Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. Պա­տե­րազ­մին Հա­յե­րը՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Բա­նա­կին Մէջ

Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին Կար­միր բա­նա­կին եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զի­նեալ ու­ժե­րուն մէջ պատ­կա­ռե­լի ե­ղած է հայ զի­նուոր­նե­րու, բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան­նե­րու եւ հե­րոս­նե­րու թի­ւը: Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­գի­տու­թեան թեկ­նա­ծու, սփիւռ­քա­գէտ, Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միո­յ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող Քնա­րիկ Ա­ւա­գեան «Նիւզ էյ. էմ.» կայ­քին մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած է տուեալ­ներ՝ Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու բա­նա­կին մէջ հա­յե­րու մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին:

*

Ճա­կա­տագ­րի բե­րու­մով ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ սփռուած հա­յե­րը Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն (1939-1945), այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հետ մարտն­չե­լով, նուի­րուած  էին ֆա­շա­կա­նու­թեան, բռնու­թեան դէմ պայ­քա­րին՝ ի­րենց նշա­նա­կա­լի ներդ­րումն ու­նե­նա­լով յաղ­թա­նա­կի նուաճ­ման գոր­ծին մէջ: Այս ա­ռու­մով, իւ­րա­յա­տուկ տեղ ու­նին ա­մե­րի­կա­հա­յե­րը, ո­րոնք ամ­բողջ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին մաս­նակ­ցե­լով զա­նա­զան մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու՝ միւս­նե­րուն հետ հա­ւա­սար կռուած են, յաղ­թա­նա­կած, զո­հուած՝ յա­նուն ի­րենց ա­պաս­տան տրա­մադ­րած երկ­րի պաշտ­պա­նու­թեան, յա­նուն ամ­բողջ մարդ­կու­թեան ա­զա­տագր­ման: Յատ­կան­շա­կան է, որ ա­մե­րի­կա­հայ զի­նուո­րա­կան­նե­րու հիմ­նա­կան մա­սը պատ­մա­կան հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ  ներ­գաղ­թած հա­յեր էին, հա­կա­ռակ ա­նոր որ նոյն­պէս քիչ չէին Ա­մե­րի­կա ծնած հա­յե­րը:

Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու  բազ­մա­մի­լիոն­նոց բա­նա­կի բո­լոր ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րուն մէջ (հե­տե­ւակ, օ­դուժ, ծո­վուժ), բո­լոր մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ւե­լի քան 20 հա­զար ա­մե­րի­կա­հայ մաս­նակ­ցած է (1940 թուա­կա­նին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ա­ւե­լի քան 200 հա­զար հայ կը բնա­կէր):

Ա­մե­րի­կա­հայ զի­նուո­րա­կան­նե­րու հիմ­նա­կան մա­սը յաղ­թա­նա­կած վե­րա­դար­ձաւ, բայց նոյն­պէս քիչ չէր հե­րո­սա­բար ին­կած­նե­րուն (շուրջ 500 մարդ), վի­րա­ւոր­նե­րուն (ա­ւե­լի քան 500) եւ ան­հետ կոր­սուած­նե­րուն (շուրջ 50) թի­ւը: Ա­նոնք հե­րո­սա­բար կռուած են՝ Փըրլ Հար­պը­րի, Ա­րա­լեան ծո­վու, Մի­տուէ­յի մար­տե­րուն, Հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի, Ի­տա­լիոյ, Պուր­մա­յի, Հնդկաս­տա­նի, Չի­նաս­տա­նի, Ի­րա­նի, Մեծն Բրի­տա­նիոյ, Ֆրան­սա­յի, Պել­ճի­քա­յի, Գեր­մա­նիոյ եւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, բարձր գնա­հա­տե­լով ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու նուի­րուա­ծու­թիւ­նը, ա­րիու­թիւնն ու ռազ­մա­կան հմտու­թիւն­նե­րը, շա­տե­րուն ա­մե­րի­կեան բա­նա­կի բարձր զի­նուո­րա­կան կո­չում­ներ, հե­րո­սի կո­չում շնոր­հեց, բարձ­րա­գոյն պար­գեւ­ներ յանձ­նեց: Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու բա­նա­կին մէջ բարձ­րա­գոյն զի­նուո­րա­կան կո­չում ու­նե­ցող ա­մե­րի­կա­հա­յե­րէն էր զօ­րա­վար Հայկ Շե­քեր­ճեա­նը, ո­րուն 1942 թուա­կա­նին այդ կո­չու­մը շնոր­հեց նա­խա­գահ Ֆրանք­լին Ռուզ­վելթ: Հայկ Շե­քեր­ճեան հա­յազ­գի ա­ռա­ջին ա­մե­րի­կա­ցի զի­նուո­րա­կանն էր, որ ըն­դու­նուած է «Ո­ւեսթ փոյնթ»ի զի­նուո­րա­կան ա­կա­դե­միա՝ բա­ցա­ռիկ քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­րիու­թեան հա­մար, զո­ր ցու­ցա­բե­րած էր տա­կա­ւին պա­տա­նի տա­րի­քին (16 տա­րե­կա­նին ան նե­տուած է կրա­կի ճի­րան­նե­րուն մէջ յայտ­նուած շէնք եւ փրկած կին մը եւ ա­նոր ե­րա­խան): Ա­կա­դե­միան յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­լէ ետք ան մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած է ծա­ռա­յու­թեան մէջ, Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. պա­տե­րազ­մէն  ետք ծա­ռա­յած է Դաշ­նա­կից ու­ժե­րուն մէջ:

Հայ սպա­նե­րու շար­քին քա­ջու­թեամբ նոյն­պէս աչ­քի ին­կած են Ճեք (Սի­րակ) Նա­հի­կեա­նը, գնդա­պետ­ներ Քըրք Պու­չախն ու Սար­գիս Զար­դա­րեա­նը եւ այլք:

ՄԻԱ­ՑԵԱԼ ՆԱ­ՀԱՆԳ­ՆԵ­ՐՈՒ ԲԱ­ՆԱ­ԿԻ Ա­ԿԱ­ՆԱ­ՒՈՐ ՀԱ­ՅԵ­ՐԸ

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու բարձ­րա­գոյն պար­գե­ւի՝ Գոնկ­րէ­սի Պա­տուոյ շքան­շա­նի ար­ժա­նա­ցած է ա­մե­րի­կեան հե­րոս, ա­ւագ գնդա­պետ Էռ­նեստ Հ. Տեր­վի­շեան: Այս պար­գե­ւը, որ ա­մե­րի­կեան բա­նա­կի 87 զի­նուո­րա­կա­նի շնոր­հուած է, Տեր­վի­շեա­նին յանձ­նած են 1944 թուա­կա­նի Մա­յի­սին ի­տա­լա­կան Սիս­թիեռ­նա­յի մէջ ցու­ցա­բե­րած բա­ցա­ռիկ եւ ա­ռաս­պե­լա­կան ա­րիու­թեան հա­մար: Դա­ժան մար­տե­րու ըն­թաց­քին, կորսնց­նե­լով զի­նա­կից­նե­րը եւ մի­նակ մնա­լով՝ շրջա­պա­տուած թշնա­մի­նե­րով, Տեր­վի­շեան մար­տա­րուես­տի իր հմտու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ կը յա­ջո­ղի հա­կա­ռա­կոր­դի 45 զի­նուոր­ներ գե­րե­վա­րել եւ 3 գնդա­ցիր ու 10 հրա­ցան գրա­ւել: Պա­տե­րազ­մէն ետք գնդա­պե­տի աս­տի­ճա­նով զօ­րաց­րուած Տեր­վի­շեան շարք մը բարձր զի­նուո­րա­կան պաշ­տօն­ներ ստանձ­նած է. ե­ղած է Ա­մե­րի­կեան ազ­գա­յին պա­հա­կա­գուն­դի հրա­մա­նա­տա­րի տե­ղա­կալ, զի­նուո­րա­կան եւ պե­տա­կան հար­ցե­րով խորհր­դա­կան:

Հե­տե­ւա­կին մէջ ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին ցու­ցա­բե­րած ա­րիու­թեան հա­մար Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու երկ­րորդ բարձ­րա­գոյն պար­գե­ւի՝ յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու հա­մար «Խա­չի շքան­շան»ի ար­ժա­նա­ցած են Հեն­րի Գալ­փա­քեան (յետ­մա­հու), ծո­վու­ժի մէջ՝ զօ­րա­վար Քետ­րիք Ճա­նեան, գնդա­պետ Հար­րի Քի­զի­րեան եւ Վիք­թոր Մա­ղա­քեան: Ա­րիու­թեան հա­մար «Ար­ծա­թէ աստղ» շքան­շա­նին ար­ժա­նա­ցած են 52 ա­մե­րի­կա­հա­յեր, ո­րոնց­մէ հին­գը՝ յետ­մա­հու:

Նուի­րուա­ծու­թեան եւ օ­րի­նա­կե­լի ծա­ռա­յու­թեան հա­մար «Վաս­տա­կա­ւոր Լե­գէո­նի շքան­շան»ի ար­ժա­նա­ցած են գնդա­պետ Քըրք Պու­չախ, փոխ-գն­դա­պետ Ա­րամ Թու­թե­լեան, «օ­դու­ժի խաչ»ի՝ 44 ա­մե­րի­կա­հա­յեր, ո­րոնց­մէ եր­կու­քը՝ յետ­մա­հու:

Ա­մե­րի­կա­հայ զի­նուոր­նե­րէն ա­ռա­ջին հե­րոս­նե­րէն է ար­մատ­նե­րով Վա­նէն, Ա. դա­սի շար­քա­յին Վար­դան Ա­ղա­բա­բեա­նը (Սփ­րինկ­ֆիլտ): Ան մաս­նակ­ցած է եր­կու հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազմ­նե­րուն, 14 ան­գամ վի­րա­ւո­րուած է: 1941 թուա­կա­նի 7 Դեկ­տեմ­բե­րին ճա­բոն­ցի­նե­րու կող­մէ Խա­ղա­ղա­կան ով­կիա­նո­սի Փըրլ Հար­պը­րի մէջ 86 ա­մե­րի­կեան մար­տա­նա­ւե­րու ռմբա­կոծ­ման ժա­մա­նակ ծա­ռա­յո­ղա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու ա­տեն կը զո­հուի սպայ Ճէյմս Թո­փա­լեան  (պա­տե­րազ­մէն ետք Պոս­թո­նի փո­ղոց­նե­րէն մէ­կը ա­նոր  ա­նու­նով կը կո­չեն):

Հա­յե­րու նուի­րուա­ծու­թիւ­նը ի­­րենց ա­պաս­տան տրա­մադ­րած եւ երկ­րորդ հայ­րե­նիք դար­ձած երկ­րին այն­քան մեծ էր, որ բազ­մա­թիւ ըն­տա­նիք­ներ նոյն ա­տեն քա­նի մը որ­դի­ներ եւ դուստ­րեր ճա­կատ կ՚ու­ղար­կէին. ա­նոնց շար­քին եր­կուո­րեակ­ներ եւ ե­ռակ­ներ, ա­մուս­նա­ցած զոյ­գեր, հայ­րեր եւ որ­դի­ներ, ազ­գա­կան­ներ կա­յին:

Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու բա­նա­կի բո­լոր ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րուն մէջ հա­րիւ­րա­ւոր հա­յու­հի­ներ կա­յին:

Ա­մե­րի­կա­յի հա­յե­րը ի­րենց բո­լոր ու­ժե­րը ներդ­րած են բո­լոր աս­պա­րէզ­նե­րէուն մէջ. թէ՛ միտ­քի նե­րու­ժը, թէ՛ «ներ­քին ճա­կա­տին վրայ»՝ գոր­ծուն աշ­խա­տե­լով նա­ւա­շի­նու­թեան, զի­նամ­թեր­քի ար­տադ­րու­թեան եւ ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րու­թեան այլ աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ՝ ընդ­հուպ հիւ­լէա­կան ռում­բի ստեղ­ծու­մը: 32-ա­մեայ կո­րի­զա­յին մաս­նա­գէտ, Տքթ. Հար­րի Տաղ­լեան զո­հուած է փոր­ձար­կում­նե­րու ժա­մա­նակ, ո­րոնք յան­գե­ցու­ցած են կո­րի­զա­յին ռում­բի ստեղծ­ման: Այս աս­պա­րէ­զին մէջ նոյն­պէս աչ­քի ին­կած են զի­նուո­րա­կան­ներ՝ Ճոն Յով­հան­նի­սեան, Սի­մոն Է­քի­զեան, Ա­րամ Փա­ռու­նակ, Հա­րոլտ Շահ­նա­զա­րեան, Զա­ւէն Նալ­պան­տեան եւ Քարլ Տոք­մե­ճեան, որ նոր հզօր հրա­սայ­լի հա­մար ստեղ­ծած է վա­ռե­լա­նիւթ, որ ա­ռա­ջին ան­գամ օգ­տա­գոր­ծուած է  Ի­տա­լիոյ ա­զա­տագր­ման ժա­մա­նակ մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին:

Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն ա­մե­րի­կա­հա­յե­րը անձ­նա­զո­հա­բար ծա­ռա­յած են զի­նուո­րա­կան բժշկու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ: Այս­տեղ աչ­քի ին­կած է Լոս Ան­ճե­լը­սէն վի­րա­բոյժ, փոխ-գն­դա­պետ Լեոն Աշ­ճեան՝ Լոն­տո­նի զի­նուո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ  կա­տա­րած հա­զուա­գիւտ վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ: Ա­մե­րի­կեան բա­նա­կին մէջ անձ­նա­զո­հու­թեամբ եւ հո­գա­տա­րու­թեամբ աչ­քի ին­կած են հի­ւան­դա­պա­հու­հի­ներ, ո­րոնք մաս­նակ­ցած են զա­նա­զան  եր­կիր­նե­րու մէջ ա­մե­րի­կեան Կար­միր խա­չի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած փրկա­րար գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն:

Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. Պա­տե­րազ­մին յաղ­թա­նա­կին մէջ  ի­րենց ներդ­րու­մը նոյն­պէս ու­նե­ցած են բազ­մա­թիւ ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­ներ, ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը: Օ­րի­նակ՝ պա­տե­րազ­մի ամ­բողջ ըն­թաց­քին Նիւ Եոր­քի Ամե­րի­կա­հայ խոր­հուր­դը հան­գա­նա­կու­թիւն ը­րած է եւ քա­նի մը մի­լիոն տո­լար փո­խան­ցած է ա­մե­րի­կեան կա­ռա­վա­րու­թեան՝ զի­նուո­րա­կան սար­քեր գնե­լու հա­մար: Այդ մի­ջոց­նե­րով գնած են օ­դա­նա­ւեր եւ նա­ւեր, ո­րոնք կո­չած են «Հա­յաս­տա­նի ո­գին», «Ա­րա­րատ» եւ այլն: 1942 թուա­կա­նի Օ­գոս­տո­սին Սան Ֆրանսիս­քո­յի հա­յե­րու նուի­րա­տուու­թեան շնոր­հիւ Հայ­կա­կան խոր­հուր­դի ա­նու­նով Ա­մե­րի­կեան Կար­միր խա­չին «Մա­սիս» եր­կա­թու­ղա­յին շար­ժա­կազ­մը փո­խան­ցուած է, իսկ 1942 թուա­կա­նին երկ­րի կա­րիք­նե­րուն հա­մար 1 մի-­լիոն տո­լար փո­խան­ցուած է: «Ֆրեզ­նո­յի ա­մե­րի­կա­հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու լի­կա»ի ջան­քե­րով, չու­զե­լով ա­նուն­ներ հրա­պա­րա­կել, 1942-1944 թուա­կան­նե­րուն 8.5 մի­լիոն տո­լար հան­գա­նա­կուած է:

Ֆա­շա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի ճա­կա­տագ­րա­կան այդ տա­րի­նե­րուն ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան զա­նա­զան  կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ոչ միայն ի­րենց քա­ղա­քա­ցիա­կան պարտ­քը կը կա­տա­րէին, այ­լեւ նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէին ի­րենց հե­ռա­ւոր հայ­րե­նի­քին: Ա­տոր վկա­յու­թիւնն է 1941 թուա­կա­նին Նիւ Եոր­քի մէջ ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու  զան­գուա­ծա­յին հան­րա­հա­ւա­քի ժա­մա­նակ կազ­մուած Խորհր­դա­յին Միու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան ուղ­ղուած դի­մու­մը. «Մենք՝ ա­մե­րի­կա­հա­յերս, ո­րոնց նախ­նի­նե­րու հայ­րե­նի­քը կը պաշտ­պա­նէ Կար­միր բա­նա­կը, կը զգանք, որ պար­տա­ւոր ենք օգ­նել Խորհր­դա­յին Միու­թեան՝ պայ­քա­րե­լու այն­քան ժա­մա­նակ, քա­նի տա­կա­ւին երկ­րի ե­րե­սէն չէ ջնջուած ֆա­շա­կա­նու­թիւ­նը»:

Վճռո­րոշ այդ տա­րի­նե­րուն հա­յու­թիւ­նը միա­ցաւ ազ­գա­յին ճա­կատ­նե­րու, ո­րոնց­մէ մէկն ալ 1944 թուա­կա­նի 19 Մար­տին Նիւ Եոր­քի մէջ կազ­մա­ւո­րուած Ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու ազ­գա­յին խոր­հուրդն է (Ա­մե­րի­կա­յի հայ դա­տի յանձ­նա­խումբ): Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու միաս­նա­կան ճա­կա­տը,  որ ամ­բողջ երկ­րին մէջ գոր­ծող իր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու մի­ջո­ցով զա­նա­զան բա­րե­գոր­ծա­կան մի­ջո­ցա­ռում­ներ, հան­գա­նա­կու­թիւն կը կազ­մա­կեր­պէր ա­մե­րի­կեան եւ Կար­միր բա­նա­կի, Կար­միր խա­չի եւ մայր հայ­րե­նի­քի ի նպաստ, իսկ հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն կը պայ­քա­րէր  նո­րա­կազմ ՄԱԿ-ի ծի­րին մէջ՝ հայ­կա­կան հար­ցի ար­դար լուծ­ման հա­մար:

Ա­մե­րի­կա­յի հա­յե­րը, ո­րոնք տա­րաբ­նոյթ օգ­նու­թիւն կը  ցու­ցա­բե­րէին պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով ու­ժաս­պառ ե­ղած Խորհր­դա­յին Միու­թեան եւ յատ­կա­պէս հե­ռա­ւոր Մայր Հա­յաս­տա­նին, նոյն­պէս մեծ ներդ­րում ու­նին «Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ» հրա­սայ­լա­յին շա­րա­սիւ­նի  ստեղծ­ման գոր­ծին մէջ: «Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ»ը մաս­նակ­ցած է խորհր­դա­յին տա­րածք­նե­րու  ա­զա­տագր­ման հա­մար Կար­միր բա­նա­կի յաղ­թար­շա­ւին: Իսկ «Զօ­րա­վար Բաղ­րա­մեան» հրա­սայ­լա­յին շա­րա­սիւ­նի  կազ­մու­թիւ­նը, որ սկսած է 1945 թուա­կա­նին, կանգ ա­ռած է Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք:

 ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

(Յապաւուած)

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017