«ՀԱՄՇԷՆԱՀԱ՞Յ», ԹԷ՞ «ՀԱՄՇԷՆՑԻ»

Համշէնը վերջին տասնամեակի ընթացքին դարձաւ բաւական տաք նիւթ մը, թէ՛ հայաստանեան, թէ՛ սփիւռքեան, թէ՛ մասամբ նաեւ պոլսահայկական լրատուական դաշտի մէջ։ «Համշէն», «համշէնահայ» եւ «համշէնահայութիւն» բառերը սկսան գործածուիլ աւելի յաճախակիօրէն, այդ նիւթով յօդուածներ գրուեցան, ձեռնարկներ ու դասախօսութիւններ կազմակերպուեցան, փոխադարձ այցելութիւններ ու մշակութային ծրագիրներ իրականացան...

Այս նիւթով հետաքրքրուողներուն համար, յատկապէս Հայաստանի եւ Սփիւռքի գաղութներու մէջ, հիմնական միտքը, շատ պարզացուած եթէ ըսենք, հետեւեալն է. «Համշէն անունով շրջանի մը մէջ կան հինէն իսլամացած հայեր, որոնք դեռ հայերէն կը խօսին եւ իրականութեան մէջ գաղտնի հայեր են»։

Հոս արդէն կը ծագին մարդիկ դասակարգելու, անոնց ինքնութիւնը հեռուէն-դուրսէն որոշելու, եւ տրուած «համշէնահայ» բնորոշման նոյն այդ մարդոց իրականութեան հետ կապ ունենալ-չունենալու հարցերը։

Այլ խօսքով, իսկապէս հայե՞ր են Հաշմէնի հայախօս եւ հայկական արմատներ ունեցող բնակիչները։ Զիրենք համշէնահայ կոչելը ճի՞շդ է։

Երբեմն այս հարցումները ինծի կ՚ուղղեն բարեկամներ, որոնք կը մտածեն, որ ես իմ ուսումնասիրութիւններուս պատճառով ճշգրիտ պատասխան մը պիտի ունենամ։ Իրականութեան մէջ, սակայն, պարզունակ ու սխալ են այդ հարցումները, որովհետեւ չունին եւ չե՛ն կրնար ունենալ մէ՛կ պատասխան։

Կարելի չէ խօսիլ բոլո՛ր համշէնցիներու անունով եւ յստակօրէն ըսել, թէ անոնք բոլորը հա՛յ են կամ չեն։

Համշէնցիներուն մէջ կա՛ն հայեր, բայց բոլորը չէ որ հայ են։

Այստեղ, երբ «հայ» կ՚ըսեմ, գիտական, ցեղային, ծագումնաբանական դասակարգի մը մասին չեմ խօսիր, այլ ինքնութեան։ Իսկ ինքնութիւնը միշտ ալ կամաւոր է։ Մարդ հայ է, եթէ այդպէս կը զգայ, եթէ այդպէս կը վարուի, եթէ այդպէս կը դիրքաւորէ ինքզին ք հասարակութեան մէջ։

Ուրիշ խօսքով, ոչ ոք, ոչ իսկ ուսումասիրողը, կրնայ որոշել, թէ համշէնցիք հա՞յ են թէ չէ։ Միակ բանը, որ կրնայ ընել, անոնց հարցնելը, անոնցմէ լսելը, եւ ըստ այնմ պատկերացում ձեւաւորելն է։

Ես հանդիպած եմ երեք տեսակի հանշէնցիներու։

Առաջին՝ համշէնահայեր։ Ասոնք անոնք են, թիւով ոչ շատ մեծ, որոնք հիմնուելով իրենց պատմական գիտելիքներու եւ համշէներէնին հայերէնի բարբառ ըլլալու իրականութեան վրայ, իրենք զիրենք կը նկատեն հայ հաւաքականութեան, հայկական մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան մէկ մասնիկը։ Բացայայտօրէն կը խօսին այս մասին, կապի մէջ կը մտնեն Թուրքիոյ մէջ թէ այլուր գտնուող «սովորական» հայերու հետ, եւ իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս հայեր։

Երկրորդ՝ թուրք համշէնցիներ։ Ասոնք անոնք են, որոնք կը հաւատան, որ արմատներով թուրք ցեղերէ կը սերին։ Յաճախ կը մերժեն որեւէ կապ տեսնել իրենց խօսած լեզուի ու հայերէնի հետ, յղում ընելով որոշ կեղծ-գիտական աշխատութիւններու, որոնք, խրախուսուած պետութեան կողմէ, համշէներէնը կը փորձեն ներկայացնել որպէս հին թրքերէնի բարբառ։ Այս մարդիկ յաճախ շատ խիստ կ՚արձագանգեն համշէնցիներու հայկական ծագում ունենալու մասին պատումներուն ու բացասաբար կը վերաբերին առաջին տեսակի համշէնցիներուն, այսինքն համշէնահայերուն հանդէպ։

Երրորդ՝ պարզապէս «համշէնցիներ»։ Ասոնք հաւանաբար մեծամասնութիւն կը կազմեն։ Անոնք են, որոնք իրենք զիրենք ո՛չ հայ եւ ոչ ալ թուրք կը սեպեն ու կը զգան։ Կը նախընտրեն իրենք զիրենք դասակարգել պարզապէս որպէս համշէնցի, վերջինս տեղայնական-աշխարհագրական դասակագրումէ վերածելով ազգային դասակարգումի։ Յաճախ չեն դրժեր հայկական անցեալ մը ունենալու հաւանականութիւնը, բայց կը փաստարկեն, որ մշակութային եւ ինքնութեան առումներով այնքան կղզիացած ու հեռացած են հայերէն, որ ստեղծած են իրենց ինքնուրոյն տեսակն ու ինքնութիւնը՝ համշէնցիութիւնը։

Առայժմ այսքան. յաջորդիւ կ՚անցնիմ օրինակներու ու դրուագներու։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019