Յաւիտենականին, զգալու Յաւիտենականին ներկայութիւնը, ապրելու Յաւիտենականով: Քառասնորդացը արդարեւ, մաքրուելու, սրբուելու, պատրաստուելու առիթ մըն է, հանդիպելու համար Սիրելիին հետ, հանդիպելու համար Արարիչին հետ, հանդիպելու Փրկիչին հետ:
Աստուածաշունչին մէջ յաճախակի կերպով կը հանդիպինք պահքի մասին դրուագներու, որոնք ներկայացուած են որպէս պահք, ծոմ եւ այլն: Այդ բոլորին մէջ սակայն ամենէն ուշագրաւը մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի Լերան քարոզի ժամանակ տուած բացատրութիւնն է պահքի մասին: Կը մէջբերեմ Աւետարանական հատուածը.
«Երբ ծոմ կը պահէք, տրտում երես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան, թէ ծոմ կը պահեն։ Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն, թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մատթէոսի Աւետարան 6.16-18):
Այս քանի մը տողերուն ընդմէջէն մեր Տէրը յստակ կերպով բացատրութիւն կու տայ, թէ ի՛նչ է պահքին նպատակը եւ թէ քրիստոնեայ անհատը ինչպէ՛ս պէտք է պահք պահէ: Հայ Առաքելական եւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը իրենց գրութիւններով յաճախակի կերպով անդրադարձած են պահքին եւ զանազան մեկնութիւններ տուած են: Յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ պիտի փորձեմ սիրելի ընթերցողներուս ներկայացնել այդ գրութիւններէն, որպէսզի հաղորդ դառնալով մեր սրբազան հայրերու միտքի արգասիքին՝ Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեան կողքին, կարողանանք ըստ պատշաճի յաղթահարել փորձութիւններու այս շրջանը հասնելու համար «խաղաղ նաւահանգիստ»:
Այդ ուղղութեամբ, այսօր, վերեւ մէջբերուած աւետարանական հատուածը աւելի լաւ հասկնալու համար, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ Յովհաննէս Ծործորեցիին կատարած մեկնութիւնը:
«Երբ ծոմ կը պահէք, տրտում երես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն։ Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը» (Մտ 6.16)։
«Շատերը այս կիրքով բռնուած են, որոնք կեղծաւորաբար ցոյց կու տան, թէ «պահք կը պահեն», ո՛չ միայն երբ պահքի մէջ են, այլ՝ երբ չեն, ինչ որ աւելի չար է քան մեղանչելը, եւ երբ ճշմարիտ «քրիստոնեաներէն» կը յանդիմանուին, կը պատճառաբանեն ըսելով. «Որպէսզի ոչ ոք գայթակղեցնենք»: Այդպիսներուն կ՚արժէ ըսել. ո՜վ անմիտ, մարդիկը կը շահիս աստուածային օրէ՞նքը ոտնահարելով, որ կ՚արգիլէ ըսելով. «տրտում երես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման»: Այսքանով չի՛ բաւարարուիր, այլ աւելի՛ կը կսկծեցնէ, աւելցնելով. «որոնք իրենց երեսը կը կախեն»: «Երես կախել» կամ տրտմութիւն կը կոչէ, որովհետեւ դէմքը սիրտի հայելին է. [կեղծաւոր մարդը] միտքին կիրքը, որ տրտմութիւնն է, դէմքին վրայ կ՚արտացոլացնէ՝ միտքը կ՚այլայլէ եւ արտաքնապէս դէմքը մռայլ կը դարձնէ, կամ ալ «երես կախել» կը կոչէ դէմքի եղծումն ու խանգարումը, երբ [մարդիկ] չարէն սորվելով եւ փառասիրութեան ախտէն դրդուած, իրենց դէմքը ներկերու միջոցով գունատ կը դարձնեն: Հետեւաբար, եթէ ասոնք, որ պահք պահելու համար այս բաները կ՚ընեն, մեծ պատիժներու ենթակայ են, ապա ի՞նչ պատիժներ պիտի կրեն անոնք, որոնք ծարիրով եւ սնգոյրով [կը ներկեն իրենց դէմքը]՝ տեսնողներուն ցանկասիրութեամբ հրապուրելու համար:
«"Իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան, թէ ծոմ կը պահեն": Արտաքին տեսքը առանց էութեան կերպարանք է, ինչպէս որ յաճախ օդին մէջ արեւէն կամ լուսինէն փայլք կ՚ըլլայ, որ «ծիածան» կը կոչենք, ինչը էութիւն չունի, եւ այդ պատճառով ալ դիւրափոփոխ ու վաղանցուկ է: Կամ ալ, ինչպէս հարցուկը, որ դեւը Սամուէլին դէմքով Սաւուղիւն ցոյց տուաւ, այդպէս ալ ասոնք են, կ՚ըսէ, սուտ կեպարանքով չեղած բանը կը ստեղծեն, որով կրկնակի կերպով կը մեղանչեն, նախ՝ իրենց իսկ հոգիին դէմ, ապա՝ տեսնողներուն:
«"Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը": Ի՞նչը: Այն, որ անոնց կեղծ դիմակը կը հեռացնեմ եւ կը խայտառակեմ զիրենք, որովհետեւ, թէեւ ստութիւնը որոշ ժամանակ կրնայ ծածուկ մնալ եւ յառաջանալ, սակայն մշտնջենական ըլլալու բնութիւն չունի, ըստ այնմ. «Եգիպտացիներուն կարծեցեալ կուռքերէն վրէժ պիտի լուծեմ» (Հմմտ. Ելք 14.13-14): Կամ ալ, Ինձմէ վարձք չե՛ն ստանար այդպիսիները, այլ՝ միայն զիրենք գովաբանողներէն, եւ [այս կեանքի] աւարտին հետ, գովասանքներն ալ կը լռեն: Կը թուի, թէ այսպիսով [Տէրը] կը ծաղրէ զանոնք, թէ այս [կեանքի] անցաւոր [բաներն] է, որ այդպիսիները կը փափաքին:
«"Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է" (Մտ 6.17-18):
«[Տէրը] պահքին համար ժամանակ չի՛ սահմաներ, սակայն ցոյց կու տայ, որ ան ա՛նհրաժեշտ է, ըստ այնմ. "Շատ յաճախ պահքի մէջ եղայ" (Հմմտ. Ա.Կր 11.27): Ինչպէս որ երբ անօթի կը զգան, ուտելու ժամանակն է, եւ երբ կը ծարաւնան՝ խմելու, այդպէս ալ երբ արդարութեան կերակուրին քաղցը զգան, որ պահքին կողմէ կը քարոզուի, հետեւաբար պահքի ժամանակն է, ըստ Մարգարէին. "Ծոմապահութեան օրը որոշեցէ՛ք" (Յվլ 1.14): Իսկ [Տէրը] պահեցողութեան օրը կը հրամայէ գլուխը օծել: Այս մէկը չ՚ըսեր, որով [իսկապէս] անհրաժեշտ է գլուխը օծելը, որովհետեւ եթէ այդպէս ըլլար, այս օրէնքը շատերը կը խախտեն, մանաւանդ անոնք, որոնք անապատներուն մէջ են, որովհետեւ թէեւ [այդպիսի] սովորութիւն կար, սակայն ո՛չ թէ պահեցողութեան ժամանակ, ըստ այնմ. "Ծունկերս ծոմապահութենէն տկարացան ու մարմինս իր պարտաւորութենէն մաշեցաւ" (Սղ 109.24). "Իմ անձս խոնարհեցուցի ծոմ պահելով" (Սղ 69.10): Նոյնպէս եւ Դանիէլը [պահք պահեց] (Դն 1.8-16): Մեր Տէր եւս, քառասուն օր եւ գիշեր ծոմ պահեց (Մտ 4.2): [Տէրը] սակայն այս բանը այն պատճառով կ՚ըսէ, որպէսզի այս իրողութիւնը [պահեցողութիւնը] ամբողջովին մեր մէջ թաքցնենք եւ ուրախ ու զուարթ ըլլանք՝ իւղով օծուածի նման: Եւ պահքդ, կ՚ըսէ, մարդկային փառքի պատճառով թող չցուցադրուի. թերեւս պահքիդ մասին իմացողներէն [ընդունած] փառքդ, քեզ զրկէ գալիք վարձատրութենէն: Հետեւաբար, ծածուկ պահեցողութեամբդ հաճելի եղիր [միայն] ծածուկ կերպով կատարուած բաները Հատուցողին: Ասով, [մեր Տէրը] կը սորվեցնէ նաեւ պահեցողութեան ձեւը. "օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ", որովհետեւ իւղ գործածողը կ՚օծուի, եւ լուացուողը՝ կը մաքրուի [կը սրբուի]: Ասով, Աստուծոյ Խօսքը կը հրաւիրէ քեզ սորվելու այն խորհուրդը, որ ընդունելի է այն պահքը, որու ընթացքին միտքդ, որ [այստեղ] "գլուխ" [բառով] կը խորհրդանշուի, կը պարուրես Անոր գիտութեան շնորհով եւ միտքիդ երեսը կը լուաս մեղքի աղտէն՝ արցունքներով մաքրելով, ըստ այնմ. "Անիրաւութեան կապերը քակեցէ՛ք" (Հմմտ. Ես 58.6). "Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք" (Ես 1.16): Հետեւաբար, եթէ այսպիսի մաքրութեամբ պահեցողութիւն կատարես, Օծեալ Քրիստոսին ազգական կը դառնաս, որովհետեւ Ան Աստուածութեան իւղով [օծուած] է, իսկ դուն՝ Անոր գիտութեամբ եւ մաքուր պահքով:
«"Եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս" (Մտ 6.18):
«Գրուած է. "Ծածուկ բաները մեր Տէր Աստուծոյ կը վերաբերին" (Բ.Օր 29.29): Սիրտերը Տեսնողը, անսխալ տեսնելով ծածուկ կերպով կատարուած պահքին ճգնութիւնը, լոյսով կը հատուցէ: Նախ, մի՛ կարծեր, թէ քու կողմէդ գաղտնի պահուած առաքինութիւնը անյայտ կը մնայ, որովհետեւ աստղերը գիշերը աւելի պայծառ կ՚երեւին՝ բնութեամբ այդպիսին ըլլալով: Այն ինչ որ մարդկային փառքին համար կը կատարուի, ծածուկ պիտի պահուի, ինչպէս ըսուեցաւ, իսկ Աստուծոյ փառքին համար կատարուածը պատշաճ չէ թաքցնել: Երկրորդ, [ծածուկ առաքինանալը] յաղթանակիդ պսակները կը հիւսէ: Երրորդ, պսակողը՝ Ի՛նք [Տէրն] է: Եւ չորրորդ, [այսպէս վարուելով], դուն իբրեւ ժրաջան մշակ կ՚ըլլաս, որ մարդկային փառքը ոտնակոխ կ'ընէ» (Յովհաննէս Ծործորեցի, «Մեկնութիւն Մատթէոսի Աւետարանին, Պրակ Ա. (Ե.18-ԺԸ)», Ս. Էջմիածին, 2010):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 13 Փետրուար 2018