ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԷ.

«Երկրի վրայ Ես Քեզ փառաւորեցի» (Յհ 17.4):

Մարդոց մասին, կ՚ըսէ, Քու հնազանդութեանդ բերի, սակայն ոմանք կ՚ըսեն, թէ այն կ՚ըսէ, որ Որդիին միջոցով հայրութեան անունը սորվեցանք, թէեւ գիտէին զԻնք Աստուած, բայց հայրութիւնը չէին ճաչնար, եւ թէեւ Գիրքին մէջ կ՚ըսէ, թէ ասիկա չէ՞ Հայրդ, որ քեզ ստացաւ, սակայն ատիկա ստեծման մասին կ՚ըսէ, իսկ Որդիին Հայրը չէին գիտեր, հիմա ասիկա կ՚ըսէ. «Հայրութեան անունդ յայտնեցի երկրի վրայ»:

«Արդ, գիտցան, թէ ամէն ինչ, որ Ինծի տուիր, անոնց տուի» (տե՛ս Յհ 17.7-8):

Հրաշագործութիւններուն եւ նախատեսութիւններուն մասին կ՚ըսէ, որ անոնց շնորհեց:

«Եւ անոնք ընդունեցին ու ճշմարտապէս ճանչցան՝ որ Ես Քեզմէ ելայ» (Յհ 17.8):

Որովհետեւ տակաւին չէին հաւատացած ու ճանչցած էին զԻնք կատարելապէս, ապա ինչո՞ւ համար կ՚ըսէ՝ ճանչցան. նախ՝ կ՚ըսեն, թէ այն ատեն երբ ըսաւ՝ «Հօրմէն ելայ ու աշխարհ եկայ» (Յհ 16.28): Աստուածութեան նշոյլները երեւցուց անոնց, որ ճանչցան զԻնք ու ըսին, թէ հիմա գիտենք, թէ Աստուծոյ Որդին ես եւ կը հաւատանք, որ Աստուծմէ ելար, ատոր համար կ՚ըսէ՝ ճանչցան: Երկրորդ. քանի որ այն որ յետոյ պիտի ճանչնային այն կ՚ըսէ, որովհետեւ Աստուծոյ ներկան ու ապագան միապէս է, ինչպէս Դաւիթ կ՚ըսէ. «Բաբելացիներուն գետերուն վրայ կախուեցաք»: Եւ ատիկա գերութենէն առաջ էր, որ գետերուն կողմերը կը նստէին, նոյնպէս եւ այստեղ կ՚ըսէ:

«Արդ, կ՚աղօթեմ իրենց համար: Չեմ աղօթեր աշխարհին համար» (Յհ 17.9):

Չորս պատճառով անոնց վրայ կ՚աղօթէ. նախ՝ որովհետեւ պէտք է, ով որ ինչ աստիճանի ալ որ ըլլայ, կամ առնէ, նոյնը պէտք է գործով կատարէ, այդ պատճառով Տէրը որ վարդապետութեան աստիճանը ունէր, կը խնամէ ու կ՚աղօթէ անոնց համար: Երկրորդ. քանի որ ինչպէս աշակերտները սիրով հնազանդած էին Անոր, պէտք էր ան եւ նոյն չափով սիրեր զանոնք եւ անոնց համար աղօթէր: Երրորդ. որովհետեւ պէտք է, որ ոեւէ մէկը ինչ որ բան յանձնեն իրեն, այդ բանը մեծ հոգատարութեամբ հոգ ու խնամք տանի: Չորրորդ. քանի որ Ինք շուտով պիտի հեռանար իրենցմէ, զանոնք Հօրը կը յանձնէ:

«Ես Քու խօսքդ [պատգամդ] անոնց տուի» (Յհ 17.14):

Այսինքն՝ նախ հաւատքը, երկրորդ՝ յաւիտենական կեանքը, եւ երրորդ՝ Հայրութեան անունը:

«Անոնք այս աշխարհին չեն պատկանիր, ինչպէս Ես աշխարհին չեմ պատկանիր» (Յհ 17.14):

Առաքեալները ո՛չ թէ բնութեամբ այս աշխարհէն չեն, այլ՝ գործով:

«Սրբագործէ՛ զանոնք Քու ճշմարտութեամբդ» (Յհ 17.17):

Սրբագործէ՛ կ՚ըսէ, հաւատքով, իսկ ճշմարտութեամբ՝ գիտութեամբ:

Սակայն Եկեղեցւոյ վարդապետները չորս կերպով կ՚ըսեն՝ սրբագործէ՛ զանոնք:

Նախ՝ թէ այնպիսի սուրբ հաւատք եւ ճշմարիտ գիտութիւն շնորհէ անոնց, որպէսզի կարենան Քեզ ճանչնալ Հայր՝ ծնող, եւ զիս Որդիին՝ Քեզմէ ծնունդ, իսկ Սուրբ Հոգիին՝ Քեզմէ բխում:

Երկրորդ. կ՚ըսէ՝ սրբագործէ՛ զանոնք, որովհետեւ հրէական զոհերը, պատարագն ու ողջակէզները մնայուն կը համարէին, թէ սրբութիւն եւ մաքրութիւն կը գործեն, սակայն այն կատարեալ չէր, Քու ճշմարիտ սրբութիւնդ տուր ասոնց:

Երրորդ. քանի որ հեթանոսները, որոնք անշունչ կուռքերը աստուած ու սրբութիւն կը համարէին, անոնց այնպիսի սրբութիւն եւ ճշմարիտ գիտութիւն պարգեւէ՛, որպէսզի կարենան իմանալ կուռքերուն ստութիւնն ու ընդունայնութիւնը, եւ միայն Քեզ ճանչնան ճշմարիտ կենդանի Աստուած:

Չորրորդ. որովհետեւ ինչպէս Ինք ըսաւ այնտեղ՝ Աւետարանին մէջ, թէ Անոր [Հօր] երկրպագուները պէտք է հոգիով ու ճշմարտութեամբ երկիրպագանեն, նոյնը այստեղ Աստուծմէ կը խնդրէ այնպիսի միտքի իմացութիւն եւ ճշմարիտ հաւատք, որպէսզի արժանաւոր ըլլան Անոր երկրպագութեան:

«Որովհետեւ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յհ 17.17):

Նախ՝ Ինքն Իր մասին կ՚ըսէ, որ Հօր Խօսքն է [Բան] եւ ճշմարտութիւն: Երկրորդ. որովհետեւ կ՚ըսէ. «Որովհետեւ Քեզմէ լսուած խօսքերը, անոնք միայն ճշմարիտ են», իսկ մնացած բոլորը պիտակաբար կ՚ըսուին:

«Միայն անոնց համար չեմ աղօթեր, այլ բոլոր հաւատացեալներուն համար» (տե՛ս Յհ 17.20):

Այսպէս կը պատուիրէ Գիրքին մէջ, թէ ընկերոջդ եւ անձիդ համար աղօթէ: Իսկ մեր Տէրը ինչո՞ւ համար նախ Ինքն Իրեն համար կ՚աղօթէ, եւ ապա աշակերտներուն եւ հաւատացեալներուն համար. նախ այս է, որովհետեւ սկիզբէն հաստատուած կարգը կը կամենար բացայայտել, քանի որ պարգեւները, որոնք Աստուծմէ կու գան, նախ Աթոռներուն կ՚իջնէ եւ ապա սերովբէներուն ու քերովբէներուն եւ ապա մարդոց: Երկրորդ. որովհետեւ Տէրը ներկային համար կ՚աղօթէր:

«Հա՛յր, անոնք որոնք Ինծի տուիր՝ կ՚ուզեմ որ Ինծի հետ ըլլան՝ ո՛ւր որ ըլլամ» (Յհ 17.24):

Փառքի մասին կ՚ըսէ, որ անոնց պիտի տար, որ Մատթէոսի [Աւետարանին] մէջ կ՚ըսէ. «Տասներկու աթոռներուն վրայ պիտի նստիք» (տե՛ս Մտ 19.28):

«Որպէսզի տեսնեն Իմ փառքս, որ Ինծի տուիր» (տե՛ս Յհ 17.24):

Հերձուածողները կ՚ըսեն, եթէ Ան փառք ստացած է, Հօրմէն փոքր է [ուրեմն], սակայն հարցնենք անոնց, այն փառքին մասին, որ Հօրմէն ունէր, կ՚ըսէք Անոր կրտսերն է, ապա ինչո՞ւ համար անոնց չըսաւ, թէ հաղորդակից ըլլան Իմ փառքիս, այլ թէ՝ տեսնեն, որով յայտնապէս կը ճանչնանք, թէ միայն Աստուծոյ տեսութիւնն է յաւիտենական փառքը, որ հիմա կ՚ըսէ, թէ տեսնեն Իմ փառքս, եւ Անորը բնութեամբ է փառքը Հօրմէն, քանի որ ինչ որ կ՚ուզէր՝ կը կատարէր, իսկ առաքեալները, ինչ որ կը կատարէին, Անոր անունով կը գործէին:

«Որովհետեւ զիս սիրեցիր աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ» (Յհ 17.24):

Երկու կերպով կը յանդիմանէ հրեաները. նախ՝ որովհետեւ զԻնք Աստուծոյ հակառակ կ՚ըսէին, կ՚ըսէ՝ զիս սիրեցիր, որպէսզի գիտնան, թէ հակառակ չեմ: Երկրորդ. քանի որ կ՚ըսէին, թէ Քու երեսուն տարեկան մարդ ըլլալովդ ու ըսելովդ, թէ աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ եմ, ու կը կարծէին, թէ Ան սուտ է, այդ պատճառով սիրեցիր զիս, կ՚ըսէ, ե՞րբ՝ աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ:

«Քեզ ճանչցուցի անոնց եւ պիտի շարունակեմ ճանչցնել» (Յհ 17.26):

Ճանչցուցի այն կ՚ըսէ, ինչքան ատեն որ անոնց հետ կը շրջէր ու կ՚ուսուցանէր զանոնք եւ Հօր մասին տեղեկացուց անոնց, իսկ պիտի շարունակեմ ճանչցնել, որ յարութենէն ետք դարձեալ պիտի երեւար անոնց եւ ուսուցանէր: Եւ կամ դարձեալ Հոգին անոնց քով գալը կ՚ըսէ, որպէսզի այն ատեն Որդիին Աստուածութիւնը կատարելապէս ճանչնան:

«Որպէսզի անոնց մէջ ըլլայ այն սէրը որով զիս սիրեցիր եւ Ես ըլլամ անոնց մէջ» (Յհ 17.26):

Պատուիրաններուն սկիզբը սէրը դրաւ, եւ աւարտն ալ դարձեալ անով կատարեց, որովհետեւ ամէն տեղ կը պատուիրէ մեզի սէրը հաստատ ունենալ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 141

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022