ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՎ

Աշխարհի մէջ կան անթիւ քաղաքներ, որոնք շատ մը մարդոց կողմէ յայտնաբերուած չեն։ Թէեւ մեր ժամանակներուն աճեցաւ զբօսաշրջութիւնը եւ աշխարհը դարձաւ շատ աւելի բացայայտուող ու հասանելի, սակայն (ու կարծեմ միշտ ու տեւաբար) անկարելի է բոլոր տեղերը, երկիրներն ու քաղաքները այցելուած, դեռ չըսելու համար ճանչցուած ու բացայայտուած ըլլան՝ իւրաքանչիւր ապրողի համար մեր աշխարհին մէջ:

Բնականաբար 21-րդ դարուն մեր հետաքրքրութիւններն ու ձիրքերն ալ աւելցան, զանոնք գործադրելու միջոցներու ու հնարաւորութիւններու մեծացման զուգահեռ, միեւնոյն ժամանակ այսպէս կոչուած մեր մոլորակը աւելի զգալու եւ ընբոշխնելու տենչը բոլորը կը մղէ մտածելու զանազան տեղերու մասին։ Սոյն մտածումները շատերը մօտ կ՚արթնցնէ տեղափոխութեան գաղափարը (նոր տեղ ապրելու, նոր ոճեր փորձելու, անկախ տնտեսական ու քաղաքական պայմաններու բերած ու պարտադրուած տեղաշարժերէն ու գաղթականութիւններէն):

Նախկին դարերուն անհասանելի երազ էր այլ երկիրներ ճամբորդելը կամ նոյնիսկ կեանքի տեւողութեան մը ընթացքին քաղաքներ այցելելը, հիմա օրական կարգով հազարաւոր օդանաւներ, շոքեկառքեր, ինքնաշարժներ կը վխտան ամէն տեղ: Այս բոլորը յանգեցուց մեր ընկալումներու, պատկերացումներու, ճաշակի, մտածելակերպի, հաճոյականութեան, սպասումի ու ծրագիրներու փոփոխութեան, քանի ի սկզբանէ ճամբորդութիւնը յաւերժական հմայչութիւն է եւ ուրախալի է մարդկութեան համար… Եւ կարծես կ՚ապրինք այն ժամանակները, ուր ամենադիւրին ձեւով կը գործադրուի այդ փափաքը: Այո, ձեւով մը կրնանք բախտաւոր համարուիլ՝ նոյն այդ յաւերժական փափաքը իրականութիւն դարձնելու իմաստով, ինչքան ալ դիւրաբեկ ու յարափոփոխ, նաեւ տեղ մըն ալ երերուն թուին նոր ժամանակներու մեր կեանքերը:

Այո՛, ապրուած քաղաքներու կողքին, ինչքան ուրիշ քաղաքներ յաճախ այցելես՝ աւելի կը սիրես զանոնք, կապ չունի, թէ ինչ տնտեսական ու ընկերային վիճակի մէջ են այդ քաղաքները, քանի կեանքիդ ու ապրուածութեանդ եւ քաղցր ժամանակիդ մաս կ՚ըլլան: Եթէ ընդհանուր գիծերու մէջ խօսիմ Միջին Արեւելքի բազմաթիւ քաղաքներու մասին (որոնց շատերուն մէջ երկար ապրած եմ ու ստեղծագործած կամ ալ յաճախակի այցելած) ընդհանուր մէկ հանգանակով՝ հետաքրքրական թել մը թէ՛ կը կապէ զանոնք միմիանց եւ թէ դուրսի աշխարհին հետ: Եւ կարծեմ այդ ընդհանրութիւնը արաբական շունչն ու արեւելեան խորհրդաւորութեան հետ շաղախուած ըլլալն է միջինարեւելեան քաղաքներուն, որոնց կու տայ նաեւ յատուկ ապրելակերպեր:

Բնականաբար ամէն մէկ քաղաք ունի իր իւրայատկութիւնը, իր կենսախինդը, իր հմայքն ու զարկը, որ ինչ ալ ըլլայ քաշողական է, իսկ միջինարեւելեան քաղաքները, կարծիքովս, ունին բան մըն ալ աւելին այդ նշուածներէն, մանաւանդ իրենց կեանքի պարզութեամբ ու մարդկային նախնականութեան քաղցրութեամբ:

Հալէպը, օրինակ, որ սփիւռքահայութեան ալ անհատական ու հաւաքական կերպարի ու կազմութեան նոր օրրաններէն է, հակառակ իր աւերուած ու նահանջած վիճակին, ան տակաւին Անդրանիկ Ծառուկեանի «երազայինէն» շողեր ունի իր մէջ, իսկ Դամասկոսն ու Լաթաքիան, Գահիրէն ու Տուպային, Պէյրութն ու Քեսապը, իրենց բուրումնաւէտ անջրպետներով յատուկ են, եւ որոնք կը կլանեն ու կը քաշեն տեւաբար:

Եթէ մէկը մտածէ. ի՞նչն է որեւէ քաղաքի քաշողականութեան գաղտնիքը կամ ի՞նչ բան զայն կը դարձնէ դիւթիչ ու երջանկացնող. մարդի՞կը, կառուցուա՞ծքները, աշխարհագրութի՞ւնը, դրա՞մը: Ո՞ր քաղաքը կրնայ համարուիլ միւսէն աւելի հոգեպարար կամ հոգեսնող, անկախ քաղաքական անկայունութիւններէն կամ անվտանգութեան ամէն մէկուս ըմբռնումէն կամ ընկերային ու ազգային բախումներէն: Այո, իբրեւ մշտական ապրելու տեղի ընտրութիւն այս վերի յիշուածները ամենէն էական դերը կը խաղան՝ որեւէ որոշում առնելու ընթացքին բնակութիւն հաստատելու համար ընտրուած քաղաքի մը մէջ։ Բայց եթէ համընդհանուր շրջագիծ մը ուզենք տեսնել կեանքի լուսաւոր զգացման քաղումին համար, կը գտնենք, որ Միջին Արեւելքի քաղաքները ունին այդ դիւթանքէն դարաւոր ու դարակազմող շաւիղ մը: Հաւանաբար հարիւրաւոր վերլուծութիւններ, ընկալումներ ունի մեզմէ իւրաքանչիւրս (նայած մեր ինքնութեան ու տեղ մըն ալ շահեկանութեան) երկիրներուն, մշակոյթներուն եւ ապրելաձեւերուն շուրջ։ Բոլորս ալ կը խորհինք. ո՞ր վայրին մէջ կամ ինչպէ՞ս կը կայանայ անձնական ու հաւաքական կեանքի գերհաճոյքն ու քաղցրութիւնը (որուն տեղ մը ակամայ ու յարաբերաբար բոլորս կը ձգտինք անկախ մեր տնտեսական ու ընկերային վիճակէն), բայց եթէ յաւակնիմ ընդհանրացնել միջինարեւելեան քաղաքները ծանուցաքարտի մը մէջ՝ կրնամ ըսել, որ այնտեղ եղած ջերմութիւնը, պարզութիւնն ու այսպէս կոչած մթնոլորտականութիւնը անգերազանցելիներէն է:

Այո, կեանքը բազմաշերտ է եւ ինչքան ալ քաղաքականութիւնն է մարդկային հաւաքական ղեկավարութեան բարձրագոյն միջոցը, բայց երբեմն կը զգաս շրջանցած զայն Միջին Արեւելքի քաղաքներով: Օրինակ՝ երբ քալես Տուպայիի փողոցներով եւ տեսնես կամուրջներն ու Խալիֆէ աշտարակը համակուած Արեւելքի շունչով՝ ակամայ կը մտածես, որ մեր ժամանակներուն մէջ կայսերականութիւնները տարածքային չեն արդէն եւ այդքան նուաճում եթէ մէկ տեղ կայ, ուրեմն արդար է, եթէ կատարելագործութիւնը ըլլայ միայն տեղային։ Իսկ երբ ըլլաս Դամասկոս ու Հալէպ եւ զգաս ժամանակի անճարակութիւնը ընկճելու ընթացքին եւ պարզ ձգուածութիւնը ապրուստին՝ կը զգաս, որ ապրուստը ինքնին միայն չափուածութեամբ չէ կամ միջոցներով։ Թէպէտեւ հոս կ՚արժէ յիշել, որ այո, ակամայ բոլորս կրնանք մտածել, թէ ԱՄՆ ամէն տեղ է արդէն եւ անոր կայսերականութիւնը աշխարհագրական ձեւով չի շօշափուիր եւ արդէն իմաստազրկուած են պետութիւններու ընդլայնման քաղաքականութիւնները, բայց բաղդատելով նախորդ դարերու բռնարարքներուն ու անմիջական լուծերուն հետ, իբրեւ անհատ այժմ կը զգանք մեր մորթին վրայ, թէ աւելի ազատ ենք եւ կը մնայ մեզի վայելել այդ մէկը:

Երբ պզտիկ ու մեծ երկիրներու դատերը միտքդ կու գան Միջին Արեւելքի քաղաքներուն մէջ, այո՛, միաժամանակ կը ժամանեն անիրաւութիւններու, ջարդերու, բախումներու, Արեւելք-Արեւմուտք երկար պատմութիւններու դիպաշարը, կ՚այցելէ ներդաշնակութիւններու մոզայիքը (որ երբեմն քեզի կ՚ըսէ՝ մի՛ վստահիր ինծի, ես կեղծ եմ, բայց չհամարձակիս չհաւատալ փրկութեանս ուժին, քանի կը մնաս միջինարեւելքցի եւ հաշիւներու, շահերու կիզակէտերը հրամցնելու գործին լծուած ես ի ծնէ, ուզելով- չուզելով), այո՛, կու գայ Օրիանթալիզմը նոյնպէս իր բոլոր շքեղութիւններով, խարդաւանքներով ու խաբկանքներով, այո՛, կու գան պեղումնային ու ուժանիւթային մղումներն ալ, բայց ես անձնապէս յաւերժ կը կարօտնամ Միջին Արեւելքն ու իր քաղաքները:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022