Շար­ժան­կար

Շար­ժան­կա­րի սրա­հի մը մէջ ա­ռա­ջին տե­սած ժա­պա­ւէնս 50-ա­կան­նե­րու կէ­սե­րուն էր:

Դժուար է ճիշդ թուա­կա­նը յի­շել, սա­կայն նիւ­թը եւ սրա­հին վայ­րը յի­շո­ղու­թեանս մէջ թարմ մնա­ցած են:

Տա­կա­ւին հայ­կա­կան Էշ­րե­ֆիէի բնա­կիչ էինք, եւ թա­ղե­ցի­նե­րը՝ բո­լորս, մեծ ու պզտիկ, տա­րեց ու ե­րի­տա­սարդ, խմբո­վին քա­լե­լով գա­ցինք «Ա­զա­րի­յէ» որ­բա­նո­ցէն ոչ շատ հե­ռու գտնուող շար­ժան­կա­րի սրահ մը՝ դի­տե­լու հնդկե­րէն ժա­պա­ւէն մը՝ «Մա­տըր Ին­տիա», որ այդ տա­րի­նե­րուն տա­կա­ւին ան­խօս էր:

Դե­րա­սան­նե­րուն շրթունք­նե­րը կը շար­ժէին, սա­կայն ո՛չ մէկ ձայն: Ա­նոնք բո­լորն ալ «համր» էին:

Նկար­նե­րուն վա­րի մա­սը ֆրան­սե­րէ­նով եւ ա­րա­բե­րէ­նով կը գրուէր նիւ­թը:

Մենք՝ փոք­րերս, եր­կու լե­զու­ներն ալ կար­դա­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը չու­նէինք, իսկ խե­լա­հաս­նե­րէն հա­ւա­նա­բար քա­նի մը հո­գին կէս կա­տար ֆրան­սե­րէն կա­րե­նա­յին կար­դալ եւ ի­րենց հասկ­ցած ձե­ւով մե­զի բարձ­րա­ձայն կը թարգ­մա­նէին:

Սրա­հին մէջ ան­ձայն ար­ցուն­քա­բեր ռումբ մը պայ­թած ըլ­լար կար­ծես:

Բո­լորս  ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով ե­լանք սրա­հէն:

Քա­նի մը օր թա­ղե­ցի­նե­րը տար­բեր նիւթ չու­նէին, իսկ մենք՝ փոք­րերս, յա­ջորդ օ­րը մեր դա­սըն­կեր­նե­րուն կը պատ­մէինք մեր տե­սած ժա­պա­ւէ­նին պատ­մու­թիւ­նը՝ յա­ճախ մեր ե­րե­ւա­կա­յու­թեան ուժ տա­լով, նաեւ կը պատ­մէինք տե­սա­րան­ներ, ո­րոնք գո­յու­թիւն իսկ չու­նէին ժա­պա­ւէ­նին մէջ:

Թա­ղե­ցի­նե­րով, խմբո­վին, ա­ռա­ջին եւ վեր­ջին շար­ժան­կա­րի եր­թալն էր այդ մէ­կը, ինչ­պէս որ «Մա­տըր Ին­տիա» դար­ձաւ ա­ռա­ջին եւ վեր­ջին դի­տած հնդկե­րէն ժա­պա­ւէնս:

*

Կա­նուխ պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­ներս են. Նշան Փա­լան­ճեան Ճե­մա­րա­նի ա­շա­կերտ եմ:

Հինգ­շաբ­թի եւ Շա­բաթ օ­րե­րը կէ­սօ­րէ ետ­քե­րը ար­ձա­կուրդ ենք, եւ այդ օ­րե­րը շար­ժան­կա­րի սա­կե­րը՝ կէս գին են: 60 լի­բա­նա­նեան դա­հե­կան՝  110 լ. դա­հե­կա­նի փո­խա­րէն:

Շար­ժան­կա­րի սրահ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը գտնուին Պուր­ճի հրա­պա­րա­կին վրայ՝ «Ամ­փիր», «Ռի­վո­լի», «Մեթ­րո­փոլ», «Տու­նիա», «Ռա­տիօ սի­թի», «Պիպ­լոս», «Քա­փի­թոլ» եւ տաս­նեակ մը ու­րիշ­ներ, իսկ Համ­րա պո­ղո­տա­յին վրայ՝ «Սի­նե­մա Համ­րա» եւ «Փի­քա­տել­լի»:

Քլե­ման­սօ պո­ղո­տա­յի վրայ գտնուող «Սի­նե­մա Քլե­ման­սօ»ի մէջ յա­ճախ ֆրան­սե­րէն ժա­պա­ւէն­ներ կը ցու­ցադ­րուէին, մնա­ցած­նե­րը՝ ա­մե­րի­կեան, իսկ քա­նի մը սրահ­նե­րու մէջ կը ցու­ցադ­րէին ա­րա­բե­րէն ժա­պա­ւէն­ներ, սա­կայն մենք բնաւ չէինք յա­ճա­խեր այդ սրահ­նե­րը: Մա­տի վրայ կը համ­րուին ա­րա­բե­րէն տե­սած ժա­պա­ւէն­ներս, ո­րոնք տա­րի­ներ ետք դի­տած եմ հե­ռա­տե­սի­լէն:

Այդ տա­րի­նե­րուն դի­տած ժա­պա­ւէն­ներս զար­մա­նա­լիօ­րէն դրոշ­մուած են ու­ղե­ղիս մէջ, եւ երբ ներ­կա­յիս հե­ռա­տե­սի­լէն պա­տա­նե­կու­թեանս տա­րի­նե­րէն ժա­պա­ւէ­նի մը հան­դի­պիմ, ամ­բող­ջու­թեամբ կը վեր­յի­շեմ նիւ­թը, մինչ տա­րի մը ա­ռաջ տե­սած ժա­պա­ւէն­ներս հա­զիւ թէ յի­շեմ:

Բնաւ չէր պա­տա­հած, որ  կէս ձգե­լով՝ սրա­հէն դուրս ել­լէինք:

«Սփար­թա­կիւս», «Ո­ւեսթ սայտ սթո­րի», «Տը Սաունտ աֆ միւ­զիք», «Տը կրա­ճուէյթ», «Տը կրէյթ ըս­քէյփ», «Տը կատ­ֆա­տըր»՝ մէ­կա­կան գլուխ գոր­ծոց­ներ էին:

Մեծ հա­ճոյ­քով կը դի­տէինք «քաու­պոյ»նե­րու եւ «հնդիկ»նե­րու կռի­ւը, իսկ պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րուն սկսած էինք հե­տա-քըրք­րուիլ սի­րա­յին ժա­պա­ւէն­նե­րով:

Ի­գա­կան­նե­րուն նա­խընտ­րած դե­րա­սան­ներն էին՝ Թրոյ Տօ­նա­հիուն եւ Ճէյմս Տի­նը, իսկ մենք՝ տղաքս, «սի­րա­հա­րած» էինք Պրի­ժիթ Պար­տո­յին ու Սո­ֆիա Լո­րէ­նին:

Շար­ժա­պատ­կեր­նե­րը կը ցու­ցադ­րուէին օ­րա­կան 3 ան­գամ, կէ­սօ­րէ ետ­քե­րը, ժա­մը 3-6, 6-9, նաեւ՝ 9-էն գի­շե­րուայ 12-ը, իսկ Կի­րա­կի օ­րե­րը՝ նաեւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-ին:

Մեր պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րուն, միայն շա­բա­թա­վեր­ջե­րուն ա­ռիթ ու­նէինք դի­տե­լու ժա­պա­ւէն մը, ընդ­հան­րա­պէս 3-6: Հա­զուա­դէպ էր ժա­մը 6-9-ի ցու­ցադ­րու­թեան մեր ներ­կայ գտնուի­լը, իսկ 9-12… բ­նա՛ւ: Տա­կա­ւին փոքր էինք, եւ մեր ծնող­նե­րը մե­զի չէին ար­տօ­ներ մին­չեւ այդ ժա­մե­րը փո­ղոց­նե­րը մնալ:

Ա­մէն շա­բաթ նոր ժա­պա­ւէն մը կը ցու­ցադրուէր իւ­րա­քան­չիւր սրա­հի մէջ, իսկ կը պա­տա­հէր, որ  կարգ մը ժա­պա­ւէն­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւ­նը եր­կա­րաձ­գուէր քա­նի մը շա­բա­թով:

Շար­ժան­կա­րի սրա­հի մուտ­քին զե­տե­ղուած մեծ պաս­տա­ռին վրայ գրու­թեամբ մը հան­րու­թիւ­նը կը տե­ղե­կա­ցուէր.- «Յաղ­թա­կան երկ­րորդ, եր­րորդ կամ, մին­չեւ իսկ, չոր­րորդ շա­թաթ»:

Այդ ժա­պա­ւէն­նե­րուն տոմս գտնե­լու դժուա­րու­թիւն կ՚ու­նե­նա­յինք:

Դպրո­ցէն ար­ձա­կուե­լէն ետք, երբ հաս­նէինք սրահ, տոմ­սե­րը ար­դէն սպա­ռած կ՚ըլ­լա­յին:

Եր­կու ընտ­րու­թիւն ու­նէինք: Սպա­սել յա­ջորդ շաբ­թուան, կամ յա­ւե­լեալ գու­մար մը վճա­րե­լով՝ տոմ­սե­րը ստա­նալ «սեւ շու­կա­յէն»:

Քա­նի մը ճար­պիկ տղաք կա­նու­խէն եր­թա­լով՝ տաս­նեակ­նե­րով տոմս կ՚ա­պա­հո­վէին եւ ա­ւե­լի ուշ կը ծա­խէին ա­ւե­լի սուղ:

Լի­բա­նան­ցին վա­ճա­ռա­կան ժո­ղո­վուրդ ե­ղած է սկիզ­բէն: Վերջ ի վեր­ջոյ փիւ­նի­կե­ցի­նե­րէ սե­րած են…

­Հա­զուա­դէպ պա­րա­գա­նե­րու միայն 60 լ. դա­հե­կա­նի փո­խա­րէն, մէկ լի­բա­նա­նեան ոս­կի վճա­րե­լով, գնած եմ այդ տոմ­սե­րէն:

Ժա­պա­ւէն մը քա­ղա­քի սրահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ տես­նե­լու ա­ռի­թը փախց­նե­լու պա­րա­գա­յին, համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէինք քա­նի մը ա­միս եւ նոյն ժա­պա­ւէ­նը ու­շա­ցու­մով կը դի­տէինք Պուրճ Հա­մու­տի սրահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ:

*

Պուրճ Հա­մու­տի մէջ ի­րար­մէ ոչ շատ հե­ռու կը գտնուէին տաս­նեակ մը շար­ժան­կա­րի սրահ­ներ, ո­րոնց մէկ մա­սը հայ­կա­կան ա­նուն­ներ կը կրէին՝

«Սե­ւան», «Ա­րաքս» եւ «Գեր­մա­նիկ»: Մնա­ցած­նե­րը եւ­րո­պա­կան ա­նուն­ներ ու­նէին՝ «Սանթ­րալ», «Մա­տո­նա», «Ա­րի­զո­նա», «Ֆլո­րի­տա», «Րուա­յալ», զոր գրե­թէ ա­մէն մարդ «Ռո­յեալ» կ՚ա­նուա­նէր:

Պուրճ Հա­մու­տի մէջ տոմս ճա­րե­լու դժուա­րու­թիւն եր­բե՛ք չենք ու­նե­ցած:

Յա­ճախ, քա­լե­լով սրա­հի մը առ­ջե­ւէն ան­ցած ժա­մա­նակ, սրա­հի մուտ­քի նկար­նե­րը մեզ քա­շո­ղա­կան մագ­նի­սի մը նման ներս կը հրա­ւի­րէին եւ, ե­թէ ժա­մը յար­մար ըլ­լար, տոմս մը առ­նե­լով կը մտնէինք սրահ:

Հա­զուա­դէպ պա­րա­գա­նե­րու, երբ հա­յե­րէն ժա­պա­ւէն մը ցու­ցադ­րուէր, ինչ­պէս՝ Մա­նուէլ Մե­նեն­կի­չեա­նի խա­ղար­կու­թեամբ «Եր­ջան­կու­թեան ար­ցունք­նե­րը», տոմս գտնե­լու դժուա­րու­թեան կը հան­դի­պէինք:

Պուրճ Հա­մու­տի բնակ­չու­թեան մեծ մա­սը, մին­չեւ իսկ մա­միկ­ներն ու պա­պիկ­նե­րը, ի­րենց զա­ւակ­նե­րով ու թոռ­նե­րով, կ՚եր­թա­յին վա­յե­լե­լու ժա­պա­ւէն մը, որ ի­րենց հասկ­ցած լե­զուով՝ հա­յե­րէ­նով է:

*

Քա­ղա­քի շար­ժա­պատ­կե­րի սրահ­նե­րուն մէջ ու­տել, խմել եւ ծխել ար­գի­լուած էր:

Պուրճ Հա­մու­տի սրահ­նե­րու պա­րա­գա­յին, այդ բո­լո­րը ար­տօ­նուած էին:

Սրահ չմտած, կ՚ա­պա­հո­վէինք «Ֆե­լե­ֆիլ»ի սան­տուիչ մը, ինչ­պէս նաեւ՝ փեփ­սի կամ թան: Կա­յին նաեւ, որ հե­տեր­նին կը տա­նէին մեծ քա­նա­կու­թեամբ թթու­մի կամ ձմե­րու­կի կուտ, եւ ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թեան ժա­մա­նակ ա­մէն կող­մէ կը լսուէր կուտ ու­տող­նե­րու «չըթ-չթո­ցը»:

Ժա­պա­ւէ­նի ա­ւար­տին, սրա­հէն դուրս ե­լած ժա­մա­նակ, գե­տի­նը լե­ցուն կ՚ըլ­լար  կու­տի կե­ղեւ­նե­րով եւ փեփ­սիի պա­րապ շի­շե­րով:

Սրահ­նե­րէն ներս նաեւ ար­տօ­նուած էր ծխե­լը, եւ մեզ նման մեր ծնող­նե­րէն գաղտ­նի ծխող­նե­րուն հա­մար տի­պար վայ­րեր էին Պուրճ Հա­մու­տի սրահ­նե­րը:

Տհուր Շուէյ­րի հրա­պա­րա­կին  վրայ կը գտնուէր «Սի­նե­մա Տհուր Շուէյր»ը, իսկ Պո­լո­նիա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ, Պան­դոկ «Սա­մա­հա­յի» կից՝ «Սի­նե­մա Պուա տը Պու­լո­նիը»: Այս սրահ­նե­րը կը գոր­ծէին միայն ամ­րան գիւ­ղագ­նա­ցու­թեան շրջա­նին, եւ օ­րա­կան տար­բեր ժա­պա­ւէն մը կը ցու­ցադ­րուէր:

Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով Պուր­ճի հրա­պա­րա­կի վրայ գտնուող շար­ժա­պատ­կե­րի սրահ­նե­րը դադ­րե­ցան գոր­ծե­լէ: Քա­նի մը հա­տը քար ու քանդ ե­ղան, իսկ մնա­ցած­նե­րը փա­կե­ցին ի­րենց դռնե­րը:

Մին­չեւ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը, Ժու­նիէի ա­րուար­ձա­նը նշա­նա­ւոր էր իր պաղ­պա­ղա­կով ու ծո­վափ­նե­րով:

Պա­տե­րազ­մէն ետք դար­ձաւ ա­րե­ւե­լեան Պէյ­րու­թի «մայ­րա­քա­ղա­քը»:

Կա­ռու­ցուե­ցան բազ­մա­թիւ շու­կա­ներ, նաեւ՝ տաս­նեակ մը շար­ժա­պատ­կե­րի սրահ­ներ, ո­րոնք տար­բեր էին Պուր­ճի հրա­պա­րա­կի սրահ­նե­րէն:

Միեւ­նոյն յար­կին տակ, կողք-կող­քի կը գտնուէին քա­նի մը հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի փոքր սրահ­ներ: Բո­լո­րը նոյն ա­նու­նը կը կրէին եւ սրահ­նե­րը ի­րար­մէ կը զա­նա­զա­նուէին թի­ւե­րով: Սրահ թիւ 1, 2, կամ ա­ւե­լի, նա­յած՝ քա­նի՛ սրահ կը գտնուի նոյն յար­կին տակ:

*

Լոս Ան­ճե­լը­սի շար­ժա­պատ­կե­րի սրահ­նե­րը, Ժու­նիէի սրահ­նե­րուն նման կողք-կող­քի, նոյն յար­կին տակ տաս­նեակ մը փոքր սրահ­ներ են: Բո­լո­րը նոյն ա­նու­նը կը կրեն, եւ կը զա­նա­զա­նուին թուան­շան­նե­րով: Սրահ թիւ 1, 2, 3 եւ այլն:

Լի­բա­նա­նի նման ցու­ցադ­րու­թեան ո­րո­շուած ժա­մեր գո­յու­թիւն չու­նին:

Իւ­րա­քան­չիւր սրահ, կամ նոյ­նիսկ իւ­րա­քան­չիւր ժա­պա­ւէն կը ցու­ցադ­րուի տար­բեր ժա­մե­րու:

Հա­մա­ցան­ցի գիւ­տը տա­կա­ւին չկար, եւ ցու­ցադ­րու­թեան ժա­մե­րը կը տե­ղե­կա­նա­յինք հե­ռա­ձայ­նե­լով սրահ, եւ ար­ձա­նագ­րուած պատ­գա­մով մը կը տե­ղե­կա­նա­յինք մեր դի­տե­լիք ժա­պա­ւէ­նի սրա­հին հաս­ցէն եւ ցու­ցադ­րու­թեան ժա­մե­րը:

Ներ­կա­յիս այդ բո­լո­րը կը տե­ղե­կա­նանք հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով:

Պուրճ Հա­մու­տի սրահ­նե­րուն նման, ու­տել-խմե­լը ար­տօ­նուած է, սա­կայն՝

«Ֆե­լե­ֆիլ»ի սան­տուիչ­նե­րու փո­խա­րէն, մեծ մա­սամբ ներս կը մտնեն ձեռ­քեր­նին ու­նե­նա­լով բա­ւա­կան մեծ քա­նա­կու­թեամբ «փոփ քորն» եւ զո­վա­ցու­ցիչ:

Ծխե­լը բա­ցար­ձա­կա­պէս ար­գի­լուած է, նաեւ կուտ ու­տող­նե­րու չենք հան­դի­պիր:

*

Հե­ռա­տե­սի­լի գիւ­տը հա­մե­մա­տա­բար նուա­զե­ցուց շար­ժան­կա­րի սրահ­ներ յա­ճա­խող­նե­րուն թի­ւը: Շա­տեր կը նա­խընտ­րեն տու­նը նստած՝ հանգս­տա­ւէտ հա­գուստ­նե­րով, մին­չեւ իսկ գի­շե­րազ­գես­տով վա­յե­լել ժա­պա­ւէն մը, հոգ չէ թէ՝ քա­նի մը տա­րի ուշ:

Հե­ռա­տե­սի­լին յա­ջոր­դեց վի­տէո­յի, ա­պա՝ Տի Վի Տի-ի գիւ­տը: Մար­դիկ ի­րենց նա­խընտ­րած ժա­պա­ւէ­նը քա­նի մը օ­րով վար­ձե­լով՝ կրնա­յին բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ դի­տել, ա­պա վե­րա­դարձ­նե­լով՝ տար­բեր ժա­պա­ւէն մը վար­ձել:

Ներ­կա­յիս վի­տէո­նե­րը թան­գա­րա­նի կը պատ­կա­նին, իսկ Տի Վի Տի՝ գրե­թէ մնա­ցած չէ: Կա­րե­լի է նոյ­նիսկ նոր շու­կայ ի­ջած ժա­պա­ւէն մը հե­ռա­տե­սի­լէն դի­տել՝ այդ ժա­պա­ւէ­նին ցու­ցադ­րու­թեան հա­մար յա­ւե­լեալ չնչին գու­մար մը վճա­րե­լով:

Հա­մա­ցան­ցի գիւ­տը մեծ յե­ղաշր­ջում մըն է ան­կաս­կած:

Ներ­կա­յիս գրե­թէ ա­մէն ժա­պա­ւէն կա­րե­լի է դի­տել հա­մա­կար­գի­չով կամ՝ «խե­լա­ցի» հե­ռա­ձայ­նի վրայ:

*

Պա­տա­նե­կու­թեանս կամ ե­րի­տա­սար­դու­թեան տա­րի­նե­րուս նման, շար­ժա­պատ­կե­րի սրահ­ներ շատ չեմ յա­ճա­խեր:

Ծննդա­վայ­րիս մէջ այդ մէ­կը հա­ճոյք էր, երբ խմբո­վին կը վա­յե­լէինք  հիա­նա­լի ժա­պա­ւէն­ներ:

Կա­րօտ­ցած եմ այդ օ­րե­րը, երբ «ֆե­լե­ֆիլ»ի սան­տուիչ մը ձեռ­քեր­նիս, կը մտնէինք Պուրճ Հա­մու­տի սրահ­նե­րէն մին, եւ ա­մէն կող­մէ հա­յե­րէն լե­զուն կը հաս­նէր մեր ա­կանջ­նե­րուն:

Եղեռնի նուի­րուած «Տը փրո­միս» ժա­պա­ւէ­նի ներ­կա­յաց­ման գա­ցած եմ ըն­տա­նի­քովս:

Մեծ թի­ւով ծա­նօթ ան­ձե­րու կը հան­դի­պիմ: Ա­մէն կող­մէ հա­յե­րէն խօ­սակ­ցու­թեան ձայ­ներ կը հաս­նին ա­կան­ջիս:

Պուրճ Հա­մու­տի շար­ժան­կա­րի սրահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ ըլ­լա­յի կար­ծես, սա­կայն ո՛չ «ֆե­լե­ֆիլ»ի սան­տուի­չի կը հան­դի­պինք, ո՛չ ալ կուտ ու­տող­նե­րու:

Այդ օր սրա­հը միայն Պուրճ Հա­մուտ չէ, նաեւ Ե­րե­ւան է, Հա­լէպ, Թեհ­րան ու Պաղ­տատ:

Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, այն­քա՜ն պի­տի փա­փա­քէի, որ հա­յե­րու կող­քին, շրջա­պա­տուած ըլ­լա­յինք նաեւ օ­տար­նե­րով: Ինք­զինք­նին «կոյր» ու «խուլ» ձե­ւաց­նող­նե­րը այդ օր տես­նէին ու լսէին ան­մարդ­կա­յին ա­րար­քը:

Տե­ղեակ ըլ­լա­յին, որ ի­րա­ւազր­կուած, աշ­խար­հի մէջ ցիր ու ցան ազգ մը գո­յու­թիւն ու­նի: Նաեւ այդ ազ­գի զա­ւակ­նե­րէն մեծ թի­ւով կը գտնուին Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ, ո­րոնք ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջեն եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն խօ­սիլ հա­յե­րէն:

«Հա­լի­վու­տում մենք խօ­սում ենք հա­յե­րէն,
Ո­րով­հե­տեւ «ԼՈՍ»ի կէ­սը հա­յեր են»

(Թա­­թա Սի­մո­նեան)

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Լոս Ան­ճե­լըս, 2017

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017