ԱԿՆԱՐԿ - 54 - ՏԿԱՐ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ԿԸ ՏԱՌԱՊԻ

Հարցում. Տկար անհատականութենէ, տկար հաւատքէ ու վախէ կը տառապիմ: Տարօրինակը, սակայն, հոգեւոր բաները, եկեղեցին, սուրբերը կը սիրեմ եւ կ՚ուզեմ Աստուծոյ հետ ապրիլ…: Ի՞նչ կրնամ ընել, որպէսզի Աստուծոյ եւ եկեղեցիին արժանաւոր զաւակ ըլլամ:

Պատասխան. Առաջին. փնտռէ ի՜նչ թերութիւններ կան անձիդ մէջ, որպէսզի բժշկես զանոնք:

Այս հարցին մասին ընդհանուր կերպով մի՛ խօսիր, այլ՝ մանրամասնութիւններուն գնա՛: Իւրաքանչիւր թերութիւն առանձինն ա՛ռ ու փորձէ բուժել զայն: Իւրաքանչիւր մարդու համար դիւրին է ինքզինք ամբողջացնելը եւ իր մէջ եղող տկարութեան յաղթելը:

Զօրաւոր կամքով, մնայուն փորձերով, ինչպէս նաեւ ապաւինելով Աստուծոյ շնորհքին եւ Անոր միջամտութեան:

Աստուած կ՚ուզէ որ դուն զօրաւոր ըլլաս, որովհետեւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուեցար. եւ Աստուած՝ զօրաւոր է: Սաղմոսասացը Սաղմոսներուն մէջ կ՚ըսէ. «Սպասէ՛ Տիրոջ ու քաջալերուէ, սիրտդ թող ամրապնդուի, սպասէ՛ Տիրոջ» (Սղ 27.14): Իսկ Սուրբ Յովհաննէս առաքեալը երիտասարդներուն կը գրէ, ըսելով. «Գրեցի ձեզի, երիտասարդնե՛ր, որովհետեւ Աստուծմով զօրացաք. Աստուծոյ խօսքը ձեր մէջ կը մնայ, եւ յաղթեցիք չարին» (Ա. Յհ 2.14):

Հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը սխալ կերպով մի՛ ըմբռներ:

Տէր Յիսուս հեզ եւ խոնարհ էր (Մտ 11.29), սակայն եւ այնպէս զօրաւո՛ր էր: Մովսէս մարգարէն բոլոր մարդոցմէ աւելի հեզ էր (Թւ 12.3), սակայն եւ այնպէս զօրաւո՛ր էր, փարաւոնն իսկ կը վախնար իրմէ, ինչպէս նաեւ ան հազարաւոր մարդոց առաջնորդն էր…: Մեր հայրը՝ խոնարհ Աբրահամը, որ երկրպագեց Քետի որդիներուն (Ծն 23.7, 12), զօրաւոր էր, չորս թագաւորներու յաղթեց, ինչպէս նաեւ Սոդոմի թագաւորին հետ խստութեամբ խօսեցաւ (Ծն 14.22-24)։

Շատ կարդայ սուրբերու վարքերը, որոնք զօրաւոր էին:

Սուրբեր, որոնք թագաւորներու եւ կառավարիչներու դիմաց կանգնեցան, ինչպէս՝ Եղիա մարգարէն (Գ. Թգ 18.17), Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը (Մտ 14.4), Սուրբ Պօղոս առաքեալը Ֆելիքս կառավարիչին առջեւ (Գրծ 24.24-26), եւ Ագրիպպաս արքային առջեւ (Գրծ 26.1-29): Կարդա՛ նաեւ Սուրբ Հայր Անտոնի մասին, որ զօրութեամբ եւ հաւատքով դիմադրեց սատանաներուն բոլոր սարսափեցնող պատերազմներուն դէմ: Կարդա՛ նաեւ ներքին անապատներուն մէջ ապրող ճգնաւորներուն մասին: Կարդա՛ նաեւ նահատակներու եւ վկաներու զօրութեան, անոնց դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն համբերելուն մասին: Կարդա՛ նաեւ հաւատքի ախոյեաններու մասին, ինչպէս օրինակ՝ Սուրբ Աթանասին, որուն ըսուեցաւ, թէ՝ «ամբողջ աշխարհը քու դէմդ է», իսկ ան պատասխանած է, թէ՝ «ես ալ աշխարհին դէմ եմ»:

Այս բոլորը ըրէ իմաստուն հոգեւոր հօր մը առաջնորդութեամբ:

Դուն քեզ վարժեցուր չվախնալ՝ ինչ պատճառ ալ ըլլայ:

Թերեւս պատճառներ չըլլան ու հասկնաս, թէ երեւակայութիւններէ կը վախնաս: Յիշէ Դաւիթ մարգարէն, որ ըսաւ. «Տէրը իմ լոյսս եւ կեանքս է, որմէ՞ պիտի վախնամ…: Եթէ բանակ մը դէմս պատերազմի, ապա սիրտս պիտի չվախնայ: Եթէ դէմս ճակատամարտի ելլեն, ապա միտքս հանգիստ է» (տե՛ս Սղ 27.1, 3): Իսկ Տէրը իմ Հովիւս է սաղմոսին մէջ, կ՚ըսէ. «Եթէ մահուան հովիտին մէջէն անցնիմ, չեմ վախնար չարէն, որովհետեւ Դուն՝ Տէ՜ր, ինծի հետ ես» (Սղ 23.5):

Հաւատքով եւ աղօթքով կրնաս յաղթել վախին:

Հաւատա՜յ թէ առանձին չես եւ Տիրոջ զօրութիւնը կը շրջապատէ քեզ: Միտքիդ մէջ միշտ կրկնէ Տիրոջ խոստումները (Սղ 120 եւ Սղ 91). «Տէրը կը պահէ քեզ ամէն չարիքէ: Տէրը կը փրկէ հոգիդ: Տէրը կը հսկէ մուտքդ եւ ելքդ». «Ձախ կողմդ հազարաւորներ, իսկ աջ կողմդ՝ բիւրաւորներ կ՚իյնան, բայց քեզի ո՛չինչ կը մօտենայ»: Իսկ եթէ վախը պատերազմի դէմդ, ըսէ. «Ո՜վ Տէր, զօրութիւնս: Տէ՜ր, զօրացուր զիս: Հետս եղիր, թիկունք եղիր ինծի: Մի՜ լքեր զիս»:

Փորձէ՛ կործանել դժուարութիւնները: Գիտցի՛ր, որ ցանկացած խնդիր՝ լուծում ունի:

Դժուարութիւններէն մի՛ վախնար, ո՛չ ալ խնդիրներէն: Զօրաւոր սիրտ ունեցիր. առանց երկմտանքի դիմադրէ պարագաները: Եթէ անգամ մը ձախողեցար, մի՛ յուսահատիր: Փորձելը քաջութիւնը կը սորվեցնէ քեզի: Խնդիրները ինչքան ալ բարդ թուին, մի՛ տկարանար անոնց դիմաց: Փորձէ անգամ մը, երկու, երեք եւ նոյնիսկ աւելի: Ինչ որ հիմա չես հասկնար, որոշ ժամանակ ետք պիտի հասկնաս:

Դուն քեզ վարժեցուր ուժի՝ անոր բոլոր մանրամասնութիւններով:

Կամքի եւ ջանասիրութեան ուժը, ինչպէս նաեւ մտածելու զօրութիւնը, գործելու ուժը: Դուն քեզ վարժեցուր նաեւ դուն քեզ զսպելուն ու չվախնալուն, ինչպէս նաեւ չերկմտելուն: Տէրը քեզի հետ թող ըլլայ, զօրացնէ քեզ, թիկունք ըլլայ քեզի ու աջակցի քեզի…:

Տիրոջ օգնականութեամբ դուն քեզմէ վստահ եղիր:

Այնպէս կարծէ, թէ տկարութիւնը որ կը զգաս, արտակարգ դրութիւն մըն է, որ Աստուծոյ կամքով պիտի կարենաս ձերբազատիլ ատկէ: Չըլլայ որ համոզես դուն քեզի՝ թէ տկար ես, այլ՝ թէ Աստուած պիտի ազատէ քեզ տկարութենէդ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2024