Քրիստոսի Յարութիւնը՝ Երաշխիք Փրկութեան
Մարդիկ իրենց տօնախմբութեանց մէջ առհասարակ անցեալի դէմքի մը, դէպքի մը ոգեկոչումը կը կատարեն՝ անցեալի այդ դէմքին կամ դէպքին մէջ տեսնելով յաւիտենական ճշմարտութեան մը առկայութիւնն ու արտացոլացումը։ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ տօներն ալ էապէս նոյն մտայնութեան ու հոգեբանութեան կը հետեւին։ Անոնք Քրիստոսի կեանքի այս կամ այն տնօրինական դրուագին, կամ Ս. Գրական դէմքերու, եկեղեցւոյ կեանքին մէջ սրբադրոշմ հետք թողած սուրբերու, եկեղեցական պատմութեան որոշադրիչ դէպքերու պանծացումն են։
Հայկազնեան ժողովուրդին համար իւրայատուկ նշանակութիւն եւ մասնաւոր գրաւչութիւն ունի Քրիստոսի Յարութեան տօնը՝ Ս. Զատիկը։ Քրիստոսի Յարութեան տօնը պատմութեան ընթացքը փոխող ու մարդկային կեանքը յեղաշրջող եզակի դէպք մըն է։ Առանց յարութեան մարդկային կեանքը սոսկ նիւթով ու ժամանակով պայմանաւոր աննպատակ գոյութիւն պիտի ունենար։ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեամբ իրագործուեցաւ լոյսի յաղթանակը խաւարին դէմ, բարիին յաղթանակը՝ չարին դէմ, եւ կեանքին յաղթանակը՝ մահուան դէմ։
Հին անցեալին յարութեան հաւատքը գոյութիւն ունէր, սակայն այդ հաւատքը ստուերի պէս էր՝ աղօտ ու մշուշապատ։ Կար նաեւ հոգիի անմահութեան, այսինքն՝ յետ մահու, անդրշիրիմեան կեանքին հաւատքը։ Բայց ո՛չ ոք եւ ոչ մէկ տեղ կրնար նոյնիսկ երեւակայել մեռելի մը վերակենդանացումը, օրերէ ի վեր մութ գերեզման դրուածի մը վերականգնիլն ու լոյս կեանքին վերադարձը։ Որովհետեւ կեանքի ու մահուան օրէնքը անյեղլի է, բնութիւնը՝ անջնջելի, եւ միայն Արարչին՝ կեանքի Տուիչին կը պատկանի։
Անմահանուն Գարեգին Ա. Կաթողիկոս յարութեան եւ յաւիտենականութեան մասին խօսելով՝ կ՚ըսէ. «Յաւիտենութիւնը՝ կեանքէ խուսափումի ձգտումը, յանձնառուական կենսափիլիսոփայութեան ժխտումը չէ։ Սոսկ սրտի ցանկութեան, դատարկ սպասումի հոգեվիճակի մը համապատասխանող անորոշ, հորիզոնային, վերնախաւային, վերացապաշտական հեռանկար։ Յաւիտենութիւնը Քրիստոսի յարութեան, յաւիտենականութեան՝ մեր ներկային մէջ ապրուած տարածքին ներկայութիւնը կը բերէ մեզի՝ քրիստոնեաներուս։ Ան որ Յարութեան կը հաւատայ՝ յոյսը իր մէջ ունի որպէս առօրեայ շնչում։ Յարութեան հաւատքէն պարպուած մարդը՝ ճակատագրապաշտ մըն է սոսկ, հաշտուած՝ կեանքի եւ տարածային սահմաններուն հետ»։
Արդարեւ, Կեանքն ու Անմահութիւնը մահկանացու մարդոց մէջ յայտնուեցաւ, տիրաբար ու արարչօրէն մեռելները կեանքին վերադարձուց մահուան անէութենէն՝ արարչագործ խօսքի՛ մը զօրութեամբ։ Օրերէ ի վեր արդէն հողանալ սկսածները խաւար գերեզմանէն լոյս կենդանութեան բերաւ՝ կոչի մը տիրական շեշտով՝ զարմացնելով, հիացնելով, երկիւղով ու վախով համակելով ամէն աչք որ տեսաւ, ամէն ականջ որ լսեց, ամէն միտք որ իմացաւ։ Եւ Իր մարմնաւոր կեանքի վերջին հանգրուանին վրայ, Իր ժամանակի լրումի վճռական վայրկեանին, վճիտ յստակութեամբ գոչեց. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 11.25)։
Լո՛յսն էր եկած աշխարհ, բայց մարդիկ, նախանձի թոյնով ու մեղքի մաղձով կուրցած խաւարը աւելի սիրեցին՝ ըստ Աւետարանիչի խօսքին, եւ լոյսը խաւարեցնել փորձեցին, լոյսը միախառնել ու նոյնացնել գերեզմանի խաւարին հետ։ Բայց ո՞վ կրնայ լոյսը խաւարեցնել եւ արեգակը գերեզմանել։ Քրիստոսի խաչն ու գերեզմանը խիստ փոթորկոտ մէ՛կ օրուան լոկ տխուր ու մռայլ մայրամուտ եղան։ Շուտով բացուող Միաշաբաթի առաւօտուն աստուածահրաշ ու յաւերժափայլ լոյս մը ծագեցաւ, որուն չկրցան ու չեն կրնար նայիլ մեղքի աղտով պղտորած նայուածքներ, որմէ սարսեցան ու կը սարսին մեղապարտ հոգիներ, դողացին ու կը դողան ատելութեան ժահրով սնանող սիրտեր, եւ որուն սիրաջերմ ու կենսաձիր շողերուն տակ կեանքը նոր իմաստ ու նշանակութիւն զգեցաւ, մահուան անդունդը իր անթափանց խորհուրդին մէջ պատռեցաւ եւ մարդկութիւնը մահուան սարսափը թօթափած՝ մութ գերեզմանէն անդին լուսեղ յաւերժութիւնը տեսաւ ու ողջունեց ցնծագին խնդութեամբ։
Յարուցեալ Աստուածորդին կեանքի մշտահոսան աղբիւր եղաւ՝ խօսքի զօրութեամբ, գործի արդիւնքով։ Ի՛նչ որ խօսեցաւ՝ անձնապէս ապրեցաւ։ Ի՛նչ որ սորվեցուց՝ Ի՛նքն իսկ կատարեց։ Խոնարհութիւ՞ն քարոզեց՝ մինչ Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու խոնարհեցաւ։ Ներե՞լ սորվեցուց՝ Իր անձին հանդէպ ամէն հայհոյութիւն, անարգանք ու ոճիր ներեց։ Սէ՞ր քարոզեց՝ մարդոց, մեղաւոր մարդոց սիրոյն ու փրկութեան համար Ի՛ր անձը զոհաբերեց։ Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը ըսա՞ւ՝ մեռելները առողջ կեանքով յարուցանեց եւ Ինքն իսկ մեռելներու աշխարհէն՝ մութ տապանէն յարութիւն առաւ հրաշափառապէս։
Քրիստոնէական հաւատքը անմահութեան վրայ՝ Քրիստոսի յարութեան վրայ խարսխուած, մարդու յաւերժութեան տենչին եւ տեսլական գաղափարին նոր ուժ ներշնչեց, նոր պայծառութիւն բերաւ, նոր թափ տուաւ, ինչպէս առկայծող ճրագին մէջ իւղ կը լեցուի, խամրող բոյսին ջուր կը տրուի, մարող կեանքին արիւն կը ներարկուի։
Խաչով ու արեան վկայութեամբ Քրիստոս պայքարած էր մարդկային բնութեան եւ կեանքին մէջ կայք հաստատած չարին ու մեղքին դէմ։ Եւ ահա Իր յարութեամբ Ան կու գար ըսելու բոլորին. «Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33)։
Սիրելի՛ ընթերցող, Յարուցեալ Փրկչի տնօրինական կեանքի պսակումի այս յաղթանակի տօնին, պէտք է սեղմօրէն կապենք մեր հաւատքի գօտին եւ խոր համոզումով նայինք երկրի վրայ ապրած մեր կեանքին ո՛չ որպէս ինքնիմաստ, ինքնավախճան, ինքնաբաւ գոյութիւն, այլ՝ յաւիտենականութեան ճամբուն մէջ մեր մարդկային յաւերժական գնացքին որպէս հանգրուան։
Երկնաւոր Հայրդ քու ծննդեան օրէն իսկ ներսիդիդ դրած է անմահութեան ձգտումը եւ յարութեան տենչը։ Առանց այդ տենչին՝ կեանքդ «կեր, արբ եւ ուրախ լեր»ի սահմաններէն անդին չ՚անցնիր։ Հոգեւոր տարածքը, մահը նուաճելու եւ մահէն անդին ապրելու ձգտումը այնքան խոր եղած է քու հայրերուդ կենսընթացին, որ անոնք գիտցած են կենդանի եւ արեան նահատակութեամբ իրենց վախճանը իրագործել որպէս գերեզմանով չվերջնակէտուող գոյութիւն եւ աստուածային անմահական կեանքի ճառագայթում։ Առ այդ, քալէ՛ քու հայրերուդ յաւերժագնաց ճանապարհէն եւ Յարուցեալ Քրիստոսով վերանորոգէ հաւատքդ ու յեղաշրջէ ողջ էութիւնդ…։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ